­Հին յու­նա­կան Ս­տո­յի­կեան ի­մաս­տա­սի­րու­թեան հի­մերն են մարդ­կա­յին հե­տե­ւեալ ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ան­վե­րա­պահ կեր­պով կը հա­ւա­տա­յին եւ ի­րենց հա­ւա­տա­ցած­նե­րը կեան­քին մէջ ի գործ կը դնէին Ս­տո­յի­կեան կոչուած ի­մաս­տա­սի­րու­թեան հե­տե­ւորդ­նե­րը, Ա­թէն­քին մէջ, Ք­ րիս­տո­սի ծնուն­դէն ե­րեքև­չորս դար ա­ռաջ: Ա­նոնք կը հա­ւա­տա­յին թէ տիե­զեր­քը ստեղ­ծո­ւած է բա­րու­թեան վրայ եւ ե­րենց հա­ւատ­քի ար­մատ­ներն էինև ի­մաս­տու­թիւն, ար­դա­րու­թիւն, բա­րու­թիւն, տրա­մա­բա­նու­թիւն, խի­զա­խու­թիւն եւ չա­փա­ւո­րու­թիւն: ­Յե­տա­գայ դա­րե­րուն այս ի­մաս­տա­սի­րու­թեան հա­ւա­տա­ցող­ներ յատ­նո­ւե­ցան հռո­մէա­կան, Ք­րիս­տո­սէ ետք, պատ­մա­կան շրջա­նին մէջ ու ա­ւե­լի ետք ան տա­րա­ծո­ւե­ցաւ աշ­խար­հի ու­սում­նա­կեդ­րոն քա­ղաք­նե­րուն մէջ, հոն ուր մար­դիկ ի­մաս­տու­թիւ­նը ու­նէին բա­րու­թեամբ ու հե­զու­թեամբ ապ­րե­լու ի­րենց կեան­քը:

Ար­դա­րեւ, այս ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներն են, ո­րոնք մեն­չեւ օրս կ­՛ի­մաս­տա­ւո­րեն մար­դոց կեան­քը ու հո­գե­պէս կը հարըս­տաց­նեն զայն: Ան­շուշտ լրջա­խո­հու­թիւ­նը մեծ դեր կը խա­ղայ ա­նոնց դրսե­ւոր­ման մէջ: Ի­մաս­տու­թիւ­նը կ­՛ի­մաս­տա­ւո­րէ կեանքդ: Ար­դա­րու­թիւ­նը կը հարըս­տացնէ հո­գիդ: ­Բա­րու­թիւ­նը կ­՛եր­ջան­կաց­նէ քեզ: Տ­րա­մա­բա­նու­թիւ­նը կը դիւ­րաց­նէ մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րա­կան կեանքդ: ­Խի­զա­խու­թիւ­նը ա­ռիթ­ներ կը ստեղ­ծէ, որ կեան­քիդ բա­րի ու հո­գե­շահ նպա­տակ­ներդ  ի­րա­կա­նաց­նես: Չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը օգ­տա­շատ սահ­մա­նում­ներ կը ստեղ­ծէ կեան­քիդ մէջ: Իսկ սէրն ու փո­խա­դարձ յար­գան­քը գա­գաթ­նա­կէ­տը կը հան­դի­սա­նա­յին այս մարդ­կա­յին ի­մաս­տա­սի­րու­թեան, ո­րուն հիմ­նա­դիրն էր, ­Հե­րակ­լի­տէ­սէն եւ ­Սոկ­րա­տէն խո­րա­պէս ազ­դո­ւած ի­մաս­տա­սէր մը, ­Զե­նոն ա­նու­նով, որ Ք­րիս­տո­սէն քա­նի մը դար ա­ռաջ ապ­րած ու գոր­ծած էր Ա­թէն­քին մէջ: Ինք­նահս­կո­ղու­թեան ու­սու­ցու­մը մեծ դեր խա­ղա­ցած է այս ի­մաս­տա­սի­րու­թեան մէջ եւ թոյլ չէ տո­ւած բա­ցար­ձակ սան­ձար­ձա­կու­թեան, բո­լոր աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ, ինչ որ ալ ե­ղած ըլ­լա­յին կեան­քի ար­տա­քին պայ­ման­նե­րը: Ըստ ի­րենց, կեան­քը պի­տի կա­ռա­վա­րո­ւէր ե­րեք գլխա­ւոր կէ­տե­րու հե­տե­ւե­լով, տրա­մա­բա­նու­թեան  բնա­գի­տու­թեան ու բա­րո­յա­գի­տու­թեան: Ի­րենք հա­ւա­տա­ցած էին, որ տիե­զեր­քը կը կա­ռա­վա­րուէր տրա­մա­բա­նու­թիւն կո­չո­ւած զօ­րու­թեամբ, ո­րուն Աս­տո­ւած ա­նու­նը պի­տի տրո­ւէր հին