Ա­ռա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին, Թուր­քիոյ կրած պար­տու­թիւ­նէն ետք, անգ­լիա­կան եւ ֆրան­սա­կան զօր­քե­րու հետ, հայ լե­գէ­ոնա­կան­ներն ալ կու­գան Ա­տա­նա։ Հայ կա­մա­ւոր­նե­րը, անգ­լիա­ցի­նե­րու եւ ֆրան­սա­ցի­նե­րու կող­քին կռո­ւած ու նաեւ Պա­ղես­տի­նի ճա­կա­տի յաղ­թա­նա­կին ի­րենց բա­ժի­նը բե­րած ըլ­լա­լուն, իբր փոքր դաշ­նա­կից, ֆրան­սա­ցիք Կի­լի­կիան խոս­տա­ցեր էին հա­յե­րուն։
Այս յանձ­նա­ռա­րու­թե­նէն ո­գե­ւո­րո­ւած, ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ ճո­ղոպ­րած վե­րապ­րող հա­յու­թեան մնա­ցորդ­նե­րը, սկսան ի­րենց ծննդա­վայ­րե­րը Հա­ճըն, Սիս, Մեր­սին, Տար­սոն, Մա­րաշ եւ Կի­լի­կիոյ այլ քա­ղաք­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տո­ւիլ։
Օ­րէ-օր վե­րա­դար­ձող հա­յե­րու թի­ւը բարձ­րա­նա­լուն, կարճ ժա­մա­նա­կո­ւայ մէջ Ա­տա­նա­յէ ներս հայ կեան­քը իր ան­ցեա­լի բնա­կան վի­ճա­կը վե­րագ­տաւ։
Քա­նի մը ա­միս ետք, անգ­լիա­կան բա­նա­կը Կի­լի­կիոյ իր դիր­քե­րը ֆրան­սա­ցի­նե­րուն փո­խան­ցե­լով կը վե­րա­դառ­նայ Պա­ղես­տին։
Անգ­լիա­ցի­նե­րու մեկ­նու­մով, Կի­լի­կիոյ ամ­բողջ հո­գա­տա­րու­թիւ­նը ֆրան­սա­ցիք ստանձ­նած ըլ­լա­լուն, հա­յե­րը գուր­գու­րան­քի կ­'ար­ժա­նան։
Ֆ­րան­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը սկսին սի­րա­լիր յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­նալ հա­յե­րուն հետ։
Ֆ­րան­սա­ցիք յա­ճախ, հա­յոց հա­ւա­քոյթ­նե­րուն ըն­թաց­քին, ի­րենց պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով կ­'ը­սէին, թէ ի­րենք ե­կած են Կի­լի­կիա կարգ ու կա­նո­նը հաս­տա­տե­լէ ետք զայն հա­յե­րուն յանձ­նե­լու։
Այս­պի­սով, աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րէն, հայ մտա­ւո­րա­կան­ներ, ազ­գա­յին գոր­ծիչ­ներ եւ կու­սակ­ցա­կա­պետ­ներ կը սկսին Կի­լի­կիոյ մայ­րա­քա­ղաք Ա­տա­նա փու­թալ։
Չէ՞ որ Կի­լի­կիան հա­յե­րուն էր։
Տա­րին չբո­լո­րած Ա­տա­նա­յէ ներս կը սկսին  բա­ցո­ւիլ
Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցու­թեան, Ռամ­կա­վար Ա­զա­տա­կան ու Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­կումբ­նե­րը։ Կը բա­ցո­ւին դպրոց­ներ, կը սկսին գոր­ծել մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան եւ սկաու­տա­կան շար­ժում­ներ։ Կը հրա­տա­րա­կո­ւին եր­կու օ­րա­թերթ «­Հայ Ձայն», եւ «­Կի­լի­կիա». կը կազ­մո­ւի ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն, Պօ­ղոս փա­շա­յի պա­տո­ւի­րակ Տա­մա­տեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ։
Այս­պի­սով Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան կեան­քը կը սկսի ե­ռալ։
Այս բո­լո­րին ի տես, Կի­լի­կիոյ թուրք բնակ­չու­թիւ­նը, մե­կու­սա­ցած ու հա­մա­կեր­պո­ւած տի­րող կա­ցու­թեան, սկսած էր ա­մէն տեղ, հա­յու­թեան հան­դէպ բա­րե­կա­մա­կան սի­րա­լիր վե­րա­բեր­մունք ցու­ցադ­րել։
Հա­յոց բո­լոր հա­ւա­քոյթ­նե­րու ճա­ռա­խօ­սու­թիւն­նե­րը բարձ­րա­ձայն «­Կի­լի­կիան մերն է, հայ­կա­կան է» լո­զունք­նե­րով կը մի­ջամ­տո­ւէին։
Չէ՞ որ ֆրան­սա­ցիք ա­մէն առ­թիւ կը յայ­տա­րա­րէին ը­սե­լով «­Կի­լի­կիան ձերն է, հա­յե­րուն է»։
Այս­պէս կ­'անց­նին ա­միս­ներ եւ սա­կայն հա­կա­ռակ ֆրան­սա­ցի­նե­րու խոս­տում­նե­րուն, ի­րենց Կի­լի­կիա գա­լէն ետք, տա­կա­ւին տեղ­ւոյն թուրք կու­սա­կա­լը եւ թուրք պե­տա­կան բո­լոր սպա­սար­կու­թիւն­նե­րը պաշ­տօ­նի վրայ կը մնա­յին։
Ե­թէ իս­կա­պէս Կի­լի­կիան հա­յե­րունն է, ին­չո՞ւ թրքա­կան պե­տա­կան սպա­սար­կու­թիւն­նե­րը տա­կա­ւին հա­յե­րուն չէին փո­խան­ցո­ւէր։
Եւ ի՞նչ կը մտա­ծէին այս մա­սին Կի­լի­կիոյ հա­յոց ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւ­նը, կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը։
«­Կի­լի­կիան մերն է» բա­ցագ­ան­չու­թիւն­նե­րով կու­րա­ցած եւ ֆրան­սա­ցի­նե­րու ճոխ խոս­տում­նե­րուն ա­պա­ւի­նած չէին մտա­ծեր Կի­լի­կիոյ ա­պա­գա­յի մա­սին, մինչ­դեռ թուր­քե­րը ա­մէն մի­ջո­ցով, սկսած էին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կել ու ջա­նալ սի­րա­շա­հիլ ֆրան­սա­ցի­նե­րը։
Այս­պէս, ա­տեն մը ետք, ֆրան­սա­ցիք կը զի­նա­թա­փեն հայ լե­գէո­նա­կան­նե­րը, այն պատ­րո­ւա­կով որ հա­յե­րու զի­նո­ւած ներ­կա­յու­թիւ­նը թէեւ ի­րենց ա­պա­հո­վու­թիւն եւ հպար­տու­թիւն կ'þար­տա­յայ­տէ, թուր­քե­րուն սա­կայն խորթ կը թո­ւի։
Պա­տա­հա­ծը մի­թէ թուր­քե­րու եւ ֆրան­սա­ցի­նե­րու մի­ջեւ մեր­ձերց­ման եւ մտեր­մաց­ման ազ­դան­շան մը չէ՞ր։
Անգ­լիա­ցի­նե­րու մեկ­նու­մէն ետք, ֆրան­սա­ցի­նե­րը Կի­լի­կիոյ ո­րոշ քա­ղաք­նե­րէ ներս զե­տե­ղած էին ա­նո­ւա­նա­կան զի­նո­ւոր­ներ, ուր կը ծա­ծա­նէր նաեւ ֆրան­սա­կան դրօ­շը։
Երբ ֆրան­սա­կան եւ քե­մա­լա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը սկսի մտեր­մա­նալ, թուր­քե­րը կը սկսին ա­ւե­լի շփա­ցա­ծու­թիւն ցոյց տալ։
Օր մըն ալ, Մա­րա­շէ ներս ե­ղող ֆրան­սա­կան ջո­կա­տը, ա­ռանց տեղ­ւոյն հայ բնակ­չու­թեան լուր տա­լու, գի­շե­րով քա­ղա­քը իր բախ­տին թո­ղե­լով կը հե­ռա­նայ։ Պա­տա­հա­ծը ի­մա­ցող ո­րոշ հա­յեր, հապ­ճե­պով տուն տեղ թո­ղած, ֆրան­սա­ցի­նե­րուն հե­տե­ւե­լով ա­պա­հով կը հաս­նի Ա­տա­նա։
Մա­րաշ մնա­ցող հա­յու­թիւ­նը ամ­բողջ, տեղ­ւոյն թուր­քե­րու եա­թա­ղա­նի զոհ կը դառ­նայ։
Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը եւս, այս ան­գամ ալ ֆրան­սա­ցի­նե­րու դրօ­շին տակ։
Քե­մա­լա­կան շար­ժու­մը սկսած էր։ Կի­լի­կիոյ բո­լոր տա­րած­քին ահ ու սար­սափ կը տի­րէր։
Գա­ւառ­նե­րու հայ բնակ­չու­թիւ­նը խու­ճա­պա­հար, փըր-կո­ւե­լու հա­մար, ա­մէն ինչ ձգած կը շտա­պէր ժամ ա­ռաջ Ա­տա­նա հաս­նիլ, այն մեծ յոյ­սով որ հոն գտնո­ւող ֆրան­սա­ցի­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ։
Այս­պէս Ա­տա­նա փու­թա­ցող հա­յու­թեան թի­ւը բարձ­րա­նա­լուն, բնա­կու­թեան եւ սնուն­դի պա­կա­սը դժո­ւար ու զգա­լի կը դառ­նայ։
Քե­մա­լա­կան ու­ժե­րը կը սկսին Ա­տա­նա­յի դռնե­րը հաս­նիլ։ Միայն Հա­ճը­նը կը կա­րե­նայ պա­հել։ Հա­ճըն­ցիք, մեր­ժե­լով լքել ի­րենց ծննդա­վայ­րը կը սկսին քա­ջա­բար դի­մադ­րել սպառ­նա­ցող թշնա­մի թուր­քի յար­ձա­կում­նե­րուն։
Այս ա­նել կա­ցու­թեան դի­մաց ի՞նչ մի­ջոց­նե­րու դի­մե­ցին հայ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կա­րե­նալ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար Կի­լի­կիոյ հա­յու­թիւ­նը։
«­Դի­մադ­րե­ցէք, շու­տով օգ­նու­թիւն պի­տի հաս­նի» քա­ջա­լե­րա­կան խօս­քե­րով Հա­ճըն փու­թա­ցող սուր­հան­դակ­նե­րը ետ կը վե­րա­դար­ձո­ւէին։
Աշ­խա­տանք կը տա­րո­ւի, քա­ղա­քի մօ­տիկ վայ­րի մը մէջ, ե­րեք հա­րիւր հայ կա­մա­ւոր­ներ մար­զե­լով զա­նոնք զի­նել, ա­ռանց սա­կայն տե­ղեր­նէն շար­ժե­լու, հրա­մա­նա­տար­նե­րու ան­հա­մա­ձայ­նու­թեան հե­տե­ւան­քով։
Օր մըն ալ, ֆրան­սա­ցիք, պատ­րո­ւա­կով մը զի­նա­թափ ը­նե­լով կը ցրո­ւեն Հաճ­նոյ օգ­նու­թեան հա­մար պատ­րաս­տո­ւած հայ կա­մա­ւո­րա­կան խում­բը։
Այս­պի­սով, Ա­տա­նա-­Հա­ճըն կա­պը կը խզո­ւի ու Հա­ճըն բո­լո­րո­վին իր բախ­տին կը ձգո­ւի։
Ա­տա­նա­յի հայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու քա­ջա­լե­րա­կան եւ յու­սա­տու խոս­տում­նե­րով ո­գե­ւո­րո­ւած, հա­ճըն­ցիք ի­րենց յար­ձա­կում­նե­րու պա­հուն երբ թուր­քի թնդա­նօ­թը գրա­ւե­ցին, մօտ եր­կու ա­միս հան­դարտ շրջան մը ապ­րե­ցան։ Այս ժա­մա­նա­կին, ե­թէ Հաճ­նոյ պաշտ­պա­նու­թեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը բնակ­չու­թիւ­նը Սիս փո­խադ­րէր, ուր ֆրան­սա­կան զօրք կար, հա­ւա­նա­բար ա­ւե­լիք քիչ վնաս­ներ ու­նե­նա­յինք։
Ա­տա­նա­յի չի­րա­կա­նա­ցած օգ­նու­թեան խոս­տում­նե­րը պատ­ճառ ե­ղան որ Հա­ճըն իր բախ­տին ձգո­ւի։
Այս բո­լո­րի հան­դէպ հարց կը դրո­ւի, թէ ի՞նչ քայ­լեր առ­նո­ւե­ցան Հաճ­նոյ ու­թը հա­զա­րի հաս­նող հայ բնակ­չու­թիւ­նը կա­րե­նալ փրկե­լու հա­մար։
Վեր­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թեան մը զոհ դար­ձաւ Կի­լի­կիոյ գո­հար քա­ղաք­նե­րէն մին ե­ղող ար­ծո­ւե­բոյն Հա­ճը­նը։
Հա­ճըն ի սէր հայ­րե­նի­քի «­Մահ կամ ա­զա­տու­թիւն» նշա­նա­խօս­քով հե­րո­սա­բար կռո­ւե­ցաւ, եւ ե­թէ այն ե­րեք հա­րիւր հայ կա­մա­ւոր­նե­րը ֆրան­սա­ցի­նե­րու կող­մէ զի­նա­թափ չե­ղած կա­րե­նա­յին Հաճ­նոյ օգ­նու­թեան հաս­նիլ, դար­ձեալ ստեղ­ծո­ւած Հաճ­նոյ ա­նել կա­ցու­թե­նէ ո­չինչ պի­տի փո­խո­ւէր, ո­րով­հե­տեւ թշնա­մին ծանր հրե­տա­նիով ու մեծ ու­ժով վե­րա­դար­ձած ու դիրք գրա­ւած էր Հաճ­նոյ դի­մաց եւ այս է որ ա­ւե­լի պատ­ճառ դար­ձաւ Հաճ­նոյ ան­ժա­մա­նակ անկ­մա­ն։

Կ. Գ.