­Ճշ­մար­տու­թիւ­նը դար­պաս մըն է. ա­մէն մարդ չի կրնար ա­նոր մէ­ջէն, կամ վրա­յէն անց­նիլ։ Իսկ ա­նոնք, որ այդ դար­պա­սէն մուտք կը գոր­ծեն, ընդ­հան­րա­ցած յուսա­խա­բու­թեան մթնո­լոր­տի մը մէջ՝ շատ ա­ւե­լի հար­ցա­կան­նե­րով դուրս ե­լած են ա­նոր մէ­ջէն։

­Հար­ցա­կան­նե­րը՝ վստա­հու­թիւն կը ստեղ­ծեն. պա­տաս­խան­նե­րը՝ ինք­նավս­տա­հու­թիւն։

 

Ա­մէն դար­պաս բա­նա­լի մը ու­նի։ ­Բա­նա­լին կա­պո­ւած է քու ընտ­րած այն ճա­նա­պար­հէն, որ քե­զի դէ­պի պատ­մակ­րօ­նա­կան դար­պա­սի մը կ­’ա­ռաջ­նոր­դէ։

Էջ­միա­ծի­նը, ­Տա­թե­վան­քը, ­Գե­ղար­դը, ­Հաղ­բատն ու ­Սա­նա­հի­նը, ­Սուրբ Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ վան­քը՝ հնա­ւանդ մշա­կու­թա­յին հնոց­ներ ե­ղած են որ դար­պաս ու­նին։ ­Պատ­մու­թիւնն ու կրօն­քը կը ցո­լա­նան ա­նոնց հա­յե­լիին մէջ։ ­Հայ ազ­գը իր ա­ւան­դու­թե­նէն ներշն­չո­ւած բազ­մա­թիւ դե­րեր վե­րա­պա­հած է ի­րեն, ո­րոնք իր ապ­րած ժա­մա­նա­կի ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ կ­’ար­տա­յայ­տո­ւին, եր­բեմն ալ իր գե­րա­զանց թէ նո­ւազ ար­ժէ­քի չա­փա­նի­շով։

Ճշ­մար­տու­թիւ­նը խստա­պա­հանջ է. նաեւ՝ խիստ դա­տո­ղու­թեան չա­փա­նիշ­ներ կը պա­րու­նա­կէ. հսկող է ու հսկո­ւող, բամ­բա­սանք, խե­ղա­թիւ­րում չ­’ըն­դու­նիր. ա­նոնց լե­զուն չի հասկ­նար, ա­նոնց լե­զուն հա­րա­զատ չէ ի­րեն։

Ազ­գու­թիւ­նը հիմ­նո­ւած է իր ծննդա­կան ծա­գու­մին վրայ եւ իր ծննդո­ցին մէջ ո­րե­ւէ սայ­թա­քում ա­նըն­դու­նե­լի կը հա­մա­րէ։

­Հարց տանք սա­կայն, ճշմար­տու­թեան հե­տա­մուտ սե­րունդ կա՞յ հա­յու­թեան մէջ։ Ճշ­մար­տու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս քա­րո­զե­լու, ընդ­հան­րա­պէս տա­րա­ծե­լու պայ­ման-նա­խա­պայ­ման կա՞յ։ Ճշ­մար­տու­թեան հա­մար այ­սօր պայ­քա­րող մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւն կա՞յ. կը պատ­րաս­տո­ւի՞...։

Ազ­գա­յին ճշմար­տու­թեան հե­տե­ւիլ չի նշա­նա­կեր սո­վե­տա­կան հի­նէն ստեղ­ծո­ւած ա­ւան­դու­թեան հե­տե­ւիլ եւ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի լու­սան­կա­րը կա­խել պե­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու գրա­սե­նեակ­նե­րու եւ դահ­լիճ­նե­րու պա­տե­րէն, որ­քան ալ դժո­ւար ըլ­լայ այդ նա­խա­գա­հին խոր­քա­յին դե­րը։

Ճշ­մար­տու­թեան ծա­ռա­յել չէ նաեւ, երբ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ կա­թո­ղի­կո­սին նկա­րը կը վա­ճա­ռո­ւի, կար­ծես սուրբ, կամ սրբա­ցած դէմք մը ըլ­լար ան, ան­կախ իր հո­գե­ւոր բարձ­րա­գոյն հան­գա­ման­քէն։

Ա­ւան­դա­կան ար­ժէք­նե­րը փոքր տա­րի­քէն կը դա­սա­ւան­դո­ւին պատ­մու­թեան հետ զու­գա­հեռ ու զու­գա­հե­ռա­բար։

Ճշ­մար­տու­թիւ­նը նպա­տակ ու տես­լա­կան ու­նի։ ­Խօսք, գործ, սրբու­թիւն, ի­րար կը միաց­նէ։ ­Չի շլա­նար, չի շլաց­ներ։

Ճշ­մար­տու­թիւ­նը կը պե­ղէ մար­դու նե­րաշ­խար­հը, խիղ­ճը, կը պրպտէ ա­նոր հա­նա­պա­զօ­րեայ շնչա­ռու­թիւ­նը։

Ճշ­մար­տու­թիւ­նը ան­հան­գիստ կը դարձ­նէ գի­տա­կից մար­դը, ե՛ւ տե­սա­բա­նա­կան, ե՛ւ գործ­նա­կան մա­կար­դա­կի ար­ժէք­նե­րու հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ։

Ճշ­մար­տու­թիւ­նը ա­նուն ու­նի եւ չու­նի։ ­Հիւ­մուր ու­նի եւ չու­նի։ ­Հիւ­մո­րի զգա­ցու­մը ընդ­հան­րա­պէս չքա­ցած է ե՛ւ լաւ ե՛ւ գէշ բա­նե­րու հա­մար։

Ե­կէք, ա­նուն տանք ի­րեն, որ­պէս­զի իր դե­րը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ իր միա­ձոյլ դե­րին ու ի­մաս­տին։

Ոե­ւէ մէ­կու ճշմար­տու­թիւ­նը   իր միաւո­րո­ւած ճշմար­տու­թիւնն է. ան է որ կը պար­փա­կո­ւի իւ­րա­քան­չիւ­րի մեծ թէ փոքր կեան­քի բե­ռին մէջ, իր ներ­կայ թէ յա­ւի­տե­նա­կան ի­մաստ­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման ո­րո­նու­մին ու եզ­րա­կա­ցու­թեան ընդ­մէ­ջէն։

Ճշ­մար­տու­թիւ­նը գին ու­նի եւ այդ գի­նը մարդ­կա­յին անգ­նա­հա­տե­լի ար­ժէք է։

Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան