Հա­յաս­տա­նի ա­մառ­նա­յին ծրա­գիր­նե­րու մաս կը կազ­մէ սփիւռ­քա­հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման ու վե­րաո­րա­կա­ւոր­ման դա­սըն­թաց­քը։ Մեր ըն­կե­րու­թիւ­նը կար­տա­ցո­լայ այս դա­սըն­թացք­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն։

Հոն կը սոր­վեց­նեն, ինչ որ դա­րե­րու մէջ հա­զա­րա­ւոր ան­գամ­ներ ը­սո­ւած-լսո­ւած-գրո­ւած-ար­տա­յայ­տո­ւած է, նոր ու հարս­տա­ցած ո­ճով ու դա­սա­կարգո­ւած բո­վան­դա­կու­թեամբ։ Հոն կը հան­դի­պին նոյն ազ­գի մար­դիկ տա­բեր ու­սու­մով, տար­բեր մա­կար­դա­կով, տար­բեր քա­ղա­քակր­թա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, սա­կայն զի­րենք միաց­նո­ղը հայ ա­շա­կեր­տէն զատ մեր ազ­գա­յին յու­շի ինք­նու­թեան բազ­մա­կող­մա­նի յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւնն է, հա­յու անգ­նա­հա­տե­լի ար­ժէք­նե­րը միաս­նա­բար չա­փե­լու, գնա­հա­տե­լու զգա­ցա­կան հան­դիպ­ման վայ­րը։ Զի­րենք միաց­նո­ղը աշ­խար­հագ­րա­կան հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը չէ, այլ հա­յոց լե­զո­ւի հո­գե­պա­րար միջ­նոր­դու­թեան նոյ­նա­ցումն ու պատ­կե­րա­ցու­մը։

Հոն կը սոր­վեց­նեն մարդ­կա­յին միտքն ու միտ­քի ա­զա­տու­թիւ­նը չկաշ­կան­դող բաց ու ա­զատ խօսք, որ­պէս­զի իւ­րա­քան­չիւր դաս­տիա­րակ իր ա­զա­տու­թեան ըմբռ­նում­նե­րուն եւ կա­րո­ղա­կան չա­փա­նիշ­նե­րուն հի­մամբ ըն­կա­լէ, պա­տաս­խան տայ հար­ցա­կան­նե­րու, վեր­լու­ծէ ու ի­մաս­տա­ւո­րէ մարդ­կա­յին միտքն ու գի­տու­թեան փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը։

Ու­սու­ցի­չը՝ ժա­մա­նա­կի ժա­մա­ցոյ­ցին մէջ սոր­վող թէ սոր­վեց­նող, խո­րունկ ա­ռա­քե­լու­թիւն ու­նի։ Ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը յանդգ­նու­թեամբ կ­'ըլ­լայ, ի­մաս­տու­թեամբ ու խո­հա­կա­նու­թեամբ կ­'ըլ­լայ։

Ի­մաս­տու­թիւ­նը խո­շո­րա­ցոյ­ցով կը մեծ­նայ, թէ կը փոք­րա­նայ։ Խօս­քի ու խո­կու­մի հե­ռա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը մեծցընէ ու կը փոք­րաց­նէ։ Ինք՝ պէտք է մե­ծի եւ փոք­րի հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րը ճշդէ ու ար­ժե­ւո­րէ։ Այս դե­րը տրո­ւած է դաս­տիա­րա­կին. ա­տով նոր ճամ­բա­ներ պի­տի բա­նայ, ոչ միայն ա­շա­կեր­տին, այլ քա­ղա­քա­ցի ու աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­ցի մար­դուն հա­մար։ Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­ցի մը, որ ա­ռան­ձինն իսկ կրնայ հայ­կա­կան գա­ղութ մը ներ­կա­յաց­նել։

Լու­սա­բա­նո­ւած ու չլու­սա­բա­նո­ւած դաս­տիա­րա­կին մի­ջեւ հսկա­յա­կան տար­բե­րու­թիւն կայ։

Ո­րո՞նք են ի­րա­կան ար­ժե­չա­փե­րու հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րը հա­յոց լե­զո­ւի, պատ­մու­թեան, մա­տե­նա­գի­տու­թեան, աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թեան, ի­մաս­տա­սի­րու­թեան՝ հա­յուն մէջ, հայ մար­դուն մէջ։

Գործ­նա­կան գի­տու­թեանց մար­դիկ կրնան պնդել, որ ջու­րը իր զե­տե­ղո­ւած ա­ռար­կա­յին չա­փը, ձեւն ու ծա­ւա­լը կը ստա­նայ գա­ւա­թին թէ փար­չի մը մէջ։

Կեան­քը ջու­րին ձեւ տո­ւող եւ ծա­րա­ւը յա­գեց­նող փո­խա­դարձ կապ մըն է, կամ այդ կա­պը պա­հե­լու ճիգ մըն է։ Այդ ճի­գին ա­ռաջ­նա­կարգ դե­րա­կա­տարն է հայ ու­սու­ցի­չը, որ դա­րե­րու ըն­թաց­քին կը փոր­ձէ ոս­կե­դա­րեան շուն­չով սե­րունդ­նե­րուն դաս­տիա­րա­կել, ո­րա­կա­ւո­րել, պատ­գա­մել, միտք ու ի­մաստ խտաց­նել ա­նոր մտքին մէջ։

Ծա­նի՛ր քեզ, կը պատ­գա­մէր յոյն փի­լի­սո­փան դա­րեր ա­ռաջ։

Մարդ՝ փոր­ձա­ռու­թեամբ ու գի­տու­թեամբ կ­'ա­ռաջ­նոր­դո­ւի։ Փոր­ձա­ռու­թիւ­նը կանգ չ­'առ­ներ եր­բեք. չի դաս­տիա­րա­կո­ւիր, չ'ու­սու­ցո­ւիր, ա­նոր կը տի­րա­նաս փոր­ձով, փոր­ձար­կու­թեամբ, նաեւ փոր­ձա­ռու­թեամբ։

Սի­րե­ցէք գի­տե­լիք­նե­րը. գոր­ծադ­րե­ցէք իր պատ­գամ­նե­րը. ո­րո­նե­ցէք գի­տե­լիք­նե­րու նոր մեկ­նա­բա­նու­թիւնն ու ճշմար­տու­թիւ­նը։

Փնտ­ռե­ցէք լե­զո­ւա­կան նոր յե­ղա­փո­ղու­թիւն­ներ՝ բա­ռե­րու, նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րու, պար­բե­րու­թիւն­նե­րու, գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նի ան­կախ ա­րա­հետ­նե­րուն մէջ։

Ծա­րաւ ու­նե­ցէք՝ գի­րի ծա­րա­ւին։ Հան­դի­պե­ցէք լե­զո­ւա­կան մեր հարս­տու­թեան շա­ւիղ­նե­րուն մէջ, ուր կը պա­հո­ւի լե­զո­ւի ճա­կա­տագ­րի ա­պա­գան։

Դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը կեան­քի օ­րի­նակ է. ո­րո­նու­մի ա­մէ­նօ­րեայ հաս­տա­տում է։

Ո­րո­նու­մը ճշմար­տու­թեան մնա­յուն որ­սի պէս բան մըն է։ Չ­կար­ծո­ւի որ, բո­լոր մար­դի­կը ճշմար­տու­թիւ­նը կ­þո­րո­նեն, ճշմար­տու­թիւ­նը կը սի­րեն, կամ ալ ա­նոր հե­տե­ւորդ են։ Ճշ­մար­տու­թիւ­նը՝ նկա­րագ­րա­յին ո­րակ կ'ու­զէ։ Մար­դու ճա­նա­չում կ'ու­զէ, մար­դու նե­րաշ­խար­հի գաղտ­նի տա­ղանդ­նե­րու յայտ­նա­բե­րում կ­'ու­զէ։

Դաս­տիա­րա­կը կը դա­սա­ւան­դէ, ո­րով­հե­տեւ ինք կ­'ու­զէ դաս­տիա­րա­կել ու դաս­տիա­րա­կո­ւիլ։ Ո­րով­հե­տեւ ինք կը հա­ւա­տայ դաս­տիար­կու­թեան անգ­նա­հա­տե­լի ա­ռա­քե­լու­թեան։ Դաս­տիա­րա­կը հպարտ է որ զինք ունկնդ­րող կայ, ի հար­կին հա­կա­ճա­ռող կայ։ Դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը հուն­տի պէս է. կը փո­րես, կը տնկես, կը ցա­նես, կը հնձես։ Մար­դուն պէս։ Մար­դը մար­դուն հա­մար։ Մարմ­նա­ւոր թէ ի­մա­ցա­կան ար­ժէք­նե­րով։ Մար­դը՝ մար­դա­ցած մարդ­կօ­րէն, մար­դը՝ մարդ­կօ­րէն ձու­լո­ւած իր էու­թեան մէջ։

Փոր­ձա­ռու դաս­տիա­րա­կը դա­սա­ւան­դե­լով ա­ւե­լի կը դաս­տիա­րա­կո­ւի, ա­ւե­լի կը սոր­վի, ա­ւե­լի կը սոր­վեց­նէ։

Ո­րո՞նք են դաս­տիա­րա­կու­թեան ա­ռա­ջին փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը ըն­կա­լած ու­սու­ցիչ­նե­րը։ Ա­նոնք ինչ­պէ՞ս կը գծեն, կ'ընդգ­ծեն մե­ծար­ժէք գի­տու­թեան ու­ղին։

Ու­սու­ցի­չը որ կ­'ը­սէ, թէ ա­մէն բան գի­տէ, թէ իր գիտ­ցա­ծը ի­րեն կը բա­ւէ, նոր բան պի­տի չսոր­վի եր­բեք։ Այդ­պի­սի ու­սու­ցիչ­ներ գրա­կա­նու­թիւն դա­սա­ւան­դե­լու հա­մար առ­նո­ւազն 50-60 վէպ կար­դա­ցած պէտք է ըլ­լան։

Ու­սու­ցիչ­նե­րը թող գիրք կար­դան։ Ա­մէ՛ն տե­սակ գիրք։ Շատ ան­գամ հոն պա­տաս­խան պի­տի գտնեն ի­րենց հար­ցա­կան­նե­րուն։ Եւ վստա­հա­բար ալ՝ կար­գի պի­տի դնեն ի­րենց մտքերն ու զգա­ցում­նե­րը։

Ուսու­ցի­չը այ­սօր՝ իր սոր­վա­ծէն ու գի­տե­լիք­նե­րէն ա­ւե­լիին պէտք ու­նի. եւ գի­տե­լիք­նե­րը յա­ճախ այն բա­ներն են, որ մոռ­ցած ենք, կամ ալ՝ մոռ­ցո­ւած են։ Արթնց­նենք մտքի ու հո­գիի յի­շո­ղու­թիւ­նը։  

Յովսէփ Պարազեան

Շար. 9