Հայաստանի մէջ տեսայ մարդիկ, որոնք երկրի անկախութենէն վերջ խանդավառութեամբ եւ մտքերու բնորոշ համադրումով կը խօսին իրենց ներշնչումներուն ու տեսալականներուն մասին։
Մարդիկ՝ որոնք համակերպած ըլլալով հանդերձ կեանքի նոր պահանջներուն, իրենց տեսակէտները լիարժէքօրէն պաշտպանելու ու յառաջ քշելու պատճառներ կը փնտռեն, կամ մասամբ ալ կը գտնեն՝ հայրենիքի առօրեայ կախարդանքին մէջ իրենց քօղարկուած ազնուութիւնը պահելով։
Բոլոր պատճառները հիմնաւորում ու համոզում ունին։ Մարդ միշտ ալ գաղափարներու պէտք ունի. գաղափարներ որ ընկերանան ու ներդաշնակուին իր տեսութիւններուն։ Գաղափարը մտածումի պէս է, դժուար կրնանք ձերբազատուիլ անկէ։ Բայց գաղափարներուն հետ՝ գաղափարներ ստեղծող պատճառներն ալ բուժումի կը կարօտին։
Կը կարծեմ որ, մեր անկախութիւնը վերաբնորոշելու ժամն է. փաստօրէն՝ մեր ապագայ գոյութեան երկարաձգումը։ Բայց կը թուի թէ, մեր ապագան կը պատկանի աննախատեսելի անակնկալներու։
Քանի՞ հայ Սիամանթօ, Վարուժան, Ահարոնեան կարդացած է, կամ կը կարդայ։ Կամ աւելի մօտ գալով՝ կը կարդայ Սարոյեան, Սիւրմէլեան, Քարզու կամ Պալէօզեան։
Գրականութեան ուժը իր ձայնը կը կորսնցնէ։ Մարդիկ ինչպէ՞ս կրնան ապրիլ առանց գրականութեան։ Որքան կþանցնին տարիները, այնքան կը հեռանանք գիրքէն, գրադարանէն։
Որպէսզի մեր տիրող իրավիճակին ճիշդ ախտաճանաչումն ու արժեւորումը կատարենք, հաստատենք որ, Հայաստանի մասին ամէնէն շատ կը խօսին արուեստագէտները, բանաստեղծները, գրագէտները, հրապարակագիրներն ու հրապարակախօսները, թէեւ իրենց բոլոր բառերն ու նախադասութիւնները լուրջ ու ծանր իմաստ մը չեն կազմեր միշտ, քանի մտաւորականներն ալ այլեւս սկսած են խօսիլ պետական պաշտօնեայի թելադրուած ոճով ու հոգեբանութեամբ։
Հայ գրագէտները ինչո՞ւ կորսնցուցած են իրենց գրականութիւնը։
Կուսակցական հեղինակները ինչո՞ւ կորսնցուցած են իրենց գրական ներշնչումը։
Բազմաշնորհ հեղինակի մը ամէնէն յուզիչ հայրենասիրական գրութիւնները իր կեանքի հասունութեան հասած ստեղծագործութիւններն են։ Անոնք, տեսակ մը կերպաւորուած վիճակագրութիւններն են կեանքի արտայայտչական բացուածքներու, քարի, հողի, հայրենիքի հայելիին մէջ ցոլացող ու ցոլացնող։ Այս վերջինը՝ մեր նորագոյն անկախութեան ամէնէն սուղ արժող նուէրներէն եղած է հայոց ազգի զաւակներուն համար։ Իսկ Արցախեան հերոսապատումը մեր նորագոյն պատմութան, մեր կեանքի լուսաւոր ճանապարհը հանդիսացած է որ անցեալին կը նայի, ու դէպի ապագայ կը քալէ։
Բայց եթէ գրագէտները չեն գրեր, այս չի նշանակեր որ հայոց լեզուն մեռած է։ Լեզուն բացարձակապէս ազատ է ու կþապրի իր կանոններով եւ համարատու է զայն խօսողին ու գրողին։
Առանց խտրականութեան ու զանազանութեան որեւէ տողատակէ միտումի, Արցախեան հերոսամարտի առաջին օրէն իսկ, ես ինծի հարց տուած եմ, թէ ինչո՞ւ հայ կեանքին մէջ հիմնական տեղ հաստատող այս հերոսամարտը նոր ներշնչումով ու տեսլականով յեղափոխական բեղուն գրականութիւն չստեղծեց. առաւել՝ այս բնագաւառի հարուստ դաշտը համարեայ թէ խոպան մնաց ե՛ւ ստեղծագործողին, ե՛ւ այդ ստեղծագործութիւնը ակնկալողին համար։
Ո՞ւր մնացին մեր գերագոյն առաջանահերթութիւնները։ Ո՞ւր մնաց մեր իտէալներու հայեցակէտային պորտալարը, մեր դիմագիծին որոնումը, մեր հինն ու նորը սերմանող հեքիաթասացութիւնը, անձնակեդրոնը հաւաքականի վերածելու մտածումի ու ստեղծագործութեան մտապատկերացումը։ Վերջապէս, ո՞ւր մնաց ինքնուրոյն ստեղծագործութիւնը։
Զարմանալիօրէն կուսակցական գրականութիւնն ալ քիչցաւ. կարծես արձակուրդ առաւ։ Կուսակցական գրագէտներ՝ որոնք յատկապէս հայրենասիրական դաստիարակութեան զգացողական մղումներէ դրդուած, այսպիսի նիւթով առաջին մէկ օրէն գրականութիւն կþընդգրկէին իրենց ապրումներու աշխարհին մէջ, չքացան։
Ո՞ւր մնաց այն անտեսանելի ուժը, զգացական թրթիռները. գրագէտը այն անձն է որ կը բնորոշէ մեր կեանքի հետագայ զարգացումները։ Հիմա՝ ո՞վ պիտի բանայ այդ ճանապարհները։ Անոնք՝ այս պարագային, բաւականացան լրագրական, մասամբ ալ կարճամեթրաժ շարժապատկերային դէպքերու եւ հաղորդումներու համասփռումներու ու հրապարակումներու, որոնք առաւելաբար խանդավառեցին սփիւռքեան հաւաքականութիւններու նեղ թէ լայն շրջանակներ, որոնք ազգային զանազան ձեռնարկներու ընթացքին ցուցադրեցին զանոնք։
Մեր մեծանուն վիպագիր Գրիգոր Զօհրապը կը հաւատար թէ՝ «գրականութիւնը պիտի ներշնչուի ժողովուրդէն, ժողովուրդին ծառայելու համար»:
Լաւ գրականութիւնը միայն լաւ բառերը, լաւ նախադասութիւնները չեն, այլ լաւ ու խորունկ մտածումներն ու իմաստները:
Լաւ գրագէտը այն չէ, որ միայն իր գրութիւնները կը կարդայ եւ միւսներու գրութիւններուն հանդէպ անտարբեր կը մնայ։
Ինչ կը վերաբերի լեզուագիտական ու լեզուամշակութային պրպտումի հետաքրքրութեան մարզին, հարց տանք, թէ ո՞ւր է գրադարաններ լեցնելու կոչուած գիրն ու մագաղաթը։ Ո՞ւր է մեր լեզուին կախարդանքը։ Թէ՝ մեր լեզուն փայտեայ ու անշունչ առարկայի պէս համակերպող ու համակերպեցնող բանի մը վերածուած է, իր խորքային իմաստները վերացնող ցաւը պարտկելու եւ իմաստային արիւնահոսութիւնը կասեցնելու վտանգին պատճառով։ Լեզուն բացարձակապէս ազատ է եւ կ'ապրի իր մակարդակներու փիլիսոփայութեան կանոններով. պարտական է ու համարատու է իր կանոններուն միայն։ Լեզուն՝ մեռած չէ դեռ. վիրաւոր է, գիտենք, իր քաշքշուքը կ'ապրի. այդ ալ լաւ գիտենք։ Եթէ գրողները քիչցան, չի նշանակեր որ լեզուն մեռաւ, ոչնչացաւ եւ մեր լեզուական դաշտը բոլորովին անջրդի մնաց։ Ճիշդ է, որ լեզուական դիտաւորութիւններու շփոթը երբեմն կը նոյնանայ բառերու բացակայութեան, արտայայտութեան բացակայութեան հետ, պատճառ դառնալով որ հայը ճիշդ չարտայայտուի հայուն համար, իր պարտականութիւններուն, այլեւ արժանապատուութեան հաշւոյն։
Ահա՛, այսպէս կը սկսի ստեղծագործութեան ապակառուցումը։
Ահա՛, այսպէս կը սկսի լեզուական բարբարոսութիւնը մաշող ու մաշեցնող ժամանակին մէջ։
Լեզուն ու բառերն են միայն որ մեզ կրնան յանգեցնել մեր իրականութեան ներկայ պատկերին։
Չվարանինք երբեք խօսելու լեզուական վերադարձի մասին։ Միայն լեզուով պիտի վերագտնենք մեր ազգային ազգակցութիւնն ու անոր յարակցութիւնները։
Ի շարս բազում ու բազմատեսակ խնդիրներու, այս պարագային եւս հարցը բազմակողմանի վերլուծութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու կը կարօտէր։ Հիմա՝ քիչ մը աւելի՛։ Բնորոշումը՝ հարկադրական է։ Ախտաճանաչումները՝ վաւերական են, թէկուզ վաւերականութիւնը միշտ ալ պատասխանատուութիւն չի նշանակեր։ Չեմ խօսիր միայն անցեալի մասին. կը խօսիմ մանաւանդ վաղուան համար։
Վերադառնանք սակայն, ազգային մարտահրաւէրներու ցոլացող հայելիին։ Նոր բան ունի՞նք ըսելիք. նոր բան ունի՞նք ընելիք։
Անկախութիւնը հայ ժողովուրդին համար իւրայատկօրէն սրտամօտիկ նիւթ եղած է։ Խորք ու էութիւն ունեցող խորհուրդ եղած է։ Բայց այս նիւթը՝ այլեւս այժմէականութեան մակարդակի օրակարգի վրայ չի շօշափուիր կարծես։ Ինչպէս շատ քիչ բան կը խօսուի ու կը գրուի, այդ ալ վիճակագրական տուեալներու անցողակի ու միակողմանի հտպշտպութեամբ, երկու տասնեակէ աւելի հաշուող մահու ու մահացնող արտագաղթի մասին։
Տեղ մը չտեսայ, մէկ երկու տող գրուի տագնապալի այս երեւոյթին իրական դրդապատճառներուն մասին: Կը թուի թէ՝ ներքին կրծող լուռ վիշտի վերածուած է, որ այլեւս այս իրողութեան համակերպումը այդ մասին խօսեցնել չի տար բարձրաձայն, բայց լռութեամբ, լուռ ցաւով...
