Կը սկսինք հրատարակել Յովսէփ Պարազեանի «Սիրային զրոյց Արարատին հետ» յօդուածաշարքը, ուր ընդհանրապէս կը շօշափուին հայ երիտասարդութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ դիմագրաւուող բազմաթիւ հարցեր:
Որեւէ առիթով երբ քաղաքամայր Երեւան կը գտնուիս, ատեն կայ որ վրայ-վրայի շատ ընելիքներ կ'ունենաս, ատեն ալ կայ, որ ընելիք բան կը փնտռես։ Զարմանալի ու միաժամանակ հմայիչ։
Համազգային Մշակութային եւ Կրթական Միութեան աշխարհատարած կառոյցի 7-րդ Պատգամաւորական Ժողովին առիթով Հայաստան կը գտնուիմ 9 տարի վերջ։ Կարծես՝ ոտնձգութեան մեքենայութեամբ աներեւեոյթ սադրիչ «պատիժ» մը տնօրինուած ըլլար ազգային մեր կեանքէն ներս, թագնամտօրէն փակելով հայրենի սահմանները իմ դիմաց։
Այս մէկը երկրորդ տխուր դէպքն էր։ Առաջինը՝ հայութիւնը պառակտող «համբաւաւոր» առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի արգիլումն էր, որ չորս տարիէ աւելի հեռու պահեց զիս եւ իմ գաղափարակից ընկերներուս հայրենիքէն։ Այն մարդոց՝ որ քանի մը տարուան նախագահէն համեմատօրէն շատ աւելի երկար ժամանակ, տասնամեակներ ամբողջ ազդու եւ ազդեցիկ բազմակողմանի պայքար մղած են ի նպաստ Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի ու հայութեան համար ընդհանրապէս։
Բայց եկէք չյիշենք դառն անցեալը. այս մէկը թերեւս լաւ նախաբան մը չըլլայ։ Մնացեալ՝ ...դիւրըմբռնելին կը թողում ձեզի։
Վերադառնանք մեր նիւթին։ Սքանչելի առիթ մըն է հետաքրքրական բաներու մասին խօսելու։
Երեւանեան պանդոկի 10-րդ յարկի սենեակիս պատէն կախուած զոյգ Մասիսներով գեղանկարի փայտաքանդակ շրջանակը քիչ մը թեքուած է։ Լաւ չեմ յիշեր. թեքուած է դէպի փոքր, կամ դէպի մեծ Մասիսի ծանրութեամբ։ Ակնյայտ է սակայն, թէ փոքր Մասիսի գագաթը մեծէն աւելի սուր է. մեծինը՝ աւելի խարտոցուած, տափակ, տափարակ է։ Բայց զոյգ Մասիսներն ալ Յուլիսի սպիտակ ձիւնով պատուած են, սրութիւնն ու տափարակութիւնը հարցականի տակ դնող խափանարար տարբերութիւնները հարթելով։
Կը մտածեմ. ի՞նչ պէտք կայ գեղանկարին նայիլ, երբ եռանկիւն ապակեպատ պատուհանիս դեղնակապտաւուն համայնապատկերէն իրական Մասիսները կը խօսին իրարու հետ։ Կը խօսին հետս ալ. կը խօսին ոեւէ մարդու հետ որ դէմ-դիմաց կը գտնուի եւ կը համարձակի հետը չափուիլ, նայուածք-նայուածքի, ճակատ-ճակատի, խռոված թէ խրոխտ հոգեշնչումով։
Դուք՝ դէմ-դիմաց լերան մը հետ գտնուա՞ծ էք, խօսա՞ծ էք հետը, ձեր մտածումները իրեն յայտնա՞ծ էք։ Լսա՞ծ է, պատասխանա՞ծ է ձեզի՝ Արարատը...։
Ի՜նչ մեծ մարտահրաւէր, երբ պատմութեան խտացած խիղճին հետ դէմ յանդիման կը գըտնուիս։
Ի՛նչ որ Հայաստանի մէջ ամէն օր կþըլլայ՝ յեղափոխութիւն է։ Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւնն ալ, պատերազմն ալ, խաղաղութիւնն ալ վտանգաւոր են այսօր։ Եւ ահա՛, ես կը խօսիմ Արարատին հետ. տարբեր լեզուով ու ոճով քան իր համբաւը կը պարտադրէ. առանց բառերուն շուրջ աւելորդ ճարպ ու ժանգ հաւաքելու. առանց արուեստական ու ինքզինք կրկնող հակադրող մղումներու։
Կը գրեմ, որովհետեւ կ'ուզեմ անկեղծօրէն ու միաբերան խօսիլ իրեն հետ։ Խօսիլ իր մինակութեան, խօսիլ իր միակութեան, խօսիլ իր միահեծանութեան մասին։
Հայաստանը իր անձին նորահրաշ մենակատարն է։ Կը հետեւիմ իրեն. ի՛նքն ալ գիտէ։ Մեր կապը պղատոնական միջանկեալ սիրով կը բնորոշուի։
Արարատը չի մեռնիր եթէ գիտնայ թէ ո՛վ է։
Բարեւ Արարատ։ Արարատ՝ սիրելի՜ս...։
(Շար. 1)
Յովսէփ Պարազեան