Մագաղաթը յարգուած չէ այնքան որքան արժանի է։ Մեր պատմութիւնը կապուած է նախ եւ առաջ մեր հին բաներուն հետ, թէեւ հետզհետէ կը պակսի թիւը այն մարդոց, որոնք հին բաներու հետ կը փափաքին գործ ունենալ։ Հպարտ կը զգա՞նք Մատենադարանի մէջ մեր մագաղաթներու հարուստ հաւաքածոյով։
Մագաղաթը հին է, բայց երիտասարդները Մատենադարանին մէջ հիացումով կը դիտեն այն ոճով ու խորհուրդով որ երիտասարդները գիտեն տեսնել ու հասկնալ, այն հին ժամանակներուն, մեր նոր ժամանակներուն, հիմա եւ վաղը։ Ժամանակները իրենց համար սահման չունին։ Ընդհակառակը՝ իրար հետ հաղորդակցելու գաղտնի կամուրջներ ունին։
Մագաղաթը աւանդական արժէք է, որովհետեւ մարդկային ստեղծագործութիւն ու պատմասիրական շունչ կը պարունակէ իր մէջ։ Աւելին՝ կը պարունակէ առասպել՝ որ հինը նորին միացնող իրականութիւնն է. կը պարունակէ նաեւ իրականութիւն՝ որ ճշմարտութիւնն է։ Գիտնանք, ընդունինք. ինչ որ հինէն կուգայ, իր հետ լաւ կամ գէշ յիշատակ մը կը բերէ։
Մագաղաթը միշտ ծարաւ է, որովհետեւ խիղճ ունի, վկայութեան վաւերականութիւն ունի, արձագանգող լռութիւն ունի, խոստովանանք ու խոստովանութիւն ունի, պայքար ունի՝ դարերէն առաջ ու դարերէն վերջ։
Մագաղաթը կը սորվեցնէ Ճշմարտութիւն, Առաքինութիւն, Արդարութիւն. իր նկարագիրը կþամբողջացնէ դարերուն մէջ, կը վերականգնէ անցեալը. իր բառերով, իր իմաստներով կը կախարդէ մարդոց, որոնք կþուզեն ու կրնան խիղճին հետ բաց ու մաքուր հաշիւ ունենալ, ինչ տեսակի ալ որ ըլլայ այդ հաշիւը։
Մագաղաթը պատմութիւն է եւ պատմութիւնը աշխարհի ամէնէն ուժեղ բաներէն մէկն է։ Մտային ստեղծագործութիւնը պէտք է արտադրական ժառանգութիւն ունենայ եւ մագաղաթը անոր նախակարապետն է։
Այս խորհրդածութիւնները կը բխին Հայաստան վերջին այցելութեանս Մատենադարան ուխտագնացութեան առիթէն։ Հոն՝ անգամ մը եւս համոզուեցայ, որ հայոց մագաղաթները պատմութիւն կը գրեն, պատմութիւն ալ կը կարդան։ Գրելն ու կարդալը արժէքներու համակարգ մը կը ստեղծեն, քաղաքակրթութեան չափանիշ մը, աւանդութեան վրայ հիմնուած նկարագիր մը։
Անյիշաչար ժամանակներուն մէջ պատմութիւն գրելը վտանգաւոր դարձաւ։ Պատմութիւնը հարկադրուեցաւ պատմութեան, մրցակցական ու վտանգաւոր դարձաւ։ Թագաւորներ՝ անձնապաշտօրէն դատեցին որ միայն իրենց պատմութիւնը պէտք է գրուի եւ ոչ թէ ուրիշներունը։ Թէ՝ պատմական անմահութիւնը կը պատկանի միայն իրենց եւ ուրիշ ոեւէ մէկուն։ Եսասիրութեան եւ եսամոլութեան ինքնասէր յաւակնութիւնները լեցուն են պատմութեան էջերուն մէջ։ Այդ էջերէն դուրս ալ ինքնամոլ մակարդակի կիրքեր՝ արտակարգ ոգեւորութեամբ բարդութային մակընթացութիւններ ու տեղատուութիւններ պարտադրած են։
Այդպիսի վտանգին համեմատութիւններ տեսնողներէն մէկն ալ Եգիպտոսի փարաւոններէն Պտղոմէոսն էր որ Մեծն Աղեքսանդր Մակեդոնացիին արգիլեց եգիպտական մագաղաթներուն վրայ իր պատմութիւնը գրել։ Անհետացուց զանոնք, կարծելով որ մագաղաթը վերացնելով պատմութիւնն ալ պիտի վերացնէ։
Յոյն աշխարհակալ թագաւորը մագաղաթի փոխարէն իր պատմութիւնը գրել տուաւ Էգէական ծովու հին յունական, այժմ Թուրքիոյ ծովափնեայ քաղաքներէն՝ Այվալըի կողքին, Պերկամոս քաղաքին մէջ, անասունի յղկուած մորթին վրայ եւ պապիրոսը փոխարինող ձեռագրով։ ¥Պերկամոս քաղաքէն երկու հազար մագաղաթներ գողցուեցան գերմանացիներուն կողմէ եւ փոխադրուեցան Գերմանիա։ Պատմութիւնը սիրողը այսօր կրնայ զանոնք տեսնել Միւնիխի մագաղաթներու թանգարանին մէջ¤։
Եւ այսպէս, մագաղաթը փրկեց պատմութիւնը եւ պատմութիւնը փրկեց իր աւանդութեան սկզբունքներն ու փառասիրութիւնը։ Ապրեցաւ իր հոտով, յարութիւն առաւ իրապաշտութեամբ եւ մագաղթաները զարդարեցին հարիւրաւոր թանգարաններու ցուցափեղկերը։
Կարգ մը երկիրներու հնութիւնները Եւրոպայի մէջ թանգարաններ ստեղծեցին։ Այլապէս, այդ թանգարանները գոյութեան իրաւունք պիտի չունենային։
Քիչեր չեն անոնք, որ պատմութեան դէմ պայքար մղեցին. ուրիշներ մերժեցին այդ մէկը ընել։ Երախտապարտ ենք երկրորդներուն։
Մագաղաթը ներշնչման ու հանդիպման վայր է հայութեան համար։
Երէկ, այսօր, մագաղաթը կը պայքարի առանձին՝ ժամանակին մէջ, բոլոր ժամանակներուն դէմ։ Իր անկեղծ խոստովանութիւնը կատարած է շատոնց։ Ինք գոհ է, որ իր պարտքը կատարած է մարդկութեան հանդէպ։ Հիմա պատմութեան կարգը ուրիշներու կը պատկանի։ Իրաւ, որո՞ւ...
Մագաղաթը հոգեմտաւոր կենսագրութիւն ու ինքնակենսագրութիւն ունի։ Հին օրերու ղեկավար է: Ծարաւ է կեանքի, գիտութեան, իմաստութեան։ Մենախօսութեան, երկխօսութեան թէ բազմախօսութեան ճամբով հասարակաց շրջագիծի մը մէջ կը հետեւի նոյնինքն դարերու խոստովանութեան, յայտնաբերման։ Կը հետեւի ժամանակի սկզբունքներուն։
Երանի՜ այդ սկզբունքները շարժառիթ ըլլային կորսուած յոյսեր վերակենդանացնելու համար։
Երանի՜ մեր պատմութիւնը մերը դարձնէինք նաեւ հոգուով։
Մագաղաթը իր մէջ կը պարփակէ խորունկ ճշմարտութիւններ։ Մարդկութեան ու մարդկային արտայայտութիւններ. մարդու հատուցում իր կորուստէն։
Մագաղաթի ամէնէն մեծ թշնամին անգրագիտութիւնն է։
Ան բացարձակ յեղափոխութեան արտայայտութիւն է։ Կեանքի ամէնէն հին ճամբորդը, որ հետք կը ձգէ պատմութեան ու մարդու մտքին մէջ։
Հայաստանը միայն քարտէս չէ։ Պատմութեան մասունք է։ Հոգեւոր մագաղաթ է։
Ինչպէ՞ս քաջալերել հայրենասիրութեան ամբողջական կապը մագաղաթի նոր տրամաբանութեան։
Գրագէտ Յակոբ Օշական կ'ըսէր. մագաղաթը մարմարէն աւելի կ'ապրի։
(Շար. 15)
Յովսէփ Պարազեան