Հաճըն. Սուրբ Յակոբ վանքը եւ որբանոցը 

(Աղբիւր՝ Bibliothèque Orientale-USJ)

 

1915էն առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայութեան մասին հանրութեան տրամադրութեան տակ գտնուող տուեալները սակաւաթիւ եղած են: Այս հետազօտական աշխատանքը կուգայ լրացնելու «Յուշամատեան» կայքէջը (www.houshamadyan.org), հիմնուելով գիրքերու եւ մատեաններու մէջ տեղ գտած տուեալներու վրայ:

 

Հետազօտական լրիւ աշխատանքով՝ ընթերցողին կը հրամցուին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայութեան անցեալի յուշերը, կենդանի ձեւով: Առօրեայ կեանքին վերաբերող սովորութիւններ ու աւանդութիւններ, երգեր, տեղական բարբառ, խոհանոց եւ պատմական դրուագներ:  Պերլինի մէջ 2010ին հիմնադրուած է պատմական-մշակութային հետազօտութիւններով զբաղող «Յուշամատեան» հաստատութիւնը, որու աշխատանքը արդիւնքն է Վահէ Թաշճեանի եւ իր աշխատակիցներու խումբին:

Այս աշխատանքին վրայ հիմնուած է նաեւ կայքէջի պատրաստութիւնը, իր ճոխ նիւթերով: Յուշամատեանի նիւթերը կը հրատարակուին հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Օգտաշատ նկատելով այս աշխատանքը, Յուշամատեանը կը հրատարակենք

«Ազատ Օր»ին մէջ, յաջորդական հանգրուաններով եւ շաբաթական դրութեամբ:

Հեղինակ՝Վարդի Քէշիշեան,
www.houshamadyan.org

­

­Հա­ճը­նը ու­նի ­­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ե­րեք ե­կե­ղե­ցի­ներ՝ Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին, Ս. ­­Գէորգ եւ Ս. ­­Թո­րոս: Ա­սոնց­մէ եր­կու­քը՝ Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծինն ու Ս. ­­Գէոր­գը ­­Վե­րի ­­Թա­ղին, իսկ Ս. ­­Թո­րո­սը՝ ­­Վա­րի ­­Թա­ղին մէջ կը գտնո­ւին:

Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան տա­րածք­նե­րուն վրայ գտնո­ւող հա­յաբ­նակ բո­լոր գա­ւառ­նե­րու նման, ­­Հաճ­նոյ հա­յու­թիւ­նը նոյն­պէս, կ'ապրի իբ­րեւ կրօ­նա­կան հան­րու­թիւն, խմբո­ւած ե­կե­ղե­ցի­նե­րու շուրջ: ­­Հա­ման­ման է նաեւ կրօն­քի, ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րուն հան­դէպ հաճնցի­նե­րու գո­րովն ու նո­ւի­րու­մը։

Այս­պէս, ա­հա, ­­Հաճ­նոյ 20-25 հա­զար հա­շո­ւող հա­յու­թիւ­նը փա­րած է իր ե­րեք ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, նոյն­քան սի­րե­լի Ս. ­­Յա­կո­բայ պատ­մա­կան վան­քին: Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր սպա­սա­ւո­րու­թիւ­նը կը կա­տա­րեն եր­կու տաս­նեա­կի հաս­նող քա­հա­նա­ներ: Ա­սոնց մեծ մա­սը հա­զիւ նախ­նա­կան կրթու­թիւն մը ու­նին, ար­հես­տով՝ ջու­լակ, կօշ­կա­կար կամ հո­ղա­գործ­ներ են, քա­նի որ քա­հա­նա­յա­ցու­ներ կ­'ընտ­րեն պարզ ժո­ղովր­դա­կան խա­ւե­րէ, կը բա­ւէ որ գրել կար­դալ գիտ­նա­յին, քիչ մը ձայ­նա­ւո­րու­թիւն ը­նէին, բա­րե­պաշտ ու ար­ժա­նա­ւոր ան­ձեր ըլ­լա­յին:

­­Քա­հա­նա­նե­րու պար­տա­կա­նու­թիւնն էր ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր սպա­սար­կու­թիւ­նը, իսկ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­րե­կար­գու­թիւ­նը, հա­սոյթ­նե­րու եւ ծախ­սե­րու հսկո­ղու­թիւ­նը, դպրոց­նե­րու մա­տա­կա­րա­րու­մը կը կա­տա­րէ աշ­խար­հա­կան ե­րե­ւե­լի անձ մը, որ ե­րես­փո­խան ա­նո­ւամբ կը յոր­ջոր­ջո­ւի: Իւ­րա­քան­չիւր ե­կե­ղե­ցի ու­նի իր ընտ­րեալ ե­րես­փո­խա­նը, որ կը ճանչ­ցո­ւէր եւ կը վա­ւե­րա­ցո­ւէր Ա­ռաջ­նորդ հօր կող­մէ: Ազ­գա­յին ­­Սահ­մադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն յե­տոյ, հայ­կա­կան բո­լոր բնա­կա­վայ­րե­րու նման, ­­Հաճ­նոյ մէջ նոյն­պէս, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու շուրջ կը կազ­մո­ւին թա­ղա­կան խոր­հուրդ­ներ, ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղով­ներ, ո­րոնք կը կա­ռա­վա­րեն հո­գե­ւոր, ե­կե­ղե­ցա­կան, կրթա­կան գոր­ծե­րը:

­­Քա­հա­նա­նե­րու ապ­րուս­տը կը հո­գա­ցո­ւի ժո­ղո­վուր­դի նո­ւէր­նե­րով եւ յա­տուկ ա­ռիթ­նե­րու հա­մար սահ­մա­նո­ւած տուր­քե­րով, ինչ­պէս կնուն­քի, պսա­կի, մե­ռե­լա­թա­ղի, հո­գե­հան­գիս­տի, պա­տա­րա­գի, Ս. Ծ­նուն­դի եւ ­­Զատ­կի տօ­նե­րու առ­թիւ տուն օրհ­նէ­քի, հի­ւանդ­նե­րու եւ տու­նե­րու այ­ցե­լու­թեան եւ ա­ղօթք­նե­րու հա­մար կա­մո­վին տրո­ւած դրա­մա­կան նո­ւէր­նե­րով:

Ե­րեք ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ ա­մէն օր եր­կու ան­գամ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն կը կա­տա­րո­ւի՝ ա­ռա­ւօ­տեան եւ ե­րե­կո­յեան, եւ շա­բա­թը եր­կու ան­գամ պա­տա­րագ կը մա­տու­ցո­ւի:

­­Կի­րա­կի օ­րո­ւան ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մեր­գու­թիւ­նը կը սկսի ար­շա­լոյ­սէն մէկ եր­կու ժամ ա­ռաջ: ­­Ժո­ղո­վուր­դը ծեր թէ ե­րի­տա­սարդ, մախ­րը (մոխ­րա­կալ) վա­ռած շա­րան շա­րան կը փու­թան ե­կե­ղե­ցի:

­­Հաճ­նոյ մէջ շատ հե­տաքրք­րա­կան սո­վո­րու­թիւն մը կա. ­­Կի­րա­կի ար­շա­լոյ­սէն ա­ռաջ ժամ­կո­չը մէկ ձեռ­քը հաստ գա­ւա­զան մը, միւս ձեռքն ալ մո­մով վա­ռո­ւած լապ­տեր մը բռնած թա­ղե­րը կը պտտի ու մե­լա­մաղ­ձիկ ձայ­նով մը եր­գե­լով ժո­ղո­վուր­դը կը հրա­ւի­րէ ե­կե­ղե­ցի ա­ղօ­թե­լու հա­մար, ե­ւայս­պէս ա­մէն տան դրան ա­ռաջ եր­գե­լով, ան ձեռ­քի գա­ւա­զա­նով ե­րեք ան­գամ դու­ռը կը զար­նէ:

Այս սո­վո­րոյ­թին այ­լուր չենք հան­դի­պած, վստա­հա­բար ան տե­ղա­կան սո­վո­րու­թիւն մըն է, յու­զիչ եւ ու­շագ­րաւ միան­գա­մայն:

Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին

­

­Կա­ռու­ցո­ւած է ­­Հաճ­նոյ բեր­դին մէջ, բարձ­րա­բերձ ժայ­ռի մը վրայ: Ե­կե­ղեց­ւոյ հի­մե­րը պէտք է դրո­ւած ըլ­լան հա­յե­րու այս կող­մե­րը հաս­տա­տո­ւե­լուն եւ քա­ղա­քի հիմ­նադ­րու­թեան հետ գրե­թէ միա­ժա­մա­նակ, երբ ­­Կի­լի­կիոյ հայ­կա­կան թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մէն յե­տոյ (1375), գաղ­թա­կան խմբա­ւո­րում­ներ ա­պաս­տան կը գտնեն այժ­մու ­­Հա­ճըն քա­ղա­քին տե­ղը:

