Եռաբլուրի բարձունքին յատուկ վայր տրամադրուած է անյայտ զինուորին համար։ Անոր՝ որ իր տաք արեամբ ոռոգեց Արցախեան ազատատենչ հողին ակօսները։

Անյայտներուն հանդէպ արտակարգ յարգանքը՝ կեանքին հանդէպ հայու ինքնանուէր ըմբռնումի ներաշխարհէն կը բխի, իր նահատակներուն համար

տածած բարոյական հասկացողութեան խորունկ արտայայտութեան ցոլացումով։

 

Խիղճի գաղափարախօսութիւնը կը փոխէ մարդս դէպի լաւը. ընդհանրապէս դէպի շատ լաւը։ Լաւատեսօրէն՝ հոգեւոր կլիմայի մը զարգացումը կը ձեւաւորէ պատմութեան, մեր պատմութեան մենակեաց դիմագիծը, որովհետեւ հայու արժէքներուն մէջ տեւական զարգացում մը կայ, որ միշտ ալ իր վրայ բան մը կþաւելցնէ. բան մը՝ որ կը գեղեցկացնէ խոցուած գաղափարը, նահատակութիւնը, ազատասիրութիւնը։

Պատմութիւնը պատմութիւն կը գրէ։ Մենք հայերս՝ տասնամեակներէ ի վեր պատմութեան ապածածկագրումը կատարելու մնայուն դերին մէջ կը գտնուինք։

Հայը կը սրբացնէ իր ազգին հերոսը, հոգ չէ թէ այդ հերոսը սուրբ մը չըլլայ միշտ եւ ամէն պարագայի։ Կը հաւատայ, թէ հերոսական փառքը չի պակսիր կռուողէն։ Երբ Եռաբլուրի շիրիմներուն առջեւ կը կանգնիս, հոգիիդ խորերէն բացագանչութիւն մը դուրս կուգայԱստուա՜ծ իմ, ասոնք բոլորն ալ հայ են։ Այդ իսկ պատճառով, Եռաբլուրի անյայտներու յուշակոթողը յաղթանակի ու սրբութեան կամար մըն է, թէկուզ դափնիներով զարդարուած չըլլայ ան։ Այդ դափնիներուն հարկն ալ, անոնք զգացած չեն երբեք։

Յուշակոթողները դափնիներու պէտք չունին իրենց յաղթանակի ու անձնազոհութեան շօշափելի փաստը տալու համար։ Անոնք, ինքնին, կը ցոլացնեն նոյնացած համադրումի զմայլելի ամբողջութիւն մը։

Գիտէ՛ք, հերոսութիւնը միայն թուաբանական պարզ թիւ մը չէ. ինչպէս յաճախ կþըսենք՝ այսքան հոգի նահատակուեցաւ, այսքան հոգի վերապրեցաւ...։ Թիւերու չոր լեզուէն անդին, ազատութեան ու անկախութեան յայտարար են, որ տոմարակալական տարբեր հաշիւներով կը գնահատեն ու կը գնահատուին։

Հերոսը լաւապէս զանազանել գիտէ հայրենիքի գերագոյն տեսլականը, իշխանութեանց մաշող կարգավիճակէն։ Երկրորդին համար չէ որ դէպի ճակատ կþուղղուի։ Ան շատ լաւ գիտէ, թէ ազատագրական պատերազմին մէջ կþարմատաւորէ իր ծագման ու հողին արժէքը, քանի այդ իմաստներուն միջեւ պատմական հսկայ տարբերութիւններ կան, որոնք երբեմն այդ արժէքները կը միացնեն, երբեմն ալ իրարմէ կը հեռացնեն։

Հերոսները կամ հերոսութիւնը կայուն ու մնայուն կարգավիճակ մը չեն ունենար։ Դիւրին չանցնինք ասոր վրայէն։ Հերոսին կեանքը գաղափարական նպատակ ու մտատիպար ունի, բայց երբեք ինքնանպատակ չէ. ինչպէս ինքնանպատակ չէ հերոսական մահը։ Այս մասին շատ խօսուած, շատ գրուած է. հարցադրում մըն է, որ պարզ կը թուի ըլլալ, բայց անոր պատասխանը շատ բարդ է։ Հերոսութեան մէջ, գուցէ սանձարձակ առասպելականացում մը կայ, որ դժուար կը մեկնաբանուի, մարդկային ողջերուն կողմէ եւ մարդկային չապրողներէն աւելի անդին կþերթայ ու կը կորսուի անյայտ ու ալեկոծ ժամանակներու մէջ։

Հերոսութիւնը գիտական հմտութեամբ ու ճանաչումով չի բացատրուիր. ոեւէ բանիմաց գիտնական անոր բացատրութիւնը վաւերական ցուցատախտակով մը չի յաջողիր բնորոշել։

Հերոսը կը ցոլացնէ պաշտամունք մը՝ հայրենասիրութիւնը։

Հայրենասիրութիւնը կը ցոլացնէ պաշտամունք մը՝ հերոսութիւնը։

Հերոսը իր կեանքը կը սկսի անունով մը։ Անանուններն ալ կան. անոնք ալ հերոս են. բոլորն ալ մաս կը կազմեն նոյն հերոսապատումին. նոյն տեղէն ճամբայ կþելլեն, նոյն տեղը կը յանգին։ Առուակը գետին կը միանայ եւ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն ծովը կը թափի։

Եռաբլուրի վրայ Անյայտ Զինուորի յուշակոթողը աշխարհագրական պարզ տեղամաս մը չէ միայն. մեր առօրեայ փոթորկալից կեանքի առինքնող վկայութիւն մըն է։ Հայու հասարակաց խիղճի խորհրդանշական պարիսպ մըն է։

Այսպիսի յաղթանդամ յուշարձաններ պատմական բնոյթ ունին եւ հայոց պատմութիւնը խղճամտօրէն կը թերթատէ զանոնք՝ իրենց զուգակշիռ ճանապարհի պատմութեան հետ, որովհետեւ հայ հերոսը կը պատգամէ իրական ազատութեան մասին, առանց խտրականութեան որեւէ տարբերականութեան միտումի։

Հերոսներու ճամբան կարճ է. երբեմն՝ երկար. երբեմն ալ անծայրածիր։ Անոնք գերեզման կþունենան. յաճախ այդ ալ չեն ունենար. գերեզման ունենան թէ չունենան սակայն, բոլորին հոգին անմահ է։ Այդպիսի անմահութեան վրայ հայերը իրենց քաղաքակրթութիւնը հիմնեցին ու տարածեցին։

Երբ մեր հերոսներու մասին կը խօսինք, աւելորդ նախաբաններու հարկը չենք զգար, որովհետեւ հերոսը, մանաւանդ անյայտ հերոսը զինք սահմանող ինքնակենսագրութիւն մը ունի, կամ չունի. կիսատ թէ ամբողջական։ Անոր կենսագրութիւնը ազգը կը գրէ եւ իր նահատակութենէն վերջ՝ այդ մէկը բոլորովին իր ազգին կը պատկանի։

Հերոսին համար անկախութիւն բառը չմեկնաբանուող, երբեմն ալ դժուար մեկնաբանուող գրաւչութիւն մը ունի. միաժամանակ՝ ողբերգականութիւն մը, քանի մեր հերոսները յաղթեցին մեռնելով. նաեւ գիտցան, որ կրնան մեռնիլ առանց նահանջելու։ Հոս՝ բոլոր նահատակները միեւնոյն գաղափարաբանութեան կը ծառայեն՝ Հայրենիքին։

Վերապրողներս շարունակենք ապրիլ նահատակներու յիշատակով ու փառքով։ Անոնք պատուեցին իրենց ուխտը։ Մեզի կը մնայ որ մենք ալ պատուենք մեր ուխտը։ Ոեւէ հերոս չþապահովեր այդ ուխտը եթէ հերոսին յիշատակը թօշնի։

Նահատակներուն յիշատակը կը կշռէ որքան պարզ փետուր մը։ Փետուրի օգնութեամբ ազատ երկինքներու վրայ թռիչք մը կատարենք հայրենի կապուտակ երկնակամարին վրայ ու հասնինք մինչեւ բռնագրաւուած Արարատին վերեւ։

Եռաբլուրի անյայտ զինուորի յուշակոթողին վերեւ՝ երեք քարակերտ շերտերով Եռագոյնը կը պատկերացուի. իսկ կոթողի վարի մասին վրայ փորագրուած է Նոյեան աղաւնին։ Աղաւնիները միշտ ալ ազնուացուցած ու հեշտացուցած են մեր պայքարը։ Բայց խաղաղութեան աղաւնին չի կրնար մեզի վերջնական ու բաղձալի ազատութեան մը առաջնորդել։

Մեր նահատակներուն պատգամը կռիւը շարունակելուն մէջ գաղտնի թելադրականութիւն մը ունի։ Կռիւը, մատնչումը՝ քաղաքակրթութեան հակասող ազդակ մը չէ։

Հայու պատմութիւնը միայն հայը կը հասկնայ։ ¥Շար. 11¤

Յովսէփ Պարազեան