Պատմականօրէն Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը եղած է քրիստոնեայ հայոց առաջին աղօթավայրը ու գլխաւոր ուխտատեղիներէն մին ու պաշտուած հաւատացեալներէն։
Եփրատ գետի մէկ ճիւղը եղող Արածանիի ափունքին եւ Քեաք լերան բարձունքին, կը գտնուի չորրորդ դարու սկիզբներուն, Գրիգոր

Լուսաւորիչի ջանքերով կառուցուած Մշոյ Ս. Կարապետ վանքը, ուր կը հանգչին Յովհաննէս Մկրտիչի աճիւնները։ Կ'ըսուի թէ վանքին մէջ, Ս. Կարապետի գերեզմանին առընթեր, ժամանակ մը պահուած է Յիսուսի ոտքերը օծող հողամանը եւ Յովսէփ Արիմաթիացիի աջը, որոնք աւելի վերջ փոխադրուած են Երուսաղէմի Ս. Յարութեան վանքը։
Վանքի առաջին եկեղեցականը Գլաք կոչուելուն, վանքը կոչուած է նաեւ Գլակեայ վանք։ Աւելի վերջ վանքի շրջակայքէն ներս բխած ինը քաղցրահամ ջրակունքներուն համար, վանքը առած է նաեւ իննակնեան վանք անունը։
Մշեցի հայերը սակայն, վանքին տուած են Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետ եկեղեցի անունը։ Ամէն տարի, եկեղեցւոյ տօնին, Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն, մեծ կարաւաններով հայեր ուխտի գալով վանքը, ծնկաչոք ծռած, անցուկ ցածացեղուն նրբանցքէ մը ներս գալով կը մօտենային ու կը համբուրէին Յովհաննու Կարապետի շիրիմաքարը։
Յովհաննէս համեստ ու բարեպաշտ ծնողներու զաւակ էր։ Հայրը ծերունի Զաքարիան եւ մայրը Եղսաբեթ։ Ամոլ էին եւ հրեաներու մօտ ամլութիւնը նախատիք ու տեսակ մը աստուածային պատիժ կը նկատուէր։
Քահանայական դասէ սերած այս բարեպաշտ ծնողները ընտրուեցան Ս. Գրային մեծագոյն դէմքերէն Յովհաննէս Մկրտիչի ծնողքը դառնալ։
Հետաքրքրական է որ 2000 եւ աւելի տարիներ առաջ, Յովհաննէս խաթարուած ընկերութեան մը իր խօսքը ուղղելով անդադար քարոզեց ընկերային անարդարութիւնը, գործի մէջ պարկեշտութեան եւ յարգանք՝ մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ, մինչ ինք՝ հին դարերու մեծ մտածողներու յատուկ կենցաղով ապրեցաւ անապատային անարատ կեանք մը. կը հագուէր ուղտի կարծր մազէ հիւսուած վերարկու մը ու կը սնանէր վայրի մարախներով ու մեղրով։ Եղաւ կորովի ու քաջ դէմք մը ու մահուան գծով ընդդիմացաւ Հերովդէսի անբարոյութեան եւ փարիսեցիներու կեղծաւորութեանց։
Սկիզբէն ի վեր, կանայք չէին մերձացած Ս. Կարապետի գերեզմանին, քանի որ սուրբը Երուսաղէմի բանտին մէջ երկու չարակամ կիներու Հերովդէս Անտիպասի ապօրինի կողակից Հերովդիատայի եւ անոր դստեր Սողոմէի դրդումով գլխատուած էր։ Ողբերգութիւն մը որ տեղի ունեցաւ փրկչական 32 թուականներուն։
Հերովդէս որ Մեծն Հերովդէսի որդին էր, կարգուած էր իշխան Գալիլիոյ ու ամուսնացած էր Արիտա արքայի աղջկան հետ։
Անգամ մը ան, Հռոմի մէջ կը հանդիպի իր եղբօր Փիլիպոսի կնկան, որու անունը Հերովդիա էր, կը սիրահարուի անոր ու Պաղեստին վերադարձին կը թողու իր օրինական կինը ու անոր տեղ կը բերէ Հերովդիան։
Յովհաննէս Մկրտիչ կը դատապարտէ կատարուած բացայայտ գայթակղութիւն, յիշեցնելով Աստուծոյ օրէնքը։
