«Ատրպէյճանի պէս երկիրներու մէջ օրէնքը անտրամաբանականօրէն բարդ կը դարձնէ նոյնիսկ հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատանքը»: 

ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՐԱՔ ՕՊԱՄԱ

Անցեալ շաբթուան ընթացքին, երբ աշխարհի զանազան կողմերէն ղեկավարներ ժամանած էին Նիւ Եորքի, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գիտաժողովին մասնակցելու, այս հաստատումը կատարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը՝ անհանգստացնելով Ալիեւն ու իր «օլիկարխները»:

Այնքան մը, որ Ատրպէյճանի բանբեր Նովրուզ Մամետով բեմ բարձրանալով՝ փորձեց պատասխանել, հարցադրելով, թէ հակառակ այս բոլորին՝ մինչեւ այսօր Պաքուն կը հանդիսանայ արեւմտեան աշխարհի ռազմավարական գործընկերը:
Կը թուի, թէ նմանօրինակ արտայայտութիւններ հակառակ ազդեցութիւնը կ՛ունենան եւ հետզհետէ աւելի կը զարգացնեն Ալիեւի եւ իր վարչակազմի մեծամոլութիւնն ու հալածախտի տառապանքը:
Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ Ալիեւ, Օպամայի կատարած արտայայտութիւններու օրերուն իսկ, առանց որեւէ բարդոյթի, նոր հրամանագիր մը լոյս ընծայեց՝ յայտնելով, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ անհրաժեշտ միջոցներ պիտի որդեգրուին ստեղծելու համար կամաւորական ջոկատներ, որոնք հետեւողական ձեւով պիտի հետեւին ռազմափորձերու:
Դեռ այսքանով ալ չբաւարարուելով՝ Ալիեւ հրահանգած է իր հլու կամակատարներուն, որ ռազմական դրութիւն հաստատուի եւ ծանր պատիժ տնօրինուի այն անհատին, որ զինուորական ոլորտի պետական գաղտնիք ընդգրկող տեղեկութիւններ կը հրապարակէ եւ կը տարածէ:
Ալիեւ նոյնիսկ հրահանգած է պաշտպանութեան նախարարութեան, որ շփման գիծին վրայ աշխատող լրագրողներու հաւատարմագրման նոր կարգ պէտք է սահմանել եւ, այսպէս, ազերի լրագրողներ դիւրութեամբ պիտի չկարենան մուտք գործել զանազան ճակատներ՝ զոհը դառնալով այս հրամանագրին:
Աւելի բան կարելի չէ սպասել ղեկավարէ մը, որ դեռ քանի մը օր առաջ կալանքի տակ գտնուող իրաւապաշտպան Լէյլա Եունուսը ծանրօրէն խոշտանգած է բանտի աշխատակիցներուն միջոցով: Բանտապահները անխնայ գտնուած են եւ ամենայն սաստկութեամբ հարուածած են անոր երիկամունքներուն եւ ամենայն վայրագութեամբ քաշած են անոր մազերը՝ զերծ պահելով բժշկական ամենադոյզն օգնութենէ եւ խնամքէ:
Միեւնոյն ոճն էր, որ շատ աւելի սաստկութեամբ կատարուեցաւ շաբաթներ առաջ սահմանամերձ Չինարի գիւղի անմեղ գերեվարուած բնակիչ Կարէն Պետրոսեանին հանդէպ, որ ծանր ու անմարդկային հարուածներուն չդիմանալով՝ տեղի տուաւ եւ մահացաւ: Նաեւ՝ չմոռնալ տարիներ առաջ 2004-ին, Պուտափեշտի մէջ ազերի Ռամիլ Սաֆարովի կատարած արարքը… որ կացինահարած էր ՆԱԹՕ-ի մէկ ձեռնարկին մասնակից հայ բանակային Գուրգէն Մարգարեանը:
Այս անմարդկային մոլուցքներուն դիմաց, Օպամայի շեշտած արտայայտութիւնը, թէ՝ Ատրպէյճանի պէս վայրերու մէջ օրէնքը անտրամաբանականօրէն բարդ կը դարձնէ նոյնիսկ հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատանքը, նոյնիսկ մեղմ քննադատութիւն կարելի է նկատել:


«Հայրենիք»