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ վարժարանը
(Աղբիւր՝ Պօղոսեան Յ. Պ., Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը
եւ շրջակայ Գօզանտաղի հայ գիւղերը, Լոս Անճէլըս, 1942)

­­Նաեւ ա­ւան­դա­բար կ­'ը­սո­ւի, թէ ­­Կի­լի­կիոյ հայ­կա­կան իշ­խա­նու­թեան ան­կու­մէն յե­տոյ, հայ ազ­գաբ­նակ­չու­թե­նէն մաս մը գե­րի կը տա­րո­ւի Ե­գիպ­տոս: ­­Գե­րե­վա­րո­ւած­նե­րը մօտ յի­սուն տա­րի վերջ ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­լով ար­տօ­նու­թիւն կը ստա­նան վե­րա­դառ­նալ ի­րենց եր­կի­րը: Ա­սոնց­մէ մօտ յի­սուն ըն­տա­նիք­ներ ա­պաս­տան կը գտնեն այժ­մու ­­Հաճ­նոյ բեր­դին ա­րե­ւե­լեան կող­մը՝ քա­րայր­նե­րուն մէջ: ­­Ժա­մա­նակ մը վերջ, Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­րիար­քը ­­Հա­ճըն կ­‘ա­ռա­քէ ­­Բար­դո­ղի­մէոս եւ ­­Պօ­ղոս ե­պիս­կո­պոս­նե­րը եւ ­­Յով­հան­նէս վար­դա­պե­տը՝ վէմ­քա­րով մը հան­դերձ, ո­րոնք կը կա­ռու­ցեն բեր­դի ե­կե­ղե­ցին եւ զայն կը կո­չեն Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ա­նո­ւամբ:

Ե­թէ ըն­դու­նինք սոյն ա­ւան­դու­թեան հա­ւա­նա­կան ստու­գու­թիւ­նը, որ կը վկա­յո­ւի նաեւ յա­րա­կից աղ­բիւր­նե­րով, ա­պա Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին պէտք է­շի­նո­ւած ըլ­լայ 1425-ի մօտ թո­ւա­կա­նի մը :

­­Հաճ­նոյ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ կը պա­հո­ւէին ի­րենց հնու­թեամբ եւ գրչու­թեան ա­րո­ւես­տի տե­սա­կէ­տով բա­ցա­ռիկ ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող ձե­ռա­գիր­ներ, ո­րոնց մեծ մա­սը Ս. ­­Յա­կո­բայ վան­քէն տե­ղա­փո­խո­ւած էին, երբ վեր­ջինս այ­լեւս ա­ւե­րո­ւած ու փլա­տակ դար­ձած էր:

Այս­պէս, ­­Հա­ճըն­ցի ­­Սոկ­րատ ­­Թօ­փա­լեան կը գրէ, որ Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցիին մէջ կար ու­թը հա­րիւր տա­րո­ւան հնու­թիւն ու­նե­ցող ձե­ռա­գիր Ա­ւե­տա­րան մը: ­­Հե­ղի­նակն, ա­պա կը յայտ­նէ, որ ինք տե­սած եւ ըն­թեր­ցած է յի­շա­տա­կա­րան մը, ուր մաս­նա­ւո­րա­բար կ­‘ը­սո­ւի, թէ այդ ձե­ռա­գի­րը գրա­ւո­ւած է հա­յազ­գի ­­Տի­վան Օղ­լու կամ ­­Լի­վան Օղ­լո­ւին կող­մէ, սա­կայն ­­Հաճ­նոյ ե­րե­ւե­լի­նե­րէն՝ Ը­րը­զեան ­­Հա­ճի ­­Մա­նուկ ա­ղա եր­կու քսակ (իւ­րա­քան­չիւր քսա­կը 500 ղու­րուշ) վճա­րե­լով գնած է զայն ­­Տի­վան Օղ­լո­ւէն: ­­Սոյն ձե­ռա­գի­րը երկ­րորդ ան­գամ կը գրա­ւո­ւի շրջա­նի ազ­դե­ցիկ թուրք ցե­ղա­խում­բե­րէն՝ ­­Գօ­զա­նօղ­լու­նե­րուն կող­մէ, եւ դար­ձեալ այդ ժա­մա­նա­կի ­­Հաճ­նոյ ե­րե­ւե­լի­նե­րէն՝ ­­Հա­ճի Գ­րի­գոր ա­ղա Էօ­րէ­ճեան հինգ հա­րիւր ղու­րուշ փրկա­գին վճա­րե­լով ա­զա­տած է գե­րու­թե­նէ:

Ըստ մէկ այլ յի­շա­տա­կագ­րու­թեան, յի­շեալ ա­ւե­տա­րա­նը թէեւ գրա­ւո­ւած է ­­Գօ­զա­նօղ­լու­նե­րուն կող­մէ, բայց վան­քը նիւ­թա­կան նեղ պայ­ման­նե­րու մէջ գտնո­ւե­լով, կա­րե­լի չ­'ըլ­լար փրկա­գին տա­լով ա­զա­տել զայն: ­­­­Հե­տա­գա­յին, Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ժո­ղո­վուր­դէն քսա­նի մօտ ան­ձինք 200 դա­հե­կան վճա­րե­լով ա­զա­տած են զայն:

­­Հա­ճըն­ցի բժ. ­­Գէորգ ­­Գըր­գեա­շա­րեան, կը պատ­մէ, որ Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կը պա­հո­ւէր մա­գա­ղա­թէ շքեղ Ա­ւե­տա­րան մը, որ «իր կազ­մով եւ ոս­կեր­չա­կան զար­դա­րանք­նե­րով կի­լի­կեան հարս­տու­թեան ժա­մա­նա­կաշըր­ջա­նի դրոշ­մը կը կրէր»։ Կ­­՚են­թադ­րո­ւի, որ ա­նի­կա, ­­Հաճ­նոյ ե­կե­ղե­ցա­կան բազ­մա­թիւ այլ գան­ձե­րու հետ մեկ­տեղ, գրա­ւո­ւած է օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ՝ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի տե­ղա­հա­նու­թեան եւ ջար­դի տա­րի­նե­րուն:

­­Վե­րա­դառ­նանք, սա­կայն Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցիին վե­րա­բե­րող մեզ յայտ­նի փաս­տե­րուն: ­­Վեր. ­­Սար­գիս ­­Տէ­վի­րեան կը վկա­յէ, թէ ե­կե­ղե­ցիին մէջ պա­հո­ւող ձե­ռա­գիր մա­տեա­նի մը մէջ ար­ձա­նագ­րու­թիւն մը կար­դա­ցած է, ըստ ո­րուն Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծի­նը ան­գամ մը այ­րած եւ ու­րիշ ան­գամ մըն ալ երկ­րա­շար­ժէ կոր­ծա­նած է, եւ եր­կիցս վե­րա­շի­նո­ւած է, ա­ռանց սա­կայն յի­շե­լու թո­ւա­կան­նե­րը:

Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նի մա­սին մեզ յայտ­նի յա­ջորդ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը կը վե­րա­բե­րին ա­ւե­լի նոր ժա­մա­նակ­նե­րու: Բ­նա­կան ա­ղէտ­ներ, վե­րա­հաս հրդեհ­ներ քա­նիցս սա­սա­նած են Ս. Ա­սո­ւա­ծած­նայ հի­մե­րը, սա­կայն ե­կե­ղե­ցին ա­մէն ան­գամ կան­գուն մնա­ցած է: 1861-ին Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին շալ­կող մօտ 200 մ. ­բարձ­րու­թեամբ ժայ­ռէն հսկայ քա­րեր գի­շեր ա­տեն փլու­զո­ւե­լով կը գլո­րին բեր­դին ստո­րո­տը խիտ առ խիտ շա­րո­ւած տու­նե­րու վրայ, խոր­տա­կե­լով բազ­մա­թիւ տու­ներ, քնա­ցող բնա­կիչ­նե­րով միա­սին, սա­կայն ոչ բեր­դը, ոչ ալ ե­կե­ղե­ցին չեն վնա­սո­ւիր:

Իսկ 1894-ին պա­տա­հած մեծ հրդե­հը կրակ կ­‘առ­նէ Ս. Աս­տ­ւա­ծած­նի կող­մէն, այ­րե­լով մօտ 700 տուն, խեղճ ու թշո­ւառ կա­ցու­թեան մատ­նե­լով բազ­մա­թիւ ըն­տա­նիք­ներ, սա­կայն ե­կե­ղե­ցին դար­ձեալ զերծ կը մնայ շուր­ջը լափ­լի­զող բո­ցե­րէն: Իբ­րեւ ու­շագ­րաւ փաստ յի­շենք, որ հրդե­հին հե­տե­ւան­քով տու­ժած ժո­ղո­վուր­դին օգ­նե­լու նպա­տա­կով Օգ­նու­թեան ­­Յանձ­նա­խումբ մը կը կազ­մո­ւի՝ տեղ­ւոյն թուրք պաշ­տօ­նեա­նե­րու, ­­Հաճ­նոյ ­­Հա­յոց Ա­ռաջ­նոր­դին եւ ­­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցիի ­­Հո­վի­ւին մաս­նակ­ցու­թեամբ, ո­րոնք կա­ռա­վա­րու­թե­նէն ե­կած նպաս­տը կը բաշ­խեն ժո­ղո­վուր­դին:

Ս. Աստ­տո­ւա­ծած­նին կից գոր­ծած է վար­ժա­րան մը, ո­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ չու­նինք: ­­Հաճ­նոյ Ա­ռաջ­նորդ ­­Պետ­րոս Արք. ­­Սա­րա­ճեան, Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցիին կից, ժայ­ռե­րու վրայ կա­ռու­ցել կու տայ հինգ յար­կա­նի հսկայ շէնք մը: Այս շէն­քին ա­ռա­ջին յար­կը կը ծա­ռա­յէ ման­կա­պար­տէ­զի, երկ­րորդ եւ եր­րորդ յար­կե­րը կը յատ­կա­ցո­ւին վար­ժա­րա­նի, չոր­րորդ յար­կը՝ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի, իսկ հին­գե­րորդ յար­կը՝ թա­տե­րաս­րա­հի: ­­Յատ­կան­շա­կան է, որ այս հսկայ շէն­քը կը կա­ռու­ցո­ւի ­­Հաճ­նոյ աղ­քա­տիկ, այլ բա­րե­սէր ժո­ղո­վուր­դի նո­ւէր­նե­րով, ո­րուն մէկ մա­սը կը հո­գա­ցո­ւի տե­ղա­կան մի­ջոց­նե­րով, մաս մըն ալ ա­մե­րի­կաբ­նակ հայ­րե­նա­կից­նե­րու հան­գա­նա­կած գու­մար­նե­րով: Ա­ւելց­նենք, որ շէնքն իր մե­ծու­թեամբ եւ ամ­բող­ջո­վին քա­րա­շէն կեր­տո­ւած­քով ­­Հաճ­նոյ ե­զա­կի կա­ռոյց­նե­րէն էր:

Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ քա­հա­նա­ներն են՝ ­­Տէր ­­Պօ­ղոս Քհնյ. ­­Բա­զեան, ­­Տէր ­­Յով­հան­նէս Քհնյ. ­­Տէր ­­Յով­հան­նէ­սեան, ­­Տէր ­­Սի­մէոն Քհնյ. Տ. ­­Համ­բար­ձու­մեան, ­­Տէր ­­Սար­գիս Քհնյ. Ար­սէ­նեան, ­­Տէր ­­Թո­րոս Քհնյ. Տ. ­­Յով­հան­նէ­սեան, ­­Տէր ­­Գաս­պար Քհնյ. ­­Գա­լէն­տէ­րեան, ­­Տէր Գ­րի­գոր Քհնյ. ­­Տէր ­­Համ­բար­ձու­մեան, ­­Տէր ­­Յա­կոբ Քհնյ. ­­Գո­յում­ճեան:

Հաճնոյ մէջ շատ հետաքրքրական սովորութիւն մը կայ. Կիրակի արշալոյսէն առաջ ժամկոչը մէկ ձեռքը հաստ գաւազան մը, միւս ձեռքն ալ մոմով վառուած լապտեր մը բռնած թաղերը կը պտտի ու մելամաղձիկ ձայնով մը երգելով ժողովուրդը կը հրաւիրէ եկեղեցի աղօթելու համար, եւայսպէս ամէն տան դրան առաջ երգելով, ան ձեռքի գաւազանով երեք անգամ դուռը կը զարնէ: Այս սովորոյթին այլուր չենք հանդիպած, վստահաբար ան տեղական սովորութիւն մըն է, յուզիչ եւ ուշագրաւ միանգամայն: Իբրեւ իւրայատուկ նմոյշ մը Հաճնոյ ժողովրդական բանահիւսութեան կը բերենք հոս «Ժամկոչին երգը», ամբողջութեամբ:

