Բոլոր ծնողները իրենց տղոց -մանչ թէ աղջիկ- նկատմամբ դպրոցի եւ կեանքի յաջողութիւններ կ'ակնկալեն։ Սակայն առաջին յաջողութիւնները, որոնք կը խրախուսեն տղաքը եւ իրենց յառաջդիմութեան ճամբան կը բանան, վստահաբար օգնութեան կը կարօտին եւ այդ օգնութիւնը միայն ուսուցիչներէն պէտք չէ ակնկալեն, այլ հարկ է որ ծնողները եւս իրենց զաւակներուն լիովին ընձեռեն։

Որոշ ծնողներ, իրենց զաւակաց դպրոցական ջանքերուն օգնելը սխալ կը համարեն։ Ուրիշներ ալ, -թէեւ չեն խոստովանիր- եւ աւելի տղոց օգնութիւնը լուրջ եւ նեղացուցիչ գտնելով՝ անոնց օժանդակութիւն չեն ընձեռեր, բացի երբ տարբեր այլ լուծում մը չունին։
Այս երկու պարագաներէն ոչ մէկը գործնական է։ Ամէն բանի համար չափ մը պէտք է ըլլայ։ Տղան երբ դպրոցէն կը վերադառնայ հաճելի չի զգար երբ տունը ծնողքը իր գլխուն ուսուցիչի երեւոյթով կը տեսնէ։ Տարբեր կողմէն, երբ տղաքը իրենց դժուարութեանց պահուն ծնողաց ուսման վրայ հիմնուիլ չեն կրնար, հակառակ իրենց լաւ տրամադրութեան, կը յուսալքուին եւ իրենց ջանքերէն կը հրաժարին։
Երբ մայր մը կþաշխատի, կէսօրին, տղուն դպրոցէն վերադարձին տղուն հետ հեռաձայնային կապ մը կը պահէ եւ կամ առաւօտուն գործի չմեկնած սեղանին վրայ տղուն երկտող մը կը գրէ, ասիկա տղուն հանդէպ իր սէրը, համակրանքն ու հետաքրքրութիւնը ցոյց կուտայ եւ աւելի կը խրախուսէ տղուն հոգեվիճակը եւ զայն աւելի սերտելու կը մղէ։ Առանց այս նրբութիւններուն, արդիւնաւէտ արդիւնքի մը հասնիլ չենք կրնար։ Տղան հարկ է որ գրասեղանին կամ սենեակին պատին վրայ իր աշխատանքներու ցուցակը ունենայ եւ դպրոցական դասերը համադրելով, իր ծնողաց օգնութեամբ պարտականութիւնները գործադրէ։ Քիչ են այդ տղաքը, որոնք կրնան առանձին կազմակերպուիլ. ասիկա սակայն, չի նշանակեր թէ ծնողները տղոց իրենց տեսակէտները պէտք չէ ըսեն։
Տղան իր դասերուն, մարզախաղերուն կամ պտոյտներուն նախապատուութեան պահերը ինք պէքտ է որոշէ։ Կարեւորը՝ վերջնական արդիւնքն է։ Ծնողները պէտք չէ մոռնան թէ ուսուցիչները այլեւս անցեալի նման չեն դաստիարակեր կամ կրթեր տղաքը։ Երբ ծնողները իրենց տղոց օգնելու մտածումով, հին մեթոտներ կը գործադրեն, հաւանական է որ փոխադարձ թիւրիմացութիւններ ստեղծուին։
Կան որոշ ծնողներ, որոնք իրենց տղոց դպրոցական պարտականութիւնները իրենք կը պատրաստեն։ Կան ուրիշներ ալ, որոնք պարզապէս տղոց սերտողութեան կը հետեւին։ Այս երկու կեցուածքներու միջեւ մեծ տարբերութիւն կայ։
Առաջին պարագային, ծնողները իրենց պարտականութենէն դիւրին կերպով կը ձերբազատ-ւին։ Երկրորդին, ցոյց կուտան թէ տղոց աշխատանքներով կը հետա- քրքրուին, այսինքն կը հետեւին իրենց ջանքերուն, փափաքելով տղոց յառաջդիմութեան սա- տարել։
Տղոց ջանքերուն օգնելու եւ դժուարութիւնները հարթելու համար, ծնողաց եւ ուսուցիչներու միջեւ յաճախակի շփումներ անհրաժեշտ են, որովհետեւ միայն անոնք կրնան տղոց նկատմամբ որդեգրուելիք կեցուածքները ծնողներուն ուղղակի յանձնարարել։
Ուսուցիչներն են, որ պիտի ըսեն եթէ տղան բացառիկ օգնութեան կամ հետեւողական քըննարկման պէտք ունի։
Կան ծնողներ, որոնք նոյնիսկ առանց բարձր ուսման հետեւած ըլլալու-, կրնան տղուն մտածել սորվեցնելու մղել։
Տունը դասերու սերտումը, պարզապէս դպրոցը սորվածներու վերաքաղն է, որով դժուար չէ ստիպել տղուն որ կարդայ կրկին իր դասը եւ իր սերտողութիւններով կեդրոնանայ ու յաւելեալ կերպով զարգացնէ իր միտքը։
Ծնողները երբ տղոց դասերը բարձրաձայն միասին կը կարդան՝ տղոց միտքը աւելի կը տպաւորեն։ Տղան այս կերպով կը զգայ թէ ծնողքը կþանդրադառնայ իր դժուարութիւններուն եւ կþուզէ օգնել իրեն։
Երբ տղան դասը դժուար կþըմբռնէ, ծնողքը պէտք չէ ընդվզի եւ ոչ ալ տղուն ընթացքէն բաւարարուի, հարկ է հասկցնել անոր իր տկար կողմերը, որպէսզի ան ջանայ սրբագրել։
Անշուշտ թէ այս բոլորը համբերութիւն կը պահանջեն եւ ժամանակի կը կարօտին, դարձեալ սակայն երբ տղաքը հազիւ թէ դպրոցէն վերադառնան, պէտք չէ մեր հարցումներով զանոնք յոգնեցնենք։
Պէտք չէ նոյնպէս ծնողքը սպասէ վերջին պահուն, տղուն դասերը պատրաստելու համար անոր ստիպելու։ Մանկավարժօրէն այս մէկը տղոց օգնել չի համարուիր։ Այս բոլորը մանկավարժական որոշ հարցեր են, որոնց ծնողները պէտք է կարեւորութեամբ հետեւին, եթէ կþուզեն իրենց տղոց դաստիարակութեան եւ հոգեբանական վիճակին օգտակար ըլլալ։

Կ. Գ.