Միամիտ են բոլոր անոնք, որոնք կը կարծէին կամ կը հաւատային, թէ Արցախի ազատագրութենէն ետք ամէն հայու ուխտավայրը պիտի դառնար այդ հրաշք երկիրը:
Թանկագին արեամբ ազատագրուած տարածք է, ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔ է, որուն պատմական նշանակութիւնը պէտք է կարենայ գնահատել իւրաքանչիւր հայ:
Դրախտավայր է: Գեղատեսիլ բնութիւն, բարենորոգ ճանապարհներ (գոնէ զբօսաշրջիկները հետաքրքրող ուղղութիւններու պարագային), համեմատաբար մատչելի գիներ, լաւ պայմաններով հիւրանոցներ… այս բոլոր տուեալները պէտք է խթան հանդիսանային ու մեր հայրենասիրական զգացումներու կողքին ուժեղ ազդակներ դառնային՝ մեզ դէպի Արցախի դարպասները ուղղորդող:
Հիմա, Հայաստան Հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կառուցուող ճանապարհով պիտի կարենանք Արցախին մինչ այսօր անմատչելի գեղատեսիլ միւս շրջանը՝ Քարվաճառ մտնել եւ պեղել անոր վայրի բնութիւնը:
Վերջին տարիներուն, Արցախեան պաշտօնական լուրերէն միշտ դրական նշաններ կը ստանայինք՝ զբօսաշրջիկներու թիւի աստիճանական աճին վերաբերեալ: Բացարձակ թիւերը միշտ ալ անբաւարար եղած են, սակայն առնուազն միտում մը կար աւելնալու: Կրնաք երեւակայել, ուրեմն, թէ ինչպիսի՛ յուսախաբութեամբ իմացանք, որ այս տարի, Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը ոչ թէ աւելցած է, այլ՝ չորս տոկոսով նուազած:
Կարելի էր մտածել, որ վերջին ամիսներուն նկատուած սահմանային լարուածութիւնը կրնար ոմանց համար մտահոգիչ ըլլալ, այնքան, որ անոնք փոխեն իրենց արձակուրդի ծրագիրները: Սակայն, ըստ Արցախի զբօսաշրջութեան ոլորտի պատասխանատուին՝ նուազման միտումը դրսեւորուած է սահմանային միջադէպերէն առաջ: Դարձեալ միամիտ են հաւանաբար անոնք, որոնք կը սպասէին, թէ այս միջադէպերուն իսկ պատճառով, դէպի Արցախ հայերու շարժը պիտի բազմապատկուէր, այլ ոչ թէ նուազէր:
Շարժի՛նք դէպի Արցախ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