«Զերօ խնդիրներ» վարդապետութեան ձախողութեան հետեւանքով  Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ընտրանքները խիստ սահմանափակուած են, ահա թէ ինչու թրքական իշխանութիւնները Եւրոպական Միութիւնը այժմ կը նկատեն «Թուրքիոյ համար ռազմավարական ընտրանք» մը: Արտաքին քաղաքականութեան մէջ իբրեւ հիմնական խնդիր կը նշուի նաեւ «հայկական հարցը», սակայն յաչս հայկական կողմին անհամբեր չերեւելու համար նաեւ կ՛ընդգծուի, որ Թուրքիա այս խնդիրին մէջ «միշտ պիտի պաշտպանէ իր տեսակէտը»:
Թուրքիա հայ-թրքական յարաբերութեանց հարցով յառաջիկային կրնայ դիմել որոշ քայլերու, մանաւանդ որ քանի մը ամիս ետք մուտք պիտի գործենք 2015: Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները եւս այդ ուղղութեամբ իրենց պատրաստակամութիւնը ցոյց տուին‘ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով մասնակցելով Էրտողանի նախագահի պաշտօնի ստանձնման արարողութեան:
Պատշիրային հանդիպումին աւելի ցած մակարդակով մասնակցութիւնը բաւարար էր այդ պատգամն ու շնորհաւորութեան կողքին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութեան պաշտօնական հրաւէրը փոխանցելու: Յուսանք, որ Անգարա այդ մակարդակով այցելութիւնը պարզապէս անհամբերութեան տպաւորութիւն ստեղծող մարտավարական սխալ մըն էր եւ ոչ թէ նախարար Նալբանդեանի ստորագրած տխրահռչակ ցիւրիխեան արձանագրութիւնները իրենց ներկայ տարազով վերակենդանացնելու փորձ մը: Ատիկա ընդհանրապէս մերժելի է, իսկ 2015-ին, անոր նախօրեակին կամ անկէ անմիջապէս ետք՝ նաեւ անտեղի, որովհետեւ բոլորս կը յիշենք այն հակազդեցութիւնը, որ անոնց ստորագրումը ստեղծեց, եւ այդ մթնոլորտին վերականգնումով չէ, որ պիտի կարենանք արժանապատիւ կերպով ոգեկոչել 100-ամեակը կամ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ նոր հանգրուան մուտք գործել: Այդ մէկը համազգային ոգեկոչումն ու ջանքերը վիժեցնելու եւ ժխտողական հակառակորդին ձրի ծառայութիւն մատուցելու ամէնէն կարճ միջոցն է:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