Արշալոյս Կիւրեղի Տէր-Նազարեան
Ծնեալ 1905 թուին, Բաբերդ, Լուսոնք գիւղ
Իմ գլխէս գիտե՞ս ինչե՜ր անցած են։ Ես գլուխս ազատած եմ այդ շուներէն։
Ես ծնած եմ 1905 թուին, Բաբուրդի (Բաբերդ) Լուսոնք գիւղը։ Մեծ հայրս՝ Տէր Նազարէթը, եղած է շատ հարուստ։ Ես ծնած եմ արտերու մէջ։ Մայրս՝ Աղաւնին, հայրս՝ Կիւրեղը, եղբայրներս՝ Միսաքը եւ Յակոբը, քոյրերս՝ Վարդուհին,
Թռվանդան եւ ես։ Մեր նման հարուստ կալուածատէր չկար։ Իմ պապը տէրտէր էր։
Թուրքերը կուգային եւ կը հարցնէին.- Տէր Նազարէթի տունը ո՞ւր է։
Ամիսներով կը նստէին, կ’ուտէին, կը խմէին։
Կարասներու մէջ մեղր ունէինք, զէյթուն, պանիր ունէինք։ Ամէն ինչ հէ՜չ եղաւ։ Մեր ամբարները կը տնքային ուտելիքներէ։ Տէր Նազարէթը շատ բարեգործ էր, թուրքերու հետ ալ լաւ ընկերութիւն կ’ընէր։ Մինչեւ անգամ թուրքի արտ տուած էր, որ ցանէ։ Օր մը այդ թուրքը գաղտնի եկաւ մեր տունը, լուր տուաւ, որ սուլթանը հրաման տուաւ իրենց, ըսաւ.- «Գացէ՛ք, թալանէ՛ք, բերէ՛ք էդ կեաւուրի հարստութիւնը»։
Գիշերը մեր տղերքը՝ իմ հօրեղբայրները, զէնքերը առին, դուրս եկան տունէն։ Մէրս անոնց հետ պաշար դրաւ։ Մենք հարիւր ձի ունէինք։ Ախոռէն քաշին, տարին։
Մեր տղերքը ելան գացին Անդրանիկի խումբին միացան մեր սարերուն վրայ։ Մենք հանգստացանք, որ գիւղի երիտասարդները հեռացան գիւղէն։
1915ի առաւօտ մը թուրքի զինուորը լցուաւ մեր գիւղը, մեր տունը։ Իրիցկինը՝ տատիկս, նստած էր թոնիրի գլխուն, հաց կը թխէր։ Թուրքերը տեսան, որ մենք շատ հաւեր ունինք, հրամայեցին՝ հաւերը մորթել ու խորովել։ Իրիցկին տատիկիս թեւերն ալ հաւերը խորովելու տաք-տաք շամփուրներով դաղեցին, տատիկս մեռաւ։
Թուրքերը պապիկիս ըսին.- Դու տէրտէր ես, շատ ոսկի ունիս, հանէ՛, տո՛ւր։ Պապիկիս ալ բռնեցին, մօրուքը վառեցին։ Պապիկս յուսահատուած ըսաւ.- Նալլա՜թ ըլլի, առէ՜ք, տարէ՜ք, ժամի խորանը սուրբ մը թաղուած է, գացէ՛ք, այն քարին տակն են ոսկիները։
Թուրքերը գացին, հանեցին, երկու խուրջին լեցուցին ոսկիով, բերանները կարեցին մախաթով, եկան պապիկիս գլուխն ալ տուին. հոն սպանեցին։ Յետոյ ալ անցան հարսներուն, հօրեղբօրս կինը՝ Իսկուհին ըսաւ.- Շնե՛ր, առա՛ք ոսկիները, հիմա ի՞նչ կ’ուզէք,- առաւ իր երեխիքին ջուրը գցեց, ինքն ալ իրեն գցեց ջուրը խեղդուեցաւ։
Զաթի կնիկներուն կը տանէին մօտիկ գետը, հագուստները կ’առնէին, իրենց ալ քամակներուն քացով կը խփէին, գետը կը գցէին։ Իմ պապային տարած գցած էին գիւղ մը՝ մութ տեղ, սոված-ծարաւ պահած էին, ծեծած, բանտարկած էին փակ տեղ մը։ Պապաս ալ շինարար էր։ Ան մութ տեղը, հողին մէջէն երկաթ մը գտաւ, սկսաւ պատը քանդել. փախաւ։ Թուրք մը տեսաւ իր փախչիլը, պապաս իր ձեռքի երկաթով խփեց անոր գլխուն, ան սատկեցաւ։ Պապաս անոր հագուստները հանեց, ինքը հագաւ, անոր փասփորն ալ առաւ, գնաց Ստավրոպոլ։ Մեզ ալ գիւղէն քշեցին, բոլոր ընտանիքով ոտքով քալելով գացինք։ Քառասուն օր մեզի ոտքով քշեցին, վերջապէս հասանք Երզնկա քաղաք։ Ժողովրդին հաւաքեցին, որ լցնեն գետը։ Եկան բոլոր թուրքերը, կայնեցան։ Աղջիկ-կնիկ, բոլորին գետը գցեցին, ալիքը տարաւ։ Մենք փախանք։ Հասանք գիւղ մը։ Տեսանք հայերուն կոտորած էին։ Գիւղը դատարկ էր։ Մտանք կիսաւեր տուն մը։ Իմ ախպերները, մենք բոլորս սոված էինք։ Տատիկս ըսաւ.- Յակո՜բ ջան, չարուխի տակէն երկու ոսկի հանէ, մածուն առնենք։
Հազիւ նստած մածուն կ’ուտէինք, տեսանք, որ երկու թուրք եկան մտան, ախպերներուս՝ Յակոբին ու Միսաքին բռնեցին տարին մորթելու։ Մնացինք իմ քոյրերով, մայրս ու ես։ Մէկ ալ տեսանք թուրք մը մեր դէմը մեզ կը նայի։ Եկաւ հօրեղբօրս կնիկին ըսաւ.- Այդ աղջկան տուր տանեմ, լաւ կը պահեմ։ Մէկ է, ձեզի ջուրը պիտի գցեն, պալքի ան սաղ մնայ։
Ինձ տուին անոր ձեռքը։ Ան ալ ինձ բերաւ իր տունը։ Է՜, դրա հարսը մեռեր է, երեխան մնացեր է անտէր, ես պիտի պահեմ։ Ես հարուստի աղջիկ, ես կրնա՞մ այդ երեխան պահեմ։ Երեք օր մնացի, տեսայ չեմ կարողանայ, էլա դռները բաց թողի փախայ, մտածում եմ՝ երթամ ինձ ջուրը գցեմ՝ պրծնեմ։ Մէկ ա, մեր գերդաստանէն մենակ ես մնացի, բոլորին գցեցին ջուրը։ Ճանապարին լսեցի թուրքերը կը խօսէին.- «Էրմէնի մէզէրինդա հէչ էրմէնի քալմադը, հէփիսիդէ սույա աթդըմ» (հայկական գերեզմանատանը ոչ մի հայ չմնաց, բոլորին ջուրը գցեցի)։
Ես այդ խօսքերը լսեցի՝ ուրեմն բոլորին ջուրը գցեցին։ Նստայ լացայ։ Մէկ ալ երկու թուրք կնիկ եկան հարցուցին ինձ.- «Կուգա՞ս մեր տունը»։
Անոնք ալ մեծ զինուորականի կնիկներ էին։ Անոնց հետ գացի։ Իմ ձեռքէն բռնեցին, տարին երկու փողոց էն կողմը։ Ինձ լուացին, շորեր հագցուցին, երեք տարի պահեցին։ Անունս Կիւլլի դրած էին։ Օր մը ինձ հարսանիք տարին։ Տեսայ՝ մեր հայկական եկեղեցւոյ հոգեւորականի շուրջառով, վեղարով ու գաւազանով մէկը մէջտեղ ելաւ, սկսաւ տնազ ընել։ Ես ջղայնացայ։
Ինձ կը ղրկէին իրենց եղբօր տունը մի բան բերել-տանելու։ Օր մը սուբերէյի թխեցին, ձեռքս տուին, որ տանեմ իրենց եղբօր տունը։ Ճամբուն վրայ այդ հին թուրքը ինձ հանդիպեցաւ, ճանչցաւ, սկսաւ վազել ետեւէս։ Հէնց մօտեցաւ՝ սուբերէյին տուի անոր գլխուն վրայ ու ես փախայ։ Իրիկունը, որ մեր տղամարդիկ տուն եկան, այդ թուրքին գացին ծեծեցին։
Երեք տարի յետոյ, որ ռուսը եկաւ, ինձ թաքցուցած էին, որ չգտնեն։ Քանի որ որբ հայերուն կը հաւաքէին, կը տանէին հայկական որբանոց։ Ռուսերը կ’ըսէին.- «Հայերուն ով որ վնաս տայ՝ կը պատժենք»։
Անոնց պատուալի լուսամուտին սետկա քաշած էր։ Դուռը փակ էր։ Մի հատ քալփաթին գտայ, քաշեցի, ինկայ թիկունքիս վրայ, բայց դուռը բացուեցաւ։ Ոտքի ելայ, փիլաքանը դրի, տեսայ մի հատ ռուս, մի հատ հայ զինուոր, ըսի.- Բէն Էրմէնի իմ (Ես հայ եմ)։
Անոնք լսեցին ինծի, ըսին.- Դու հա՞յ ես, թռի՝ բռնենք։
Ես ըսի.- Ես չեմ կարող թռնել։ Երեկոյեան ժամը հինգին եկէք ինձ ուզէք։
Հարեւանը լսեց, եկաւ ու խաբար տուաւ։ Երկու քոյրերը եկան, լալով ինձ կը խնդրէին՝ ըսէ «Ես մուսուլման եմ»։
Ըսի՝ «Հա՛ , կ’ըսեմ»,- բայց ես գիտեմ ինչ պիտի ըսեմ։
Երեկոյեան այդ ռուս եւ հայ զինուորները եկան, հետերնին հայ կնիկ մը՝ անունը Զարուհի։ Եկան ինձ հարցուցին.- Դու հա՞յ ես։
Ես ըսի,- Հա՛, հայ եմ։
Ինձ առին, տարին։ Տիկին Զարուհին ինձ վերցուց իր ծունկին, ըսաւ.- Քու հօրեղբայրները Բայբուրդ խանութ բացած են։ Ռուսը մտաւ, ազատեց Բայբուրդը։
Մէկ ալ հէրս եկաւ ինձ գտաւ։ Հէրս գացած էր Ստավրոպոլ, ինձ վերցուց թրոյկայով, ես ու հէրս եկանք Բայբուրդ։ Տեսանք՝ ամէն տեղ աւեր։ Մեր տունը դատարկ։ Մէջը բան չկայ։ Միայն մի հատ խնոց մնացած էր։ Այն լաւ թուրքը, որ ջարդը սկսելէն առաջ եկած էր մեզի ըսած էր. «Ես ձեր հացը շատ կերայ, վեր գացէք առաւօտը փախէք Բայբուրդէն», այդ թուրքը եկաւ, ան բարի մարդ էր, տեսաւ մեր վիճակը, բերաւ մեր կոտոշը կոտրած կովը, որ ինքը տարած պահած էր, բերաւ, որ մենք անորմով ապրինք։ Մեր քոչից մէկ ալ ազատած էր իմ հօրեղբօր աղջիկը՝ Եղիսաբէթը։ Թուրք մը փախցուցած էր Եղիսաբէթին, տարած ու պահած էր գոմին մէջ։ Երբ 1918ին ռուսերը եկան հայերը ազատելու, այս թուրք հէրը տղին կ’ըսէ.- «Հորէն ջուրը քաշելով հորը գցէ»։ Եղիսաբէթը գոմին մէջ քնացած պահուն, լսեց այդ խօսքերը։ Երբ տղան Եղիսաբէթը տարաւ հորին մօտ, ըսաւ.- «Ջուրը վեր քաշէ»։ Եղիսաբէթը կ’ըսէ.- «Ես չեմ գիտեր, առաջ դուն քաշէ, ես տեսնեմ»։ Տղան կը փորձէ։ Եղիսաբէթը տղային հորին մէջ կը գցէ ու կը փախչի։ Ծառի մը վրայ կը բարձրանայ։ Լուսադէմին մի քանի զինուոր կուգայ։ Եղսիաբէթը կը լսէ, որ հայերէն կը խօսին ու կ’ըսէ.- Վա՜յ, այս իմ Անդրանիկ քեռին է։
Ան իր ընկերոջը կ’ըսէ.- Այս անտառին մէջ սատանայ կայ։
Եղիսաբէթը ծառին վրայէն կ’ըսէ.- Չէ՛, ես եմ, Եղիսաբէթը.- այդպէս կ’ազատի։
Երեք տարի յետոյ գացինք Թիֆլիս։ Թիֆլիսի մէջ մասնակցեցայ թատերական խումբին։ Լաւ կ’արտասանէի ու կ’երգէի։ 1938 թուին ալ եկանք Երեւան։
Ֆրանսահայ գաղութ
Լիոնի հայկական համայնքը
Լիոնի հայկական համայնքը սկսաւ կազմաւորուիլ 1923ին, երբ Ցեղասպանութենէն փրկուած զանգուածները հասան Ֆրանսա։
Լիոն հաստատուած առաջին հայը կը կոչուէր Ռաֆայէլ-Արամ Տէր-Զաքարեան։ Ան Կ. Պոլիսէն եկած էր 1877ին եւ կը զբաղէր ոսկեթելի արտադրութեամբ։ 1918ին կը հիմնուի Հայոց Ազգային Միութիւնը Ստեփան Կարապետօղլուի կողմէ, որ Փոքր Ասիայէն եկած էր 1894ին եւ կը զբաղէր մետաքսի վաճառականութեամբ եւ որու շառաւիղները մինչեւ հիմա կ’ապրին Լիոնի մէջ։ Չմոռնանք, որ Լիոնը մետաքսի մայրաքաղաքն էր Վերածնունդէն ի վեր։
1923էն սկսեալ հայերը կը հաստատուին Ռոն-Ալպեան շրջանի մայրաքաղաքին մէջ, ուր երկաթագործութիւնն ու կտաւագործութիւնը աշխատաւոր ձեռքերու պէտք ունէին։ Անոնց թիւը շուրջ 500 էր։ Հայոց Ազգային Միութեան նախագահ Սերովբէ Փափազեանի օրով եւ Գրիգորիս Եպիսկոպոս Պալաքեանի ջանքերով՝ կը կառուցուի Լիոնի առաջին հայկական մատուռը, 7րդ թաղամաս, Պերթըլօ փողոց թիւ 75։
Առանց մասնագիտական կարողութեան տէր ըլլալու, նորահաս գաղթականները կը սկսին աշխատիլ ինքնաշարժի ճարտարարուեստի մէջ՝ Berlietի մօտ, հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստի մէջ՝ Gilletի մօտ եւ կամ acetate արտադրող Rhodiaceta գործարանին մէջ։
1929ի տնտեսական տագնապը կը հարուածէ ամբողջ աշխարհը եւ 10 Օգոստոս 1932ին կը հրապարակուի օտար աշխատաւորներուն համար օրէնք մը, որով կը սահմանափակուի գաղթականներու մուտքը։ Գործազրկութեան պայմաններու մէջ գործարաններու աշխատաւորները պէտք էր իրենց գլխուն ճարին նայէին ու անոնք կը դառնան արհեստաւորներ - դերձակ, կօշկակար եւայլն։ Կիները դերձակուհի կը դառնան եւ կամ կօշիկի երես կը կարեն։ Անոնք կը բնակին Guillotiereի շրջանի նախկին զօրանոցներու մէջ հաստատուած հիւղաւաններու նեղ պայմաններուն մէջ։ Անոնք բնակութիւն կը հաստատեն նաեւ 6րդ թաղամասի Servient, Moncey, Rabelais, Cuvier եւ այլ փողոցներու մէջ, հայաշատ շրջան մը ստեղծելով։ Այսօր հայերը առաւելաբար կեդրոնացած են 3րդ թաղամասին մէջ, ուր կը գտնուին Հայ Առաքելական եւ Աւետարանական եկեղեցիները, դպրոցը, հիւպատոսարանը եւ France-Armenie ամսագրի խմբագրատունը։
Անոնք իրենց դժուար առօրեային մէջ կը ջանային ապաքինիլ Ցեղասպանութեան թողած վէրքերէն, մոռնալ երկրի մէջ իրենց ծաղկուն ասպարէզի եւ հաստատութեան կորուստի բերմամբ ընկերային վիճակի փոփոխութիւնը, կեցութեան արտօնագրի ետեւէ վազել եւայլն։ Արդէն 7000ի հասած էր գաղթականներու թիւը։ Այս դժուարութիւնները ձեւով մը կը թեթեւնային մշակութային եւ ընկերային գործունէութեամբ, որմով եռուն էին 30ական թուականները։ 7 թերթեր կը հրատարակուէին աւելի կամ նուազ ժողովրդականութեամբ, հայերէնի դասեր, թատերական ներկայացումներ, տօներու նշումներ, խնճոյքներ, դաշտահանդէսներ եւայլն կը հաւասարակշռէին առօրեայ կեանքը։ Շուրջ քսան քիլոմեթր կ’երթային թութ հաւաքելու, դաշտագնացութիւն կ’ընէին Rizeի ափին։ Իրենց հետ մակարդ կը տանէին, որպէսզի մածուն պատրատէին։
1936ին Ս. Մարիամ Աստուածածին մատուռը կը փոխադրուի 6րդ թաղամաս։ 1940-46 եկեղեցւոյ վարչութիւնը կը գլխաւորէ Ճիպրայէլ Պահատուրեանը, որ արդէն 1929էն ի վեր հոն հաստատուած էր եւ կը զբաղէր նպարավաճառութեամբ։ Ծնած էր 1905ին Աքսերեայ, Գոնիայի մօտ, վեհանձն անձնաւորոթիւն մը, որ տնտեսապէս օգնեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կառուցման։ Երբ իր գործերը ծաղկուն ընթացքի մէջ էին եւ ինքն ալ որոշ տարիքի մը հասած էր, Villeroy փողոցի իր խանութին մէջ անմոռանալի յիշատակներ ձգած էր մանուկներու հոգիին մէջ, անոնց անուշեղէն բաշխելով եւ ուրախացնելով։
Այդ ժամանակաշրջանի ուրիշ անձնաւորութիւն մըն էր Նափոլէոն Պիւլլիւքեանը, ճարտարարուեստի մարդ եւ բարերար, ծնած 1905ին Մալաթիա։ Ան իր անունով հիմնադրամ մը կը հաստատէ, որ գումարներ կը յատկացնէ զանազան մշակութային եւ ընկերային միութիւններու։
Լուի Պլան փողոցի մատուռը երբ այլեւս նեղ կուգայ համայնքի եկեղեցական կարիքներուն համար, նոր եկեղեցի մը կառուցելու անհրաժեշտութիւն կը ծագի։ Եկեղեցւոյ կառուցման յանձնախումբ մը կը ստեղծուի, գլխաւորութեամբ Կարպիս Ճընկըտըրեանի։ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ օծումը տեղի կ’ունենայ մեծ շուքով, 1963ին, նախագահութեամբ քաղաքապետ Լուի Փրատելի եւ կազմակերպութեամբ Լիոնի եւ Շրջակայքի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ազգային Միութեան (նախկին Հայոց Ազգային Միութիւն), որու նախագահն էր Անդրանիկ Օպոզեան։ Օծումը կը կատարէ Սերովբէ Արք. Մանուկեան։
Քաղաքը կ’ունենայ հայկական անունով մկրտուած տեղանուններ։ Ներկայի rue d’Armenieն ծնունդ կ’առնէ 1977ին։ Աւելի ուշ կ’ունենանք «Լէա եւ Նափոլէոն Պիւլլիւքեան» ճեմավայրը, «Ճիպրայէլ Պահատուրեան» հրապարակը, Երեւանի Պարտէզը, Հրանդ Տինք փողոցը։
Հայերը ընդհանրապէս կը զբաղին զանազան արհեստներով եւ վաճառականութեամբ։ Նոր սերունդները բարձրագոյն ուսում կը ստանան, կը համարկուին ֆրանսական ընկերութեան մէջ։ Կ’ունենանք արդիւնաբերողներ, վաճառականներ, ղեկավար պաշտօնեաներ, ուսուցիչներ, գիտնականներ, բժիշկներ, վիրաբուժներ եւ ազատ ասպարէզի նախաձեռնողներ։
Բայց համայնքի ամենակարեւոր խարիսխը կը մնայ դպրոցը։ Նախաձեռնութեամբ Նորվան Եպիսկոպոս Զաքարեանի, «Մարգարեան-Փափազեան» դպրոցը (մանկապարտէզ եւ նախակրթարան) իր դռները կը բանայ 1988ի ուսումնական վերամուտին, իսկ դպրոցի շէնքին բացումը կը կատարուի 1997ին, ձեռամբ երջանակայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։
Լիոնի հայութեան համար 21րդ դար մուտքը կը յատկանշուի քաղաքի կեդրոնին մէջ յուշարձանի կանգնումով, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերուն։ Յուշարձանը մտայղացումն էր Ժիւլ Մարտիրոսեանի եւ կը վայելէր անվերապահ զօրակցութիւնը քաղաքապետ Ժերար Քոլոմպի։ Բացումը կը կատարուի 2006ին։ Ժիւլ Մարտիրոսեան ամբողջ 20 տարի վարած էր նախագահութիւնը Կեդրոնական Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդին (CCAF), եւ զայն կը փոխանցէ Միքայէլ Քազարեանի։ Լիոնը այժմ ունի նաեւ հայկական հիւպատոսարան, որուն բացումը կատարուեցաւ անցեալ Յուլիսին։
Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը կառավարուի Լիոնի եւ Շրջակայքի Ծխական Խորհուրդին կողմէ, որուն պատուաւոր նախագահն է Սեպուհ Սարեան եւ նախագահը՝ Ժան-Ժաք Օսմանճեան։ Ռոն-Ալփի շրջանի առաջնորդական փոխանորդն է Կարապետ Վրդ. Յարութիւնեան, իսկ հոգեւոր հովիւը՝ Իսահակ քհնյ. Հեքիմեան։
Ցեղասպանութեան ոգեկոչումները անցեալի նման սգահանդէսներ չեն այլեւս։ Համագումարներ, ցուցահանդէսներ, գիրքերու հեղինակներու հետ հանդիպումներ, շարժանկարներու ցուցադրութիւններ, պարախումբի ելոյթներ եւ այլ մշակութային ձեռնարկներ իերնց տեղը գրաւած են անցեալի պարահանդէսներու եւ հայրենասիրական ձեռնարկներու կողքին։ Սերունդներու փոփոխութեամբ չքացած են անցեալի «Ուրկէ՞ էք, Էրզրումէ՞ն, Ատափազարէ՞ն» եւ նման հարցումները։
Համայնքը լաւապէս կազմակերպուած է։ Զանազան հայ անձնաւորութիւններ այցելած են Լիոն, ինչպէս՝ Վազգէն Ա. Կաթողիկոս 1956ին, 1990ին եւ 79ին, Գարեգին Ա., Գարեգին Բ., նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան։ Երեւանի եւ Լիոնի միջեւ կապերը շատ ամուր են, անոնց միջեւ համագործակցութիւնը հաստատուած է 1993ին։
Անցեալի Ապրիլէն ի վեր Լիոնի առաջին փոխ-քաղաքապետն է Ժորժ Քեփենեկեանը։ Լիոնը նաեւ տուած է կարգ մը արուեստագէտներ, ինչպէս՝ լուսանկարիչ Խաժակ Օհանեան, երգահան եւ դաշնակահար Անտրէ Մանուկեան, Միշէլ Հալէ Եղայեան, «Կոմիտաս» երգչախումբը ղեկավարութեամբ Ժան Պէրպէրեանի, բեմադրիչ Սարգիս Չէօմլէքճեան, նուագախումբի ղեկավար Ալեքսանտր Սիրանոսեան, աստիճանաւոր խորհարար Ալէն Ալեքսանեան, նկարիչներ եւ բազմաթիւ այլ արուեստագէտներ։
Աւելի քան 50 միութիւններ եւ ընկերակցութիւններ Մեծն Լիոնի մէջ կը համակարգեն 20.000 հոգինոց կազմակերպուած համայնքի մը կեանքը։
Վերջին տարիներուն զանգուածային արտագաղթի բերումով Հայաստանէն եկած հայեր, ունենալով համայնքային տարբեր մշակոյթ եւ սովորութիւններ, ընդհանրապէս հեռու կը մնան լիոնահայութեան հաւաքական կեանքէն։
«Հայոց Ցեղասպանութիւն.
ականատեսներու վկայութիւններ»
Վերժինէ Սվազլեան