Անցեալ շաբաթ թուրք երեսփոխան մը առաջարկ մը ներկայացուց Թուրքիոյ խորհրդարանին` դատապարտելու համար Հայոց ցեղասպանութիւնը, շարք մը այլ վայրագութիւններ եւ պետական ահաբեկչութեան դրուագներ:
Քրտամէտ ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ Սեպահաթ Թունճել այս փաստաթուղթով կը պահանջէ, որ նախագահ Էրտողան ճանչնայ եւ ներում հայցէ խորհրդարանի մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան, Տէրսիմի, Մարաշի, Սվազի եւ Չորումի ջարդերուն, 1980 սեպտեմբեր 12-ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք զանգուածային կախաղաններուն, ինչպէս նաեւ պետական ահաբեկչութեան պատճառով մարդկութեան դէմ գործուած այլ յանցագործութիւններու համար:
Առաջարկուող բանաձեւը նաեւ կը պահանջէ, որ Թուրքիոյ նախագահը այցելէ զանգուածային կոտորածներու վայրերէն մէկը, հրապարակաւ կրկնէ ներողութիւնը եւ ապրիլ 24-ը յայտարարէ պաշտօնական սուգի օր: Մէկ տարուան ընթացքին խորհրդարանը պէտք է ձեւաւորէ Ճշմարտութեան յանձնախումբ եւ հրապարակէ այս ոճրագործութիւններուն վերաբերեալ պետական արխիւներուն մէջ պահուող բոլոր փաստաթուղթերը: Նաեւ բարոյական եւ նիւթական փոխհատուցում պէտք է տրամադրուի զոհերու ժառանգներուն:
Սպասելի է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը կը մերժէ այս առաջարկին քննարկումը: Ամենայն հաւանականութեամբ, Թունճելի իրական նպատակը Հայոց ցեղասպանութեան եւ միւս զանգուածային ջարդերու բարձրացումն է խորհրդարանի մէջ` անկախ արդիւնքէն: Նման օրինագիծի լոկ ներկայացումն իսկ ազգային իրարանցում պիտի յառաջացնէ խորհրդարանին մէջ, լրատուամիջոցներու եւ թուրք ժխտողականներու շրջանակներուն մէջ: Թունճել պէտք է գիտակցի, որ ինք կրնայ զրկուիլ իր երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէն եւ մեղադրուիլ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածով, արգիլուած թեմաներ բարձրացնելու համար:
Ողջունելով Թունճելի համարձակ եւ յանդուգն առաջարկը` հայերը, թուրքերը, քիւրտերը եւ ուրիշներ պէտք չէ մոռնան, որ Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ չէ, որ կը բարձրացուի հայերու տեղահանութեան եւ ջարդերու հարցը: 4 նոյեմբեր 1918-ին, երիտթուրքերու վարչակարգի անկումէն անմիջապէս ետք եւ նախքան Քեմալ Աթաթուրքի կողմէն 1923 թուականի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը, օսմանեան խորհրդարանին մէջ առաջարկ ներկայացուեցաւ Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կոմիտէին գործած ոճրագործութիւններուն վերաբերեալ. «Բնակչութեան մէկ միլիոնը, որոնց միակ մեղքը հայ ազգին պատկանիլն էր, կոտորեցին եւ բնաջնջեցին, նոյնիսկ` կիներն ու երեխաները»: Այդ օրերու ներքին գործոց նախարար Ֆեթհի պէյը պատասխանեց խորհրդարանին` ըսելով, որ` «կառավարութեան մտադրութիւնն է` դարմանել մինչ օրս կատարուած իւրաքանչիւր անարդարութիւն, որքանով որ միջոցները հնարաւորութիւն կու տան, վերադարձնել իրենց տուները անոնց, որոնց աքսորած են, եւ հնարաւորինս փոխհատուցել անոնց կրած նիւթական վնասները»:
Խորհրդարանական քննչական կոմիտէն անցաւ հաւաքման համապատասխան փաստաթուղթերու, որոնք կը նկարագրէին հայ ժողովուրդի զանգուածային ջարդերու համար պատասխանատու մարդոց գործողութիւնները եւ զանոնք յանձնեց Թուրքիոյ ռազմական դատարան: Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կոմիտէի պարագլուխները մեղաւոր ճանչցուեցան հայ ժողովուրդի կոտորածի համար եւ կախաղան հանուեցան կամ դատապարտուեցան երկարատեւ բանտարկութեան: Ռազմական դատարանը Գերմանիայէն պահանջեց Թուրքիոյ վերադարձնել ջարդերու գլխաւոր կազմակերպիչները, որոնք փախած էին երկրէն: Գերմանիայի մերժումէն ետք զանոնք հեռակայ կարգով դատեցին եւ մահուան դատապարտեցին:
Իր առաջարկը պատմական եւ իրաւական նախադէպերով հիմնաւորելու համար Թունճելը պէտք է Թուրքիոյ խորհրդարան ներկայացնէ 1918 թուականի խորհրդարանական առաջարկը եւ քննարկումը` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, որ այն ժամանակ կը կոչուէր` «Հայկական տեղահանութիւններ եւ ջարդեր»: Ան պէտք է նաեւ ներկայացնէ Թուրքիոյ ռազմական դատարաններուն կողմէն ընդունուած մեղադրական վճիռներու պատճէնները: Վերջապէս, Թունճելը պէտք է խորհրդարանին յիշեցնէ Քեմալ Աթաթուրքի պատմական խոստովանութիւնը, որ ան ըրած է «Լոս Անճելըս էկզամիներ» թերթին մէջ 1926-ի օգոստոս 1-ին հրապարակուած հարցազրոյցի մէջ. «Երիտթուրքերու կուսակցութեան այս մնացորդները պէտք է պատասխան տան մեր քանի մը միլիոն քրիստոնեայ հպատակներուն համար, որոնց դաժանօրէն արտաքսեցին իրենց հայրենի օճախներէն եւ կոտորեցին»: Կը համարձակի՞ արդեօք ոեւէ թուրք երեսփոխան ստախօս անուանել արդի Թուրքիոյ հիմնադիրը:
Եթէ Թուրքիոյ խորհրդարանը խափանէ Թունճելի օրինագիծը եւ կանխէ անոր քննարկումը, ապա ան կը բացայայտէ Էրտողանի կառավարութեան` ճշմարտութեան դիմակայելու սարսափը եւ իր նախորդներու մեղաւորութեան քողարկումը… Անկախ վերջնական արդիւնքէն` այս առաջարկը անսպասելի դրական զարգացում է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցի նախօրէին եւ որոշ մխիթարութիւն կը բերէ թրքական այլ վայրագութիւններու զոհերու ժառանգներուն:
Թունճելի առաջարկի ներկայացումը Թուրքիոյ խորհրդարան համընկաւ Պոլիվիոյ ծերակոյտին եւ խորհրդարանին կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան միաձայն ճանաչման հետ: Յատկանշական է, որ այս ճանաչումը ձեռք բերուած է ցեղասպանութեան զուտ բնոյթէն մեկնելով, առանց հայկական լոպիական ջանքերու, որն ալ կը ժխտէ թրքական սովորական պնդումները, թէ իբր երկիրները կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի հայ համայնքներու ճնշման տակ: Պոլիվիոյ մէջ հայկական համայնք չկայ…
Անցեալ շաբաթ թուրք երեսփոխան մը առաջարկ մը ներկայացուց Թուրքիոյ խորհրդարանին` դատապարտելու համար Հայոց ցեղասպանութիւնը, շարք մը այլ վայրագութիւններ եւ պետական ահաբեկչութեան դրուագներ:
Քրտամէտ ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ Սեպահաթ Թունճել այս փաստաթուղթով կը պահանջէ, որ նախագահ Էրտողան ճանչնայ եւ ներում հայցէ խորհրդարանի մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան, Տէրսիմի, Մարաշի, Սվազի եւ Չորումի ջարդերուն, 1980 սեպտեմբեր 12-ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք զանգուածային կախաղաններուն, ինչպէս նաեւ պետական ահաբեկչութեան պատճառով մարդկութեան դէմ գործուած այլ յանցագործութիւններու համար:
Առաջարկուող բանաձեւը նաեւ կը պահանջէ, որ Թուրքիոյ նախագահը այցելէ զանգուածային կոտորածներու վայրերէն մէկը, հրապարակաւ կրկնէ ներողութիւնը եւ ապրիլ 24-ը յայտարարէ պաշտօնական սուգի օր: Մէկ տարուան ընթացքին խորհրդարանը պէտք է ձեւաւորէ Ճշմարտութեան յանձնախումբ եւ հրապարակէ այս ոճրագործութիւններուն վերաբերեալ պետական արխիւներուն մէջ պահուող բոլոր փաստաթուղթերը: Նաեւ բարոյական եւ նիւթական փոխհատուցում պէտք է տրամադրուի զոհերու ժառանգներուն:
Սպասելի է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը կը մերժէ այս առաջարկին քննարկումը: Ամենայն հաւանականութեամբ, Թունճելի իրական նպատակը Հայոց ցեղասպանութեան եւ միւս զանգուածային ջարդերու բարձրացումն է խորհրդարանի մէջ` անկախ արդիւնքէն: Նման օրինագիծի լոկ ներկայացումն իսկ ազգային իրարանցում պիտի յառաջացնէ խորհրդարանին մէջ, լրատուամիջոցներու եւ թուրք ժխտողականներու շրջանակներուն մէջ: Թունճել պէտք է գիտակցի, որ ինք կրնայ զրկուիլ իր երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէն եւ մեղադրուիլ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի
301-րդ յօդուածով, արգիլուած թեմաներ բարձրացնելու համար:
Ողջունելով Թունճելի համարձակ եւ յանդուգն առաջարկը` հայերը, թուրքերը, քիւրտերը եւ ուրիշներ պէտք չէ մոռնան, որ Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ չէ, որ կը բարձրացուի հայերու տեղահանութեան եւ ջարդերու հարցը: 4 նոյեմբեր 1918-ին, երիտթուրքերու վարչակարգի անկումէն անմիջապէս ետք եւ նախքան Քեմալ Աթաթուրքի կողմէն 1923 թուականի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը, օսմանեան խորհրդարանին մէջ առաջարկ ներկայացուեցաւ Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կոմիտէին գործած ոճրագործութիւններուն վերաբերեալ. «Բնակչութեան մէկ միլիոնը, որոնց միակ մեղքը հայ ազգին պատկանիլն էր, կոտորեցին եւ բնաջնջեցին, նոյնիսկ` կիներն ու երեխաները»: Այդ օրերու ներքին գործոց նախարար Ֆեթհի պէյը պատասխանեց խորհրդարանին` ըսելով, որ` «կառավարութեան մտադրութիւնն է` դարմանել մինչ օրս կատարուած իւրաքանչիւր անարդարութիւն, որքանով որ միջոցները հնարաւորութիւն կու տան, վերադարձնել իրենց տուները անոնց, որոնց աքսորած են, եւ հնարաւորինս փոխհատուցել անոնց կրած նիւթական վնասները»:
Խորհրդարանական քննչական կոմիտէն անցաւ հաւաքման համապատասխան փաստաթուղթերու, որոնք կը նկարագրէին հայ ժողովուրդի զանգուածային ջարդերու համար պատասխանատու մարդոց գործողութիւնները եւ զանոնք յանձնեց Թուրքիոյ ռազմական դատարան: Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կոմիտէի պարագլուխները մեղաւոր ճանչցուեցան հայ ժողովուրդի կոտորածի համար եւ կախաղան հանուեցան կամ դատապարտուեցան երկարատեւ բանտարկութեան: Ռազմական դատարանը Գերմանիայէն պահանջեց Թուրքիոյ վերադարձնել ջարդերու գլխաւոր կազմակերպիչները, որոնք փախած էին երկրէն: Գերմանիայի մերժումէն ետք զանոնք հեռակայ կարգով դատեցին եւ մահուան դատապարտեցին:
Իր առաջարկը պատմական եւ իրաւական նախադէպերով հիմնաւորելու համար Թունճելը պէտք է Թուրքիոյ խորհրդարան ներկայացնէ 1918 թուականի խորհրդարանական առաջարկը եւ քննարկումը` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, որ այն ժամանակ կը կոչուէր` «Հայկական տեղահանութիւններ եւ ջարդեր»: Ան պէտք է նաեւ ներկայացնէ Թուրքիոյ ռազմական դատարաններուն կողմէն ընդունուած մեղադրական վճիռներու պատճէնները: Վերջապէս, Թունճելը պէտք է խորհրդարանին յիշեցնէ Քեմալ Աթաթուրքի պատմական խոստովանութիւնը, որ ան ըրած է «Լոս Անճելըս էկզամիներ» թերթին մէջ 1926-ի օգոստոս 1-ին հրապարակուած հարցազրոյցի մէջ. «Երիտթուրքերու կուսակցութեան այս մնացորդները պէտք է պատասխան տան մեր քանի մը միլիոն քրիստոնեայ հպատակներուն համար, որոնց դաժանօրէն արտաքսեցին իրենց հայրենի օճախներէն եւ կոտորեցին»: Կը համարձակի՞ արդեօք ոեւէ թուրք երեսփոխան ստախօս անուանել արդի Թուրքիոյ հիմնադիրը:
Եթէ Թուրքիոյ խորհրդարանը խափանէ Թունճելի օրինագիծը եւ կանխէ անոր քննարկումը, ապա ան կը բացայայտէ Էրտողանի կառավարութեան` ճշմարտութեան դիմակայելու սարսափը եւ իր նախորդներու մեղաւորութեան քողարկումը… Անկախ վերջնական արդիւնքէն` այս առաջարկը անսպասելի դրական զարգացում է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցի նախօրէին եւ որոշ մխիթարութիւն կը բերէ թրքական այլ վայրագութիւններու զոհերու ժառանգներուն:
Թունճելի առաջարկի ներկայացումը Թուրքիոյ խորհրդարան համընկաւ Պոլիվիոյ ծերակոյտին եւ խորհրդարանին կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան միաձայն ճանաչման հետ: Յատկանշական է, որ այս ճանաչումը ձեռք բերուած է ցեղասպանութեան զուտ բնոյթէն մեկնելով, առանց հայկական լոպիական ջանքերու, որն ալ կը ժխտէ թրքական սովորական պնդումները, թէ իբր երկիրները կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի հայ համայնքներու ճնշման տակ: Պոլիվիոյ մէջ հայկական համայնք չկայ…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