Հա­յաս­տա­նը կը զբա­ղի իր հե­րոս­նե­րով: ­Քա­ղա­քակր­թու­թեան ե­րաշ­խիքն են: ­Հե­րոս­նե­րուն ա­ղա­ղա­կը՝ յուշն է:

­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք 5րդ ­հա­մա­ժո­ղո­վին, Ս­փիւռ­քի նա­խա­րար տի­կին Հ­րա­նուշ ­Յա­կո­բեա­նի ընթ­րի­քի հիւրն ենք, Հ­րազ­դա­նի կիր­ճի համ­բա­ւա­ւոր ճա­շաս­րա­հի մը մէջ, ուր կը յա­ջոր­դէ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ճոխ յայ­տա­գիր, խրախ­ճանք, շուրջ­պար, երգ, նո­ւագ:

Ս­րա­հի կեդ­րո­նին զե­տե­ղո­ւած հսկայ պաս­տա­ռի մը վրայ ցու­ցադ­րո­ւող ժա­պա­ւէ­նի մը մէջ, ազ­գա­յին բարձր ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեամբ կը տո­ղան­ցեն Ար­ցա­խի ա­զա­տա­մար­տիկ­ներ, մեր նո­րա­գոյն հե­րո­սա­պա­տու­մի տար­բեր ճա­կատ­նե­րու մա­հու-կե­նաց սխրա­լի կռիւ­նե­րով:

­Պայ­քար ա­ռանց նա­հա­տա­կու­թեան չ­’ըլ­լար: Եւ նա­հա­տակ­նե­րը ժա­մա­նա­կին մէջ յաղ­թա­կան դուրս կու­գան, թէ­կուզ ա­նոնց­մէ շա­տեր լրիւ կեն­սագ­րու­թիւն մը ու­նե­նա­լու ա­ռիթ ալ չու­նե­ցան ի­րենց վա­ղան­ցիկ կեան­քին ըն­թաց­քին:

­Հե­րոս­նե­րը կ­’ո­գե­կո­չեն ի­րենց յաղ­թա­նա­կը. յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րով կը թնդաց­նեն ի­րենց յաղ­թա­կան տո­ղանց­քը: Ա­նոնց պատ­մու­թիւն գրե­ցին. ա­նոնք պատ­մու­թիւն կեր­տե­ցին. մեր պատ­մու­թիւ­նը, հա­յո՛ւ պատ­մու­թիւ­նը: Ա­նոնք պատ­մու­թիւ­նը հա­մաշ­խար­հա­յին պատ­մու­թեան մէջ զա­նա­զա­նե­լու բա­ժին ու­նի իր խորհր­դան­շա­կան մա­կար­դակ­նե­րու մեծ թէ փոքր հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րով, զգա­ցա­կան թէ զգա­ցա­պաշ­տա­կան հա­սա­նե­լի սահ­մա­նում­նե­րով:

­Հայ­կա­կան պատ­գա­մագ­րու­թիւ­նը թե­րեւս ո­րոշ բա­ներ պէտք ե­ղած ձե­ւով չգոր­ծա­ծեց, կամ չ­’օգ­տա­գոր­ծեց օ­տար­նե­րուն բա­ցատ­րե­լու հա­մար, որ հոս՝ ու­րիշ ­Հա­յաս­տան մըն ալ, ու­րիշ Ար­ցախ մըն ալ, ու­րիշ հա­յեր ալ կան: Ի­րենց պէս, բայց ի­րենց­մէ տար­բեր մտմտուք­նե­րով ու ապ­րում­նե­րով:

­Շուրջ 1000 հա­յեր, հո­գե­կան ներ­քին նոյն մղու­մէն բխող խան­դա­վա­ռու­թեամբ ու յար­գան­քով, կար­ծես նոյն ազ­դան­շա­նէն թե­լադ­րո­ւած, լուռ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ, մէկ ոս­տու­մով ոտ­քի կը կանգ­նին, կը հե­տե­ւին հե­րոս­նե­րու եր­գին, կ­’եր­գեն ի­րենց եր­գի կշռոյ­թով:

­Հայ նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար կ­’եր­գեն: ­Նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար տե­սակ մը հա­մերգ կը կազ­մա­կեր­պեն:

­Հա­յեր՝  ...ի՜նչ տա­րօ­րի­նակ ժո­ղո­վուրդ: Կե­րե­ւի թէ, մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու ի­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­նոր հո­գե­կան բե­ռը մեզ­մէ վեր է, մեզ­մէ ան­դին է:

Հս­կայ սրա­հին մէջ նո­ւա­զա­գոյն շշու­քը չի լսո­ւիր: ­Միայն ներ­կա­նե­րուն շուն­չը, հեւ­քը: ­Մեր մի­ջեւ միայն մա­հը չկայ. նա­հա­տա­կու­թեան հե­րո­սու­թիւնն ալ կայ:

­Յու­զում ու հպար­տու­թիւն: Հ­պար­տու­թիւն ու ան­կա­խու­թեան ձգտում: ­Հայ­րե­նա­սի­րա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը ա՛յս ձե­ւով ալ կ­’ըլ­լայ հա­յե­րուն մօտ:

­Կարճ ժա­մա­նակ վերջ, տո­ղանցքն ու եր­գը կը հաս­նին ի­րենց ա­ւար­տին: ­Շա­տեր կը ծա­փա­հա­րեն: Ո­մանք կը շա­րու­նա­կեն թա­ղո­ւած ըլ­լալ ի­րենց խորհր­դան­շա­կան լռու­թեան մէջ: ­Մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը շո­ւա­րած է: ­Չի գի­տեր ի՛նչ ը­նել: ­Կը թո­ւի թէ՝ ան­ցեա­լը կեն­դա­նի կը պա­հէ մեզ:

­Հո­գե­հան­գիստ­նե­րուն, թա­ղում­նե­րուն, կը ծա­փա­հա­րե՞ն:

Ան­շուշտ եւ ո՛չ:

­Հե­րո­սա­մար­տե­րուն կը ծա­փա­հա­րե՞ն:

Ան­շուշտ եւ ա­յո՛:

Բ­նազ­դա­յին ներ­քին մղու­մէ մը բխող այս զգա­ցա­պաշ­տու­թիւ­նը, կար­ծեմ, ա­ւե­լորդ վեր­լու­ծու­մի չի կա­րօ­տիր, գէթ մեր մի­ջեւ, գէթ մե­զի հա­մար:

Զ­գա­ցումն ու ապ­րու­մը թո­ւա­բա­նու­թիւն չէ. ազ­գա­յին պատ­մու­թիւն է: ­Յատ­կան­շա­կանն այն է սա­կայն, որ հե­րոս­նե­րուն եր­գը ոտ­քի կը լսես. նոյ­նիսկ երբ սե­ղա­նի մը շուրջ կը գտնո­ւիս:

Իբ­րեւ յար­գանք ինք­նա­բու­խօ­րէն ոտ­քի ել­լե­լը ազ­գա­յին նկա­րա­գիր ու­նե­նալ կը նշա­նա­կէ, ա­ռանց «հուսկ բանք»ի հե­րոս թա­ղելն ալ իր իւ­րա­յա­տուկ մշա­կոյ­թը ու­նի հա­յուն հա­մար: Ա­սի­կա տի­րա­պե­տող մշա­կոյթ է, որ մեզ՝ չե­րե­ւա­կա­յած ար­դիւնք­նե­րու կը հասց­նէ: ­Հա­յե­րը կրնան զբա­ղիլ նաեւ այս­պի­սի պարզ հա­մա­րո­ւող բա­նե­րով ալ: ­Միշտ մեծ բա­նե­րով զբա­ղե­լու ձգտու­մով չմեծ­ցանք ան­պայ­ման, ո՛չ ալ մեր ազ­գը շատ մեծ բա­նե­րով զբա­ղե­ցաւ ընդ­հան­րա­պէս, իր դի­մադ­րա­կան տո­կու­նու­թիւնն ու գո­յա­պաշ­տա­կան յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հե­ռան­կա­րով:

­Չեմ գի­տեր ու­րիշ ազ­գեր ի՞նչ ը­րած են, ի՞նչ կ­’ը­նեն, ինչ­պէ՞ս կը վե­րա­բե­րին ի­րենց հե­րոս­նե­րուն հետ:

­Հե­րոս­նե­րուն հան­դէպ հայ ժո­ղո­վուր­դին յար­գան­քը՝ թե­րեւս են­թա­գի­տակ­ցօ­րէն, մօ­տէն թէ հե­ռո­ւէն ա­ռըն­չո­ւած ըլ­լայ հայ­րե­նի­քի ան­կա­խա­ցու­մէն ետք, հա­յու­թեան մէջ զար­գա­ցող միաս­նա­կա­նու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի գա­ղա­փա­րին հետ:

80 տա­րի­ներ Ս­փիւռ­քը «միաս­նա­կա­նու­թիւն» հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը բազ­մա­ձե­ւօ­րէն գոր­ծա­ծեց, կամ օգ­տա­գոր­ծեց՝ ազ­գա­յին թէ քա­ղա­քա­կան ան­կեղ­ծու­թեամբ թէ պա­տե­հա­պաշ­տու­թեամբ, սա­կայն իր բաղ­դա­տա­կան ճա­նա­պարհ­նե­րը չկրցաւ լրիւ յստա­կաց­նել:

Ընդ­հան­րա­ցած յու­սադ­րում­նե­րէն թէ յու­սա­խա­փու­թիւն­նե­րէն ան­դին սա­կայն, մեր ժա­մա­նակ­նե­րը ու­րիշ ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ ալ կը պար­տադ­րեն մե­զի: Այ­սօր, մա­նա­ւանդ վա­ղը, միաս­նա­կա­նու­թեան մա­սին ո­րե­ւէ յայ­տա­րա­րու­թիւն կամ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն իր բա­ռա­յին պա­րու­նա­կէն ալ ան­դին, իր խոր­քա­յին ար­ժէ­քին ու չա­փա­նի­շին վրայ կար­ծես թէ նոր բան մը կ­’ա­ւելց­նէ, քա­նի գի­տա­կից հա­մո­զու­մի վե­րա­ծո­ւած հա­սա­րա­կաց միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը մի­նա­կը կը խօ­սի մեր բո­լո­րիս: ­Կը խօ­սի իր հե­ռա­տես պատ­գա­մով, երբ նոյ­նինքն հայ­րե­նի­քը կը խօ­սի:

­Միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը՝ տաս­նա­մեակ­նե­րու զե­ղուն բա­ժա­կա­ճա­ռե­րէն ու ճար­տա­սա­նա­կան հռե­տո­րա­բա­նու­թիւն­նե­րէն ան­դին նոր դեր մը կը փնտռէ հա­յու հա­ւա­քա­կան են­թա­գի­տակ­ցու­թեան եւ գի­տակ­ցու­թեան, հայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը մարմ­նա­ւո­րող մտա­ծու­մի, տես­լա­կա­նի ու հե­ռան­կա­րա­յին հա­սու­նա­ցու­մի կեան­քին մէջ:

­Հե­րո­սու­թիւ­նը՝ ար­դեօ՞ք կրնայ վե­րա­կանգ­նել միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը հա­յուն մէջ:

­Մարդս, ի հար­կին, իր ա­ռօ­րեայ բնազդ­նե­րէն ու բար­դոյթ­նե­րէն ալ ա­ւե­լի ան­դին եր­թալ գի­տէ, ինք­զինք բնո­րո­շե­լով իր ա­ւան­դա­կան ար­ժէք­նե­րէն գե­րի­վեր, նոր ար­ժէք­նե­րուն գա­ղա­փա­րա­կան կեր­պա­րով մը:

­Հա­յը երբ իր հե­րոս­նե­րու մա­սին կը խօ­սի, կը զրու­ցէ Ա­րա­րա­տին հետ. իսկ երբ Ա­րա­րա­տին հետ կը զրու­ցէ՝ տե­սակ մը, կը խօ­սի Աս­տու­ծոյ հետ: ­Բո­լորս պա­տաս­խա­նա­տու ենք մեր ուխ­տե­րուն եւ սրբու­թիւն­նե­րուն հաշ­ւոյն:

­Հայ­րե­նի մեր հե­րոս­նե­րը նո­րա­տե­սիլ ժա­ռան­գորդ­ներ ու­նին: Այդ սրա­հի բո­լոր մար­դիկն ալ նոյն ազ­գի ժա­ռան­գորդ­նե­րը ու­նին, թէ­կուզ ա­նոնք ըլ­լան՝ ­Դաշ­նակ, Հն­չակ, ­Ռամ­կա­վար, նախ­կին կո­մու­նիստ, ե­ւայլն: ­Միաս­նա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րը կը միաց­նէ բո­լորս ազ­գա­յին ու գա­ղա­փա­րա­կան նոյն ար­ժէ­քի յայ­տա­րա­րին դի­մաց, ան­կախ հայ­րե­նա­սի­րա­կան դի­մակ­ներ օգ­տա­գոր­ծող գեր­հայ­րե­նա­սէր մար­դոց թէ շրջա­նակ­նե­րու շա­րու­նա­կո­ւող յան­կեր­գէն:

­Նեղ­միտ ու պահ­պա­նո­ղա­կան բաղ­դա­տա­կան­նե­րու ժա­մա­նակ­նե­րը կը նո­րո­գո­ւին նոր ու ա­ւե­լի գի­տա­կից ապ­րում­նե­րով, տես­լա­կան­նե­րով, ո­րոնք նոր պա­րու­նա­կու­թիւն կու­տան հայ­րե­նա­սի­րու­թեան: ­Մեր կա­ռոյց­ներն ալ պէտք է հա­մա­պա­տաս­խա­նեն այդ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան նո­րըն­թաց չա­փա­նիշ­նե­րուն: Ս­տեղ­ծա­գործ ընդ­դի­մու­թիւ­նը ա­ւե­լի ճիշդ է, ոչ ար­դիւ­նա­ւոր ա­մուլ ընդ­դի­մու­թե­նէն: ­Բո­լորս կը սի­րենք որ ա­մէն մարդ մե­զի հետ հա­մա­ձայն ըլ­լայ, բայց պէտք է ըն­դու­նինք նաեւ, որ մար­դիկ մե­զի հետ տա­րա­կար­ծիք ալ ըլ­լան, քիչ թէ շատ բա­նե­րու հա­մար:

Չս­խա­լինք. հայ ենք. ի­րա­րու մի­ջեւ մեծ թէ փոքր, կա­րե­ւոր թէ ան­կա­րե­ւոր տար­բե­րու­թիւն­ներ ու տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լու ի­րա­ւունք ու­նինք եւ միշտ ալ պի­տի ու­նե­նանք: Ես՝ տար­բեր տրա­մա­բա­նու­թեան չեմ հա­ւա­տար: ­Կար­ծեմ՝ դուք ալ նոյ­նը կը մտա­ծէք, քա­նի շատ մը բա­ներ երկ­րոր­դա­կան կը թո­ւին ըլ­լալ, բայց իս­կու­թեան մէջ չեն:

­Հա­յաս­տա­նը մեծ դպրոց մըն է. շա­տեր կտրած են ի­րենց կա­պը հայ­րե­նի­քին հետ, ցամ­քե­ցու­ցած են ջու­րի ո­ռոգ­ման ա­կօս­նե­րը իր հետ:

­Հայ­րե­նի ար­ժէք­նե­րը պէտք է պահ­պա­նո­ւին, պաշտ­պա­նո­ւին: ­Կու­սակ­ցա­կան կար­գա­պա­հու­թիւ­նը տեղ ու­նի եւ տեղ չու­նի միշտ, ե­թէ այս հիմ­նա­կան գա­ղա­փա­րէն մա­սամբ կամ մաս­նա­կի շե­ղի: ­Բայց կը տես­նեմ, թէ կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ալ միեւ­նոյն հա­սու­նու­թիւնն ու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու­տան մեր ազ­գա­յին կեն­սա­կան ու հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րուն հան­դէպ: ­Ժա­մա­նակն է, որ այդ հա­սու­նա­ցու­մը անհ­րա­ժեշտ լրջու­թեամբ ու խո­րու­թեամբ օգ­տա­գոր­ծո­ւի, քա­նի միաս­նա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րի են­թա­հո­ղը հետզ­հե­տէ կ­’ամ­րա­նայ մեր կեան­քին մէջ:

­Գի­տենք, հա­յը շատ բա­րե­կամ չու­նի. միշտ ալ այդ­պէս ե­ղած է. օգ­տո­ւինք սա­կայն ժա­մա­նա­կի թե­լադ­րանք­նե­րէն մեր ա­ռար­կա­յա­կան թի­րախ­նե­րը նո­ւա­ճե­լու հա­մար:

Վս­տահ եմ, թէ պի­տի գայ օ­րը որ մեր հե­րոս­նե­րու յի­շա­տա­կը պի­տի չու­զենք փրկել միայն, այլ ամ­բողջ ­Հա­յաս­տա­նը:

­Ժա­մա­նակ­ներն ու դա­րե­րը ի­րար կը խա­չա­ձե­ւո­ւին:

Յովսէփ Պարազեան