Յարգելի յունահայոց Ազգային Վարչութեան 
ատենապետ պրն. Արա Մանկոյեան, 
ինչպէս նաեւ սիրելի Գոքինիոյ ժողովուրդ, մասնաւորաբար՝ բոլոր «Զաւարեան»ի աւարտական աշակերտներ,

Ստորագրեալը՝ Ալիս Գոճայեանն է, Գանատայէն, հին յունահայ եւ «Զաւարեան» վարժարանի աշակերտ։ Թէեւ 47 տարիներէ ի վեր հեռացած եմ Յունաստանէն, այդուհանդերձ՝ միշտ տեղեակ եմ ձեր կեանքէն, շնորհիւ մեր շատ սիրելի «Ազատ Օր»ին, որ մեր ընտանիքին անդամն է։

Անցեալին, օր. Գեղանուշն էր, որ զայն մեզի կը ղրկէր փոստով, այժմ՝ համակարգիչը աշխարհը մօտեցուցած է եւ ամէն օր կը կարդամ «Ազատ Օր»ի կայքէջը ու տեղեակ կը մնամ յունահայ կեանքէն։
Ինձ շատ մեծ ուրախութիւն պատճառեց, երբ կարդացի որ Սեպտեմբեր 29-ին մեր սիրելի «Զաւարեան» վարժարանէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի ձեռամբ պիտի պարգեւատրուի վաստակաւոր ուսուցչուհի օր. Գեղանուշ Աւշարեանը, ինչպէս նաեւ՝ տիկին Շաքէ Էլմասեանը եւ պրն. Կիրակոս Մկրտիչեանը։
Սիրելի օր. Գեղանուշ, դուք մօրս հետ եղաք «Զաւարեան» վարժարանի առաջին սաներէն, նոյն նստարանին վրայ եւ նոյն մտահոգութիւններով։ Եւ այդ օրերէն սկսեալ մնացիք անբաժան։ Դժուարին պայմաններու տակ, դուք աւարտեցիք «Զաւարեան»ը եւ յաճախեցիք յունական համալսարանը եւ վկայուեցաք իբր ուսուցիչ։ Ապա՝ վերադարձաք ձեր սիրելի «Զաւարեան»ին, այս անգամ իբր դաստիարակ եւ տնօրէնուհի, ուր ծառայեցիք պատերազմէն անմիջապէս ետք, մինչեւ ձեր հանգստեան կոչուիլը։ Բոլորս շատ հպարտ ենք, որ մեր առաջին իսկ քայլերէն դէպի դպրոց, դուք եղաք մեր դաստիարակը, մինչեւ որ մենք ալ մեր կարգին աւարտեցինք մեր սիրելի «Զաւարեան»ը։ Սակայն դուք շարունակեցիք կատարել ձեր դերը իբր դաստիարակ մեր բոլորին հանդէպ, մեր դժուարութեան ժամերուն նոյնիսկ շատերուն համար եղաք մայր։ Դպրոցական տարեշրջանին եղաք ուսուցիչ, մեզի առաջնորդելու դէպի ուղիղ ճամբան, իսկ ամրան եղանակին, իբր բանակումի պատասխանատու, մեզի զուարճացուցիք զանազան խաղերով։
Շատ լաւ կը յիշեմ՝ երբ աշակերտ էի, օր. Գեղանուշը ինծի ըսաւ.- «Ալիս, գնա՛ պրն. Սօս-Վանիին ըսէ՛ թող գայ, մարդը գնաց»։ Ըսածը կատարեցի, սակայն միայն տարիներ ետքը հասկցայ անոր իմաստը։ Այսպիսի դժուարին խոչընդոտներու կը հանդիպէր օր. Գեղանուշի գործը։
Անձնական գետնի վրայ, ինձ եւ քրոջս համար, ան եղաւ մօրաքոյր։ Մենք զինքը կը ճանչնայինք նախքան «Զաւարեան»ը յաճախելը։ Ան մեր տան անդամն էր։ Մայրս մեծ մօրս եւ մեծ հօրս միակ զաւակն էր, միւս ինը մանչ զաւակները նահատակուեցան Մեծ Եղեռնի ընթացքին։ Մայրս ծնաւ Յունաստան, այն նոյն տան մէջ, ուր մենք ծնանք։ Երբ մայրս կը նեղուէր, որ ինք քոյր կամ եղբայր չունէր, օր. Գեղանուշը միշտ կը կրկնէր եւ կ'ըսէր.- «Ո՛չ Նուէր, մենք չորս քոյր ենք եւ մէկ եղբայր», մօրս ընդունելով իր ընտանիքին մէջ։ Մեծ սէր ցոյց կուտար մեր հանդէպ։ Հակառակ որ տարիները անցան եւ մայրս ալ հեռացաւ այս աշխարհէն, օր. Գեղանուշը կը շարունակէ լրիւ կատարել մօրաքրոջ դերը։ Թէեւ իրարմէ շատ հեռու ենք, այդուհանդերձ՝ ամէն նեղութեան մէջ, ան հեռաձայնով զիս կը մխիթարէ։
Երբ «Զաւարեան»ը աւարտեցի, օր. Գեղանուշը ինծի առաջարկեց, որ երկրորդական վարժարանը յաճախեմ եւ իր թելադրած գաղափարը ճիշդ էր եւ մինչեւ այսօր իրեն կը պարտիմ։
Սիրելի օր. Գեղանուշ, այս գրութիւնս ձեզի անակնկալ պիտի ըլլայ, սակայն դուք շատ թանկագին էք։ Թէեւ պիտի փափաքէի ներկայ գտնուիլ այս գեղեցիկ երեկոյին, յամենայնդէպս՝ սոյն նամակով բոլոր ձեր աշակերտներուն հետ միասնաբար, քոյրս եւ ես կը միանանք, ձեզի յոտնկայս ծափահարութեամբ գնահատելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու՝ ձեր բազմամեայ վաստակաւոր աշխատանքին համար։ Ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն, որպէսզի կարողանաք վայելել ձեր կեանքը եւ, այդ ուրախ ժամերուն պատկերները դիտելով, միշտ յիշէք ձեր աշակերտ-աշակերտուհիներուն երախտապարտութիւնը։ «Զաւարեան»ին ալպոմը թղթատելով՝ կը տեսնէք քանի՜ սաներ ունեցած էք։
Վարձքերնիդ կատար օր. Գեղանուշ։

Սիրելի տիկին Շաքէ Էլմասեան եւ պրն. Կիրակոս Մկրտիչեան,
Դուք ալ ձեր դաստիարակին քայլերուն հետեւեցաք։ Շաքէն, «Զաւարեան»ը աւարտելէն ետք, յաճախեց Կիպրոսի «Մելքոնեան» վարժարանը, իսկ պրն. Կիրակոսը յաճախեց Լիբանանի «ճեմարան»ը։ Կը յիշեմ, ամրան արձակուրդներուն, ձեր նոր սորված երգերով ու ոտանաւորներով, կը խանդավարէիք մեզ՝ ժողովներուն եւ հաւաքոյթներուն ժամանակ ու մեր մէջ հայկական ոգին կը ներշնչէիք։ Ստանալով ձեր վկայականները՝ վերադարձաք «Զաւարեան» վարժարանը իբրեւ դաստիարակ։ Կարծէք մեր դպրոցը ճնճղուկներու բոյն է, ան մեզի ընդունեց մեր առաջին քայլերուն, սորվեցուց ճանչնալ մեր ազգը, հայրենիքը, հայերէն լեզուն, ապա՝ մենք թռիչք առինք եւ հեռուները գացինք. բայց դուք քիչերէն էիք, որ վերադարձաք մեր բոյնը, որպէսզի ձեր կարգին նոր սերունդ դաստիարակէք։
Ձեզի կը մաղթեմ յարատեւ համբերութիւն եւ առողջութիւն, որպէսզի կարողանաք շարունակել ձեր ուսուցչական պարգեւը ջամբել մեր հայ ազգի զաւակներուն։
Վարձքերնիդ կատար սիրելի «Զաւարեան»ի ուսուցիչներ։
Կեցցէ՛ք բոլորդ։

Ալիս Գոճայեան - Բարսեղեան
Սեպտեմբեր 29, 2014 Մոնթրէալ, Գանատա