Երեւանի կինոյի փոքրիկ հրապարակին կից իր դասական ներկայութիւնը կը պարտադրէ Grand Hotel-ը, որու մուտքի նրբանցքին, պանդոկի բուն դահլիճը հազիւ մուտք գործելէ առաջ, քիչ մը շիկնած, քիչ մը գաղտագողի, բայց լման հասակով զետեղուած է սպիտակ, կամ սպիտականման գեղեցիկ արձան մը:

Արարչագործ գեղեցկութիւնը թերեւս կը շեշտէ նեղանցք վայրի մը մէջ զետեղուելու իր անյարմարութիւնը:
Գեղեցիկը ամէն տեղ պէտք է երեւի. գեղեցիկը ամէն տեղ պէտք է ցուցադրուի: Գեղեցիկին կարելի չէ երկրորդական դեր ու տեղ տալ:
Աստղիկ, Անահիտ, Նանէ թէ՞ Ծովինար:
Աստղիկ՝ որ կը խորհրդանշէ գեղեցկութիւն ու սէր. յոյն չաստուածուհի Ափրոթիտէի համազօրը: Աստղիկ ամուսնացած է կայծերու եւ շանթերու չաստուած Վահագնին (յունական դիցաբանութեան մէջ Իրաքլիսի համազօր էր, ոմանք ալ կը նմանցնեն Իֆէսթոսի, որ կրակի չաստուածն էր):
Անահիտը՝ Արամազդի (Զեւս-Տիաս) զաւակը, մայրութեան ու բերքառատութեան չաստուածուհին էր: Յունական դիցաբանութեան մէջ՝ Արտեմիս, ոմանք ալ կը նմանցնեն Տիմիթրայի:
Նանէն՝ Արամազդի զաւակը, պատերազմի չաստուածուհին էր: Կը նմանցնեն Աթինային:
Ծովինարը՝ ջուրի, ծովու, անձրեւի չաստուածուհին:
Յուշ թէ ինքնութիւն: Իւրաքանչիւր արձան իր ինքնութիւնը կը բնորոշէ, իր էութենէն եւ գեղեցկութենէն ալ անդին:
Հարց տուի պանդոկի ընդունելութեան պաշտօնեաներուն, արձանի հարազատ ինքնութեան մասին:
Զարմանքով իրար նայեցան: Յայտնի էր, որ զարմանալի կամ արտառոց հետաքրքրութիւն մը յայտնաբերող այս հարցումս առաջին անգամ կÿուղղուէր իրենց: Շփոթած էին իրենց անգիտութեամբ: Ոեւէ մէկը հետաքրքրուած չէր այդ արձանի ինքնութեան կամ պատկանելիութեան պրպտումով:
- Կը հետաքրքրուինք. խնդրենք, վաղը անցէք եւ պատասխանը կÿունենաք:
Յաջորդ օր, պատասխանը եղաւ ուղիղ եւ պարկեշտ, իր մէջ շեշտակիօրէն շալկելով անգիտութեան հոգեբանական դերը:
- Հարցուցինք, հետաքրքրուեցանք, չենք ուզեր սխալ պատասխան մը տալ ձեզի, բայց մարդ չի գիտեր:
Այս ամառ, Հայաստան երկրորդ այցելութեանս առիթով կրկին գացի այդ պանդոկը ստուգումս կատարելու համար: Արձանը կը մնար նոյն տեղը. սպինքսեան խորհուրդի իր գաղտնիքներով: Առանց որեւէ ճշդումի թէ լրացումի արձանագրութեան: Կ'երեւի, երբեք հարկը չզգացուեցաւ:
Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպիմ արձանի մը որ արժէգին եւ անուն չունի: Նոյնիսկ կեղծանուն: Անունին ինքնութիւնը անցողակիօրէն քովէն անցաւ եւ հետք չձգեց. այս պարագային՝ այդ ալ չձգեց:
Արձանները իրենց պատմութիւնը ունին. երեւութապէս՝ տիպար. ներքնապէս՝ խորհրդաւոր. արտաքնապէս՝ նաեւ անծանօթ: Անունով կամ անանուն: Ընդունելի ու պաշտուած, այն բանին համար, որ էին, կամ չէին. այն բանին համար, որ են, կամ չեն:
Մեր կեանքը մեր արձաններն են: Արձաններու ճամբան վերադարձ կÿունենայ: Իսկ երբ կը քանդուի՝ յուշ կ'ունենայ:
Արձանները ալ կան, որ յուշ ալ չունեցան երբեք: