“Քալիֆորնիա Քուրիըր” թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Անցեալ շաբաթ թրքական “Աշխատաւորական կուսակցութեան” ղեկավար Տողու Փէրինչէքը չյաջողեցաւ Յունաստանի մէջ կրկնել տասը տարի առաջ Զուիցերիոյ մէջ իր կազմակերպած ժխտողական խաղը: Փերինչէքը ծրագրած էր իր սրբապիղծ “Թալաթ փաշա” կոմիտէի անդամներուն հետ միասին մեկնիլ Աթէնք` վիճարկելու Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը արգիլող վերջերս ընդունուած յունական օրէնքը: Ան կ՛երազէր “հերոս’ դառնալ` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Յունաստանի դէմ հայց ներկայացնելով` օրէնքը խախտելու համար ակնկալուող ձերբակալութենէն ետք:
Դեռ 2005 թուականին, Զուիցերիոյ ոստիկանութեան կողմէ կալանաւորուելէն ետք, Փէրինչէքը մեղաւոր ճանչցուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար: Երբ Զուիցերիոյ դաշնային դատարանը (Գերագոյն դատարանը) հաստատեց անոր պատիժը, Փէրինչէքը 2008-ին դատավճիռը բողոքարկեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ): 2013-ի Դեկտեմբեր 17-ին, ՄԻԵԴ-ի եօթ դատաւորներէն հինգը որոշում կայացուցին յօգուտ Փէրինչէքի` պնդելով, որ Զուիցերիոյ դատարանները խախտած են անոր խօսքի ազատութեան իրաւունքը: Երեք ամիս անց Զուիցերիան ՄԻԵԴ-ի սխալ որոշումը բողոքարկեց դատարանի 17 անդամներէ բաղկացած Մեծ պալատին, որ կը նախատեսէ 2015-ի Յունուար 28-ին վերաքննել աւելի առաջ ընդունուած դատավճիռը:
Բարեբախտաբար, Փէրինչէքի ծրագրած հնարքը Յունաստանի մէջ բազմաթիւ արգելքներու հանդիպեցաւ … Նախ, սկսինք անկէ, որ ան չէր կրնար Թուրքիայէն դուրս գալ, քանի որ անոր վրայ ճամբորդական արգելք սահմանուած էր բանտէն պայմանական ազատուելէն ետք` դաւադրութեան մասնակից ըլլալուն համար: Երբ առանց անոր, իր կուսակցութեան 13 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը ժամանեց Աթէնքի օդակայան, Յունաստանի իշխանութիւնները խելամիտօրէն որոշեցին խումբը ետ վտարել Թուրքիա, քան թէ տեսարան սարքել` զանոնք ձերբակալելով: Յունական ոստիկանութիւնը որպէս արդարացում օգտագործեց թուրք այցելուներու ճամբորդական փաստաթուղթերուն օրինաւոր չըլլալուն փաստը:
Սթամպուլ վերադառնալէն ետք արտաքսուած թուրքերը կուսակիցներուն կողմէ հռչակուեցան որպէս “հերոսներ”: Փէրինչէքը անմիջապէս մեղադրեց նախագահ Էրտողանն ու վարչապետ Տաւութօղլուն` իրենց “չափազանց խայտառակ որոշման” համար, որով կանխեցին անոր Յունաստան մեկնիլը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար: Փէրինչէքի հետեւորդները նաեւ մեղադրեցին Յունաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Քերիմ Ուրասը` յունական կառավարութեան հետ դաւադրութեան մէջ` խոչընդոտելով իրենց առաքելութիւնը: Ի պատասխան` թուրք դեսպան Քերիմ Ուրասը մեղադրեց “Թալաթ փաշա” կոմիտէի անդամները` իրենց սեփական ծրագիրները խանգարելու համար, անոնց մասին նախօրօք յայտարարելով, չնայած դեսպանի յորդորին` անաղմուկ ժամանելու Աթէնք եւ հանդէս գալու միայն այնտեղ հասնելէն ետք… Ուրասը աւելցուց, որ թրքական պատուիրակութեան