Հայկական բանակի երեք զինուորներուն՝ ուղղաթիռի անձնակազմի հրամանատար գնդապետ Սերգէյ Սահակեանի, Սարգիս Նազարեանի եւ Ազատ Սահակեանի, ճակատագիրը կը մնայ անյայտ:

Բանակի մը համար անշուշտ պատուի հարց է իր զինուորներուն տէր կանգնիլը՝ պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին կամ խաղաղ ժամանակ: Հայկական ուղղաթիռը խոցուած ըլլալով հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ՝ կարելի չէ եղած անկման վայրէն զոհերու մարմինները դուրս բերել:
Երէկուան դրութեամբ արդէն չորս օր անցած էր միջադէպէն եւ տակաւին կարելի չէր եղած յստակ իմանալ զինուորներու վիճակը՝ նահատակուա՞ծ են անոնք, թէ վիրաւոր: Մամուլի մէջ լոյս տեսած հաղորդագրութիւնները այն տպաւորութիւնը կը թողուն, թէ զինուորները նահատակուած են:
Միջազգային օրէնքի, Ժընեւեան ուխտի պայմանները յարգելով՝ Ատրպէյճան Կարմիր Խաչին միջոցաւ պարտէր զինուորներու մարմինները փոխանցել Հայաստանին: Փոխանցման գործընթացին հետ կապուած անորոշութիւնը ուղղակի շարունակութիւնն է հայկական ճակատը բարոյալքելու ատրպէյճանական քաղաքականութեան: Ատրպէյճան կ՛ուզէ սպառնալի թշնամիի իր կերպարը համոզիչ դարձնել Արցախի ու Հայաստանի բնակչութեան համար: «Տեսէ՛ք, ես զգետնեցի ձեր ռազմական ուղղաթիռը, իմ քմայքէս կախուած է ձեր զաւակներու դիակներուն յանձնումը եւ կրնամ այդպէս, անտէր, անտիրական, գիշատիչներու (մարդկային կամ կենդանական) ճանկերուն բաժին թողուլ զանոնք, եւ ձեր բանակը, որ ամպագոռգոռ սպառնալիքներ կը թափէ մեր գլխուն, ոչ մէկ բան կրնայ ընել՝ տէր կանգնելու համար ինկած իր զինուորներուն. սպառնալիքներուն դէմ մենք ալ կրնանք նոյնքան խիստ յայտարարութիւններ կատարել»:
Հայոց պատուախնդիր բանակը իր նահատակներուն մարմինները ազատելու ամէն միջոցի դիմելու պատրաստ է: Մենք վստահ ենք ատոր:

 

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