Արամ Մանուկեանի մասին կը խօսինք: 
Արամը որ չըլլար՝ այսօր Հայաստան չէր ըլլար:
Աբովեան փողոցի յարակցութեամբ Արամի երկյարկանի տունը՝ լքուած, կիսափուլ վիճակի մէջ: Տասնամեակներէ ի վեր: Մուտքին ցուցատախտակ մը միայն կը յիշեցնէ որ հոն ապրած է մեծանուն հայը: Շատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ չէ նաեւ իր գերեզմանը: Կը մնանք բաց բերանով:

Այս անընդունելի տեսարանին դիմաց: Այսպիսի՞ յարգանք ու արժեւորում ցոյց կուտանք հայրենիք կերտողներուն հանդէպ: Արժեւորումը դիւանագիտական ազդեցութեանց պէտք չէ ենթարկուի երբեք, իրենց պաշտօնները ըստ կամս շահագործողներու կողմէ: 

Չեմ գիտեր ինչու, ես Արամը կը նկատեմ հայութեան Ճորճ Ուաշինկթընը: Բաղդատականը պատահական չէ:
1978ին, երբ առաջին անգամ, այսպէս ըսած «Սովետի օրով» Հայաստան այցելեցի, վերադարձիս, օրակարգային տպաւորութիւններս մամուլին մէջ հրատարակելու առիթով՝ գրած էի թէ «Արմենիա» հրապարակի կեդրոնին բարձրացած Լենինի մեծադղորդ արձանը պէտք է տապալի ու անոր փոխարէն բարձրանայ ազատ ու անկախ Հայաստանի հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանը:
Այս գաղափարը կը հիմնուէր պատմական արդար գնահատանքի մը իրողութեան սեւեռակէտին վրայ, որ կÿարդարացնէր, նոյնինքն ազգային անհատական թէ հաւաքական արժէքներու կենդանի չափանիշ մը, բայց երբե՛ք թանգարանային իմաստ ու մենակեաց լքուածութիւն մը:
Հպարտ կը զգա՞նք մեր պատմութեան հանդէպ: Այսպէ՞ս...:
Իր ատենին արտայայտուած վիպապաշտ հռետորականութիւն յիշեցնող գաղափարա մըն էր, թերեւս փութկոտ մտածում մը, վստահաբար պատմական ճշմարտութիւն մը վերականգնելու ճիգ մը, անկոչ երիտասարդի մը կողմէ:
Քանի մը տարի առաջ, նոյն առաջարկը դրսեւորուեցաւ Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան Երեւանեան ելոյթի մը առիթով:
Ժամանակը երբեմն կը ստիպէ մեզ որ ժողովրդային հերոս մը մոռնանք. բայց հերոսն ալ կրնայ յաճախ մոռցնել տայ իր հետագայ ժամանակը:
Անկախութեան օրերուն, Լելինին արձանը տապալեցաւ, բայց անոր տեղ Արամին արձանը չբարձրացաւ: Չբարձրացաւ մինչեւ այսօր: Անոր տեղը թափուր կը մնայ:
Կը թուի թէ կը գտնուինք յարափոփոխ նոր յեղափոխական շարժառիթներու առջեւ:
Լենինի արձանը չտապալեցաւ, այո՛, բայց Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի ժողովրդային ցոյցերէն ետք, 1966ին Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ կառուցուեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յուշարձան-կոթողը:
Լենինի արձանը չտապալեցաւ, այո՛, սակայն սովետահայ ղեկավար Անտոն Քոչինեանի օրով, 1969ին կառուցուեցաւ Սարդարապատեան համալիրը:
Երկուքն ալ Սովետի օրով: Երկուքն ալ ժողովրդային պահանջատիրական ժողովրդային պորթկումներու հետեւանքով, որ պատճառ եղան որ պաշտօններէ հեռացուին ԿԿոմի Ա. քարտուղար Յակոբ Զուրաբեանն ու Անտոն Քոչինեանը:
Քաղաքականութիւնը այդ օրերուն ալ ղեկավարներու պէտք ունէր. ղեկավարներ՝ որ կապուած ըլլան հայրենիքին եւ կապ ունենան հայրենիքի անցեալի պատմութեան հետ:
Դժբախտաբար սակայն, մեր օրերուն, եւ երկար ժամանակէ ի վեր՝ քաղաքագէտները մեր կեանքի ցուցանիշը չեն կազմեր:
Կարծեմ թէ՝ շատեր կը շփոթեն անցեալը ներկային եւ կամ իրենց քաղաքական արեւելումներուն հետ: Անկախութենէն ետք, Հայաստանը ինչո՞ւ չի խօսիր Արամի մասին: Ի՞նչ դեր վերապահած է իրեն համար անկախութենէն երկուքուկէս տասնամեակ վերջ լուռ մնալով: Վստահաբար յանցաւոր լռութիւն մը:
Արամը Դաշնակցական էր, ինչպէս Դաշնակցական էր 1918ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստեղծած կառավարութիւնը:

* * *
Արամին՝ պատմականօրէն քաղաքական տիպարի արժանի ճանաչում շնորհելը ազգային ու քաղաքական բարոյականութեան հարց է: Բարոյականութիւնը իր ապրած տունը լքուած վիճակի մէջ պահելով չÿըլլար: Այսպէս, կ'իմանանք թէ, իշխանութիւններէն աւելի սրտցաւ կեցուածք ցուցաբերեց երիտասարդ հայորդի մը, որ գնեց Արամին տունը, ոչ առեւտրական նկատումներով, այլ ազգային մեծ գործիչի պատմական դերակատարութիւնը փրկելու ու արժեւորելու մտահոգութեամբ: Աւելին՝ Հայաստանի նորանկախ հանրապետութեան դերակատարութիւնը հաստատելու հեռանկարով:
Արամի պատմութիւնը մեր բոլորիս պատմութիւնն է: Միսով ու ոսկորով, նաեւ արիւնով: Արամի արիւնը միայն կարմիր չէր, լաւ որակ ունէր: Քաղաքական որակ ունէր, այդ իմաստով ալ ան իր յետնորդներուն, յետ մահու ինքնութիւն տուաւ, ազգային ու գաղափարական անձնաթուղթ տուաւ:
Այնքան ատեն որ կը խօսինք մեր հերոսներուն մասին, այնքան ատեն որ կը յիշենք զանոնք, անոնք պիտի ապրին մեր մէջ եւ մեզմէ դուրս, որովհետեւ մեր հերոսները մեր կեանքի կենդանի պատմութիւնն են: Արամը իր պատմութեամբ իր ճակատագիրը կապեց մեր ազգի ճակատագրին: Անոր պատմութիւնը չի կրնար կրկնուիլ այլ ժամանակներու մէջ, քանի հերոսները մէկ անգամ կը վճարեն իրենց հայրենասիրութեան գինը: Եւ այդ գինը միայն իր ժամանակի ժողովրդային զգայնութիւններուն համար չեղաւ. գին մըն էր մանաւանդ, որ յեղափոխական հունդ ու լռելեայն ազգային հեռանկար ունէր:
Արամի պէս հերոսները վերջացան մեր կեանքէն: Հիմա հերոսութիւնը դիմագիծ փոխեց, կամ անոր դիմագիծը տժգունեցաւ եւ կամ անդիմագիծ մնաց: Թերեւս այս պատճառով, աւելի քան երբեք անկախութեան տեսլականը պատահականօրէն կը փնտռենք, հապճէպօրէն կը վերլուծենք, կը գտնենք, չենք գտներ, կամ ալ աղաւաղուած իրականութեան մը առջեւ կը գտնուինք: Այսօր, արդէն, անկախութիւն ըսելով, բոլորս նոյն բանը չենք հասկնար: Անկախութեան գաղափարը ուրիշ ներշնչում ու մշակոյթ ունէր Արամին համար: Հիմա՝ յեղափոխական խորհրդանիշները մասամբ տժգունած են, ուրիշ տեղեր ալ տապալած են:
Արամ պետական մտածելակերպով եղաւ իր անձին դերակատարը: Ծնաւ ժամանակի մը մէջ, որ անոր գործը երեւակայական գործ մը չեղաւ: Այսօր Հայաստան մը կայ: Հայաստանի գոյութիւնը խափկանք մը չէ: Ի՜նչ ըսեմ սակայն, երբ շատեր կը դժուարանան հասկնալու մեր ժամանակներու լուրջ մարտահրաւէրներուն գրաւը: Հասկնալու համար այդ մէկը, նախ քիչ մը երազապաշտ պիտի ըլլանք տեսլականներու նկատմամբ: Մնացեալը՝ լաւատեսութեան հարց է, որ վերջը ինքնաբերաբար կուգայ լրացնելու իր պակասը:
1918ին, մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութիւն ստեղծուեցաւ: Իսկ Արամը՝ այդ հանրապետութեան լիարժէք անկախութիւն շնորհեց, անկախութեան համար շարունակական յեղափոխութեան սերմը դրաւ ու աճեցուց զայն, հիմնեց ազգային գաղափարաբանութիւն եւ այդ գաղափարաբանութեան քաղաքական մշակոյթ շնորհեց: Սորվեցուց մարդոց, որ եթէ անկախութիւն կÿուզեն՝ անհրաժեշտ է որ անկախութեան գաղափարին ներդաշնակեն նաեւ անոր բարիքները շնորհող կեանք ու ապրելակերպ: Աւելին՝ զուգորդեց իրենց կեանքը անկախութեան գաղափարի նոյնացման եւ արդարութեան քաղաքակրթութեան հետ:
Սերունդները միայն այս ձեւով տեսլական կ'ունենան:
Բայց շատ խօսուեցաւ իր անձին եւ կեանքին մ ասին: Աւելի պէտք է խօսուի իր գործին համար: Սովորական բառերու եւ նախադասութիւններու պարտադրած շուքէն անդին: Պէտք է խօսիլ 1918ին առաջին անգամ ծածանող մեր Եռագոյնին մասին, Սարդարապատեան հերոսապատումներուն մասին:
Եթէ Արամ ապրէր, պիտի չմտածէր որ իրեն համար տարբեր պէտք է խօսիլ, տարբեր պէտք է վերաբերուիլ, տարբեր բառամթերք գործածել: Ան անցողակի դերերու եւ իրար հրմշտկող պաշտօններու խաղին մէջ չմտաւ: Իրական ծառայութիւնը ընթացիկ դերեր չի ճանչնար արդէն, ոչ ալ հերոսութիւնը, ոչ ալ նահատակութիւնը:
Ոմանք քաղաքականութիւնը կը տեսնեն իբրեւ ասպարէզ, իբրեւ ապրուստի միջոց, իբրեւ յաճախորդային յարաբերութիւն: Արամ այս բոլորէն տարբեր բան մը սորվեցուց մեզի: Ան մեր մէջ արմատացուց յեղափոխական լոյսի մեկնակէտը:
Արամ հեռու մնաց պարզ իմաստով հասկցուող շահաբեր ասպարէզէ ու ապրուստէ: Լիարժէքօրէն մաս կազմեց ազգի պատմութեան եւ մնաց պատմութեան խոնարհ հերոսներու շարքին:
Յետ Արամի Խորհրդային հայաստանը մաս կազմեց իր ժամանակի հարկադրած քաղաքական վերիվայրումներու զարտուղի խաչբառին: Հորիզոնական ու ուղղահայեաց: Կամ ալ հակառակը: Կամ ալ փոխադարձաբար:
Այսպէս կը պատահի, երբ մեր ժամանակներուն անկախութիւններն ալ կը վերածուին քաղաքական անհաշտ ու չհաշտուող մարզանքներու, որոնք վստահաբար կը ջքացնեն հայրենասիրութեան հաւասարակշռուած չափանիշները:
Հայրենասիրութիւնը անվճար կÿըլլայ: Գիտէ՞ք, աշխարհի ամէնէն լաւ բաները անվճար կÿըլլան: Անվճարին վարձատրութիւնը հոգեկան անսահման գոհունակութիւնն է. գոհունակութիւնն ալ հարստութեան ձեւ մըն է, մի՛ կասկածիք:
Զարմանալի է. հիմա որ անկախութեան շրջագիծը տարածուած է, ազատ ու անկախ Հայաստանը տակաւին կը դժուարանայ այսպիսի հարցերու մէջ իր ընտրութիւնը կատարելու: Գիտնանք սակայն, թէ հայրենիքները ամբողջական գաղափարներու եւ պատմական շարունակականութեան շղթայի օղակներու վրայ կը հիմնուին: Ժողովրդավարութիւնը կը թուի թէ իր քաղաքական ու գաղափարական տագնապը կÿապրի, ատոր համար ալ կÿապօրինականացնէ մեր ազգային աւանդութիւնը մեկնաբանող կամ չմեկնաբանող արժէքները:
Այս տագնապները դատապարտուած են որ կեանքին մէջ պատմական արժէքները շարունակութիւն չունենան. մինչ այդ, կը թուի թէ Հայաստանի իշխանութիւններու եւ պատմական յուշին հետ կապը վտանգաւորօրէն հասունցած չէ:
Պատմութիւն առանց յեղափոխութեան ու գաղափարաբանութեան չ'ըլլար, այլապէս կը կորսուի հայրենիքի մը անկախութեան յուշն ու հեռանկարը:

 

Յովսէփ Պարազեան

 

(Շար 16)