դա­րե­րէն սկսեալ: Հ­զօ­րու­թիւն մը ար­դա­րեւ, որ տիե­զե­րա­կան ի­մաս­տու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած է: Ան­հասկ­նա­լի բայց գի­տա­կան ու­ժա­կա­նու­թիւն մը, որ բնու­թեան գոր­ծակ­ցու­թեամբ ըն­դու­նե­լի դար­ձած է:  Ս­տո­յի­կեան­նե­րը (յու­նա­կան Ս­տոա բա­ռէն յա­ռաջ ե­կած է ի­րենց ա­նու­նը, որ ա­րո­ւես­տի գոր­ծեր ծա­խող փակ շու­կա­յի սրահ մըն էր, Ակ­րո­պո­լի­սի գրե­թէ ստո­րո­տին կա­ռուցուած, ուր ստո­յի­կեան­նե­րու, տա­րի­նե­րու հա­ւա­քա­վայ­րը դար­ձած էր) մտքով ու հո­գիով ա­զատ ի­մաս­տա­սէր­ներ էին, բա­րու­թեամբ ու խո­նար­հու­թեամբ լե­ցուն, իսկ ու­րիշ­ներ, որ այ­լա­զան ի­մաս­տա­սի­րու­թեանց կը հա­ւա­տա­յին, ա­նոնք գե­րի­նե­րը դար­ձած էին ի­րենց մտքին, հո­գիին ու ի­րենց կեան­քին մէջ կա­տա­րած ինք­նա­կամ ա­րարք­նե­րուն: Ս­տո­յի­տեան­նե­րուն հա­մար ա­ռա­քի­նի ըլ­լալ կը նշա­նա­կէր ճշմա­րիտ դա­տո­ղու­թիւն ու­նե­նալ ու ա­նոր ազ­դե­ցու­թեան տակ ապ­րիլ: Վե­նե­տի­կի ­Մու­րատև­Ռա­ֆա­յէ­լեան վար­ժա­րա­նի ի­մաս­տա­սի­րու­թեան բազ­մահ­մուտ ու­սու­ցի­չէս, ­Հայր ­Ներ­սէս ­Տէր ­Ներ­սէ­սեա­նէն, որ ներ­կա­յիս կը ննջէ ­Շի­րակ ­Մար­զի ­Բա­նիկ գիւ­ղի ­Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մեստ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ եւ ո­րուն հան­դէպ ցարդ յար­գանք ու­նիմ ու գնա­հա­տանք, միշտ խօ­սած է մե­զի Ս­տո­յի­կեան ի­մաս­տա­սի­րու­թեան մա­սին, յու­նա­կան հին ի­մաս­տա­սի­րա­կան դպրոց­նե­րու շար­քին: ­Հին յու­նա­կան ի­մաս­տա­սի­րա­կան պատ­մու­թեան մէջ, մար­դիկ ի­րենց ը­սածն ու ը­րա­ծը կը հա­մադ­րէին ի­րա­րու, ի­րենց քա­րո­զածն ու ի­րենց կեան­քը նոյն ձե­ւով ապ­րե­լով: Դժ­բախ­տա­բար նոյ­նը չէ պա­րա­գան մեր օ­րե­րուն:

Ներ­կա­յիս, ընդ­հան­րա­պէս բո­լոր աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ, խօսքն ու քա­րո­զը ազ­նիւ ող­ղու­թեամբ կ­՛ըն­թա­նայ, իսկ կա­տա­րո­ւած գոր­ծը, ը­սո­ւա­ծին հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեամբ: Այդ­պէս ենք այ­սօր ­Հա­յաս­տա­նի մեր պե­տա­կան, նե­րա­ռեալ մեր ե­կե­ղե­ցա­կան կրօ­նա­կան հա­մա­կար­գե­րուն մէջ, ո­րոնց ե­թէ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նաս ու գործ ու­նե­նաս ա­նոնց հետ, հո­գիդ զայ­րոյ­թով կը լե­ցո­ւի: Այս տօ­նա­կան օ­րե­րուն, ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ  բարձ­րաս­տի­ճան կղե­րա­կան­նե­րէն ո­մանք, ի­րենց պաշ­տօ­նին ու վար­քին չպատ­շա­ճող ան­պա­տո­ւա­բեր նա­մակ­նե­րով ու այլ գրու­թիւն­նե­րով հրա­պա­րակ ի­ջած են հա­մա­ցան­ցով ու մա­մու­լով ու զի­րար կը քաշք­շեն, զի­րար կ­՛ամ­բաս­տա­նեն ու զի­րար կ­՛ոտ­նա­կո­խեն ա­նա­մօ­թա­բար: Ի­րենց ա­րարք­նե­րուն ու յատ­կա­պէս ի­րենց հրա­տա­րա­կած­նե­րուն մէջ, ոչ յար­գանք կայ, ոչ ակ­նա­ծանք եւ ոչ ալ վե­հանձ­նու­թիւն: ­Կայ միայն փա­ռա­սի­րու­թիւն ու անձ­նա­սի­րու­թիւն, ո­րոնք քրիս­տո­նէա­կան զու­լալ հա­ւատ­քին դէմ ե­ղող այ­պա­նե­լի ու մե­ղադ­րե­լի վատ ու­նա­կու­թիւն­ներ են: ­Բայց ո­րո՞ւ հո­գը: Այս վատ սո­վո­րու­թիւն­նե­րը նման են ան­բու­ժե­լի, ինք­նա­կոր­ծան հի­ւան­դու­թիւն­նե­րուն: ­Տա­րի­նե­րէ ի վեր, կղե­րա­կան աս­պա­րէ­զին մէջ, նիւ­թա­պաշ­տու­թիւ­նը փո­խա­րի­նած է Աս­տո­ւա­ծա­պաշ­տու­թեան, անձ­նո­ւի­րու­թեան, բա­րե­գոր­ծու­թեան եւ այլ այս­պի­սի ա­ռա­քի­նու­թեանց, ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս, ներ­կա­յիս, ջնջո­ւած են մար­դոց հո­գի­նե­րուն մէ­ջէն, ըլ­լան ա­նոնք կղե­րա­կան կամ աշ­խար­հա­կան:  Ա­նոնք, ի­րենց Աս­տո­ւա­ծա­պաշ­տու­թիւ­նը կ­՛ար­տա­յա­տեն, ծնկա­չոք կամ ձե­ռամ­բարձ, միայն ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն ու վան­քե­րուն մէջ ա­ղօ­թած ժա­մե­րուն, եւ կամ, աշ­խար­հա­կան հա­րուստ­նե­րը, քա­ղաք­նե­րուն մէջ, ե­րե­ւե­լի փո­ղոց­նե­րուն վրայ, փա­ռա­ւոր, սուղ­նոց ու ոս­կե­զօծ գմբէթ­նե­րով հսկայ ե­կե­ղե­ցի­ներ կը կա­ռու­ցեն, բարձր մա­կար­դա­կի կղե­րա­կան­նե­րու հետ կը գոր­ծակ­ցին, միշտ ի­րենց փո­խա­դարձ շա­հե­րը նկա­տի ա­ռած եւ ի­րենց կեան­քին մէջ կա­տա­րած ոչ հա­ճե­լի գոր­ծե­րը, ժո­ղովրդի աչ­քէն ծած­կե­լու, սնա­մէջ ակն­կա­լու­թեամբ: Եւ ա­նոնք, ժո­ղովր­դի խեղճ ու կրակ վի­ճա­կը կը նե­տեն Աս­տու­ծոյ ու­սե­րուն: Եւ ա­սի­կա, ըստ այս­պի­սի­նե­րուն, ե­ղաւ Աս­տո­ւա­ծա­պաշ­տու­թիւն ու Ք­րիս­տո­նէու­թիւն: Այս­պի­սի մար­դոց կեան­քին մէջ ը­րած­նե­րուն, քա­ղա­քա­ցի ըլ­լան կամ կրօ­նա­կան, երբ մօ­տէն կը հե­տե­ւիս, քօ­ղար­կո­ւած կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն մը կը նկա­տես ի­րենց կա­տա­րած գոր­ծե­րուն մէջ ու հո­գիդ կը լե­ցո­ւի ար­գա­հա­տան­քով:  ­Վիկ­տոր ­Հիւ­կո­յի, Ս­տան­դա­լի եւ հա­զա­րութ­հա­րիւ­րի այլ նոյ­նար­ժէք վի­պա­գիր­նե­րու կար­դա­ցած  հա­տոր­նե­րէս, ժա­մա­նա­կին նո­թագ­րաղ եմ հե­տե­ւեալ «Բո­լոր կրօ­նա­ւոր­ներն ալ կեղ­ծա­ւոր­ներ են, ուս­տի, ի­րենց քա­րո­զած­ներն ալ ամ­բող­ջու­թեամբ կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն է ու ա­նի­մաստ» (Ս­տան­դալ): ­Չա­փա­զան­ցը­ւած եւ ընդ­հան­րա­ցած կեր­պով ը­սուած խօսք մըն է այս մէ­կը, որ կողմ­նա­կի ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ ու­նի,Եւ­րո­պա­յի այդ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ապ­րած ո­րոշ կղե­րա­կան­նե­րուն նկատ­մամբ: Ան­կեղծ ը­սած սա­կայն, այս ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րո­ւած ըն­թեր­ցում­ներն եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը, տխուր ի­րա­կա­նու­թեանց առ­ջեւ կը դնեն պրպտող մտքե­րը: Վս­տահ ա­մէն ինչ կը հան­դար­տի հո­գիին մէջ երբ այն մտա­ծու­մը կ­՛ու­նե­նանք թէ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րուն ու վա­նա­կան­նե­րուն ը­րածն ալ ապ­րուս­տի գործ է,(ոչ սո­վո­րա­կան գործ, ան­շուշտ), նման մտա­ւո­րա­կա­նին, գրո­ղին, բա­նաս­տեղ­ծին, ա­րո­ւես­տա­գէ­տին  եւ նոյ­նան­ման այ­լոց կա­տա­րած մտա­յին ու հո­գե­կան գոր­ծե­րուն, մէկ տար­բե­րու­թեամբ թէ կրօ­նա­կան­նե­րը սքեմ կը կրեն ու փա­կեղ, վե­ղար ու­նին ու լան­ջա­խաչ ու ա­մէն ա­ռա­ւօտ աշ­խա­տան­քի չեն եր­թար ի­րենց օ­րա­պա­հի­կը ա­պա­հո­վե­լու: Ի­րենց ե­կա­ծը պատ­րաստ ե­կա­մուտ է հա­ւա­տա­ցեալ կամ ոչ հա­ւա­տա­ցեալ մար­դոց ու ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ տրա­մադ­րո­ւած, որ­մէ գոհ չեն ան­շուշտ ու այ­լա­զան ձե­ւեր կը մտա­ծեն, դրամ ու­նե­ցող­նե­րը կը շա­հա­գոր­ծեն, երկն­քի ան­տե­սա­նե­լի օրհ­նու­թիւն­ներ եւ երկ­րա­յին պա­տիւ­ներ ի­րենց խոս­տա­նա­լով, ե­ւայլն, ե­ւայլն:

­Մէկ խօս­քով, կրօ­նը կը շա­հա­գոր­ծուի, մարդ­կա­յին տկա­րու­թիււ­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով: Ան­հա­ւա­տա­լի գի­ներ ու­նե­ցող ինք­նա­շարժ­ներ ինչ­պէս պի­տի իւ­րա­ցո­ւին հա­պա...: ­Ներ­կա­յիս նիւ­թա­պաշ­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս ը­սի, տի­րա­պե­տող ուժ մը դար­ձած է ա­մէն աս­պա­րէ­զի մէջ: ­Հո­գե­կան նո­ւի­րում կամ ժո­ղո­վուր­դիդ ապ­րուս­տի վի­ճա­կը բա­րե­լա­ւե­լու մա­սին մտա­հո­գո­ւող չկայ ներ­կա­յիս, բայց այդ ուղ­ղու­թեամբ խօ­սող ու մա­նա­ւանդ քա­րո­զող, շա՜տ: Ու այս բո­լո­րը երկն­քէն դի­տե­լէ ետք, Աս­տո­ւած ան­գամ լուռ կը մնայ, նոյ­նիսկ իր ­Միա­ծին ոդ­ւոյն, Ք­րիս­տո­սի Ծնն­դեան սուրբ օ­րե­րուն...  Լ­ռու­թիւ­նը գերբ­նա­կան էու­թիւնն է Աս­տու­ծոյ, որ համ­բե­րու­թիւն կը նշա­նա­կէ...­Բայց մին­չեւ ե՞րբ, Աս­տո­ւած գի­տէ միայն: «Ք­րիս­տոս ծնաւ ա­խո­ռի մը մէջ», գրած է ­Ճիո­վան­նի ­Փա­փի­նին, ի­տա­լա­ցի այս հան­րա­ծա­նօթ գրո­ղը, Ք­րիս­տո­սի ի­րա­կան կեան­քը նկա­րագ­րող ու «Ք­րիս­տո­սի ­Պատ­մու­թիւ­նը» ա­նու­նը կրող իր հո­յա­կապ հա­տո­րին ա­ռա­ջին տո­ղին մէջ, որ հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նած է ու տպած, ­Հայր Ար­սէն ­Ղա­զի­կեա­նը, ­Վե­նե­տի­կի Ս.­Ղա­զար կղզիին մէջ:   ­Հա­մես­տու­թիւն ու խո­նար­հու­թիւն ար­տա­յայ­տող եւ ու­սու­ցա­նող ինչ մեծ ա­րարք, ­Տէր Աս­տո­ւած:Ե­րա­նի հասկ­ցող­նե­րուն:

Մար­գար  ­Շա­րապ­խա­նեան