Հերովդէս անհանգիստ զգալով Յովհաննէսի այս քարոզչութենէն կը բանտարկէ զայն։
Այդ օրերը կը զուգադիպէին Հերովդէսի ծննդեան տարեդարձին մեծ խրախճանքին, ուր Հերովդէս Հերովդիայի աղջկան Սողոմէի սքանչելի պարէն խանդավառուած, կ'ըսէ անոր «կ'երդնում ըսէ ինչ որ կþուզես պիտի տամ քեզի» եւ այն ինչ որ Սողոմէի մայրը Հերովդիան դաւադրաբար ծրագրած էր կ'իրականանայ...։
Հերովդիան ըսած էր իր աղջկան, որ այն պարագային՝ պիտի ուզէր Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը։
Քիչ վերջ, դահիճը ափսէի մը վրայ, պարասրահ կը բերէ մեծ մարգարէին գլուխը...։
Հերովդէսի սարքած խնճոյքին, Սողոմէի պարէն ետք, իրմէ սիրուած ու իր մօրմէն ատուած սրբակենցաղ ու ճշմարտախօս Յովհաննէսի գլխուն պահանջը, Յովհաննէսի նկատմամբ իրենց ոխակալութեան իրագործմն է.
Բանաստեղծութիւններով, նուագախաղերով եւ նկարչութեամբ յաւերժացած ողբերգութիւն մըն էր։
Յովհաննէս Մկրտիչի գլխուն տիրացաւ հռոմէական եկեղեցին իսկ աճիւնները հայոց հայրապետ՝ Գրիգոր Պարթեւ Մուշ բերելէ ետք է որ կը կառուցէ վանքը, կործանելով նոյն տեղը եղող Դիմէտէի եւ Գիսանէի դիցերու մեհեանները։
Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. Կարապետի վանքը կառուցանելէ ետք զայն կ'օժտէ պարիսպներով, ամուր բերդերով ու նաեւ հասութաբեր կալուածներով, տիրանալով միաժամանակ շրջակայ 12 գիւղերու եւ աւաններու։
Վանքը մինչեւ Մեծ Եղեռնը տէր էր բաւականաչափ կալուածներու եւ արջառներու։ Ուխտաւորները մեծ նուէրներ կը բերէին վանքին իսկ վանքի բերքերու հաւաքիչները, Հայաստան, Կիլիկիա եւ այլ վայրեր երթալով բաւական հասոյթներ կþապահովէին։
Վանքը երկրաշարժներու ցնցումներէ ու բռնակալ թշնամիներու քանդիչ հարուածներէն քանի մը անգամ աւերուած ու կողոպտուած է եւ սակայն շինարար հայու ջանքերով կրկին վերապայծառացած է։
Վանքի հին ու նոր պատմութիւնը նման է հայոց կեանքի պատմութեան։ Կ'ըսուի վանքէն ներս եղած են բազմաթիւ հրաշագործութիւններ եւ ուխտաւորներու խնդրանքները սրտագրաւ կերպով կատարուած են։ Կþըսուի նաեւ թէ անգամ մը Վրթանէս կաթողիկոս վանքի տաճառին մէջ պատարագած պահուն, արիւնահեղ լեռնական թշնամիներ կը յարձակին իր վրայ եւ ինք ու հաւատացեալները հրաշքով մը կ'ազատին։
Վանքէն ներս ժամանակ մը ճգնած են խոտակեր միաբաններ։ Անցնող դարուն, վանքի մեծ բարեկարգիչ վանահայրերէն մին Խրիմեան Հայրիկ, զարգացնելով վանքը կը կառուցէ եկեղեցականներու յատուկ դպրոց մը։ Թէպետեւ հայոց հայրիկը հալածուելով մեծ նեղութեանց առջեւ կը գտնուի եւ սակայն կը յաջողի պայծառացնել վանքը, հաստատելով հոն տպարան ու հրատարակել «Արծուիկ Տարօնոյ» անուամբ թերթ մը։
Այս պատմական անցեալով օժտուած այս պատմական վանքը, այժմ աւերուած վիճակի մէջ է։ Վանքը ականատես եղած է նաեւ աննախընթաց եղերգութեան մը, 1915ի տեղահանութեանց միջոցին երբ վանքի պարիսպներէն գերմանացի եւ թուրք զինուորներ ներս գալով սկսան կոտորել հոն ապաստանած եւ ինքնապաշտպանութեան դիմած բազմաթիւ Տարօնցի հայորդիներ։

 

Կ. Գ.
Ազատ Օր-17-1-2004