Ժողովի օր էր, աշխարհի մէկ անկիւնը։ Պրն. Պարոյր Պարթեւեան ինչպէս միշտ ժամանակէն առաջ գրասենեակ կ'երթայ, որպէսզի մասնակից դառնայ ոտքի վրայ կատարուած հետաքրքրական զրոյցներուն, որոնք կը կատարուին երբեմն խաղաղ եւ երբեմն փոթորկոտ մթնոլորտի մը մէջ։

Գրասենեակ կը հասնի ու կը տեսնէ, թէ արդէն սկսած էր նախաժողովը։ Երկու հոգի դուռին կռթնած, երեք հոգի պատուհանին մօտ կանգնած, իսկ այլ խումբ մըն ալ անկիւնը նստած կը զրուցէին։       
Նախ դրան մօտ կեցած ժողովականներուն կը մօտենայ։ Անոնք կը խօսէին ֆութպոլի մասին։ Կ'ըսէին թէ Եւրոպայի մէջ գոյութիւն ունին առաջին կարգի մօտ 300 ակումբի խումբեր, որոնցմէ Պայէրն Միւնիխ, Ռէալ Մատրիտ, Պարսելոնա, Չէլսի ու Ման. Սիթի, ներկայիս տնտեսապէս կը գերիշխեն Եւրոպայի ակումբներուն եւ խաղարկութեամբ կը տիրապետեն աշխարհի ֆութպոլին։ Անոնք մեծահարուստ ակումբներ են, որոնք միլիոններ կը յատկացնեն մարզիկներ գնելու կամ անոնց ամսականները վճարելու համար։ 
Այդ միլիոններուն կողքին, խումբի յաջողութիւնը սակայն առաւելաբար կը հիմնուի մարզիկի որակին վրայ։ Շատ կարեւոր բառ մըն է որակը մարդկային կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ շատ կարեւոր տարր մըն է որակաւորը դաշտին վրայ։ Խումբ մը ընդհանրապէս կ'ունենայ մօտ 20 մարզիկներ։ Բայց անոնց մէջէն ուշադրութիւն գրաւողը, խումբը շարժումի մէջ դնողը, մինչեւ իսկ արդիւնքին վրայ ազդողը մի քանի որակաւոր մարզիկները կը հանդիսանան։ Որակը իւրայատուկ երեւոյթ է, ապա տպաւորութիւն, իսկ վերջաւորութեան ազդեցիկ ուժ, որ կը փոխէ նաեւ կացութիւն մը։ Զոր օրինակ Մէսսի, Ռոպէն, Ռոնալտօ այնպիսի մարզիկներ են, որոնց խաղարկութեան իւրայատուկ որակը կը տիրապետէ խաղին ու կ'ազդէ արդիւնքին վրայ։ Դրամը չէ որ անոնց աշխարհահռչակ դարձուցած է, այլ իրենց առանձնաշնորհ կարողութիւնը։ 
Ուրեմն ֆութպոլի խումբի մը յաջողութիւնը հիմնուած է մի քանի որակաւոր մարզիկներու վրայ։     
Պրն. Պարոյր առանց բան մը ըսելու, կը ձգէ հետաքրքական այդ զրոյցը եւ կը մօտենայ պատուհանին մօտ կանգնած գործակիցներուն, որոնք մէկը միւսին կարգը խլելով քաղաքական շատ տաք զրոյցի մը մէջ կը գտնուէին։ Ընտրած էին ռազմական նիւթը։ Անոնք կը նշէին, թէ դարեր առաջ պատերազմ մը մղելու համար, թագաւորութիւններու կամ պետութիւններու զօրքերը օրեր ու ամիսներ կը տրամադրէին, ճամբորդութիւն կը կատարէին հասնելու համար պատերազմի դաշտ։ Եւ կարելի է պատկերացնել, թէ այդ օրերուն հազարաւոր զինուորներու ճամբորդութիւնը, զրահներու փոխադրութիւնը, ուտեստեղէնի դասաւորումը որքայն դժուար էին։ Ի վերջոյ հսկայական աշխատանքի աւարտին, այն կողմը որ շատ զինուորներ ունէր ընդհանրապէս կը յաղթէր։ Անցեալին մարդու քանակն էր տիրական ուժը եւ կը կողմնորոշէր յաղթանակի արդիւնքը։
Այսօր պատերազմը լրիւ տարբեր ձեւ ունի։ Կապ չունի այլեւս անցեալի մտայնութեան ու մեթոտներուն հետ։ Գիտութեան զարգացումով այդ բաժինը եւս լուրջ փոփոխութիւններ կրեց։ Պատերազմական նաւերը, օդանաւերը, հրթիռները, համակարգչային դրութիւնը այսօր առաջնահերթ տեղ կը գրաւեն զինուորին մօտ։ Պատերազմի դաշտէն հեռու, գործողութեան կեդրոնատեղիէն զինուոր մը կրնայ հրթիռնել ուղղել եւ ճշգրիտ թիրախը հարուածել։ Միւս կողմէ երկրի մը սահմանը կարելի է հսկել ու պաշտպանել նորաձեւ գործիքներու միջոցաւ։ Վերոնշեալ բոլոր տեսակի նորութիւնները զարգացուցին նաեւ զինուորի որակը, ըստ որում ներկայիս պատերազմելու համար պետութիւն մը մեծաքանակ զինուորներու կարիքը չունի։
Հետեւաբար պատերազմի մը արդիւնքը հիմնուած է գործիքի ու զինուորի որակին վրայ եւ ոչ քանակին։    
Նկատի ունենալով ժամանակի անբաւարարութիւնը, պրն. Պարոյր առանց բառ մը արտասանելու, արագօրէն կÿուղղուի անկիւնը նստած ժողովակիցներուն մօտ։ Հեռուէն սակայն կը նշմարէ, թէ անոնց զրուցելու ձեւը միւսներէն կը տարբերէր։ Դէմքերը մտահոգ էին, շարժուձեւերը ջղային, խօսակցութիւնը ծանր եւ տրամադրութիւնը ոչ լաւ։ Երբ կը մօտենայ, պատճառը կը հասկնայ. անոնք ազգային հարցերու մասին կը խօսէին։ Եւ հակառակ այդ անկիւնի տխուր մթնոլորտին, ան կ'որոշէ մասնակցիլ զրոյցին։    
Գաղութային մտահոգութեանց մէջ ընկղմած էին անոնք։ Եկեղեցական, քաղաքական, կրթական ու միութենական կառոյցներէն ներս, մարդուժի պակասը օր ըստ օրէ կը խեղդէ հայու շունչն ու ձայնը։ Միւս կողմէ ներքին ու արտաքին մտահոգիչ հարցերը, կ'ընկճեն հայու հոգեկանը։ Տեղ մը ինքնագլուխ աշխատանք, ուրիշ տեղ մը աթոռի պայքար եւ այլ տեղ մըն ալ սխալ նշանակումներ։ Առաւել եւս տեղ մը մսխում, ուրիշ տեղ մը անտարբերութիւն եւ այլ տեղ մըն ալ մութ ձեռքեր։ Մէկուն պաշտօն մը կը տրուի, բայց ան տէր ու տիրական կը դառնայ։ Միւսին պարտականութիւն մը կը փոխանցուի, բայց ան իր հաշիւներուն համաձայն կը գործէ։ Ուրիշին պատասխանատուութիւն մը կը յանձնուի, բայց ան անկարող է լուծը կրելու։ Եսակեդրոնի, մենատէրի ու մենաշնորհի ոսկեդարն է կարծէք։
Յանկարծ ժողովի քարտուղարին կանչը կը լսուի եւ պրն. Պարոյր դարձեալ առանց բան մը ըսելու, այս անգամ կ'ուղղուի սեղանին շուրջ։
Ժողովը կ'սկսի։ Օրակարգը բնականաբար լեցուն է հարցերով, որոնք մտահոգութեան կողքին կը յառաջացնեն նաեւ լուծման մեծ դժուարութիւն։ Որովհետեւ քննարկման ընթացքին շատ յաճախ գիծի մէջ կը մտնեն հին հաշիւները, անձնական կամ խմբային հարցերը, անհանդուրժողութիւնը, վէճերը եւայլն։ Պարզօրէն, վերեւ նշուած անկիւնի անպաշտօն զրոյցը սեղանի վրայ պաշտօնական քննարկումի կը վերածուի։ Վերջապէս քիչ գործ եւ շատ խօսքի աւարտին, ժողովը կը փակուի նախորդներուն նման։
Պրն. Պարոյր Պարթեւեան երկար ժամանակէ ի վեր այդ կացութենէն դժգոհ էր եւ քանիցս առանձնութեան մէջ, մտքի աչքերով ազգային պատկերը կը դիտէր ու կը փորձէր ծայր մը գտնել։ Բայց ի՞նչ ըսէ եւ որո՞ւ ըսէ երբ մեծերն ալ, ի տես այդ իրավիճակին սխալը կը տեսնեն բայց չեն սրբագրեր, յանցաւորը կ'իմանան բայց չեն պատժեր, վնասը կը կրեն բայց վնասակարը չեն հեռացներ։ Ոեւէ մէկուն չնեղացնելու քաղաքականութիւն կ'որդեգրեն կամ պատասխանատուութենէ փախուստ կու տան։ Իսկ երբ մէկը օրուայ կացութեան արժեւորում ուզէ կատարել, «Ինչ որ մնաց, անոր ալ փառք» կ'ըսեն ու նիւթը կը գոցեն։ Այդ գաոսային վիճակը անհանգստացուցած է իրեն ու հարցականներ յառաջացուցած։
