Արամի փողոցին վրայ, Տիգրան Հեքեքեանի տաղանդաւոր երգիչներու երաժշտանոցին կից, երկու երիտասարդներ խաչքար կը քանդակեն, խրճիթանման բացօթեայ աշխատանոցի մը մէջ: Քանդակ յղկելը մշակոյթ յղկել կը նշանակէ: Պէտք ունինք արուեստի, պէտք ունինք պատմութեան սխալ անկիւններու յղկումին:
Յղկումը ստեղծագործական է, իսկ քանդակագործը մնայուն կերպով մրցակցութեան մէջ է իր ստեղծագործական արուեստին հետ: Այդպէս կը կազմաւորուի իր մտածումի ուժը, այդպէս կը կոփուի իր արուեստի անհատականութիւնը:
- Երիտասարդներ, կարելի՞ է լուսանկարել:
Իրենց հաւանութիւնը ստանալէ ետք, կը մօտենամ քանդակագործներուն:
- Այս մէկը հին խաչքար մը կը թուի ըլլալ:
- Այո՛, Ջուղայի պատմական խաչքար մըն է: Կ'երեւի փրկուեցաւ ազերիներու բանակի կոտորածներէն...
* * *
Խաչքարը մարդկային պատմութեան ու բնութեան լրացուցիչ մասունք մըն է: Ան կախուած է մեզմէ, մենք ալ իրմէ: Իրմով առանձին չենք զգար բնաւ: Խաչքարով մեր պատմութիւնը աւելի գրաւիչ կը դառնայ եւ մեր առջեւ կը բանայ հայոց պատմութեան լուսաւոր էջեր:
Հայաստանը խաչքարի երկիր է: Արարատէն վերջ, ամէնէն աւելի խաչքար կը ցուցադրուի, քանի ան մեր ազգային ամէնէն թանկագին գանձն է, մեր արժէքներուն պահապանն է, ինչպէս մագաղաթը:
Վերջին 20 տարիներուն խաչքարը հայրենի սահմաններէն դուրս եկաւ եւ տեղադրուեցաւ Սփիւռքի տարբեր հայաբնակ վայրերու մէջ: Յունաստանի մէջ մօտ 10 հատ: Հայաստանաբնակ խորհրդանիշը վերածուեցաւ Սփիւռքաբնակ խորհրդանիշի ալ:
Խաչքարի խորհուրդը Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ միեւնոյնն է: Իր գինը ունի: Իր քաղաքական մշակոյթը ունի: Երբեմն մեռած բաներ ալ կÿողջնցնէ:
Հայաստանի թէ Սփիւռքի հայը նոյն ջերմեռանդութեամբ կը խոնարհի իր խորհրդանիշներուն առջեւ: Խաչքարը Հայաստանը վերածած է Սփիւռքի եւ Սփիւռքը Հայաստանի: Աշխարհի հայը կապուած է իր հնութիւններուն ու սրբավայրերուն:
Խաչքարը առանց տարազի զինուորի մը խորհուրդը կը ներշնչէ: Ան՝ ե՛ւ խաչ է, ե՛ւ սուր է, ե՛ւ բանաստեղծութիւն, եւ այս բոլորի փոխ կապուածութեան երաշխիք ու հաւաստիք մեր ապագայ կեանքին համար:
Հայոց խաչքարը կը պատկանի հայ կեանքի բոլոր ժամանակներուն. կը խօսի սակայն անցեալի ոճով, բայց ներկայ ոճին ալ հատուցում շնորհելու իրաւունքը չի զլանար: Տեղ-տեղ լուծած է հայութեան հարցերը, ուրիշ տեղեր Սփինքսի պէս լուռ կը մնայ ու լուռօրէն կը գոյատեւէ ժամանակի անախորժ քամիներուն ու փոշիներուն դիմաց:
Խաչքար կը նշանակէ գեղեցիկը տեսնել ու հիանալ անոր ներդաշնակութեան վրայ: Բայց խաչքարն ալ յաճախ իր գեղեցկութեան զոհը գացած է, հակառակ որ հասարակաց գեղեցկութիւնը անգնահատելի իմաստ մը դարձած չէ բոլորիս համար:
Խաչքարը գաղափարական յատկանիշներ ալ ունի. նախ իր մէջ կը պարփակէ վարդագոյն քարի անմահ խորհուրդը, որ վարդագոյն պատմութիւն տուաւ հայուն եւ այդ պատմութիւնը ժամանակէ-ժամանակ հայկական մտածում ու ապրում դրսեւորեց: Աւելին, վկայեց թէ շատ հին է ու իր հնութեան ընդմէջէն տեւաբար կը մեծնայ: Հնութիւնը ցոյց կուտայ իր ծագումը եւ ծագումը աներեւոյթ թշնամի մը ունի, որ անխնայ ժամանակն է: Այդ ժամանակը հասունութեան ցուցանիշ է. կը յուշէ թէ մահուան հետ կեանքն ալ կը վերջանայ: Կեանքն ու մահը բնորոշում կուտան հայուն ու Հայաստանին: Միշտ այդպէս եղած են:
Մենք հպարտ ենք խաչքարի անցեալով ու ներկայով: Անոր անցեալի ու ներկայի ծագումին կը յաջորդէ բնական ծնունդը: Այդ ծնունդը երբեք արձակուրդ չÿառներ, որովհետեւ տեւաբար ստեղծագործելու կարիքը կը զգայ՝ մարդոց ճամբով, մարդոց համար, մարդկութեան համար:
Խաչքարը կը զօրացնէ հայու հաւաքական արժէքներու, հաւաքական խիղճի գոյատեւման բնազդը՝ դէմքերու եւ դէպքերու տեսլականներու բովով, քանի բոլոր հայերու հանդիպման վայրն է: Եթէ խաչքար ունիս՝ ձայն ալ ունիս, Եթէ խաչքար չունիս՝ ձայն ալ չունիս: Իսկ եթէ ձայն չունիս՝ նպատակ ալ չունիս: Խաչքարը գիտէ այդ բոլորը եւ կը հանդուրժէ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն տկարութիւններն ու այլանդակութիւնները:
Խաչքարը մարդակեդրոն փիլիսոփայութիւն մը կը պարփակէ իր մէջ: Մեր քրիստոնէական աւանդութեան մէջ խաչքարը սուրբ է: Երբ խաչքարին վրայ ազատութիւն կամ մահ կÿարձանագրուի, ըսել կÿուզէ, թէ երբ ազատութիւն չկայ, ուրեմն մահ է: Հայկական խաչքարի վրայ կրօնքի, հայրենիքի ու ժողովրդային իմաստութեան ըմբռնումը տարբեր համեմատութիւններ ունի, քան այլ ազգերու մէջ:
Խաչքարին առջեւ երդում կատարելը ուրիշ երդում տալ է: Գիտեմ, որ խաչքարի առջեւ կուսակցական երդում ալ տրուած է: Խաչքարը միայն իր ժամանակի երդումը չի խորհրդանշեր. անոր երդումը հեռանկար ունի. պարզ իմաստով կաղապարի մէջ չի մտներ, հակառակ իր ստացած սուրի, փամփուշտի անխնայ հարուածներուն:
Խաչքարը իր ծակոտկէն քարախոռոչներուն մէջ յեղափոխական հունտ ունի. զգայուն է, բայց տկար չէ. ժողովուրդի տկարութիւնները ուժի վերածելու գաղտնիքը լաւապէս իւրացուցած է:
