Յունաստանի քաղաքական կեանքի զարգացումները եւ Սիրիզայի խորհրդարանական ընտրութիւններու մէջ բերած յաղթանակը, մեր պաշտօնակից թերթերու յօդուածագիրներու ուշադրութեան կեդրոնը գտնուեցան, խնդրի էութեան շուրջ

գնահատումներով եւ հայկական իրականութեան հետ բաղդատականներով։ Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեանի եւ վաղուայ մեր թիւն ԱՄՆի «Ասպարէզ» թերթի յօդուածագիր Վաչէ Բրուտեանի գրութիւնները։

 

Ժո­ղո­վուրդ­նե­րը յատ­կա­պէս ի­րենց պատ­մու­թեան դժո­ւա­րին պա­հե­րուն կը սպա­սեն ի­րենց փրկա­րա­րին։ Ա­լեք­սիս ­Ցիփ­րաս, ար­մա­տա­կան ձա­խի ղե­կա­վա­րը, դար­ձաւ ­Յոյ­նե­րու մի­ջին դա­սա­կար­գին հե­րո­սը, փրկա­րա­րը։ Ընտ­րո­ւե­ցաւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան քո­ւէար­կու­թեամբ։
Հա­յու­թիւ­նը նա­խան­ձով կը նա­յի յու­նա­կան օ­րի­նա­կին։ ­Հա­յաս­տան, ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նար­կու­թե­նէն մին­չեւ օրս դեռ չկրցաւ անց­նիլ այդ փու­լի՝ օ­րի­նա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ընտ­րու­թեան քննու­թիւ­նը։ 
Ցիփ­րաս ա­լե­կո­ծեց նաեւ Եւ­րո­պա­յի քա­ղա­քա­կան կեան­քը։ Ա­նոր ընտ­րա­պայ­քա­րի քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան ծրագ­րին ա­ռանց­քը կը կազ­մէր Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան բա­ցար­ձակ ա­զա­տա­կա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րը, յատ­կա­պէս ­Գեր­մա­նիոյ կող­մէ ­Յու­նաս­տա­նի պար­տադ­րո­ւած պայ­ման­նե­րը, ո­րոնց բուն նպա­տակն է պե­տա­կան պարտ­քի նո­ւա­զե­ցում, եւ ո­րու իբր դար­ման ալ կը նա­խա­տե­սո­ւի՝ պե­տա­կան գոյ­քե­րու վա­ճառք, պե­տա­կան ծախ­սե­րու զեղ­չում, հար­կե­րու յա­ւե­լում։ 
Հա­յաս­տանն ալ ան­համ­բեր կը սպա­սէ իր փրկա­րա­րին։ 23 տա­րի է որ կը սպա­սէ։ ­Հա­յաս­տան եւ ­Յու­նաս­տան նոյն տնտե­սա­կան խնդիր­նե­րը չու­նին, սա­կայն եր­կուքն ալ պե­տա­կան մար­դոց կե­ղե­քու­մի զոհ գա­ցած են։ Եր­կու պե­տու­թիւն­ներն ալ յե­նե­ցան մի­ջազ­գա­յին կշիռ ու­նե­ցող պե­տու­թիւն­նե­րու՝ ­Յոյ­նե­րը Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նը՝ ­Ռու­սաս­տա­նին։ Եր­կուքն ալ կլա­նո­ւե­ցան մե­ծե­րէն։ Ար­դեօ՞ք Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը եւ ­Ռու­սաս­տանն են պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը՝ ա­նոնց թշո­ւառ վի­ճա­կին։ Ո՛չ։ ­Մե­ղա­ւոր են ղե­կա­վար­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց պե­տու­թիւն­նե­րուն շնոր­հո­ւած նպաստ­նե­րը չա­րա­շա­հե­ցան, եր­կի­րը կո­ղոպ­տե­ցին, թա­լա­նե­ցին։ 
Պե­տա­կան մար­դոց կող­մէ կա­շա­ռա­կե­րու­թիւնն ու պե­տա­կան գոյ­քե­րու չա­րա­շա­հում­նե­րը չպատ­ժո­ւե­ցան։ ­Մէկ խօս­քով պե­տու­թիւ­նը սնան­կա­ցաւ, իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնո­ւող մար­դիկ հարս­տա­ցան, իսկ գլխա­ւոր տու­ժո­ղը ե­ղաւ ժո­ղո­վուր­դը, որ թշո­ւա­ռա­ցաւ։ 
Իբր ելք, ­Յոյ­նե­րը ընտ­րու­թեամբ ընդ­դի­մա­դիր ղե­կա­վար՝ ­Ցիփ­րա­սը ընտ­րե­ցին, ­Հա­յե­րը կը սպա­սեն ի­րենց «­Ցիփ­րաս»ին, որ դեռ պի­տի գայ։ Կր­նայ չգալ ալ, ի տես ընդ­դի­մու­թեան պա­ռակ­տո­ւած, սնան­կա­ցած վի­ճա­կին։ ­Մինչ այդ ժո­ղո­վուր­դը ա­ւե­լի կը թշո­ւա­ռա­նայ ու կ­՚ար­տա­գաղ­թէ։ Եւ ա­հա մեծ տար­բե­րու­թիւ­նը եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ։
Բո­լոր ­Յոյ­նե­րը ի­րենց հա­յեաց­քը դար­ձու­ցած են դէ­պի ի­րենց նոր վար­չա­պե­տը, կը սպա­սեն որ ան վե­րա­հաս­տա­տէ ­Յու­նաս­տա­նի ան­կեալ վար­կը, ար­ժա­նա­պատ­ւու­թիւ­նը, գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը։ ­Շա­տեր ­Գեր­մա­նիոյ հետ առ­ճա­կա­տե­լու կամ­քին կը կա­պեն ա­նոր յա­ջո­ղու­թիւ­նը։ ­Սա­կայն, են­թա­կա­յին քա­ղա­քա­կան հա­յեաց­քին մէջ միայն ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը չեն որ կը տի­րեն, այլ՝ նոյն­քան ալ ներ­քի­նը։ Ըստ ա­նոր՝ ­Յոյ­նե­րը պատ­րաստ են նիւ­թա­պէս սեղմ պայ­ման­նե­րու մէջ ապ­րե­լու, բայց ոչ «ա­նար­դա­րօ­րէն» պար­տադ­րո­ւած սեղ­մում­նե­րու տակ։ ­Յու­նաս­տա­նի փրկու­թիւ­նը կա­խեալ է երկ­րին կա­ռա­վա­րա­կան հա­մա­կար­գին մէջ ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն մտցնե­լու կա­րո­ղու­թե­նէն։ ­Ժո­ղո­վուր­դը կը սպա­սէ ար­դա­րու­թեան, ար­դար հա­մա­կար­գի՝ պե­տա­կան գոյքն ու հարս­տու­թիւն­նե­րը չա­րա­շա­հող­նե­րը ար­դա­րա­դա­տու­թեան յանձ­նե­լու, պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւն պա­հան­ջե­լու։
Հա­յու­թիւնն ալ 2015ին ար­տա­քին ճա­կա­տի վրայ ար­դա­րու­թիւն կը պա­հան­ջէ։ Ար­տա­քի­նէն պա­հան­ջե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը կը յե­նի ներ­քին ար­դա­րու­թիւ­նը ա­մուր հիմ­ե­րու վրայ հաս­տա­տե­լու կա­րո­ղա­կա­նու­թե­ան։ Իշ­խող դա­սա­կար­գը դեռ չէ անդ­րա­դար­ձած իր պա­տաս­խա­նատ­ւու­թեան։