Թր­քա­կան «­­Սա­պահ» թեր­թը, կա­ռա­վա­րու­թեան մօ­տիկ աղ­բիւ­ներ մէջ­բե­րե­լով, ­­Կի­րա­կի, 22 ­­Փետ­րո­ւա­րին հեր­քեց թրքա­կան այլ թեր­թի մը՝ «­­Զա­ման»ի քա­նի մը ժամ ա­ռաջ հրա­պա­րա­կած այն լու­րը, ըստ ո­րուն, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ջնջած է ­­Կա­լի­փո­լիի ճա­կա­տա­մար­տին յի­շա­տակ­ման հան­դի­սու­թիւն­նե­րը, ծրագ­րո­ւած՝ յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րիլ 24ին։ «Զա­ման«ի հա­մա­ձայն, ջնջման ո­րո­շու­մը տրո­ւած է, ո­րով­հե­տեւ հրա­ւէր ստա­ցած շուրջ 100 եր­կիր­նե­րէն միայն հին­գը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է ըն­դա­ռա­ջե­լու նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի հրա­ւէ­րին, այն ալ՝ ոչ բարձ­րաս­տի­ճան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րով։

­­Հա­կա­սա­կան այս լու­րե­րուն լոյ­սին տակ, երկ­րոր­դա­կան կը դառ­նայ, թէ ­­Թուր­քիա պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ՞ թէ ջնջէ Ապ­րիլ 24ի հան­դի­սու­թիւ­նը։ ­­Նախ այն՝ որ հա­կա­սա­կան լու­րե­րը ա­ւե­լի ա­ղա­ղա­կող կը դարձ­նեն ­­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան ու մտա­ւո­րա­կան շրջա­նակ­նե­րու մէջ բարձ­րա­ցած այն դժգո­հու­թիւ­նը, թէ նման հան­դի­սու­թիւն Ապ­րիլ 24ին կա­տա­րե­լը ան­պա­տեհ է, յե­տոյ նաեւ այն բա­ցա­յայ­տու­մը, որ հրա­ւի­րեալ­նե­րը փաս­տօ­րէն ար­հա­մար­հան­քով վե­րա­բե­րած են թրքա­կան հրա­ւէ­րին նկատ­մամբ, ար­դէն ցոյց կու տան, որ Էր­տո­ղան կա­րե­ւոր պար­տու­թիւն մը կրած է ­­Կա­լի­փո­լիի պա­տե­րազ­մէն 100 տա­րի ետք, իսկ հա­յու­թեան տե­սան­կիւ­նէն՝ «ֆութ­պո­լա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան» ճամ­բուն վրայ, ար­ժէ­քա­ւոր կոլ մը նշա­նա­կո­ւած է թրքա­կան բեր­դէն ներս։

­­Կա­լի­փո­լիի պա­տե­րազ­մին յի­շա­տակ­ման հան­դի­սու­թիւն կա­տա­րե­լու եւ շու­տով ըն­կեր­կու­մի մատ­նո­ւե­լու թրքա­կան յե­լու­զա­կու­թիւ­նը նո­րա­գոյն փաստ է թրքա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան-դի­ւա­նա­գի­տու­թեան սնան­կա­ցու­մին, հան­դէպ մեր ի­րա­ւունք­նե­րուն ու պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ար­դա­րա­ցիու­թեան։ Այս պատ­կե­րը դա­տա­պար­տանք կը շպրտէ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք մտա­ծում ու­նէին ըն­դա­ռա­ջե­լու Էր­տո­ղա­նի հրա­ւէ­րին, կամ՝ կը շա­րու­նա­կեն թի­կունք կանգ­նիլ ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րաց­ման ու հա­շո­ւե­տո­ւու­թե­նէ խու­սա­փե­լու ­­Թուր­քիոյ ան­վա­ղոր­դայն փոր­ձե­րուն։

Ա­նի­կա նաեւ ա­նուղ­ղա­կի ա­պա­ցոյց է, թէ Էտ­րո­ղան եւ ա­նոր հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նող­ներ... չեն գի­տեր թէ իս­կա­պէս ի՛նչ ե­ղած է ­­Կա­լի­փո­լիի մէջ։

