Հեղնար Գաբրիէլի Ղուկասեանի վկայութիւնը* Ծն. 1896 թ., Բասէն, Դալիբաբա գիւղ
Ես ծնած եմ Բասենի գաւառի Դալիբաբա գիւղին մէջ։ Ծննդեանս թուականը յայտնի չէ, քանի որ սովորութիւն էր, որ նորածինի
անունը եւ թուականը գրէին եկեղեցւոյ Աւետարանի կողքին։ Մեր Աւետարանը գերի մնաց թուրքին։
1915 թ. գաղթի ժամանակ իմ հաշիւներով մօտ 18-19 տարեկան էի։ Հայրս՝ Տէր Գաբրիէլը, հոգեւորական էր, օծուած էր Վանի մէջ։ Մեր Դալիբաբա գիւղին մէջ շատ գեղեցիկ եկեղեցի կար։ Հօրմէս բացի մէկ այլ տէրտէր ալ ունէինք՝ Տէր Անտոնը։
Մայրս՝ Եղիսաբեթը, շատ շնորհքով ու գեղեցիկ կին էր։ Կաւէ այնքան սիրուն սափորներ ու կճուճներ կը սարքէր, որ տեսնողը կը հիանար։ Ափսոս շուտ մահացաւ. տեղահանութենէն քանի մը տարիի առաջ հիւանդացաւ թիֆով։ Մայրս հինգ երեխայ ծնած էր։
Մօրական պապս գութան սարքող էր, այնպիսի գութան՝ ինչպէս որ մատ կպած չըլլար։ Հեռու գիւղերէն կուգային, որ իրենց համար պապս գութան սարքէր։
Ես լսած էի օձերու կռիւի մասին։ Գիւղէն դուրս, բաց դաշտի մը վրայ հարիւրաւոր օձեր բաժնուած էին երկու խումբի եւ կը կռուէին։ Մէկը խորհուրդ տուաւ, թէ՝ բերէք տաշտերով կաթ տանենք, թող խմեն, հանգստանան։ Իրոք, օձերը սկսան կաթը խմել ու կամաց¬կամաց քաշուեցան, հեռացան։
Մեր գիւղէն աւելի սիրուն գիւղ աշխարհի մէջ դժուար թէ ըլլար։ Չորս կողմը սարեր ու բլուրներ կային, ծաղիկներով ու մարսի թուփերով ծածկուած։ Ի՜նչ աղբիւրներ ունէինք, ի՜նչ աղբիւրներ՝ Գռնով աղբիւրը, Գեադուկի աղբիւրը, Հոռհոռի աղբիւրը։ Անմահական սառը ջրեր էին։ Երազիս՝ մէկ¬մէկ Գռնով աղբիւրը կþերթայի։ Ջուրը այդքան սառ է, որ հազիւ երկու բուռ կը խմես։
Հայրս ճիշդ է, հոգեւորական էր, բայց նաեւ լաւ ռանչպար էր։ Ամենախոշոր ցորենը մեր արտերու ցորենն էր, համարեայ նռան հատիկի չափ։ Հայրս մեզ կը ստիպէր, որ արտի ամենաբարձր ու խոշոր հասկերը հաւաքենք։ Անոնցմէ ան սերմացու կը ընտրէր։ Հարեւան գիւղերէն՝ Արճարակէն, Գոմաձորէն ու Տոտիէն կուգային մեր արտերը տեսնելու, հօրմէս խորհուրդ առնելու։
Գիւղի չորս բոլորը լաւ հողեր կային, տարբեր գոյներու՝ սեւ, սպիտակ, կարմիր։ Ես ամէնէն շատ կը սիրէի մեր կարմիր արտը։ Հա՛, չմոռնամ ըսել, որ սեւ արտի հողը այնքան սեւ էր, մուրի նման սեւ, մայրս այդ հողէն կը հնցէր կճուճներու ու գութնի թասերու համար։
Ջրաղաց ունէինք՝ Աւետիս հօրեղբայրս կը բանեցնէր։ Գիւղի մէջտեղէն գետ կը հոսէր։ Մեծցած եմ՝ հիմա մէկ¬մէկ ականջներս կը խշշեն, ինձ կը թուի, թէ մեր գետի ձայնը կը լսեմ կամ ալ հեռուէն մեր ջրաղացի չախչախի ձայնը կը հասնի ինձ։
Մեր գիւղին մէջ լաւ դպրոց կար. Էրզրումի Սանասարեան վարժարանի մասնաճիւղն էր։ Միայն տղաներ հոն կը սորվէին՝ հայերէն, ֆրանսերէն, տաճկերէն։ Ղուկասենք՝ իմ երկրորդ ամուսինիս ընտանիքը, ֆրանսերէն թերթեր ու գիրքեր կը կարդային։ Անոնց քիթը քիչ մը բարձր էր։
Ա՜հ, ինչ ըսեմ։ Դալիբաբան մեծ, շէն գիւղ էր։ Բասենի գլխաւոր ճանապարհը մեր գիւղէն կþանցնէր։ Վան, Էրզրում գացողները ուրիշ ճանապարհ չունէին։
1915 թիւն էր։ Դեռ գիւղէն դուրս չէինք եկած։ Թուրքերը գիշերուան մը մէջ 126 տղամարդ հաւաքեցին՝ իբր թէ կը տանէին ճանապարհներու վրայ աշխատելու։ Յետոյ իմացանք, որ մեծ մասին սպանած են, միւսները՝ տարած էին Էրզրումի բանտը։ Հայրս անոնց մէջ էր։ Վեց ամսուան հարս էի, ամուսինս սայլով բանտարկեալներուն շոր եւ ուտելիք կը տանէր։ Գնաց՝ ալ չվերադարձաւ։ Մնացածներուն բանտին մէջ սպաննած էին։
1915-ին գաղթի հրամանը յանկարծակի եղաւ։ Ինչ ունէինք՝ տուն, անասուն, գորգ ու կարպետ, թողեցինք, փախանք։ Պատմելու բան չէ։ Գիւղէն նոր դուրս եկած էինք, ետ նայեցանք՝ հօրաքոյրենցս մարագը բոցերու մէջ էր։ Իբր թէ՝ զէ՜նք ունէին։ Ծծկեր երեխայէն բռնած թուրքերը լցրել էին դարմանի մարագը՝ կրակի տուին։
Օ՜ֆ, օ՜ֆ, երթան այն օրերը, ալ ետ չգա՛ն։ Աչքե՜ր, ինչեր տեսած էք։ Գաղթի ճանբան, խոտերու մէջ բարուր մը տեսայ։ Երեխան դեռ կը շնչէր։ Ջուր չկար, ուտելիք չկար, բայց մենք կþերթայինք, չէին իմանար թէ՝ ու՜ր...
Մեզ փրկեց Անդրանիկը։ Եթէ ան չըլլար, մենք ալ շատերու նման կը կոտորուէինք։ Հազարաւոր ժողովուրդ, տարբեր քաղաքներէ ու գիւղերէ տեղահանուած, մէկը մեծ մօրը շալկած էր, միւսը հիւանդի կամ վիրաւոր, կիները՝ երեխաներու ձեռքերէն բռնած, ծծկերներուն՝ կրծքերնուն կապած...
Անդրանիկը մեզ հաւաքեց ու առաջնորդեց։ Հասցուց խոր կիրճի մը. վերը թուրքին զօրքը կար։ Անդրանիկը մեզ հոն պէտք էր անցնել, տանելու համար Խոյ՝ Պարսկաստան։ Սպասեցինք մինչեւ մութը ինկաւ։ Կիրճը պէտք էր անցնէինք առանց ձայնի, ծպտուն հանելու։ Ոտքերուս տակը ոչ մէկ քար չէր շարժեր։ Անդրանիկը հրամայած էր. մայրը ծիծը երեխայի բերանէն պէտք չէր հաներ, թէկուզ խեղդուի, որ լացի ձայն չլսուի։
Գիշերով անցանք, անցանք՝ անձայն, զգոյշ։ Լուսադէմին Անդրանիկը իր վերջապահ զինուորներուն հարցուց՝ բոլո՞րը անցան։ Չէ՛, ըսին, կին մը կը ցաւէր. դայակի հետ մնացին։ Անդրանիկը հրամայեց.¬ Գացէ՛ք, շալակած բերէ՛ք։ Զինուորները ետ դարձան, բերին։ Խե՜ղճ Անդրանիկ, ժողովուրդին ձագի նման բերանը առած այս կողմ կը տանէր, այն կողմ կը տանէր, որ փրկէ զանոնք։
Խոյ չհասանք. կռիւ կար։ Անդրանիկը մեզ տարաւ Զանգեզուր։ Այդտեղէն ցրուեցանք, մէկը Ղարաքիլիսա գնաց, միւսը՝ Թիֆլիս, Պաքու։ Մենք եկանք Ալեքպոլ ¥այժմ՝ Գիւմրի¤։ Մեր երեսուն հոգինոց ընտանիքէն մէկ տղամարդ մնացած էր։ Քոյրերէս երկուքը ճանապարհին կորսուեցան։ Փոքր քոյրս՝ Սոնան 16 տարեկան էր։ Ամերիկացիները որբերուն հաւաքած էին։ Սոնան լսած էր որ պէտք էր մազերը խուզեն, ինքն ալ ծովի պէս մազ ունէր, մտածած էր՝ կը խուզեն, կþայլանդակուիմ։ Ցանկապատի վրայէն անցնելու ատեն ինկաւ։ Եկաւ, մեզ գտաւ։ Չորս օր անց մահացաւ։ Ձեռքե՜ր, կոտրուէ՛ք դուք։ Պատանքը ձեռքերով կարեցի։ Երբ հասայ երեսին, դադար տուի։ Այս սիրուն երեսը ինչպէ՞ս պիտի փակեմ։ Այն ժամանակ փողոցին մէջ մէկը կը գոռար. «Որո՞ւ տունը մեռել կայ, որո՞ւ տունը մեռել կայ...»։ Արագ¬արագ կարեցի, կանչեցինք սայլապանին։ Չիմացանք, թէ ո՞ւր տարին։
Ալ ինչ պատմեմ, մեր տունը թուրքը քանդեց...
Յետոյ ամուսնացայ երկրորդ անգամ Լենինականի մէջ։ Ամուսինս Գէորգ Մինասի Ղուկասեանն էր՝ Դալիբաբա գիւղէն։ Ունեցայ երեք դուստր՝ Սիրուշ ¥ծն. 1923 թ.¤, Մարգօ ¥ծն. 1927 թ.¤, Քլարա ¥ծն. 1928 թ.¤։
Մարգօ Ղուկասեանը վաստակաւոր լրագրող է, հրապարակախօս, ութ գիրքի եւ 300-է աւելի յօդուածներու հեղինակ։ Անոր գործերէն շատեր թարգմանուած են ռուսերէն, քանի մը յօդուածներ՝ գերմաներէն, սերբերէն, վրացերէն, պելոռուսերէն։ Կը գրէր իր հանրապետութեան եւ ժողովուրդին յուզող խնդիրներու մասին։
Շա՜տ կþուզեմ բաժակ մը մեր հայրենի գիւղի Գռնով աղբիւրի ջուրէն խմեմ՝ դարդերս մոռանամ, բայց ինչպէ՞ս երթամ...։
«Հայոց Ցեղասպանութիւն. ականատեսներու վկայութիւններ»
Վերժինէ Սվազլեան