Մեծապէս ուրախացայ երբ Հ.Գ. Միութեան «Գրական թերթ»ին մէջ վերջերս կարդացի Հալէպահայ կարգ մը երկսեռ գրողներու հաւաքի մասին, որ տեղի ունեցաւ ԳՄ կլոր սրահին մէջ, գլխաւորութեամբ Միութեան նախագահին, Եդուարդ Մելիտոնեանին: Անզուսպ կերպով, մտածեցի ինքնաբերաբար, ապրիք տղաք ու աղջիկներ, շեշտելով:

Ներկայիս Հայաստան փոխադրուիլը եւ հոն բնակութիւն հաստատելը զօրաւոր հասկացողութիւն կ՛ուզէ եւ խորիմաստ հայրենապաշտութիւն, չեմ ըսեր հայրենասիրութիւն, որ այս տագնապալի օրերուն, բովանդակազուրկ ու անիմաստ դարձած է: Ըստ իս, մեր ազգին համար, մահուան ու կենաց այս ճգնաժամային տարիներուն, Հայաստան երթալ եւ հոն տուն տեղ դառնալ, կը նշանակէ հայրենիքը հզօրացնել, տոկուն հայրենիք կառուցել, միանալ հոն պայքարող գիտակից ժողովուրդին ու գերբնական իմաստ մը տալ մեր մնացած կեանքին: Պատմական, հին դարերէն եկած ճշմարտութիւն մըն է, թէ ազգերը կը գոյատեւեն միմիայն իրենց սեփական հողերուն վրայ: Ուրիշին հողին վրայ ինչ որ կը շինես, ինչ որ կը կառուցես, քուկդ չէ, ազգինդ չէ, աւազին վրայ կառուցուած շէնքերուն նման է, որ ուշ կամ կանուխ, այլազան ու բնական պայմաններով, պիտի փլին, պիտի կործանուին, աւազին անյուսութեան վրայ թողնելով քեզ ու բոլորս: Հայրենիքը մեր ազգային փրկութեան միակ յոյսն է, միակ տեղը: Հանրածանօթ բանաստեղծուհի, Մարուշ Երամեանը հետեւեալ հաստատումը ըրած է այս կարեւոր հանդիպումի ընթացքին. «Դրականն այն է, որ, ի վերջոյ, հասկցանք, որ վերջնական կեցութիւնը հայրենիքի մէջ է, ինչպիսին ալ որ ըլլայ հայրենիքին վիճակը, ան ՄԵՐՆ է, (գլխագիրները իմ կողմէս) իր լաւով ու վատով, նոյնիսկ եթէ պիտի տառապինք, թող մեր հողերուն վրայ տառապինք եւ ոչ թէ օտար հողերուն»: Ապրի՜ս Մարուշ, ջերմ համբոյր մը ճակտէդ:
Նոյնանման ազգաշէն ու սրտամօտիկ արտայայտութիւններ ունեցեր են նաեւ միւս բոլոր ներկայ գրողները:
Արդարեւ ազգային իմաստ ունեցող ու հրճուանք պատճառող դրական երեւոյթ մը էր այս հանդիպումը: Երանի անոնց, որոնք հաւատք ունին հայրենիքին վրայ: Հաւատք ունեցողներն են, որոնք կարողութիւնը ունին իրենց հաւատացածները իրականութեան վերածելու: Ներկայիս, անձնապէս կամ հաւաքաբար, Հայաստան փոխադրուիլը, Մեծ Եղեռնի միլիոնաւոր նահատակներուն մեզի ձգած անթառամ կտակին լաւագոյն արտայայտութիւնն է: Ի զուր, ուրիշ տեղեր մի փնտռէք այս սրբազան կտակին խորիմաստ հաւատարմութիւնն ու հնազանդութիւնը:
«Ով որ ականջ ունի եւ հաւատոյ բլթակ», թող այս ձեւով խոնարհի մեր բիւրաւոր նահատակներուն անյայտ շիրիմներուն առջեւ:
Ասիկա է բուն կտակը մեր նահատակներուն:

Մարգար Շարապխանեան