­­Մե­զի հա­մար երկ­րոր­դա­կան է այն, որ ­­Թուր­քիոյ պե­տու­թեան «ի­մաս­տուն­նե­րը», Էր­տո­ղան, ­­Տա­ւու­թօղ­լու եւ ըն­կեր­ներ, ի՜նչ տրա­մա­բա­նու­թեամբ կ­þու­զեն պան­ծաց­նել յի­շա­տա­կը ճա­կա­տա­մար­տի մը, որ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի սկզբնա­կան փու­լին, 1915ի ­­Մար­տէ մի­չեւ 1916ի ­­Յու­նո­ւա­րը, ­­Տար­տա­նէ­լի շուրջ ա­րիւ­նա­լի ճա­կա­տում­նե­րու մատ­նած է մէկ կող­մէ՝ ­­Թուր­քիա-­­Գեր­մա­նիա, եւ միւս կող­մէ՝ Անգ­լիա-Ֆ­րան­սա դաշ­նա­կից­նե­րը, վերջ գտած է անգ­լիա­կան կող­մին նա­հան­ջով, սա­կայն ա­ղէ­տա­լի հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­ցած է եր­կո՛ւ բա­նակ­նե­րուն հա­մար ալ։ ­­Թուր­քիոյ այ­սօ­րո­ւան վա­րիչ­նե­րը որ­քա՜ն յու­սա­հա­տա­կան եւ ան­ձուկ վի­ճա­կի մատ­նո­ւած պէտք է ըլ­լան, որ ի­րենց այդ ժա­մա­նա­կա­ւոր յաղ­թա­նա­կը յի­շա­տա­կե­լու հա­մար, հան­դի­սու­թեան հրա­ւի­րեն ի­րենց ե­րէ­կի թշնա­մի­նե­րը, յե­նե­լով այ­սօ­րո­ւան ան­բա­րոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տո­ւեալ­նե­րուն վրայ, ո­րոնք Անգ­լիոյ պէս եր­կիր­ներ կը դա­սեն ի­րենց պաշտ­պան-դաշ­նա­կից-հա­մա­խոհ­նե­րու շար­քին։ Ո՞ր տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը կ­þը­սէ, որ մար­դիկ պի­տի ու­զեն մասնկ­ցիլ հան­դի­սու­թեան մը, որ կը յի­շա­տա­կէ ի­րենց պար­տու­թիւնն ու կրած մարդ­կա­յին վնաս­նե­րը (Կ­լաի­փո­լիի ճա­կա­տում­նե­րը ար­ժած են ա­ւե­լի քան 100 հա­զար կեանք, բազ­մա­հա­րիւր հա­զար վի­րա­ւոր եւ զի­նա­կան այլ կո­րուստ­ներ)։ ­­Կա­րե­լի՞ է մտա­ծել, որ ­­Միա­ցեալ ­­Նա­հանգ­ներ օր մը իբ­րեւ պան­ծա­լի յաղ­թա­նակ­նե­րու յի­շա­տակ­ման օր տօ­նեն Օ­գոս­տոս 6-9 օ­րե­րը՝ ­­Հե­րո­շի­մա­յի ու ­­Նա­կա­զա­քիի վրայ հիւ­լէա­կան ռումբ­նե­րու ար­ձա­կա­ման թո­ւա­կա­նը...։ ­­Մե­զի հա­մար կա­րե­ւո­րը այն է, որ հա­կա­ռակ ­­Թուր­քիոյ կող­քին կանգ­նե­լու կարգ մը մե­ծե­րու այ­սօ­րո­ւան կե­ցո­ւած­քին, ­­Կա­լի­փո­լիի յի­շատկ­ման շուրջ ստեղ­ծո­ւած վէ­ճերն ու հա­կա­սու­թիւն­նե­րը հա­ւա­սար են Էր­տո­ղան­նե­րու եւ զայն կան­խող Էօ­զալ­նե­րու, Էվ­րէն­նե­րու, Է­ճե­ւիտ­նե­րու (շար­քը եր­կար է) պար­տու­թեան, քա­ղա­քա­կան ու­ղիին սնան­կու­թեան։

Մե­զի՝ հա­յու­թեան հա­մար, նման վի­ճակ յաղ­թա­նակ մըն է ան­կաս­կած, երբ կ­þապ­րինք ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի տա­րին։ ­­Սա­կայն նաեւ պէտք է հար­ցե­րը դի­տենք ի­րա­պաշ­տու­թեամբ, հե­ռու զգա­ցա­կան զե­ղում­նե­րէ։ ­­Պէտք է յի­շենք, որ ­­Թուր­քիա յա­ճախ բար­բա­ջանք­նե­րու եւ սնո­տի քայ­լե­րու դի­մած է, երբ հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը ար­դա­րու­թեան զան­գե­րը հնչե­ցու­ցած է ու ջղա­գա­րու­թեան մատ­նած՝ ա­նոր պե­տա­կան ղե­կա­վար­նե­րը։

­­Մե­զի կը մնայ նոր հա­րո­ւած­ներ հասց­նել ջղա­գա­րու­թեան այս լա­րին եւ թոյլ տալ, որ ­­Թուր­քիա ա­ւե­լի՛ եւս ընկղ­մի ու­րա­ցու­մի տիղ­մին մէջ, ո­րով­հե­տեւ ճշմար­տու­թե­նէն եւ ար­դար հա­տու­ցու­մէ խու­սա­փե­լու ա­նոր իւ­րա­քան­չիւր փոր­ձը մեզ աս­տի­ճան մը ա­ւե­լի՛ պի­տի մօ­տեց­նէ մեր ­­Դա­տի կեն­սա­գործ­ման հանգ­րո­ւա­նին։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