Ո՞ւր կ՛ընթանանք, ո՞ւր կ՛ուղղուինք…:
Հապա մարդկութիւն, խիղճ, յարգանք եւ դիւանագիտութիւն կոչեցեալ բացատրութիւնն ու հասկացողութիւնը…:
Անոնք ալ նոյնքան սակաւաթիւ ու անգտանելի են այս աշխարհէն ներս, որքան բնաջնջուելու վտանգի տակ գտնուող բոյս մը կամ անասուն մը: Վերոյիշեալ բառերու հասկացողութիւնը լաւապէս ընբռնելով եւ կեանք կոչեցեալ բնագաւառէն ներս գործածելով, ի յայտ կու գայ թէ ՄԱՐԴ էակն ալ բնաջնջուելու սպառնալիքին տակ է:
Փարիզի մէջ, տեղւոյն ծաղրանկարիչներու ընտրանիին սպանդը հաւանաբար եղաւ ծայրագոյնը, ահաւորն ու գագաթնակէտի հրէշութիւնը:
Մինչ այդ, արագ փակագիծով մը պէտք է յիշել թէ հետզհետէ շատ աւելի կը կրկնուին անմարդկային նմանօրինակ դէպքեր:
Անցեալ տարուան ընթացքին, ականատես եղանք լրագրողներու կամ այլախոհներու գլխատման, այդ ալ հնադարեան ոճով: Իսկ ի՞նչ ըսել այդ նաւապետներուն եւ իր ,վոհմակեներուն, որոնք միլիոններ գանձելով խաբեցին հարիւրաւոր Միջին Արեւելքէն խոյս տուող գաղթականներ եւ իրենց անձնակազմին հետ հեռանալով այդ հինաւուրց նաւերէն, ճակատագիրը ձգեցին Միջերկրականի ալիքներուն…եւ իտալական ծովուժին որ կրցաւ մետասաներորդ ժամուն փրկել նաւը ահաւոր արկածէ: Հայրենի հանրածանօթ ծովանկարիչ Այվազովսքի, եթէ ողջ ըլլար, պիտի չկարենար վրձնահարել նմանօրինակ ահաւոր տեսարան:
Ոչ թէ միայն վրձինը, այլ գրիչն ու մատիտն ալ սուգի մէջ են:
Յանդգնութիւն պիտի ըլլայ մենք, դուք, բոլորս…եւ յատկապէս Տիթրիխ Ֆոն Շոլթիցը աւելցնենք եւ շարունակենք թէ միայն ,Շառլիե չենք, այլ չորս միլիոն եւ դեռ աւելի…ամբոխ:
Արագ ետդարձ մը կատարելով, եւ փոխադրուելով Բ. համաշխարհային Պատերազմի աւարի օրերը, տեղին է անգամ մը եւս յիշել վերոյիշեալ գերմանացի զօրավարին անունը կրկնել: Արդարեւ, այդ օրերու Գերմանիոյ ,Ռայխեի հսկողութեան տակ գտնուող լոյսերու քաղաքի պատասխանատու զինուորականն էր Տիթրիխ Ֆոն Շոլթիցը, որ վերջին օրերուն անհաւատալի հրահանգ մը ստացած էր Հիթլըրէն…հրկիզելու եւ պայթեցնելու լոյսերու քաղաքը:
Ակնթարթ մը վերլուծելով այդ օրերը, շտապօրէն ,Հիթլէրեեան հրահանգին չենթարկուելով, երկմտանքի մէջ մնալով եւ ի վերջոյ մերժելով, Տիթրիշ Ֆոն Շոլթից անսպասելի որոշում մը առած էր:
Ճիշդ է որ այդ օրերուն, Փարիզի մօտ Շուէտի հիւպատոս Ռաուլ Նորտրինկը շարունակ հանդիպելով եւ կապ հաստատելով Ֆոն Շոլթիցի հետ, մեծ դեր ունեցած էր թէ ,Փարիզը պիտի բռնկի՞ե (Լէրի Քոլինզի եւ Տոմինիք Լափիէրի միեւնոյն անունը կրող մէկ գիրքը որ 1966-ին նաեւ վերածուեցաւ ժապաւէնի, հանրածանօթ ֆրանսացի բեմադրիչ Ռընէ Քլեմանի կողմէ) հարցադրումներուն վերջ տրուի:
Յունուար 7-ին, բացակայ էին մարդկութիւնը, խիղճն ու յարգանքը: Բացակայ էին Նորտրինկն ու Ֆոն Շոլթիցը: Բացակայ էր դիւանագիտութիւնը (,Diplomacyե, Փարիզի բռնկումի միեւնոյն նիւթը ներկայացնող թատերախաղ մը, պատրաստութեամբ ֆրանսացի Սիրիլ Ժելիի, որ վերջերս նաեւ վերածուեցաւ ժապաւէնի՝ գերմանացի Ֆոլքեր Շլէօնտորֆի կողմէ):
Մենք, դուք, բոլորս…չորս միլիոնէն շատ աւելի կը հաստատենք, որ բացակայ են դիւանագիտութիւն, մարդկութիւն, խիղճ, յարգանք…կանխելու համար որեւէ ,բռնկումե:
“Հայրենիք”