վաղաժամ հրապարակային յայտարարութիւններուն պատճառով, յունահայ համայնքը Աթէնքի մէջ բողոքի ցոյցի նախապատրաստուած էր անոնց դէմ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն պաշտպանեց Փէրինչէքի` Յունաստան մեկնելու վերաբերեալ դատարանի արգելքը: Մամուլի ասուլիսի ժամանակ Չաւուշօղլուն հերքեց Փէրինչէքի մեղադրանքը, թէ Անգարան փորձած է խոչընդոտել իր կոմիտէի ուղեւորութիւնը դէպի Յունաստան: Սակայն, Փէրինչէքին շատ աւելի կարեւոր ուղեւորութիւն կը սպասուի Յունուար 28-ին, երբ կ՛ակնկալուի, որ ան ներկայ պիտի գտնուի իր գործով Զուիցերիոյ բողոքարկման դատական նիստին ՄԻԵԴ-ի մէջ, Սթրազպուրկ: Թէեւ Փէրինչէքի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին Չաւուշօղլուն ըսած էր, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը չ՛առարկեր անոր Սթրազպուրկ մեկնելուն, սակայն արտաքին գործոց նախարարը զգուշացուցած էր, որ Փէրինչէքի ճամբորդական արգելքի վերացման վերջնական որոշումը դրուած է Թուրքիոյ Գերագոյն դատարանին վրայ: Անգարան այժմ պէտք է հակակշռէ իշխող կուսակցութեան դէմ ծայրայեղ ազգայնական քննադատի աճող հեղինակութեան վնասը` ընդդէմ մոլեռանդ ժխտողականին աջակցելու առաւելութեան՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ընթացքին:
Թրքական եւ միջազգային լրատուամիջոցները լայնօրէն տարածեցին նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ իմ հաղորդած հրատապ լուրը, որով բացայայտուած էր, որ Ամալ Քլունին Ճեֆրի Ռոպըրտսընի եւ այլ ակնառու փաստաբաններու հետ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ ՄԻԵԴ-ի Յունուար 28-ի դատական նիստին: Տիկին Քլունիի ներգրաւուածութեան լուրը այս դատական գործին տարօրինակ արձագանգի արժանացաւ Փէրինչէքի կողմէ, որ թրքական մամուլին ըսաւ. “Տիկինը կրնայ մասնակցիլ դատական նիստին, բայց եթէ անգամ Յիսուսի կինն ալ գայ, միեւնոյն է, յաջողութեան հասնելու հնարաւորութիւն չունի”…
Իմ վերջին յօդուածէս ետք, քանի մը ընթերցողներ մատնանշած էին անծանօթ ընտանեկան կապը տիկին Քլունիի (Ամալ Ռամզի Ալամուտին) եւ զուիցերիացի նշանաւոր միսիոներ «Պապա” Ճակոբ Քունզլերի միջեւ, որ յայտնի է որպէս “հայ որբերու հայր”: Մինչեւ Ցեղասպանութիւնը, 25 տարի շարունակ, Քունզլերը եւ անոր կինը ջանասիրաբար օգնած են հայ համայնքին Ուրֆայի մէջ: Այնուհետեւ, 1920-ականներուն Քունզլեր ամուսինները սկսած են աշխատիլ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի համար, տարհանելով հազարաւոր հայ որբեր Թուրքիայէն դէպի Ղազիր, Լիբանան, ուր հայ աղջիկները գործած էին հանրայայտ “Սպիտակ տան գորգը”, որ 1925 թուականին նուիրաբերուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քալվին Քուլիճին: Քունզլերի դուստր Իտան ամուսնացած է Ամալի պապիկի` Խալիլ Ալամուտինի զարմիկ Նաճիպ Ալամուտինի հետ: 1970-ին Իտա Կիւնցլերը հրատարակած է ուշագրաւ գիրք մը իր հօր անձնուէր մարդասիրական գործունէութեան մասին` “Պապա Քիւնզլերը եւ հայերը” խորագիրով:
Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը