­Իս­րա­յէ­լի նա­խա­գահ ­Ռու­վեն ­Ռիվ­լի­նի ­Յու­նո­ւար 28ի ե­լոյ­թը՝ ­Նիւ Եոր­քի Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին մէջ, լուրջ բա­նա­վէ­ճի նիւթ դար­ձաւ:

­Ռիվ­լին, որ­պէս Ք­նե­սե­թի (Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րան) նա­խա­գահ եւ ան­դամ, եր­կար տա­րի­ներ պայ­քա­րած է, որ­պէս­զի Իս­րա­յէ­լը ճանչ­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: ­Սա­կայն նա­խա­գահ դառ­նա­լէն ետք, ինչ­պէս Ա.Մ.Ն. նա­խա­գահ Օ­պա­ման, ­Ռիվ­լին նոյն­պէս չկա­մե­ցաւ վե­րա­հաս­տա­տել իր սկզբուն­քա­յին դիր­քո­րո­շու­մը այս հար­ցին առն­չու­թեամբ:

Ան­ցեալ ա­միս, նա­խա­գահ ­Ռիվ­լին հզօր ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին առ­ջեւ, Ող­ջա­կիզ­ման զո­հե­րու յի­շա­տա­կի մի­ջազ­գա­յին օ­րո­ւան ա­րա­րո­ղու­թէան ժա­մա­նակ: ­Ցա­ւօք, Իս­րա­յէ­լի նա­խա­գա­հը եր­կու լուրջ սխալ թոյլ տո­ւաւ: Ան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ա­նո­ւա­նեց ջարդ, եւ այդ մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու հա­մար՝ անդ­րա­դար­ձաւ Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ ­Խո­ջա­լու գիւ­ղին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րու սպա­նու­թիւն­նե­րուն:

Ա­հա հա­տո­ւած մը՝ Մ.Ա.Կ.ի մէջ ­Ռիվ­լի­նի ու­նե­ցած ե­լոյ­թէն.-

«Երբ 1915 թո­ւա­կա­նին կը կո­տո­րէին հայ ժո­ղո­վուր­դին զա­ւակ­նե­րը, Աւ­շա­լոմ ­Ֆէյն­պըր­կը՝ Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ ­Դաշ­նա­կից­նե­րուն հետ գոր­ծակ­ցող ,­Նի­լիե հրէա­կան լրտե­սա­կան ցան­ցի ղե­կա­վար ան­դամ­նե­րէն մէ­կը, գրած էր (կը մէջ­բե­րեմ).- ,Ես ցա­սու­մէն ա­տամ­ներս կրճտաց­նե­լով կը մտա­ծէի, թէ ո՞վ պի­տի ըլ­լայ յա­ջոր­դը: Ե­րու­սա­ղէ­մի ճա­նա­պար­հին, երբ կը քա­լէի օրհ­նո­ւած եւ սուրբ հո­ղին վրա­յով, ես ին­ծի հարց տո­ւի, թէ ինչ­պի­սի՞ ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ կ­՛ապ­րինք, ար­դեօք այժմ 1915 թո­ւա­կա՞նն է, թէ ­Թի­թո­սի կամ ­Նա­պու­քո­տո­նո­սո­րի դա­րաշր­ջա­նը: Ար­դեօք մոռ­ցա՞ծ եմ, որ հրեայ եմ: Ես նաեւ հար­ցու­ցի ես ին­ծի՝ ար­դեօք ի­րա­ւունք ու­նի՞մ լա­լու միայն իմ ժո­ղո­վուր­դիս ող­բեր­գու­թեան վրայ. ­Մի­թէ՞ Ե­րե­միա մար­գա­րէն ա­րիւ­նոտ ար­ցունք­ներ չէ՞ր թա­փած նաեւ հա­յե­րու հա­մար»: Աւ­շա­լոմ ­Ֆէյն­պըրկ այս մէ­կը գրած է ճիշդ 100 տա­րի ա­ռաջ… ­Վա­րա­նու­մի եւ ժխտու­մի 100 տա­րի: ­Սա­կայն այդ տա­րի­նե­րուն, Իս­րա­յէ­լի գետ­նին վրայ, Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ, ուր ես ծնած եմ, ոչ մէ­կը կը հա­մար­ձա­կէր հեր­քել տե­ղի ու­նե­ցած ջար­դը: Ե­րու­սա­ղէ­մի բնա­կիչ­նե­րը, իմ ծնող­ներս եւ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներս տե­սած են այդ ա­ղէ­տը վե­րապ­րած՝ սո­վալ­լուկ ու թշո­ւառ հա­զա­րա­ւոր հայ փախս­տա­կան­նե­րը: Ա­նոնք Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ ա­պաս­տան գտան, եւ մին­չեւ այ­սօր ա­նոնց ժա­ռան­գորդ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն այն­տեղ ապ­րիլ»:

Իս­րա­յէ­լի, ­Բա­ցե հա­մալ­սա­րա­նի փրո­ֆե­սոր, ա­կա­նա­ւոր մտա­ւո­րա­կան Եա­յիր Օ­րոն, զայ­րա­ցած է իր նա­խա­գա­հին բա­ռե­րու այս տե­սակ ընտ­րու­թե­նէն, հա­կա­ռակ ա­նոր հետ ու­նե­ցած իր անձ­նա­կան մտեր­մու­թեան: Օ­րոն ե­ղած է Իս­րա­յէ­լի կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման վա­ղե­մի ջա­տա­գով եւ այդ առն­չու­թեամբ՝ քա­նի մը գիր­քե­րու հե­ղի­նակ: Այժմ ան կը դա­սա­ւան­դէ ­Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ:

­Յու­նո­ւար 31ին, երբ ես դա­սա­խօ­սու­թիւն կու տա­յի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ, Ե­րե­ւա­նի նո­րա­բաց ­Կո­մի­տա­սի թան­գա­րա­նին մէջ, փրոֆ. Օ­րոն մօ­տե­ցաւ ին­ծի եւ հար­ցուց, որ ար­դեօք կրնա՞յ դի­մել լսա­րա­նին: ­Թոյլ­տո­ւու­թիւն ստա­նա­լէ ետք, ան կար­դաց իր անձ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, զոր վեր­նագ­րած էր՝ «­Նե­րո­ղու­թիւն կը խնդրեմ իմ հայ եղ­բայր­նե­րէս».

«Իս­րա­յէ­լի նա­խա­գահ ­Ռու­վեն ­Ռիվ­լին հան­դէս ե­կած է ու­շագ­րաւ ե­լոյ­թով մը՝ շատ յու­զիչ նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րով ան­կեղ­ծօ­րէն եւ խո­րա­պէս ներ­կա­յաց­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին տա­ռա­պանք­նե­րը: ­Սա­կայն, ան մի­տում­նա­ւոր կեր­պով չօգ­տա­գոր­ծեց «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րը՝ ո՛չ եբ­րա­յե­րէ­նով, ո՛չ անգ­լե­րէ­նով»:

Փ­րոֆ. Օ­րոն շա­րու­նա­կեց՝ բա­ցա­յայ­տե­լով, որ նա­խա­գահ ­Ռիվ­լին ան­ձամբ ը­սած է ի­րեն, թէ՝ «չէ փո­խած իր կար­ծի­քը, սա­կայն չի կրնար այդ մէ­կը (ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը) յայ­տա­րա­րել՝ իբ­րեւ Իս­րա­յէ­լի նա­խա­գահ: Ա­սի­կա ես կրնամ հասկ­նալ: ­Սա­կայն, ե­լոյ­թի վեր­ջին վայր­կեա­նին, ինչ որ մէ­կը, հա­ւա­նա­բար՝ Իս­րա­յէ­լի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն, գու­ցէ նոյ­նիսկ Իս­րա­յէ­լի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­ւիկ­տոր ­Լի­պըր­մա­նը, զայն թե­լադ­րեց, որ նե­րա­ռէ հե­տե­ւեալ սար­սա­փե­լի նա­խա­դա­սու­թիւ­նը. «Ար­դեօք ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ մեր պայ­քա­րը՝ այս Ընդ. ժո­ղո­վին պայ­քա­րը, բա­ւա­րար չա­փով ար­դիւ­նա­ւէ՞տ էր: Ար­դեօք ա­նի­կա ար­դիւ­նա­ւէ՞տ էր ­Պոս­նիոյ մէջ: Ար­դեօք ար­դիւ­նա­ւէ՞տ էր ­Խո­ջա­լո­ւի սպա­նու­թիւն­նե­րը կան­խե­լու հա­մար»:

Փ­րոֆ. Օ­րոն շա­րու­նա­կեց իր քննա­դա­տա­կան ե­լոյ­թը.- «­Պա­րո՛ն նա­խա­գահ, դուք ­Խո­ջա­լո­ւի ա­նու­նը կի­րա­ռե­ցիք ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­րու­նա­կին մէջ: ­Դուք շատ լաւ գի­տէք ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ ջար­դե­րու տար­բե­րու­թիւ­նը… ո՞վ ա­ռա­ջար­կեց ձե­զի, պա­րո՛ն նա­խա­գահ, ո՞վ խնդրեց, որ ը­նէք այս սար­սա­փե­լի սխա­լը: ­Դուք չօգ­տա­գոր­ծե­ցիք ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը յի­շա­տա­կե­լու ա­տեն: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եզ­րի կի­րա­ռու­մը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի գիւ­ղի մը վե­րա­բե­րեալ ա­նըն­դու­նե­լի՛ է… ­Դուք չէք հա­մար­ձա­կիր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րը օգ­տա­գոր­ծել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան առն­չու­թեամբ, իսկ այս գիւ­ղի ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ա­նու­նը, վստահ եմ, չէիք գի­տեր ձեր ե­լոյ­թէն քա­նի մը վայր­կեան ա­ռաջ, կը բնո­րո­շէք որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն: Ա­տի­կա սրբապղ­ծու­թի՛ւն է, եւ ա­տով դուք կը դա­ւա­ճա­նէք ­Հո­լո­քոս­թի եւ ա­նոր զո­հե­րու յի­շա­տա­կին»:

Ար­դա­րա­միտ փրո­ֆե­սո­րը իր սրտի խօս­քը ա­ւար­տեց՝ խոս­տա­նա­լով. «Իմ հայ եղ­բայր­նե՛ր, թոյլ տո­ւէք իմ եւ իս­րա­յէ­լա­ցի բազ­մա­թիւ հրեա­նե­րու ա­նու­նով նե­րո­ղու­թիւն խնդրե­լու ձեզ­մէ: ­Մենք ձե­զի հետ ենք: ­Մենք չենք դադ­րեց­ներ մեր պայ­քա­րը, մին­չեւ Իս­րա­յէլ ճանչ­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»:

­Յա­րութ ­Սա­սու­նեան, «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»
Թարգ­մա­նեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծեց՝ «Ե­ռա­գոյն» կայ­քը