Հայը փոքր տարիքէն սիրած է խաչքարը, նոյնիսկ առանց մօտէն զայն տեսած ըլլալու: Տօնակատարած ու միաժամանակ սգացած է իր առջեւ: Գծած է զայն դպրոցական նստարաններուն վրայ: Բանաստեղծութիւններ գրած է երիտասարդ տարիքին, իսկ չափահասութեան տարիներուն այցելած է Հայաստան-Արցախ-Ջաւախք-Նախիջեւան ու խոնարհած է այդ հողին առջեւ որ հիւրընկալած է իր արմատները:
Խաչքարը յոյսի մեկնակէտ մը ունի իր մէջ. բացատրելի թէ անբացատրելի, իմանալի թէ անիմանալի: Չեմ գիտեր, եթէ մեր կեանքին մէջ եկաւ մեր երազներէն առաջ, թէ վերջ, բայց վստահաբար մաս կազմեց ազգի երազներուն:
Է՜ր ժամանակ, երբ խաչքարը ճանչցաւ խօսքի ու գործի բարբարոսութիւն. բարբարոսութիւն՝ որ տիրեց ու տիրապետեց մեր պատմութեան ողբերգական կշռոյթներուն մէջ: Խաչքարը պատասխանատու չէր իր պատմութեան համար: Երբ զոհեր կան՝ զոհերը շատ են, զոհերը քիչ են ըսելը, որեւէ իմաստ չունի: Զոհը զոհ է:
Մեր երազած խաչքարը Հայաստանն է: Հայաստան առանց խաչքարի չ'ըլլար: Խաչքարը մեր կեանքի հաւաքական արժէքներուն մաս կը կազմէ: Այդ արժէքը կը նկարագրէ իր կեանքը դարերու ընդմէջէն: Դարերը մեր ժառանգութիւնն են: Ժառանգութիւնը միշտ ալ անուն չÿունենար, բայց իրական կապ մըն է հինի ու նորի միջեւ:
Հայը չի կրնար ապրիլ առանց երազի, առանց խաչքարի, քանի իր երազը խաչքար է, եւ խաչքարը երազ: Խաչքարը մեզի երազի մարդ դարձուց եւ երազին քով, մեզի տուաւ իղձ ու տեսլական: Խաչքարը որ կ'երազէ՝ աւելի խաչքար կը դառնայ:
Խաչքարի ճշմարտութիւնը իր յիշողութեան մէջ է: Յիշողութիւն եւ յոյս նոյն ճանապարհէն կը քալեն եւ կ'օգտուին ազգի ու ժողովուրդի ազդեցութիւններէն, փորձառութիւններէն: Խաչքարը պատասխանատու չէ իր եւ այլոց ճակատագրին համար:
Մեր կեանքը լեցուն է խաչքարի վայրկեաններով, որ կը վերանորոգեն մեր կեանքն ու ապագան: Կեանքը կը վերջանայ. ապագան՝ ո՛չ:
Խաչքարի հայրենասիրութիւնը գոյն չունի. բոլորին կը պատկանի. Երագոյնին պէս:
Եթէ կ'ուզէք գիտնալ թէ հայը ուրկէ՞ կուգայ, ո՞ւր կ'երթայ, խաչքար քանդակեցէք փողոցներուն մէջ: Փողոցները արթնութիւն ունին: Փողոցը հայու թաղուած յիշողութիւնը կը վերականգնէ, մեզ կը վերադարձնէ անցեալէն դէպի ներկայ:
Արամի փողոցի երկու երիտասարդները իւրացուցած են այս իմաստասիրական խորհուրդը եւ կը քանդակեն մեր ազգի հաւատարմագրուած պատմական ճշմարտութիւնները եւ գոյութեան իմաստը, բարոյական գերագոյն պատասխանատուութեամբ:
Երախտապարտ ենք քեզի. խաչքար, սիրելի՜ս:
Թէեւ մեր հազարաւոր խաչքարերը որեւէ տեղ գրանցուած չեն, կը հաւատամ, թէ օրը պիտի գայ, երբ խաչքար մըն ալ պիտի զետեղուի Արարատի կատարին:
Արարատը մեր առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ յաւիտենական դէմքն է:
Յովսէփ Պարազեան
(Շար 17)