ԹՈՒՐՔԻԱ - ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ԸՆԴՄԻՇՏ ԼԱՐՈՒԱԾ ՄԹՆՈԼՈՐՏ
Յաւակնոտ ու ինքնահաւան սուլթան եւ կրօնապետ, բռնատէր, փան-թուրանական ծրագիրը երազային աշխարհէն իրականութիւն փոխադրելու մասին մտածող Էրտողան իր յաւակնութիւնները ցուցադրելու նոր ձեւ մը գտաւ՝ նախագահական «Սպիտակ Պալատ»ի բացումով
Քեմալ Աթաթուրքէն ու ժամանակակից թրքական պետութեան ստեղծումէն ետք, Անգարա յստակ քաղաքականութիւն կը վարէ յոյն-թրքական հարցերուն մէջ: Ամէն անգամ, երբ թրքական պետութիւնը ինքզինք ուժեղ կը զգայ, իսկ նոյն պահուն Յունաստան նոյնիսկ փոքր «անորոշութիւն» մը կը դիմագրաւէ՝ Թուրքիա գիտէ իր ընելիքը...
Տուեալ պարագային, խօսքը կը վերաբերի կիպրական հարցին եւ Անգարայի սպառնալիքներուն: Թրքական իշխանութիւնները ճնշումներու եւ առաւելագոյնը ձեռք ձգելու քաղաքականութիւնը կը շարունակեն Կիպրոսի հարցով: Որեւէ կախում չունի, եթէ իշխանութեան գլուխը կը գտնուին քեմալականները կամ իսլամիստները, հարցը մէկ է՝ քննարկել Յունաստանի քաղաքական իրավիճակը, իսկ եթէ ճեղք մը կամ տկարութիւն մը նշմարեն՝ պահը նպատակայարմար կը նկատեն:
Միւս կողմէ, յունական կողմը զգօնութեամբ պէտք է ընկալէ ստեղծուած իրավիճակը, առանց մոռնալու անցեալի պատմական դէպքերը: Եւ օրինակները շատ են.- Յունաստանի մէջ Փափաղոսի կառավարութեան օրով 1955ին, Պոլսոյ մէջ յոյներու դէմ փոկրոմը. 1974ին Գարամանլիսի դէմ Իոաննիտիսի խունթայի օրով, «Աթթիլա»ի յարձակումը եւ հիւսիսային Կիպրոսի գրաւումը. Յունուար 1996ին, Գոսթաս Սիմիթիսի վարչապետութեան առաջին օրերուն՝ Իմիա կղզեխումբի դէմ թրքական յարձակումը, Եգէականի մէջ հարց ստեղծելու միտումով:
Այսօր Յունաստան դժուար օրերու մէջ է դարձեալ: Էրտողանական վարչակարգը ինքզինք հզօր կը զգայ իր երկրէն ներս, անգամ մը եւս առիթներ ստեղծելով որպէսզի գործադրութեան բերէ օսմանական իր տեսլականները: Նոյնիսկ գիտակցելով, թէ որքան վտանգաւոր եւ անբաղձալի կը նկատուի միջազգային ընկերութեան կողմէ:
Հ.