Ո՞ւր է տկար կէտը։ Արդարութիւ՞նը արդեօք։ Ի՞նչն է պակասը։ Քաջութիւ՞նը արդեօք։ Արդարութիւն ու քաջութիւն։ Նախ այդ երկու բառերուն վրայ կը կեդրոնանայ իր միտքը, ապա անոնց խորքը մտնելով կը յանգի հաւանական եզրակացութեան։ Արդարութիւնն ու քաջութիւնը, եկեղեցական կամ աշխարհական իւրաքանչիւր անհատի նկարագրի հիմքերն են, որոնք ծնունդ կու տան մարդու բիւրեղեայ որակին։ Եւ որակաւոր այդ մարդը, իր արդար բնութեամբ ու քաջ կեցուածքով օրինակելի տիպար մը կը դառնայ բոլոր շրջանակներէ ներս, որու բացակայութիւնը հրապարակի վրայ կը հանէ միւս տեսակի մարդը։ Արդար ու քաջ ազգայինը արեւու նման կը փայլի ու կը պայծառացնէ իր ժողովուրդի պատկերը։ Մինչ անոր բացակայութիւնը մէջտեղ կը հանէ խաւարն ու խաւարամիտները։        
Որակաւոր ազգայինը, ինչպէս պրն. Պարթեւեան, իսկական ծառան է ազգին ու անոր գերագոյն նպատակին։ Ան ապահովութիւն կը ներշնչէ իր ժողովուրդի զաւակներուն, քանի լաւապէս գիտէ իր ծառայութեան ժամանակի ու պատասխանատու հանգամանքի սահմանը։ Չունի ոչ մէկ ազգային սեփականութիւն այն սկզբունքով, որ ամէն ինչ ժողովուրդին ու պատմութեան կը պատկանի։ Առաւել եւս, որակաւոր ազգայինը հարկ չ'զգար ինքնագովութեան ու ինքնացուցադրութեան, ինչպէս նաեւ շուքի մէջ մնալու մտավախութիւնը չ'ապրիր։ Ապրելակերպի ու գործելակերպի իր որակով ան ժողովուրդի սէրն ու համակրանքը կը սիրաշահի։ Ինքզինք կ'արժեւորէ ու կ'արժեւորուի պաշտօնէն առաջ ու վերջ։ Մինչ ուրիշներ կը բաւարարուին իրենց հանգամանքին հանդէպ ստիպողական կեղծ յարգանքէն։ Արդարութիւնն ու քաջութիւնը՝ այսինքն որակը, ապսպրանք չէ այլ կեանքի ճշգրիտ ու ճշմարիտ ուղի։ Կարելի է թիւերուն հետ խաղալ, փոխել, դասաւորել, բայց որակին հետ կարելի չէ բացարձակապէս։      
Միւս կողմէ անարդար ազգայինը ինքնին վախկոտ անձնաւորութիւն մը կ'ըլլայ։ Որովհետեւ իր կեանքի մեկնակէտն ու գործելակերպը կեղծիքի ու շահախնդրութեան վրայ հաստատուած կ'ըլլան եւ որոնք ոչ մէկ առիթ կամ իրաւունք կու տան անոր ինքզինք արդարացնելու կամ պաշտպանելու։ Առաւել եւս որակաւոր մարդ ըլլալու պակասը չ'արտօներ իրեն սրտով ու հոգիով ծառայելու, բուռն կերպով պայքարելու, յանցաւորը կարգի հրաւիրելու եւ սխալները սրբագրելու։ Ո՞վ պիտի լսէ իրեն երբ ինք չի լսեր իր խղճին ձայնը։  
Յոգնեցուցիչ մտածումի աւարտին, պրն. Պարոյր Պարթեւեանի առջեւ կը բացուին վերջնական ու ճակատագրական երկու ճամբաներ. պատասխանատուութենէ հրաժարիլ եւ կամ որակաւոր ազգայիններու հետ պայքարիլ, վերականգնելու համար ազգային ոգին ու ինքնութիւնը։         
Որակաւոր ազգայիններով գլխաւորուած ժողովուրդը ապահովութիւնը կ'ունենայ ապրելու ու գոյատեւելու։ 


Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան