Հարիւրամեակի յորդաբուխ ծրագրումները գործնականացնելու յայտագրային նախատեսումները որոշ չափով սկսած են ձեւաւորուիլ, միս ու ոսկոր ստանալ։ Կը կարծեմ սակայն, այն ինչ որ կը պակսի լոզունգային յայտարարութիւններէ ասդին ու անդին, այսպէս ըսուած՝ ճանապարհային քարտէս մըն է։

Քարտէսին վրայ գոյն, սահման, դրա՞ծ ենք։ Ծրագրելն ու երազելը միայն հաղորդագրութիւններով չ'ըլլար։ Յաջողութիւնները կրնան մնայուն չըլլալ։

Հարիւրամեակի համապատասխան զօրաշարժային տեսլականի մը մասին է խօսքը, ինչ որ այնքան դիւրին է եւ միաժամանակ այնքան դժուար։
Համոզուած եմ, որ աշխարհիս մէջ ասկէ վերջ ալ փոքր թէ մեծ տարողութեամբ ցեղասպանութիւններ պիտի շարունակուին՝ նոյն, կամ անոնց նմանիլ ուժող դահիճներէ, դահիճ երկիրներէ, թէ դահիճները քաջալերողներէ, որոնք այլեւս պէտքէ է հասկնան, որ ժողովուրդները հողի ինքնաստեղծ ծնունդ են եւ ոչ թէ փորձառական խողովակներու։
Ցեղասպանութիւնները դժբախտաբար պիտի կրկնուին, ինչպէս կը կրկնուի հացթուխը, երբ փռապանը խմորը վարժօրէն կը շաղէ եւ ամէն անգամ տարբեր հաց մը կը թխէ։
Ցեղասպանութիւնները պիտի կրկնուին այնքան ատեն, որ զոհեր, դահիճներ, դատարաններ, դատաւորներ ու դատաւոր քաղաքագէտներ կան։
Այնքան ատեն, որ սուտն ու իրաւը, կեղծիքն ու իրականութիւնը կան ու կը գոյատեւեն։ Այրածի հոտը միշտ առկայ պիտի ըլլայ եւ իր ակռաները սպառնագինօրէն պիտի հանդիսադրէ։
Իրապաշտ մօտեցումով հաստատենք.
Ցեղասպանութիւնները այլեւս ոմանց միայն կը հետաքրքրեն, այլոց՝ ոչ։ Հետաքրքրուողները շատ աւելի քիչ են, այնպէս որ մեծ փոփոխութիւններ չեն ակնկալուիր մօտիկ թէ հեռաւոր ապագային։ Մարդիկ միշտ պատրաստ չեն իրաւադատ արդարութիւնը ընկալելու։ Նոյնիսկ երբ տասնամեակներ կամ դարեր կ'անցնին։ Ժամանակները անխնայ դարձած են։ Անխնայօրէն անտարբեր։
21-րդ դարու հայը իր երկրի պատմութեան ու անկախութեան պէտք է տայ այն կարեւորութիւնը՝ որ կը տրուէր 1915-ին, 1918-ին։
Երանի մեզի շնորհուէր, ինչ որ մինչեւ հիմա մեզմէ ժխտուեցաւ։ Արդարութիւնը։
Չեմ գիտեր, եթէ որոշ հարցեր հայու մօտ գերարժեւորուած թէ թերարժեւորուած են, եւ կամ՝ թերարժեւորուած են, որպէսզի չգերարժեւորուին, բայց՝ հարցը կայ. լուծումը ուրկէ՞ պիտի գայ։
Հայու մէջ դարաւոր ուժ մը կայ։ Անկախութեան ու Արդարութեան զգացումներու ներդաշնակութեամբ ամբողջացած։
Հայրենիքն է այդ ուժը եւ անոր ճաճանչցող մշտարթուն լոյսը։
Հետապնդենք մարդկային մեծագոյն արժէքը՝ Ճշմարտութիւնը։ Ուղիղ նայինք իր աչքերուն մէջ։ Գրկենք իր արցունքները մինչեւ իմանանք, թէ ո՞վ է հայութեան իրական թշնամին ու իրական բարեկամը։
Ժամանակն է, որ գէշ հռչակներու ողբն ու հեքեաթասացութիւնը կատարենք ու թողենք զայն։
Ցեղասպանութեան պայքարը վերափոխուած դիմագիծով պէտք է հետապնդուի։
Մեր պայքարը՝ գերեզմաններու պատերազմ չէ։ Պատմական ինքնութեան մարտահրաւէր է։

(Շար. 3)

Յովսէփ Պարազեան