Երկու նիւթերն ալ որոշ իրականութիւններու կը յանգեցնեն։
Կեանքը՝ ընդհանրապէս կենդանի օրինակներով կը գնահատեն ու կը դատեն։ Եթէ անպայման հարկ զգացուի զատորոշելու ազգային հաստատումներու մեր մակարդակները, ստուգաբանենք, որ մեր յեղափոխութիւններն ու հերոսապատումները մեր երկրին մէջ մնացին։ Ըսել կþուզեմ՝ մեր երկրի սահմաններէն դուրս չելլան։ Մեր ազատագրական պայքարն ալ չորս պատերու մէջ մնաց։ Ան ալ իր ներքին վաղանցուկ սահմաններուն մէջ բանտարկուեցաւ միտումով, կամ առանց անոր։
Բայց ազատագրութեան ու անկախութեան ճանապարհները, թիրախները, հայ ժողովուրդի անկախութեան ծարաւը կասկածի ենթարկող հասարակ իրականութիւն մը չէ եղած. դրան մը բանալիի խոռոչէն դիտուելիք պարզ դէպք մը չէ եղած երբեք։
Ո՛վ լոյս պիտի սփռէ այս ճշմարտութեան վրայ։ Տեղ մը, պահու մը, պիտի կարենա՞նք հասարակաց համաձայնութեան եզրեր գտնել։
Անկախութիւնը մեր քովէն անցաւ, մեր մէջէն անցաւ, մեր մտքի ու հոգիի քառակուսի թէ կլոր բոլոր անկիւններէն ու շրջանակներէն անցաւ, սակայն զայն արժանապէս գնահատելու, կամ իր յայտնաբերող խորհուրդը արժանի խորքով, չափով ու ծաւալով իրեն վերագրելու զլացանք։ Մեր երազները համաբնակուեցան միայն մեր սրտին մէջ, բայց ուրիշին չկրցանք մասնակից դարձնել զանոնք։
Ժողովուրդը միշտ կը փորձուի. նամանաւանդ զինք ղեկավարողները։ Քաղաքագէտներու հռետորականութիւնը միշտ ալ անաչառ չի կրնար համարուիլ, ոչ ալ միշտ փոխանցիկ ու խանդավառող։
Անկախութիւնը միայն հանդէս, համերգ, տողանցք, կերուխում ու բաժակաճառ չէ։
Ի՞նչ փորձառութիւններ առինք մեր հին թէ նոր վիճակներէն։
Ի՞նչ փորձառութիւններ փոխանցեցինք այդ վիճակին մէջ մատնած սերունդները։ Ո՞ւր է կեանքի դասը։
Հիմա՝ հայութեան անծայրածիր ցամաքներու, սառցակոյտերով ճերմկցած տափաստաններու եւ սահման չհաշուող ովկիանոսներու մէջ կը նաւարկէ, գրեթէ աննպատակ։ Այս ի՜նչ ովկիանոս է, որ կղզի մը, փոքրիկ ցամաք մը չունի. նոյնիսկ ժայռակոյտ մը որ պատսպարէ առանձին ու անշարժ մնացած թափառական հայը։
Իւրաքանչիւր հայու համար պայքարը եւ պայքարի գոյատեւման պատկերացումը իր նկարագիրը եւ հորիզոնը ունի։
Ահա՛, այսպիսի դժբախտութիւններ ալ կþապրին մեր հայրենիքները երբ սկիզբը անկախութեան համար կը պայքարին, բայց յաջորդաբար անկախութիւնը չեն պահպաներ։ Երբ անկախութիւնդ չես պահպաներ, ան ալ քու դէմդ կը պայքարի, կը լքէ քեզ։ Այս կþըլլայ ապերախտութեան պատիժը։
Սիրելիներ, հասկցա՞ծ ենք, որ պատմութեան մէջ առանձին ենք։ Դիւրին բան չէ մինակ ըլլալ։ Հայու անիծուած սերունդները իրար կը յաջորդեն մինակութեան մէջ։
Հայը կրկին կը փորձուի։ Բոլոր փորձութիւնները սուղ կը վճարուին։
Եւ ահա՛, մարդս, հայս, իր պատասխանատուութիւններուն դիմաց կը գտնուի լքուած, առանձին, առանձնացած։
Հայութիւնը ցեղասպանութիւն ճանչցաւ. բայց այսօր ալ ցեղասպանութիւն կ'ապրի ու ինքնիրեն տարբեր ցեղասպանութիւն մը կ'արտադրէ...:
Յովսէփ Պարազեան
(Շար 14)