Ազգային համախոհութեան գաղափարը՝ 
լոզունգէ մը աւելին դարձնելու անհրաժեշտութեան պահը

1991էն ետք թաւալող տարիները մեզ արդէն հասցուցին Հայաստանի անկախութեան 23ամեայ ուշագրաւ թուականի նշումին:

23 տարիներ առաջ, խորհրդային փլուզւող կայսրութենէն ետք, նոր արշալոյս մը դիմաւորած հայութիւնը՝ երկար ճանապարհ կտրեց, անցնելով թշուառութենէ ու ներքին քայքայումէ, գաղթականութենէ ու պատերազմի ու շըրջափակման պայմաններէ, այսուհանդերձ դիմանալով կացութիւններուն եւ ինքզինք հաստատող պետութեան մը վերածուելով՝ իրողական, իրաւական ու օրինական անհրաժեշտ նախադրեալներով օժտուած:
Դարերու ընթացքին ազատութեան եւ անկախութեան համար պայքարած հայ ժողովուրդը 1991-ին իր վերանկախացումը կը հաստատէր, դէմ յանդիման գալով ներքին թէ արտաքին ազդակներու, շրջանային ու միջազգային քաղաքական իրադրութեանց, տնտեսական նոր համակարգերու զարգացման, ուժերու հաւասարակշռութեան վերադասաւորումի...
Մեր անկախ հայրենիքի պահպանման, պաշտպանութեան, ամրակայման ու զարգացման համար առօրեայ պայքար է որ կը մղուի, ուր խոչընդոտ կը հանդիսանան ներհայկական հակասութիւնները ու Հայաստանի անկախ պետութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ մէկ հայրենիք, մէկ ազգ ըմբռնողութեան ոչ ամրակուռ գործադրման, Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու զգայնութեանց, Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց միատարազ պատկերացումի բացակայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի ամրացման շուրջ ոչ համապատասխան խիզախ քայլերու, եւ դեռ, Հայաստանէն արտագաղթի, Հայաստանի ներքին քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կեանքին մէջ երեւցող ակնառու բացթողումներուն, կամ ալ սփիւռքի մէջ յամեցող տկարութիւններուն:
Հայաստանի Ա. անկախութիւնը կերտած սերունդը, երբ շրջափակման մէջ կը գտնուէր Մայիսեան պատերազմներուն ժամանակ, բռունցքը սեղանին զարնելով կը յամենար ազատ Երեւանը պահպանելու: Արամ Մանուկեանի վճռական կեցուածքն էր որ կը փրկէր Հայաստանն ու հայութիւնը՝ «Երեւան չե՛նք դատարկի: Եթէ հարկ լինի, բոլորս էր եստեղ կը մեռնինք, բայց Երեւանը չենք յանձնի» խօսքերով: Այսօր ականատեսներն ենք գեղեցիկ Հայաստանը պարպող բազմահազարներու արտագաղթին, բայց դեռ չտեսանք քաղաքական այրերու այն յանդուգն կեցուածքը, որ պիտի պաշտպանէ երկիրը ամայութենէն, որ հայութիւնը պիտի առաջնորդէ միատարր ժողովուրդով, ազատագրուած եւ ընդարձակուած հողատարածքով, ազատ ու հաւասար հայ քաղաքացիի իրաւունքը հաստատելով:
Իրա՛ւ անկախութիւնը, իրա՛ւ ազատութիւնը կարելի կը դառնան հաւասարութեան, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմունքներու յարգումով, երբ քաղաքացիին համար այլընտրանք չէ՛ հայրենիքէն հեռու մնալը, նոյնիսկ երբ ան կÿըլլայ սրտի խոր ցաւով: Բայց քաղաքացին առանձին պէտք չէ զգայ իր ընտրութիւններուն մէջ: Սկզբունքային կեցուածքներու ընդմէջէն կրնանք յաջողցնել ազգային համախոհութեան գաղափարի իրագործումը, հայ քաղաքացիի առօրեային մէջ:
1991էն ետք արագօրէն ինքզինք կերտած Հայաստանի Հանրապետութիւնը հպարտութեան ու ներշնչումի առիթ է ամբողջ աշխարհի հայութեան համար, իր Մատենադարանով, Բիւրականով ու թանգարաններով, Ծիծեռնակաբերդով ու սահմանամերձ շրջաններով, իր արուեստ ու մշակոյթով ու անկախ Արցախով: Ազգային հպարտանքի այս մղիչ ուժն է, որ հայ մարդը դէմ յանդիման կը բերէ ազգային համախոհութեան գաղափարին, որ լոզունգէ մը աւելին դարձնելու անհրաժեշտութեան առջեւ կը գտնուինք ներկայ պահուն: