Հա­ւա­նա­բար Շէյքս­փի­րեան լե­զո­ւով շատ ա­ւե­լի լաւ հնչէ smart move բա­ցատ­րու­թիւ­նը, քան՝ «ճար­պիկ քայլ» կամ «ու­շիմ ըն­թացք» բա­ցատ­րու­թիւ­նը:

Շա­բա­թաս­կիզ­բին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեա­նին յա­տուկ նա­մակ մը յղե­լով՝ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան կը հաս­տա­տէր, թէ Հ.Հ. Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վէն յետս կո­չած է Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու վա­ւե­րա­ցու­մը:

Ինչ­պէ՞ս բա­ցատ­րել Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին այս ճար­պիկ քայ­լը, կամ ա­ւե­լի ճիշդ՝ smart moveը:

Քա­նի մը դրդա­պատ­ճառ­ներ, ազ­դակ­ներ եւ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճակ­ներ կրնան պատ­ճառ հան­դի­սա­նալ, որ­պէս­զի Սարգ­սեան դի­մած ըլ­լայ Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վէն յետս կո­չե­լու այս քայ­լին:

Ա­ռա­ջին հեր­թին, պարզ ակ­նարկ մը նե­տե­լով Հոկ­տեմ­բեր 2009ին ստո­րագ­րո­ւած այս «Փ­րո­թո­քոլ»ին վրայ, պէտք է նշել, թէ ա­ւե­լի քան հինգ տա­րիէ ի վեր ոչ մէկ շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք ար­ձա­նագ­րո­ւած էր եւ այդ օ­րե­րուն է­ջեր մրո­տած «ճամ­բու քար­տէս»ը մշու­շա­պատ եւ նոյ­նիսկ անգ­տա­նե­լի ա­րա­հե­տի կամ ա­նել ճամ­բու վե­րա­ծո­ւած էր:

Այս կարճ պատ­մա­կա­նը եւ յատ­կա­պէս դի­մա­ցի կող­մի՝ Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի հե­տե­ւո­ղա­կան ան­տար­բե­րու­թիւնն ու կրա­ւո­րա­կան կե­ց­ւած­քը նկա­տի ու­նե­նա­լով, Սարգ­սեան դի­մեց այդ ո­րո­շու­մին՝ քա­ջա­տե­ղեակ ըլ­լա­լով, որ ար­դէն իսկ քա­ղա­քա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս գոր­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մեծ թիւ մը միշտ ալ դէմ ե­ղած էր նմա­նօ­րի­նակ «փշոտ ճամ­բու քար­տէս»ի մը պատ­րաս­տու­թեան:

Ա­ւե­լին, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի սե­մին, Ան­գա­րա­յի կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւած Կա­լի­փո­լիի ճա­կա­տա­մար­տի հա­րիւ­րա­մեա­կին նշու­մը, այդ միեւ­նոյն օ­րո­ւան՝ Ապ­րիլ 24ին, շատ ա­ւե­լի հրահ­րած էր Սարգ­սեա­նը, որ­պէս­զի դի­մէ ա՛յս մի­ջո­ցին:

Հոս տե­ղին է… գէթ ա­ռանց փա­կա­գի­ծի նշե­լու, թէ Ցիւ­րի­խի մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած այդ «Փ­րո­թո­քոլ»ա­յին Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռա­ջին օ­րե­րուն իսկ, յան­ձին այդ օ­րե­րու Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար՝ Տա­ւու­թօղ­լո­ւի (այժմ՝ վար­չա­պետ), «ճամ­բու քար­տէս»ին ուղ­ղու­թիւնն ու ըն­թաց­քը փո­խադ­րած էին Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նէն շատ ա­ւե­լի հե­ռու եւ բո­լո­րո­վին տար­բեր ուղ­ղու­թեամբ:

Այս­պէ՛ս, Ար­ցա­խի Հար­ցը բազ­միցս եւ դիտ­մամբ գոր­ծա­ծո­ւած էր Ան­գա­րա­յի կող­մէ, յաչս Ատր­պէյ­ճա­նի շա­հե­րուն:

Նոյ­նիսկ ա­նա­մօ­թա­բար Ար­ցա­խէն հո­ղա­յին զի­ջում­ներ ա­ռա­ջադ­րո­ւած էին… փո­խան հա­մա­ձայ­նագ­րին կա­նաչ լոյս տա­լուն:

Այլ գոր­ծօն մըն ալ կա­րե­լի է նշել նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի ա­ռած ո­րո­շու­մին առն­չու­թեամբ… այդ ալ, դժբախ­տա­բար, ներ­կայ հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան բե­մա­հար­թակն է:

Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը յետս կո­չե­լու ո­րո­շու­մէն հա­զիւ քա­նի մը օր ա­ռաջ, Սարգ­սեան յայ­տա­րա­րած էր, այ­լեւ յա­տուկ հրա­մա­նագ­րով մը, որ «­Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան» Կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան ա­զատ կա­ցու­ցո­ւած է Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան Խոր­հուր­դի ան­դա­մի կար­գա­վի­ճա­կէն: Ո­րո­շում մը, ո­րու դժգո­հու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րը ոչ թէ միայն հա­սած էին նախ­կին նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր-­Պետ­րո­սեա­նի, այլ նաեւ Ռո­պերթ Քո­չա­րեա­նի:

Հուսկ, Սարգ­սեա­նի այս smart move-ին դի­մաց, ի՞նչ կրնայ պա­տա­հիլ, ե­թէ ա­նակն­կա­լօ­րէն Ան­գա­րան, պա­հե­լով հան­դերձ իր կրա­ւո­րա­կան կե­ց­ւացքն ու կառ­չած մնա­լով Կա­լի­փո­լիի հա­րիւ­րա­մեա­կի նշման ա­ւե­լոր­դա­բա­նու­թեան, յան­կարծ փո­խէ «նա­ւուն ուղ­ղու­թիւն»ը եւ, Խորհր­դա­րա­նի ճամ­բով, վերս­տին գոր­ծի լծէ Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն վա­ւե­րաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը…

«­Հայ­րե­նիք»