Օտարազգի զբօսաշրջիկներու համար իբրեւ այցելավայր Աթէնքը եթէ Ակրոպոլը ունի եւ Եգիպտոսը՝ իր բուրգերը, ապա ուրեմն հայկական Պէյրութն ալ ունի ... Անթիլիասի մայրավանքը՝ հայազգի այցելուներուն համար:

Առաջին երկուքը անցեալի հին ու մեռեալ քաղաքակրթութեան քարեղէն ու քարացած վկայութիւններ են, որոնց վեհափառ տեսքին դիմաց այցելուն կը սքանչանայ պահ մը: Յիշատակի քանի մը լուսանկարներ, եւ՝ վերջ: Մինչ Էջմիածնի մայր արմատէն ընձիւղուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, թէեւ նոյնպէս հին ու հնաւանդ, բայց միշտ նորացուած եւ Անթիլիասի իր նոր կայքին մէջ ապրող ու կենսագործ ներկայութիւն է, որու ներգործութեան տակ հայ այցելուն կը զգայ, թէ ինք կը գտնուի հոգիի ու մտքի ջերմանոցի մէջ, ուրկէ լոյս եւ յոյս կը բաշխուի սփիւռքահայ զանգուածներու: Յիշատակի մէկ-երկու լուսանկարներ չեն միայն, որ կ՛առնէ այցելուն, այլ հոնկէ կը մեկնի ան հայկականով ներարկուած եւ հաւատքի ուժով հաղորդուած ...:
Ակրոբոլի հանդիպակած բարձունքի լանջին փռուած ընդարձակ սրճարան-ճաշարանին մէջ նստած, կը տարուիմ այս մտորումներով: Կը փորձեմ ձեւաւորել զանոնք եւ գրի առնել, բայց երկմտութիւն մը վարանքի կը մատնէ զիս: Կը մտածեմ, թէ ընթերցողը կրնայ արտառոց համարել կատարած համեմատութիւնս եւ անհամատեղելի՝ բուրգերուն ու Ակրոբոլին բաղդատութիւնը Անթիլիասին հետ:
Այդ պահուն կը նկատեմ, թէ ճաշարանին հաւաքարարը, միջին տարիքի տիկին մը, զբաղած է քովնտի սեղանին մաքրութեամբ: «Անհեթեթ» մտորումներս ցրուելու համար խօսքի կը բռնուիմ հաւաքարար տիկնոջ հետ եւ անոր յոգնութեան ցաւակից երեւելու տրամադրութեամբ, կ՛ըսեմ.
- Աշխարհի տարբեր տեղերէն տարբեր գոյնի հազարաւոր մարդեր ամէն օր այցի կու գան եւ անոնցմէ շատեր սուրճ-զովացուցիչով քիչ մը յոգնաթափ ըլլալու համար կը նախընտրեն այս սրճարան-ճաշարանը: Ամբողջ օրը աշխատանքի մէջ թաղուած ըլլալով վստահ եմ, որ Ակրոբոլը այլեւս ձեզի համար յատուկ հմայք ու հրապոյր չի ներկայացներ, քանի որ ամէն վայրկեան ձեր դիմացն է ան եւ պատճառ կ՛ըլլայ, որ իրեն այցելող զբօսաշրջիկներ հոս գան եւ ձեր յոգնութիւնը աւելցնեն: Թերեւս նաեւ կը զարմանաք, թէ ինչու օտարականներ ամրան այս հեղձուցիչ տաքին իսկ կը մագլցին զառիվերը քանի մը սիւներ տեսնելու համար: Ինչ ընենք. դժբախտաբար այս է կեանքի չոր իրականութիւնը. մէկուն վայելքը յոգնութեան պատճառ է ուրիշի մը:
Հաւաքարար տիկինը կը դադրեցնէ աշխատանքը, բարեձեւ շարժումով մը կը դառնայ ինծի եւ յանդիմանական այնպիսի մեղմ ու անոյշ շեշտով, որ համակրելի կը դարձնէ խօսողն ու խօսքին եղանակը, կը յարէ.
- Ինչե՜ր կ՛ըսէք պարոն: Ակրոբոլը ամէն օր ու ամէն վայրկեան կը խօսի ինծի: Իրեն կը նայիմ ու յոգնութիւնս կը չքանայ: Հպարտ եմ ու բախտաւոր, որ հոս կ՛աշխատիմ, Ակրոբոլին դիմացը ...:
Անմիջական հակազդեցութեամբ արտաբերուած այդ երեք բառերուն խտացուցած խորին խորհուրդին թափանցելը դժուար չէ.- «Ակրոբոլը կը խօսի ինծի»: Եւ՝ «ամէն օր ու ամէն վայրկեան կը խօսի»...:
Պարզակեաց, հազիւ թէ օրապահիկ մը վաստկելու համար սեղաններ մաքրող ու թափօններ հաւաքող համեստ այդ տիկնոջ դրսեւորած ազնուականութեամբ ու հպարտութեամբ մենք եւս երբեւիցէ արտասանա՞ծ ենք արդեօք.
«Անթիլիասը կը խօսի ինծի»:
Կը մտաբերեմ, թէ Հայաստան աշխարհի քրիստոնէացման լուսաբացին, հեթանոսական վաղ շրջաններու մեհենական հիմերու վրայ Լուսաւորիչին մեծ տեսիլքով կը բարձրանար սրբակերտ տաճարը Էջմիածնի եւ եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը քրմապետութենէն կը փոխակերպուէր կաթողիկոսութեան, որ այնուհետեւ հոգեւոր ծառայողներու իր բանակը կը լծէր հայ հասարակութեան հոգեմտաւոր կեանքը նոր կրօնքի արժէքներուն վրայ կառուցելու-կազմակերպելու առաքելութեան եւ որակական նորացուած խօսքով հայ մարդու հոգեկան անհանգստութիւնը մեղմելու կոչումին:
Կը մտաբերեմ, թէ պատմական դժխեմ իրադարձութիւններու հարկադրանքով հայրապետական այդ Աթոռն է, որ Էջմիածնէն անդաստական, ի վերջոյ կը հաստատուի հայկական Կիլիկիա եւ հոնկէ ալ՝ իր ժողովուրդին պէս կը դառնայ գաղթական կաթողիկոսութիւն, որու կեանքի պատմութիւնը իր ժողովուրդի պատմութեան պէս եղերականօրէն ողբերգական է, այլեւ հերոսական մարտնչումի եւ վերականգնումի յաղթութիւն, դրոշմած՝ Անթիլիասի մէջ՝ իր մայրավանքով, դպրեվանքով եւ միաբանական հոգեւոր գործիչներու ջոկատներով:
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեամբ խորհրդանշուած Անթիլիասը կը խօսի ինծի:
Կը խօսի իր անցեալով, անցեալէն ներկային կամարուող իր փառքով ու ոգեկանութեամբ , իր երեց ու երիտասարդ միաբաններու փաղանգով, մեր օրերուն իր կատարած եւ ապագային իր կատարելիք գործով:
Բուրգերը հոն են, եգիպտական անապատներուն մէջ, բայց զանոնք ծնած ճարտարապետութեան հանճարը կորսուած է հազարամեակներու մթութեան մէջ: Ակրոբոլը դիմացս է, բլուրին վրայ՝ իր անօրինակ հմայքով ու շքեղութեամբ, բայց անոր նրբակերտ արուեստի անհասանելի յղացքը յիշատակ մըն է հիմա:
Իսկ Անթիլիասի մեր կաթողիկոսութիւնը, թէեւ փոփոխուող նստավայրերով, բայց անփոփոխ առաքելութեամբ մշտատեւ ներկայութիւն է եւ ծառայութիւն՝ շա՜տ-շա՜տ դարերէ ի վեր շարունակուող ...:
Սկիզբէն մինչեւ այսօր, աստանդական իր կեանքին բազմատեսակ դժուարութիւններու մէջն իսկ յաջողած է ան ժամանակին հոլովոյթը իրեն ենթարկելու, վերանորոգուելու իբրեւ կառոյց ու գործունէութիւն, միշտ վերաշխուժանալու եւ հասնելու ներկայ կայքին՝ Անթիլիասին, ուրկէ եկեղեցական ու վարչարարական իր հովանին կը տարածէ սփիւռքահայութեան մօտակայ թէ հեռակայ տարբեր-տարբեր գաղութներու վրայ:
Անթիլիասը ազգային հարստութիւն է, անփոխարինելի՛:
Ո՛չ ուրեմն, անհեթեթ չէ սրճարանի հաւաքարար տիկնոջ հետեւողութեամբ ու հպարտութեամբ եւ խորին խորհուրդով ըսել.
Այո՛, Անթիլիասը կը խօսի ինծի...:

Միհրան Քիւրտօղլեան