Ժամկոչին երգը 
(շեղագիրով գրուածները Հաճընի բարբառով են)

Օրհնեալ ես Աստուած,
Գովեալ ես Աստուած,
Փառաւորեալ ես Աստուած,
Ով բայի քըյիստոնեաք, /Ով բարի քրիստոնեայք
Ի ժոմ հըյամիյիցէք:/Ի ժամ (եկեղեցի) հրամմէցէք
Մի պայկիք, մի ույանէք, /Մի պառկիք, մի քնանաք
Բոց էնկէճնիդ մի խույանէք, /Բաց ականջնիդ մի խուլցնէք
Սույբ աղօթնուդ ետ մի մենէք, /Սուրբ աղօթքնէդ ետ մի մնաք
Ով բայի քըյիստոնեաք, Ի ժոմ հըյամիյիցէք:
Իյկինքին հեշտակնիէը կու փայաբանին, /Երկինքի հրեշտակները կը փառաբանեն
Այտոյին հիգին լիսէվ կու տանին, /Արդարին հոգին լոյսով կը տանին
Միղայվոյնուն հիգին փէշէվ կու տանին, /Մեղաւորներուն հոգին մութով կը տանին
Էյանի այտոյտնուն,/Երանի արդարներուն
Վայ մեղաւոյնուն: /Վայ մեղաւորներուն
Աս աշխօյը իկիէյ իէնք մեռնիլու համօ, /Այս աշխարհը եկած ենք մեռնելու համար
Դատաստօնը շինվիցօվ մեղավույնուն համօ, /Դատաստանը շինուեցաւ մեղաւորներուն համար
Դըյօխտը շինվիցօվ այդըյնուն համօ, /Դրախտը շինուեցաւ արդարներուն համար
Երանի՜ այդըյնուն, վա’յ մեղավույնուն: /Երանի արդարներուն, վայ մեղաւորներուն
Սատանին մեռնելը ուշ է,
Մեղաւոյին ճամբոքը փուշ է, /Մեղաւորին ճամբան փուշ է
Ի ժոմ իշտօլը խինձ անուշ է, /Ի ժամ երթալը խիստ անուշ է
Ո՜վ բայի քըյիստոնեաք ի ժոմ հըյամիյիցէք:

Կամ ալ կ’երգէր թրքերէն.
Սապահ օլտու, նուր աչըլտը,
Նուրտան լիպասլար պիչիլտի,
Ճէննէթ գափուսու աչըլտը,
Պույուրուն իպատէթ խանէյէ:

Սապահ օլտու գալգմազմըսըն,
Տան եիւզիւնէ պագմագմըսըն,
Սէն Ալլահտան գորգմազմըսըն,
Պույուրուն իպատէթ խանէյէ:

Զընտանտա, չըղըրըշըր ճանլար,
Հիչ քիմսէտէն օլմազ իմտատ,
Զալըմ շէյթան ճէլլաթ օլմուշ,
Պույուրուն իպատէթ խանէյէ:

Սաղ եանընտա էլվան օլուր,
Սօլ եանընտա ֆէյղան օլուր,
Կիւնահքեարլարա հաիֆ օլուր,
Քէսիլմէտէն տինէ կէլին:
Թրքերէն տառադարձութիւն՝

Հայերէն թարգմանութիւն՝
Առտու եղաւ լոյս ծագեցաւ
Լոյսէն հագուստներ ձեւուեցաւ
Դրախտին դուռը բացուեցաւ
Հրամմեցէք եկեղեցի:

Առտու եղաւ չես ելլեր
Մեղաւոր երեսին չես նայիր
Դուն Աստուծմէ չես վախնար
Հրամմեցէք եկեղեցի:

Զնտանին մէջ կը պոռչտան հոգիները
Ոչ ոքէն կուգայ օգնութիւն
Անգութ սատանան դահիճ է եղած
Հրամմեցէք եկեղեցի:

Աջ կողմդ գոյնզգոյն
Ձախ կողմդ նեղութիւն
Մեղաւորներուն նախզգացում
Ջարդուելէ առաջ հաւատքի եկէք:

 

www.houshamadyan.org