Ահաբեկչական «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2003թ.ին Իրաքի մէջ: 2004-2006 թուականին կազմակերպութիւնը ղեկավարած է Աբու Մուսաբ ալ-Ղարգաւին: Իր կազմէն ներս մտնած էին ծայրայեղական 11 խմբաւորումներ, որոնք սերտ կապեր ունէին Ալ-Քայիտայի հետ:

ԻԼԻՊի (Իրաքի եւ Լըվանի Իսլամական Պետութեան)
գործունէութեան մեքանիզմներուն անդրադարձած է

The New York Times-ը, որը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան.-


ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ

Իսլամական պետութիւնը ունի բաւականին բարդ կառուցուածք եւ բազմաթիւ գործառոյթներ կատարող մարմիններ: Նման կարծիք ձեւաւորուած է Իրաքի ուժերուն կողմէ յայտնաբերուած եւ ամերիկեան պաշտօնեաներու կողմէ ուսումնասիրուած փաստաթուղթերուն վկայակոչումներ կատարելէ ետք:
Անոր առաջնորդներէն շատերը Սատամ Հուսէյնի բանակին մէջ ծառայած են, որոնք ընդլայնած են իրենց ռազմական փորձը ամերիկեան զօրքերուն դէմ կռուելու ժամանակ:
Ապու Պաքր ալ-Բաղդադին ԻԼԻՊի ինքնահռչակ խալիֆն է, որ ունի երկու օգնականներ: Անոնցմէ մէկը պատասխանատու է Սուրիոյ, իսկ միւսը՝ Իրաքի համար:
Այնուհետեւ յաջորդ մարմինը ղեկավարներու խորհուրդն է: Պարոն Բաղդադին ունի բազմաթիւ խորհըրդականներ, որոնք ունին իր մօտ ուղղակի մուտք գործելու իրաւունք:
Այս խորհուրդին անդամները կþօգնեն հասկնա- լու կրօնական տարբերութիւնները, կը մշակեն ԻՊի դոկտրինը (ուսմունքը):
Յաջորդ մարմինը կաբինետն է (կառավարող խորհուրդը), ուր կան բազմաթիւ յանձնաժողովներ՝ ֆինանսական, անվտանգութեան, վերարտադրութեան:
Յաջորդ մակարդակին տեղական առաջնորդներն են: Այսպիսի առաջնորդներ կան Սուրիոյ եւ Իրաքի ամբողջ տարածքին մէջ, որոնք կը ներկայացնեն կազմակերպութիւնը:


ՏԱՐԱԾՔԸ

ԻԼԻՊը արագօրէն կ'աւելցնէ իր վերահսկողութիւնը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ՝ գրաւելով նորանոր քաղաքներ եւ բնակավայրեր, կարեւորագոյն ենթակառուցուածքներ եւ սահմանաբաժիններ:
Ամրան ընթացքին խումբը աւելի խորը ներթափանցեց Սուրիոյ տարածքին մէջ՝ գրաւելով նոր բնակավայրեր, կառավարական ռազմական բաժիններ: Այն դեռ եւս կը փորձէ իր վերահսկողութիւնը յստակացնել Իրաքի եւ Սուրիոյ սահմաններուն վրայ:
ԻՊը որոշակի յենակէտեր ձեռք բերած է Իրաքի մէջ, ուր ամերիկացիները կը փորձեն օգնել Իրաքի քիւրտերը՝ յետ նուաճելու Մոսուլն ու թուրքմենական Ամերլի քաղաքը:

ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ
Նաւթի վաճառքէն ստացուող միլիոնաւոր տոլարներու եկամուտը ԻԼԻՊին դարձուցած են պատմութեան մէջ ամենահարուստ ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն մէկը: Փորձագէտները իրենց օրական եկամուտը կը գնահատեն 2 միլիոն տոլարի:
Խմբաւորման ենթակայութեան տակ են Սուրիոյ արեւելքը գտնուող նաւթահորերը: Յուլիս ամսուն ԻԼԻՊի մարտիկները իրենց ենթակայութեան տակ վերցուցին երկրի ամենամեծ նաւթահորերէն մէկը՝ Օմարը, ուրկէ օրական 30,000 պարել նաւթ կ'արդիւնահանուի: ԻԼԻՊն ընդլայնեց իր հարուածները Իրաքի նաւթարդիւնաբերական կեդրոններուն վրայ դեռ եւս Յունիս ամսուն, իսկ Օգոստոսին մտաւ քրտական տարածքներ, ուր մեծ մասամբ կը գտնուէին նաւթահանքերը: Փորձագէտները կը գնահատեն, որ Իրաքի նաւթահանքերը օրական կարող են տալ 25,000-40,000 պարել, որը ամենաքիչը կ՛արժէ 1.2 միլիոն տոլար:

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒՄԸ
Երբ ԻԼԻՊը քաղաքներ կը զաւթէ, անոնք կը պահէ կոշտ ուժի ենթակայ: Կրօնական ոստիկանութիւնը կը հսկէ, որ խանութները փակ ըլլան իսլամական տօնակատարութիւններու ժամանակ, իսկ կիները իրենց երեսները կը ծածկեն: Հասարակական վայրերուն մէջ պէտք է ծածանուի իրենց սեւ դրօշը: Միեւնոյն ժամանակ ԻԼԻՊը շուկաները, հացատները եւ կազալցակայանները կը ձգէ, որ աշխատին:


ԶՕՐՔԸ


Կեդրոնական հետախուզական վարչութիւնը կը կարծէ, որ ԻԼԻՊը 20,000 եւ 31,500 մարտիկներ ունի Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, 15,000 ճիհատիստներ ալ ունին ուրիշ երկիրներու մէջ: Արտասահմանեան կռուողներու մեծ խումբերը կուգան մուսուլմանական երկիրներէ՝ Թունիսէն, Սաուտի Արապիայէն: Փոքր քանակով կուգան նաեւ Պելճիքայէն, Չինաստանէն, Ռուսաստանէն եւ ԱՄՆէն:

ԶԷՆՔԵՐ

ԻԼԻՊը միլիոնաւոր տոլարներու ռազմական սարքեր գողցած է Իրաքի եւ Սուրիոյ ռազմակայաններէն: Ան նաեւ տիրացած է դուրսի կառավարութիւններու կողմէ ֆինանսաւորուող կազմակերպութիւններու տեխնիկային: Անոնք իրենց ենթակայութեան տակ ունին M79 հրթիռներ M16 եւ M4 հրացաններ: