Յունուար էր 1941-ին, երբ անակնկալ լուրը կայծակի պէս տարածուեցաւ Կրետէի Իրաքլիօ քաղաքին մէջ: Անհաւատալի, բայց իրական: Առաջին իտալացի գերի զինուորները ալպանական պատերազմի ճակատէն Կրետէի Իրաքլիօ քաղաքը կը փոխադրուէին:

Անգլիական ռազմանաւեր իտալացի գերիները բերին Կրետէ: Իրաքլիոյի բոլոր ժողովուրդը, մեծով ու պզտիկով, համախմբուեցաւ արեւմտեան մեծ պողոտային վրայ, ուրկէ պիտի անցնէին գերի բռնուած իտալացի մեր «բարեկամները»: Անհամբեր էինք բոլորս տեսնելու այդ մարդոց, որոնց կառավարիչը՝ մեծամիտ բռնապետ Մուսոլինին, կը վստահեցնէր, թէ Յունաստանը պիտի գրաւէին առանց որեւէ դժուարութեան. պարզ պտոյտ մը... (լրագիրները, ռատիօները ամիսներ առաջ այդ գորոզ ճառերը կը սփռէին. մենք կը լսէինք եւ կը մտահոգուէինք, բայց հիմա ահա՛ մեր աչքին առջեւը՝ ինչպիսի՜ նուաստացում կը տեսնէինք...)։

Յանկարծ հեռուէն երեւցան իտալացի զինուոր գերիները: Մօտ 200 հոգի, մութ կանաչ տարազ հագուած, խեղճ վիճակ մը կը ներկայացնէին, բայց զուարթ տրամադրութեամբ։ Իրենց կեանքը փրկուած էր։ Անոնցմէ շատեր գլխարկ կը կրէին, ուրիշներ պարզ զինուորական մաշած վերարկու մը։ Խճանկար մըն էին անոնք, գերի զօրք մը, որ յաղթական պիտի գրաւէր Յունաստանը... բայց հիմա նուաստացած՝ մեր առջեւէն կþանցնէր իր փոշոտած քայլերով...
Իտալացի գերիներուն խմբակին կþընկերանային յոյն զինուորներ, պահակներ։ Երբ խումբը մօտեցաւ ժողովուրդին, քննադատական բացագանչութիւններ լսուեցան իտալացի գերիներուն դէմ։ Յանկարծ, պահակ զինուոր մը, իր գօտին հանելով սկսաւ գերիներուն հարուածել, որպէսզի աւելի արագ քալեն։ Տգեղ երեւոյթ մըն էր, որ անձնապէս զիս նեղացուց։ 15 տարեկան պատանի էի եւ խորապէս տպաւորուած էի ամբողջ եղելութենէն։
Գերիները տեղաւորուեցան մթերանոցի մը մէջ, Վենետիկեան բերդին դուրսի պուրակին մէջ։ Այդ տխուր տեսարանը սակայն շատ սովորական եւ ամէնօրեայ մարդկային պատկեր մը դարձաւ, երբ իտալացի գերիներէն մէկը, պզտիկ պուրակին մէջ բոյն մը գտաւ, լեցուն հաւկիթներով, դրացի տուներու հաւերէն մոռցուած...։ Ուրախ բացագանչութիւններով իտալացիները հաւկիթներ լեցուցին իրենց գլխարկներուն մէջ եւ տարին իրենց հետ, երեկոյեան ընթրիք սարքելու համար։ Բախտաւոր գերիներ ալ կան՝ մտածեցի։
Յաջորդ օր, յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ զին¬ ւորական հրամանատարութեան կողմէ։ Զինուորական ղեկավարութեան մօտ կը հրաւիրուէին բոլոր անոնք, որոնք իտալերէնի կը տիրապետէին։ Հազուագիւտ էին իտալերէն գիտցող անձերը։ Մօրեղբայրս՝ Գէորգ Մատանեան, բաւական լաւ կը տիրապետէր այդ լեզուին, ուստի ներկայացաւ հրամանատարութեան մօտ։ Ուրիշ մանրամասնութիւններ չեմ յիշեր։
Գերիներուն մէջ անձ մը կար, շատ իւրայատուկ դիմագիծով, որ խորապէս տպաւորած էր զիս։ Երեք ամիս յետոյ պատահմամբ հանդիպեցայ այդ անձին, ուրիշ գերիներու հետ, որոնք աւազ կը փոխադրէին զինուորական կարիքներու համար շինարարական աշխատանքներ կատարելով։ Բոլորն ալ շատ լաւ վիճակի մէջ էին...։


Եփրեմ Գասպարեան