Հայաստանը կը զբաղի իր հերոսներով: Քաղաքակրթութեան երաշխիքն են: Հերոսներուն աղաղակը՝ յուշն է:
Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովին, Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանի ընթրիքի հիւրն ենք, Հրազդանի կիրճի համբաւաւոր ճաշասրահի մը մէջ, ուր կը յաջորդէ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, խրախճանք, շուրջպար, երգ, նուագ:
Սրահի կեդրոնին զետեղուած հսկայ պաստառի մը վրայ ցուցադրուող ժապաւէնի մը մէջ, ազգային բարձր արժանապատուութեամբ կը տողանցեն Արցախի ազատամարտիկներ, մեր նորագոյն հերոսապատումի տարբեր ճակատներու մահու-կենաց սխրալի կռիւներով:
Պայքար առանց նահատակութեան չÿըլլար: Եւ նահատակները ժամանակին մէջ յաղթական դուրս կուգան, թէկուզ անոնցմէ շատեր լրիւ կենսագրութիւն մը ունենալու առիթ ալ չունեցան իրենց վաղանցիկ կեանքին ընթացքին:
Հերոսները կÿոգեկոչեն իրենց յաղթանակը. յեղափոխական երգերով կը թնդացնեն իրենց յաղթական տողանցքը: Անոնց պատմութիւն գրեցին. անոնք պատմութիւն կերտեցին. մեր պատմութիւնը, հայո՛ւ պատմութիւնը: Անոնք պատմութիւնը համաշխարհային պատմութեան մէջ զանազանելու բաժին ունի իր խորհրդանշական մակարդակներու մեծ թէ փոքր համեմատութիւններով, զգացական թէ զգացապաշտական հասանելի սահմանումներով:
Հայկական պատգամագրութիւնը թերեւս որոշ բաներ պէտք եղած ձեւով չգործածեց, կամ չÿօգտագործեց օտարներուն բացատրելու համար, որ հոս՝ ուրիշ Հայաստան մըն ալ, ուրիշ Արցախ մըն ալ, ուրիշ հայեր ալ կան: Իրենց պէս, բայց իրենցմէ տարբեր մտմտուքներով ու ապրումներով:
Շուրջ 1000 հայեր, հոգեկան ներքին նոյն մղումէն բխող խանդավառութեամբ ու յարգանքով, կարծես նոյն ազդանշանէն թելադրուած, լուռ համաձայնութեամբ, մէկ ոստումով ոտքի կը կանգնին, կը հետեւին հերոսներու երգին, կÿերգեն իրենց երգի կշռոյթով:
Հայ նահատակներուն համար կÿերգեն: Նահատակներուն համար տեսակ մը համերգ կը կազմակերպեն:
Հայեր՝ ...ի՜նչ տարօրինակ ժողովուրդ: Կÿերեւի թէ, մեր ազգային արժէքներու իրականութիւնը եւ անոր հոգեկան բեռը մեզմէ վեր է, մեզմէ անդին է:
Հսկայ սրահին մէջ նուազագոյն շշուքը չի լսուիր: Միայն ներկաներուն շունչը, հեւքը: Մեր միջեւ միայն մահը չկայ. նահատակութեան հերոսութիւնն ալ կայ:
Յուզում ու հպարտութիւն: Հպարտութիւն ու անկախութեան ձգտում: Հայրենասիրական դաստիարակութիւնը ա՛յս ձեւով ալ կÿըլլայ հայերուն մօտ:
Կարճ ժամանակ վերջ, տողանցքն ու երգը կը հասնին իրենց աւարտին: Շատեր կը ծափահարեն: Ոմանք կը շարունակեն թաղուած ըլլալ իրենց խորհրդանշական լռութեան մէջ: Մեծամասնութիւնը շուարած է: Չի գիտեր ի՛նչ ընել: Կը թուի թէ՝ անցեալը կենդանի կը պահէ մեզ:
Հոգեհանգիստներուն, թաղումներուն, կը ծափահարե՞ն:
Անշուշտ եւ ո՛չ:
Հերոսամարտերուն կը ծափահարե՞ն:
Անշուշտ եւ այո՛:
Բնազդային ներքին մղումէ մը բխող այս զգացապաշտութիւնը, կարծեմ, աւելորդ վերլուծումի չի կարօտիր, գէթ մեր միջեւ, գէթ մեզի համար:
Զգացումն ու ապրումը թուաբանութիւն չէ. ազգային պատմութիւն է: Յատկանշականն այն է սակայն, որ հերոսներուն երգը ոտքի կը լսես. նոյնիսկ երբ սեղանի մը շուրջ կը գտնուիս:
Իբրեւ յարգանք ինքնաբուխօրէն ոտքի ելլելը ազգային նկարագիր ունենալ կը նշանակէ, առանց «հուսկ բանք»ի հերոս թաղելն ալ իր իւրայատուկ մշակոյթը ունի հայուն համար: Ասիկա տիրապետող մշակոյթ է, որ մեզ՝ չերեւակայած արդիւնքներու կը հասցնէ: Հայերը կրնան զբաղիլ նաեւ այսպիսի պարզ համարուող բաներով ալ: Միշտ մեծ բաներով զբաղելու ձգտումով չմեծցանք անպայման, ո՛չ ալ մեր ազգը շատ մեծ բաներով զբաղեցաւ ընդհանրապէս, իր դիմադրական տոկունութիւնն ու գոյապաշտական յարատեւութիւնը ապահովելու հեռանկարով:
Չեմ գիտեր ուրիշ ազգեր ի՞նչ ըրած են, ի՞նչ կÿընեն, ինչպէ՞ս կը վերաբերին իրենց հերոսներուն հետ:
Հերոսներուն հանդէպ հայ ժողովուրդին յարգանքը՝ թերեւս ենթագիտակցօրէն, մօտէն թէ հեռուէն առընչուած ըլլայ հայրենիքի անկախացումէն ետք, հայութեան մէջ զարգացող միասնականութեան անփոխարինելի գաղափարին հետ:
80 տարիներ Սփիւռքը «միասնականութիւն» հասկացողութիւնը բազմաձեւօրէն գործածեց, կամ օգտագործեց՝ ազգային թէ քաղաքական անկեղծութեամբ թէ պատեհապաշտութեամբ, սակայն իր բաղդատական ճանապարհները չկրցաւ լրիւ յստակացնել:
Ընդհանրացած յուսադրումներէն թէ յուսախափութիւններէն անդին սակայն, մեր ժամանակները ուրիշ իրականութիւններ ալ կը պարտադրեն մեզի: Այսօր, մանաւանդ վաղը, միասնականութեան մասին որեւէ յայտարարութիւն կամ հաղորդագրութիւն իր բառային պարունակէն ալ անդին, իր խորքային արժէքին ու չափանիշին վրայ կարծես թէ նոր բան մը կÿաւելցնէ, քանի գիտակից համոզումի վերածուած հասարակաց միասնականութիւնը մինակը կը խօսի մեր բոլորիս: Կը խօսի իր հեռատես պատգամով, երբ նոյնինքն հայրենիքը կը խօսի:
Միասնականութիւնը՝ տասնամեակներու զեղուն բաժակաճառերէն ու ճարտասանական հռետորաբանութիւններէն անդին նոր դեր մը կը փնտռէ հայու հաւաքական ենթագիտակցութեան եւ գիտակցութեան, հայ իրականութիւնը մարմնաւորող մտածումի, տեսլականի ու հեռանկարային հասունացումի կեանքին մէջ:
Հերոսութիւնը՝ արդեօ՞ք կրնայ վերականգնել միասնականութիւնը հայուն մէջ:
Մարդս, ի հարկին, իր առօրեայ բնազդներէն ու բարդոյթներէն ալ աւելի անդին երթալ գիտէ, ինքզինք բնորոշելով իր աւանդական արժէքներէն գերիվեր, նոր արժէքներուն գաղափարական կերպարով մը:
Հայը երբ իր հերոսներու մասին կը խօսի, կը զրուցէ Արարատին հետ. իսկ երբ Արարատին հետ կը զրուցէ՝ տեսակ մը, կը խօսի Աստուծոյ հետ: Բոլորս պատասխանատու ենք մեր ուխտերուն եւ սրբութիւններուն հաշւոյն:
Հայրենի մեր հերոսները նորատեսիլ ժառանգորդներ ունին: Այդ սրահի բոլոր մարդիկն ալ նոյն ազգի ժառանգորդները ունին, թէկուզ անոնք ըլլան՝ Դաշնակ, Հնչակ, Ռամկավար, նախկին կոմունիստ, եւայլն: Միասնականութեան գաղափարը կը միացնէ բոլորս ազգային ու գաղափարական նոյն արժէքի յայտարարին դիմաց, անկախ հայրենասիրական դիմակներ օգտագործող գերհայրենասէր մարդոց թէ շրջանակներու շարունակուող յանկերգէն:
Նեղմիտ ու պահպանողական բաղդատականներու ժամանակները կը նորոգուին նոր ու աւելի գիտակից ապրումներով, տեսլականներով, որոնք նոր պարունակութիւն կուտան հայրենասիրութեան: Մեր կառոյցներն ալ պէտք է համապատասխանեն այդ հայրենասիրութեան նորընթաց չափանիշներուն: Ստեղծագործ ընդդիմութիւնը աւելի ճիշդ է, ոչ արդիւնաւոր ամուլ ընդդիմութենէն: Բոլորս կը սիրենք որ ամէն մարդ մեզի հետ համաձայն ըլլայ, բայց պէտք է ընդունինք նաեւ, որ մարդիկ մեզի հետ տարակարծիք ալ ըլլան, քիչ թէ շատ բաներու համար:
Չսխալինք. հայ ենք. իրարու միջեւ մեծ թէ փոքր, կարեւոր թէ անկարեւոր տարբերութիւններ ու տարակարծութիւններ ունենալու իրաւունք ունինք եւ միշտ ալ պիտի ունենանք: Ես՝ տարբեր տրամաբանութեան չեմ հաւատար: Կարծեմ՝ դուք ալ նոյնը կը մտածէք, քանի շատ մը բաներ երկրորդական կը թուին ըլլալ, բայց իսկութեան մէջ չեն:
Հայաստանը մեծ դպրոց մըն է. շատեր կտրած են իրենց կապը հայրենիքին հետ, ցամքեցուցած են ջուրի ոռոգման ակօսները իր հետ:
Հայրենի արժէքները պէտք է պահպանուին, պաշտպանուին: Կուսակցական կարգապահութիւնը տեղ ունի եւ տեղ չունի միշտ, եթէ այս հիմնական գաղափարէն մասամբ կամ մասնակի շեղի: Բայց կը տեսնեմ, թէ կուսակցութիւններն ալ միեւնոյն հասունութիւնն ու փորձառութիւնը ցոյց կուտան մեր ազգային կենսական ու հիմնական խնդիրներուն հանդէպ: Ժամանակն է, որ այդ հասունացումը անհրաժեշտ լրջութեամբ ու խորութեամբ օգտագործուի, քանի միասնականութեան գաղափարի ենթահողը հետզհետէ կÿամրանայ մեր կեանքին մէջ:
Գիտենք, հայը շատ բարեկամ չունի. միշտ ալ այդպէս եղած է. օգտուինք սակայն ժամանակի թելադրանքներէն մեր առարկայական թիրախները նուաճելու համար:
Վստահ եմ, թէ պիտի գայ օրը որ մեր հերոսներու յիշատակը պիտի չուզենք փրկել միայն, այլ ամբողջ Հայաստանը:
Ժամանակներն ու դարերը իրար կը խաչաձեւուին:
(Շար. 12)
ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