­Յա­ճախ օ­րեր, եր­կար ու կարճ ժա­մե­րով օ­րեր, կը կար­ծեմ, որ մոռ­ցած եմ քեզ ու կա­մաց-կա­մաց պատ­կերդ կը պղտո­րի ե­րազ­նե­րուս մէջ: ­Բայց չեմ սարս­ռար, չեմ ար­տա­սո­ւեր, պար­զա­պէս կը կար­

ծեմ, որ մոռ­ցած եմ քեզ եւ ան­հոգ օ­րե­րուս վե­րա­դար­ձած եմ:

 

Ու ինք­նա­բե­րա­բար կ’անց­նիմ նախ­կին նոյն փո­ղոց­նե­րէն, ան­սէր օ­րե­րու հան­դարտ գնաց­քովս, ուր միայն ճեր­մակ յի­շա­տակ­ներս տա­կա­ւին կ’ապ­րին ի­րենց քաղցր եւ ա­նուշ խա­ղե­րը: ­Մեկ­նած եմ ար­դէն ու հա­սած դէ­պի հո­րի­զոն­նե­րու եր­կայն­քին փռո­ւած նոր ճա­նա­պարհ­նե­րու եզ­րին, հա­ւա­նա­բար ալ ար­կա­ծա­լից, օ­տար եր­կինք­նե­րու տակ բախտս ա­նէծ­քի նման կրե­լով շա­րու­նակ: Եւ անզ­գա­լա­բար՝ ու­րախ եմ: Գ­րե­թէ եր­ջա­նիկ:

Ա­ռանց տե­սիլ­քին յայտ­նու­թեան սպա­սե­լու, ար­դէն կեանքս սկսած է շուրջս եր­գել: Ու վայր­կեա­նի մը հա­մար կը կար­ծեմ, որ մո­ռաց­ման քո­ղը, ծած­կած է ար­դէն ա­մէն հին ու ան­ցեալ՝ ու ես կար­ծես հրա­ժեշտ տո­ւած եմ նախ­կին եր­ջան­կու­թեանս:

Ա­զատ եմ ու ա­մէն վայր­կեան կ’եր­գեմ նոր երգս՝ բարձ­րա­ձայն: Ան­սահ­ման հպար­տու­թիւն մը տի­րա­ցած է սրտիս, ո­րով­հե­տեւ կը զգամ, որ մէջս յու­շե­րուս կա­րօ­տը շա­տոնց մա­րած է ու նոյ­նիսկ խեղ­դա­մահ ե­ղած: ­Կը կար­ծեմ, որ դուն եւ ես ի­րար­մէ շա­տոնց բաժ­նո­ւած ենք, ինչ­պէս լոյսն ու մու­թը:

­Բայց. կը յի­շեմ յան­կարծ, այն օ­րե­րուն ուշ էր, երբ գտայ քեզ իմ ե­րի­տա­սարդ ու պա­տա­նի անց­քիս վրայ, մտա­ծու­միս բար­ձուն­քին գա­գա­թը նստած, քայ­լե­րուս ո­րո­տին հետ հա­մա­խոհ: ­Դուն մէջս էիր, եւ ես ան­տե­ղեակ էի:

­Չեմ յի­շեր նոյ­նիսկ ինչ­պէս դուն երգս դար­ձար ու ծնունդ տո­ւիր ճա­ռա­գայ­թի նման պայ­ծառ ի­րա­րա­յա­ջորդ ե­րազ­նե­րու ծնուն­դին՝ հոգ­ւոյս խո­րե­րուն մէջ, ո­րոնք կեանքս ապ­րե­ցու­ցին ի­րենց մէջ: ­Գոյն տո­ւին օ­րե­րուս եւ յու­շերս ներ­կե­ցին ու­րա­խու­թեան եւ պայ­ծա­ռու­թեան ե­րանգ­նե­րով:

­Հի­մա, երբ կը նա­յիմ հին­ցած ու ա­ւե­րակ հա­գած պատ­կե­րիդ, ա­նոր բազ­մե­րանգ գոյ­նե­րուն ու ան­լոյս ե­րազ­նե­րուն՝ յա­մա­ռօ­րէն յու­շերս կը փնտռեմ: Ու ա­րա­գօ­րէն շրթնե­րուս վրայ ա­նունդ կը փոր­ձեմ ար­տա­սա­նել: ­Դո՛ւն, որ ին­ծի հա­մար այս աշ­խար­հի սի­րուն պա­րիկ­նե­րէն մէկն էիր, ա­ւաղ, հի­մա ա­նունդ կը փնտռեմ:

Կ­’ու­զեմ ձե­ւով մը այս ա­պե­րախտ աշ­խար­հին ա­նունդ ա­ղա­ղա­կել: ­Սա­կայն չեմ կրնար, ո­րով­հե­տեւ յի­շո­ղու­թիւնս կա­նու­խէն զիս դա­ւա­ճա­նած է: ­Հո­գիս թափ կու տայ կիր­քե­րուս: ­Նա­յո­ւածքս ի զուր կը խու­զար­կէ յու­շա­տետ­րիս բո­լոր է­ջե­րը գտնե­լու հա­մար ա­նունդ:

­Հա­ւա­տա՛, որ խոր ու ան­մեղ ցան­կու­թիւն մըն է ու­նե­ցածս: ­Պար­զա­պէս ա­նունդ յան­կարծ կ’ու­զեմ յի­շել: Ա­նունդ …կը հասկ­նա՞ս: Ու ես ին­ծի հարց կու տամ, թէ ար­դեօ՞ք դէմքդ տա­կա­ւին նոյնն է: Ար­դեօ՞ք յու­շերդ տա­կա­ւին թարմ եւ հա­ճե­լի ու ար­ցուն­քա­խառն ի­րենց եր­գե­րը կը յի­շեն:

Ան­շուշտ, թէ օր մը պի­տի արթն­նամ կա­խար­դա­կան այս ե­րա­զէս: ­Թե­րեւս կրկին հան­դի­պիմ քե­զի ու կեանքս կրկին ան­գամ վա­զէ դէ­պի ա­կե­րը եր­ջան­կու­թեան:

­Բայց այս բո­լո­րէն ա­ռաջ, ի՞նչ էր ա­նունդ: ­Շո­ւա­րած եմ: ­Յի­շո­ղու­թիւնս խան­գա­րո­ւած:

Անձ­կու­թեամբ կ’ու­զեմ յի­շել ա­նունդ, փնտռել զայն, որ­պէս­զի ապ­րիմ ա­րեանդ տա­քու­թիւ­նը: Ու վստահ ե­ղիր, երբ քեզ գտնեմ, պի­տի թա­փան­ցեմ աչ­քե­րուդ խո­րը ու, փնտռե­լով ա­նուշ նա­յո­ւածքդ, հա­մար­ձակ ու եր­կա­րօ­րէն կրկին ան­գամ պի­տի փոր­ձեմ լո­ղալ ա­նոնց մէջ:

Ա­նո­ւանդ հետ միա­տեղ, այս վայր­կեա­նին մտքիս պաս­տա­ռին վրայ կը փոր­ձեմ յի­շել նաեւ շքե­ղան­քը հա­սա­կիդ, մարմ­նիդ:

­Կը զգամ, որ ինք­նա­ծին հրա­ւէր մըն է այս մէ­կը: ­Չեմ գի­տեր ինչ­պէ՞ս եւ ին­չո՞ւ յան­կարծ մէջս այս զգա­ցու­մը ծնաւ: ­Հա­րա­զատ հրա­ւէր մըն է այս մէ­կը, կը հա­մո­զեմ ես զիս: ­Պարզ եւ սի­րուն: ­Բայց, ը­սէ՛ կրկին, ի՞նչ է ա­նունդ: ­Հաս­տատ գի­տեմ, որ այդ հին ու եր­ջա­նիկ օ­րե­րուն բախտն էր, որ ժպտած էր մեր եր­կու­քին ու հի­մա ան ցան­կու­թեան ճամ­բա­նե­րուն նստած, մեր կեան­քը բռնած իր ճան­կե­րուն մէջ, վստա­հա­բար մեզ հե­ռո­ւէն կը դի­տէ:

­Սա­կայն ին­չո՞ւ յան­կարծ այս նոր օ­րե­րուն սրտիս մէջ բա­նի մը նո­ւա­ղու­մը կը յայտ­նո­ւի: ­Կը զգամ, որ մեծ բան մըն է, որ կը նո­ւա­ղի, ինչ­պէս կը նո­ւա­ղի եր­ջա­նիկ օ­րո­ւան մը սի­րոյ ե­րա­զը: Ա­նոր հա­մար ա­մէն ե­րե­կո­յեան, երբ ա­րե­ւը ինք­զինք կը ժող­վէ փո­ղոց­նե­րէն եւ երբ մու­թը կ­ՙիջ­նէ սե­նեա­կիս վրայ եւ դուր­սի աղ­մու­կը կը լռէ բաց պա­տու­հա­նէս, յան­կարծ մտո­վի կը փոր­ձեմ կեան­քի մշու­շին մէ­ջէն յի­շել կոր­սո­ւած մեր ա­րե­ւոտ աշ­խարհն ու ա­նոր հետ ա­գու­ցո­ւած ա­նունդ:

Եր­գո­ւած ու միա­ժա­մա­նակ կրկնո­ւած խօս­քերս կը յի­շեմ:

Օ­րե­րով փնտռած եմ քեզ, ա­ռանց նոյ­նիսկ ստո­ւերդ գտնե­լու: Ու հի­մա, որ կը սոս­կամ սրտիս ա­մա­յու­թե­նէն, յան­կարծ կը յի­շեմ ա­նունդ, որ ին­ծի կը բե­րէ գար­նա­նա­յին մեղմ հո­վը:

­Հա­լէպ:

Այս էր ա­նունդ՝ ան­կաս­կած: Ու այս նոր եր­ջան­կու­թիւնս ճանչ­նա­լու հա­մար պա­տու­հա­նէս ներս մտնող զե­փիւ­ռը կ’ող­ջու­նեմ:

­Հի­մա, որ յի­շած եմ ա­նունդ, այ­լեւս գտած եմ եր­ջան­կու­թիւնս:

Գէորգ ­Պե­տի­կեան