Երբ «հոմանիշ» կÿըսենք, կը հասկնանք այն երկու կամ քանի մը բառերը, որոնք նոյնիմաստ են, նոյն նշանակութիւնը ունին մօտաւորապէս: Բայց հոմանիշներու բացատրական բառարանը մեզի կը յիշեցնէ թէ հոմանիշ բառերու տեղ երբեմն կը գործածենք ասութիւններ ալ, որոնք

նոյն իմաստը ունին: Օրինակ՝ «մտածել»ը, «խորհրդածել»ը կամ «մտորել»ը բառին իրական իմաստով հոմանիշներ են: Բայց այս բառերուն հոմանիշ կրնանք նկատել նաեւ ասութիւններ ինչպէս «միտք յոգնեցնել», «խելք յոգնեցնել», «մտածումներու մէջ թաղուիլ»:
Հոմանիշներու այն բառարանը, որմէ ծանրածանր օրինակ մը ունենալու երջանկութիւնը չէ խնայուեր ինձմէ, կը բովանդակէ արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն գրական լեզուներու 130.000 բառերը: Ալ ընթերցողին կը թողում պատկերացնել թէ ինչ կը նշանակէ 130.000 բառ միայն հոմանիշներու աշխարհին մէջ:
Արդ, բառարանը ի՞նչեր մեզի պիտի առաջարկէ եթէ հարցնենք, օրինակ «խրատել» բառին հոմանիշները: Նախ՝ յորդորել, բարոյախօսել, խրատաբանել, խրատ տալ, խրատ կարդալ, յորդոր տալ, յորդոր կարդալ, խորհուրդ տալ, խելք սորվեցնել, խելք տալ, դաս տալ: Յետոյ՝ գլխուն գայլի աւետարան կարդալ, գլխուն ալելուիա կարդալ, քարոզ կարդալ: Դեռ ուրիշներ ալ կան, զորս զանց կ'առնեմ: Բառարանը պիտի յանձնարարէ որ նայինք նաեւ դրդել, հրահրել, սադրել, յանդիմանել, հրահանգել բառերուն: Ճիշդ է, խրատելը երբեմն կը մտնէ յանդիմանելու կամ սաստելու շրջագծէն ներս ալ: Բառերու եւ ասութիւններու այս այլազանութիւնը անշուշտ ծնունդ կ'առնէ «խրատել» բառին պարունակէն: Խրատներ կան որոնք շինիչ ու տրամաբանական են, տեղին են, դիմացինին ցոյց կուտան ուղիղ ճամբան: Այստեղ «խրատել» իսկապէս հոմանիշ կրնայ դառնալ «բարոյախօսել»ին: Բայց խրատներ կան որոնք ձեւակերպական են եւ գլուխ յոգնեցնելէ ուրիշ բանի չեն ծառայեր: Ասոնց համար կրնանք գործածել «Գայլի Աւետարան կարդալ» ասութիւնը: Բայց խրատներ ալ կան որոնք անօգուտ են, գործնական արժէք չունին: Ասոնց համար կրնանք գործածել «քարոզ կարդալ» ասութիւնը:
Մեր լեցուն որ այնքան հարուստ բառամթերք ունի, իւրաքանչիւր բառին համար ալ հոմանիշներու հարուստ հաւաքածոյ ունի:
Որպէս այլ օրինակ, պիտի նայիմ նաեւ «ճարտասանութիւն» բառին, որպէսզի տեսնեմ թէ հոմանիշներու բառարանին հեղինակը ինչ խանդավառութեամբ քով քովի բերած է բառերը: Ահաւասիկ «ճարտասանութիւն» բառին հոմանիշները՝ հռետորութիւն, ճարտարաբանութիւն, ճարտարախօսութիւն, պերճաբանութիւն, պերճախօսութիւն, ճոխաբանութիւն, ճոխախօսութիւն, գեղեցկաբանութիւն, պայծառաբանութիւն, գեղաբանութիւն, վայելչաբանութիւն, հմայախօսութիւն, կորովաբանութիւն, յորդաբանութիւն: Բոլոր այս վերջին «բանութիւններուն» տեղ եւս կրնանք դնել «խօսութիւն»ը: Ահա թէ «ճարտասանութիւն» որքան հոմանիշ եղբայր ունի:
Մէկ բան ուշադրութիւնս կը գրաւէ: Վերի բառերրուն մէջ կը բացակայի «բանախօսութիւն» բառը: «Բանախօսութիւն»ն ալ ձեւով մը չի՞ մտներ արդեօք «ճարտասանութիւն» բառին շրջագծէն ներս:
Բայց միւս կողմէ կրնամ իրաւունք տալ հեղինակին: Ինչ բանախօսներ կան, որոնք բնաւ ալ ճառախօսներ, լաւ ճարտասաններ չեն:

 


Ռ.Հ.