­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր կը վի­ճինք, թէ դաշ­նակ­ցա­կան­ներս, մեր մա­մու­լի է­ջե­րէն ինչ­պէ՛ս պէտք է անդ­րա­դառ­նանք հայ­րե­նի լու­րե­րուն: Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեա­նի օ­րե­րուն ընդ­դի­մա­դիր էինք, ար­մա­տա­կան ընդ­դի­մա­դիր, ինչ որ պէտք է մե­զի թե­լադ­րեր խիստ քննա­դա­տա­կան մօ­տե­ցու­մով լու­սա­բա­նել իշ­խա­նու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:

Քո­չա­րեա­նի շրջա­նին, կա­ռա­վա­րու­թեան մաս կը կազ­մէինք, ու­րեմն՝ կրնա­յինք նե­րո­ղամ­տու­թեամբ վե­րա­բե­րիլ իշ­խա­նա­կան սայ­թա­քում­նե­րուն հետ: Նոյ­նը՝ Սերժ Սարգ­սեա­նի նա­խա­գա­հու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նին, երբ դար­ձեալ մաս կը կազ­մէինք կա­ռա­վա­րու­թեան, իսկ երբ դուրս ե­կանք՝ դար­ձեա՛լ դու­ռը բաց էր խիստ քննա­դա­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րու:
­Վե­րի բա­նա­ձե­ւը այն­քան ալ դիւ­րին աշ­խա­տող ու­ղե­ցոյց մը չէ, եւ գլխա­ւոր խան­գա­րող ազ­դա­կը՝ Դաշ­նակ­ցա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւնն է, որ թէ՛ խմբա­գիր­նե­րուն եւ թէ ըն­թեր­ցող­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեան կը պար­տադ­րէ ու­րիշ սկզբունք­նե­րով ղե­կա­վա­րո­ւիլ: Այդ սկզբունք­նե­րէն ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնն է, որ Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ բա­ցա­սա­կան վե­րա­բեր­մունք յա­ռա­ջաց­նող ո­րե­ւէ քա­րոզ­չու­թիւն, նոյ­նիսկ՝ լրատուու­թիւն, ա­նըն­դու­նե­լի կը դարձ­նէ:
­Քա­րոզ­չու­թիւ­նը հասկ­նա­լի է. բա­ցառո­ւած է, որ դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լին մէջ Հա­յաս­տա­նին ստո­ւեր նե­տող գրու­թիւն հրա­տա­րա­կո­ւի: Լու­րի պա­րա­գա­յին՝ հար­ցը կը բար­դա­նայ. ան­շուշտ, ա­մէ­նէն խա­րա­զա­նող տե­ղե­կու­թիւնն ալ կա­րե­լի է խմբագ­րա­կան մի­ջամ­տու­թեամբ չէ­զո­քաց­նել, բայց եւ այն­պէս, լու­րը լուր է եւ կրնայ ամ­բաս­տա­նել իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը, բա­ցա­յայ­տել ա­նոնց ա­պի­կա­րու­թիւ­նը, նեղ եւ անձ­նա­կան կամ խմբա­կա­յին շա­հե­րու ծա­ռա­յե­լու մտադ­րու­թիւ­նը:

Ի­տէալ աշ­խար­հի մը մէջ, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մէն ետք, ամ­բողջ ազ­գով պէտք է նո­ւի­րո­ւած ըլ­լա­յինք հայ­րե­նի­քի բար­գա­ւաճ­ման, հզօ­րաց­ման նպա­տա­կին, բո­լորս միա­սին աշ­խա­տէինք, նո­ւի­րէինք հայ­րե­նի­քին, եւ այդ աշ­խա­տան­քի յա­ռա­ջա­պա­հը ըլ­լա­լու յա­ւակ­նու­թիւ­նը մե՛­րը պի­տի ըլ­լար, ան­կաս­կա՛ծ: Քա­րոզ­չու­թեան հար­ցը այս ի­տէա­լա­կան աշ­խար­հին մէջ պարզ է: Աշ­խար­հը ի­տէա­լա­կան պատ­կե­րա­ցում­նե­րով չի շար­ժիր, սա­կայն, մա­նա­ւա՛նդ մեր նո­րան­կախ պե­տու­թեան տա­րեգ­րու­թիւ­նը լի է ցա­ւոտ խնդիր­նե­րով, ա­նըն­դու­նե­լի վար­քա­գի­ծով յա­ջոր­դա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նե­րու կոր­ծա­նա­րար քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ, տնտե­սա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան ճգնա­ժա­մե­րով, ո­րոնց տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւ­նը կա­րե­լի չէ մեղ­րաջ­րել, կա­րե­լի չէ ո­րե­ւէ մի­ջամ­տու­թեամբ զա­նոնք հայ­րե­նա­սի­րա­կան ե­րանգ­նե­րով օժ­տել: Միակ լու­ծու­մը՝ բա­ցա­սա­կա­նը, վնա­սա­կա­րը ներ­կա­յաց­նել, ե­թէ ոչ ցա­սումն ու զայ­րոյ­թը շեշ­տե­լով, ա­պա ցաւն ու յու­սա­խա­բու­թիւ­նը ընդգ­ծե­լով: Ս­փիւռ­քի մէջ ո­րոշ շրջա­նա­կի մը հա­մար, մաս­նա­ւո­րա­բար դաշ­նակ­ցա­կան ըն­տա­նի­քին մէջ, նոյ­նիսկ ա՛յդ ըն­դու­նե­լի չի կրնար ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ կրնայ յու­սա­խա­բու­թիւ­նը տա­րա­ծո­ւիլ Հա­յաս­տա­նի վրայ, հայ­րե­նի­քին վրայ:
Այս ցա­ւոտ հար­ցի քննար­կու­մը կը մնայ բաց: Սի­րով տեղ կու տանք ձեր կար­ծի­քի­ն։

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