Մէկը միւսին ետեւէն ծառէն ինկող տերեւներու պէս իրեն կը քաշէ հողին անդիմադրելի կանչը: Մեկնողներու ներկայութեան կուսակցութեան ծառը աւելի տոկուն էր եւ անոր հովանին աւելի ապահովութիւն ու կորով կուտար, դիմանալու կամք կը ներշնչէր մեզի:
Այս անգամ հողին անդիմադրելի կանչը կը խլէ ու մեզմէ առյաւէտ կը բաժնէ մարմինը մեր կազմի նահապետին՝ սիրեցեալն Արմէն Օննիկեանի եւ մեզի կը թողու իր յիշատակը՝ որպէս ընտանիքի տիպար հայր, աւանդապահ ու ջերմեռանդ հայ, ազնիւ հոգի, համեստ նկարագիր ու գաղափարի զինուորեալ: Կ՛երթայ միանալու անդենականի իր հարազատներուն եւ գաղափարակից նուիրեալներուն:
Հանգուցեալին կեանքի պատմութիւնը նոյնն է, ինչ որ եղաւ իր սերունդին պատմութիւնը: Անոնց, որոնք կեանքին բացուեցան գաղթականութեան թշուառութեանց մէջ: Անոնցը դժխեմ պայքար մը եղաւ բախտին ու ճակատագրին դէմ: Այդ ճակատագրին դիմադրելն ու ոտքի կանգնիլը հերոսական ըլլալէ ետք, հրաշք էր: Ապա, տուն ու ընտանիք կազմելը, զրկանքի, չքաւորութեան եւ առօրեայ հացը ճարելու անորոշութեան մղձաւանջին մէջ համայնք ու գաղութ կազմակերպելը, հրաշքին մէջ՝ ուրիշ հրաշք մը եղաւ:
Համեստ մարդիկ էին անոնք, ուղղամիտ ու պարկեշտ, պարզ ազգայիններ, որոնք հարստութիւն ու մեծ-մեծ վկայականներ չունէին, բայց ունէին հաւատք ու ծառայութեան ոգի: Անոնք է որ կառուցեցին ու պահեցին եկեղեցի ու դպրոց եւ կազմակերպ գաղութ: Այդ անշահախնդիրներու աւագ ներկայացուցիչներէն է, ննջեցեալն Արմէն Օննիկեան, որ ի կենդանութեան տուաւ, ինչ որ կրնար տալ եւ այնքան ատեն որ առողջութիւնը կ՛արտօնէր: Տուաւ պարզօրէն եւ տարիքի պատճառով գործօն ըլլալէ դադրեցաւ անաղմուկ, ասպարէզը յանձնելով նորերուն:
Երբ մեր մէջն էին անոնք, մեզի գործակից, չէինք գիտակցեր, թէ որքան հարուստ ենք ու տոկուն՝ ազգային իմաստով: Տերեւաթափէն ետք միայն կը զգանք մեր աղքատացումը՝ անոնց բացակայութենէն:
Պատերազմի եւ անոր յաջորդող եղբայրասպան կռիւներու խառնաշփոթութեանց մէջ, նաեւ ու մանաւանդ ներհայկական թշնամութեանց տխուր, շատ տխուր ժամանակաշրջանին, երբ հայանուն դաւադիրներու թիրախ դարձած էին Դաշնակցութիւնն ու դաշնակցականները, երիտասարդ Արմէն Օննիկեանը, ուրիշներու հետ, հաւատարմութեամբ կը փարէր կուսակցութեան նպատակներուն եւ հետագայ տարիներուն ալ կը մնար պատնէշին վրայ:
Գաղափարի ու գործի նուիրեալ՝ երկար տարիներ եւ դժուար օրերու վարեց Ֆիքսի կոմիտէութեան ներկայացուցչի պաշտօնը, բայց իր գործին տարողութիւնը ծանօթ չեղաւ շատերու, որովհետեւ անոնցմէ էր, որոնց կուսակցական վարքագիծն ու համեստութիւնը կը թելադրեն, որ պաշտօնի վրայ եղողները պէտք է մնան վարագոյրի ետեւ, գործեն աննկատ ու անշշուկ: Մղեն ուրիշներ, որ հրապարակի վրայ երեւին: Երբեք, երբեք չփնտռեց փառք ու պատիւ, ձգտումը չունեցաւ իր զբաղեցուցած պաշտօնէն աւելի բարձրին, որուն արժանի էր ինք: Միշտ մնաց վարագոյրի ետեւ, առջեւի շարքերէն հեռու, պարզ ու համեստ:
Յունաստանի բռնատիրութեան եօթը տարիներու ընթացքին, երբ խստօրէն, ձերբակալուելու օրէնքով արգիլուած էին ժողովներն ու հաւաքները, հանգուցեալը ներկայացուցչի իր հանգամանքով երբեք չընկրկեցաւ օրէնքի խստութեան առջեւ, չվարանեցաւ ժողովական հերթական գաղտնի հանդիպումներ կազմակերպելու, թէկուզ նօսրացած թիւերով, որովհետեւ կը գիտակցէր, որ նոյնիսկ ժամանակաւոր սառեցումը կրնայ մտահոգիչ հետեւանքներ ունենալ կուսակցական կեանքի շարունակականութեան համար:
Մեծ-մեծ խօսքերու հեղինակ չէր: Իր խօսքին մեծութիւնը բիրտ անկեղծութիւնն էր, յարգանք ու ակնածանք պարտադրողը՝ խստապահանջութիւնը նախ ինքզինքէն, ապա գործակիցներէն: Իսկ գործին մեծութիւնը կը կազմէր սեւ աշխատանքի նուիրուածութիւնը, որ հիմքն է գաղափարական կազմակերպութեանց գոյութեան, գաղութային կեանքի աշխուժացման: Ամէնէն աննշան սեւ աշխատանքն անգամ մեծ գործի հմայք կը ստանայ, երբ կը կատարուի սրտով ու կրքով, ինչ որ յատկանիշն էր ննջեցեալ մեր երեց ընկերոջ:
Կեանքի պատերազմը արժանաւորապէս պատերազմելէ ետք սիրեցեալը յաւիտենական հանգիստի համար իր աչքերը փակած է ընդմիշտ՝ վստահաբար խղճի հանգստութեամբ, վկայելով որ իր երկու դուստրերը իրենց հօր գաղափարական ու քաղաքական նպատակներու ժառանգին հաւատարիմ՝ ներկայ են ազգային, կուսակցական ու միութենական աշխուժութիւններուն մէջ, յաճախ պատասխանատու պաշտօններով: Անոնց ճամբով եւ իր քաղցր յիշատակով մեր երեց ընկերը պիտի շարունակէ մնալ մեր մէջ:
Տխուր այս պահուն, գաղափարի ընկերներուն կողմէ սգակցողի մեր զգացումները կը յայտնեմ իր բոլոր հարազատներուն ու ազգականներուն:
Ձեր սուգը մերն ալ է:
Երկա՜ր ապրի՛ք, իր քաղցր յիշատակովը ապրիք: