«Փթիթ» - Հունտ Մը՝ Մանկական Գրականութեան Պարտէզին Մէջ

Շուրջ չորս տարի առաջ էր, 2010-ի գարնան, երբ լիբանանահայ մեր սիրելի բարեկամները՝ Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեան ամոլը, մին՝ մատենագէտ, միւսը՝ կրթական մշակ, բոլորովին անձնական նախաձեռնութեամբ մտադրեցին Պէյրութի մէջ հրատարակել մանկապատանեկան պարբերաթերթ մը:
Զայն կոչեցին «ՓԹԻԹ»:
Նախ լոյս ընծայեցին փորձ թիւ մը, յետոյ ալ թափ տալով իրենց աշխատանքին, տարեկան 3 թիւի սահմաններուն մէջ, ցարդ կրցան հրապարակել ընդհանուր 10 թիւ:
Բայց այս 10 թիւն իսկ… յոգնեցուց զիրենք: Ըստ երեւոյթին, գաղութին կողմէ չգտան այն հարկաւոր նեցուկն ու շօշափելի գնահատանքը, որով պիտի կարենային անարգել ու անխափան շարունակել իրենց օգտաշատ ծրագիրը: Լիբանանահայ վարժարաններէն շատեր կատարելապէս անտարբեր գտնուեցան այս դաստիարակչական ձեռնարկին նկատմամբ, ուրիշներ մասնակի կամ ձեւական շահագրգռութիւն մը ցուցաբերեցին լոկ: Ուստի գործը կաղաց, խմբագիրները յուսահատեցան:
Անցեալ տարի յայտարարուեցաւ, թէ «Փթիթ» չկարենալով տոկալ նիւթական դժուարութիւններու՝  ա՛լ պիտի դադրէր… Այս առթիւ մամուլի մէջ երեւցան քանի մը սրտցաւ յօդուածներ ալ, որոնք կոչ կ՛ուղղէին հանրութեան՝  փրկել կեանքը այս մանուկ պարբերաթերթին ու չարտօնել, որ ան ջրամոյն ըլլայ…
Պարբերաթերթին վերջին թիւը (10), որ մեր ձեռքը հասաւ, քիչ մը կը փարատէ յոռետեսութիւնը: Խմբագրութիւնը կը յայտնէ, որ՝ «փոխան դադրեցումի, պիտի դանդաղեցնէ թերթին հրատարակութիւնը»: Այլ խօսքով, այսուհետեւ «Փթիթ» լոյս պիտի տեսնէ տարեկան մէկ թիւ…
Ի՞նչ ըսել: Ափսո՜ս…
«Փթիթ» մանկապատանեկան իւրայատուկ հրատարակութիւն մըն է, քիչ մը տարբեր՝  մեզի ծանօթ դասական նմանօրինակ թերթերէ: Անիկա ո՛չ մրցակից մըն է նոյն քաղաքի «Պատանեկան Արձագանգ» ամսագրին (որ լոյս կը տեսնէ 1936-էն ի վեր, Հայ Աւետ. Քրիստոնէական Ջանից Միութեան կողմէ), ո՛չ ալ կրկնօրինակն է Համազգայինի երբեմնի «Մկոն ու Չալոն» պարբերականին, որմէ Պէյրութի մէջ լոյս ընծայուեցաւ ընդամէնը 10 թիւ, 1978-81 թուականներուն: «Փթիթ» իր մանուկ ընթերցողներուն կ՛առաջարկէ ո՛չ միայն ԿԱՐԴԱԼ, այլեւ՝ ԽԱՂԱԼ եւ ԼՈՒԾԵԼ: Ասիկա թերթին նպատակային մայր ուղեգիծն է:
Թերթը 32 էջ է, ամբողջովին գունաւոր: Այստեղ օգտագործուած են համակարգչային ճարտարագիտութեան ընձեռած լայն հնարաւորութիւնները՝ պարբերականին էջերը դարձնելու համար գրաւիչ ու ակնահաճոյ: Տիրապետող են թուաբանական կամ բառային խաղերը՝ ի հակադրութիւն զուտ ընթերցանութեան էջերուն, ո¬ րոնք սակաւ են, սահմանափակ: Ա. թիւէն սկսեալ «Փթիթ» ունի նաեւ «Ծնողներու բաժին» մը, ուր հերթաբար կը ծանօթացուին սփիւռքի տարածքին հրատարակուող մանկական թերթերն ու հայատառ մամուլի մանկապատանեկան էջերը: (Խմբագրութեան հետ կապի համար՝ օգտագործել սա՛ հասցէն.-
This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it.):
Թերեւս ոմանք հարց տան, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «ՓԹԻԹ»:
Փթթիլ կը նշանակէ ծաղկիլ, տերեւ եւ ոստ արձակել…: Փթթում կամ փթիթ՝  ծաղկում: Մեր գրական լեզուին մէջ բաւական գործածական               են ծաղկափթիթ, մշտափթիթ բառերը…
Կը կարծենք, որ  նմանօրինակ թերթ մը  չունի գա¬ ղութային դիմագիծ, հարկ է որ ուղիներ բանայ ինքնիրեն՝ հասնելու եւ տարածուելու համար նա՛եւ Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Արժանթինի, Թեհրանի, Մոնրէալի, Պոլսոյ եւ այլ գաղութներու մէջ ալ:
Թերեւս պէտք է զայն ճոխացնել օգտակար այլ բաժիններով ալ, մասնաւորաբար աւելցնելով ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ էջերը՝ ինքնագիր կամ թարգմանածոյ հեքիաթներով եւ համադրումներով:
Յետոյ, կարեւոր է նաեւ թերթ-ընթերցող սրտակցական կապը, որ այս պարագային արտայայտութիւն կրնայ գտնել առաջնորդող ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆՆԵՐՈՎ, գրուած՝ մատչելի ու դիւրասահ լեզուով, ուր խմբագիրները զրոյցի կը նստին իրենց դեռահասակ ընթերցողներուն հետ ու կ՛արծարծեն զանոնք  շահագրգըռող այժմէական նիւթեր (թիւ 9-ի մէջ լոյս ընծայուած «Հայատա՞ռ, թէ՞ լատինատառ հայերէն» խրատականը լաւ նմուշ մըն է այս տեսակէտով):
Ու վերջին դիտողութիւն մըն ալ. «Փթիթ»-ի իւրա¬ քանչիւր պրակ թէեւ ունի իր թուահամարը, բայց  բնաւ չունի տարեթիւ կամ ամսաթիւ: Ապագայ մատենագէտը լուրջ դժուարութիւններու դէմ յանդիման պիտի գտնուի, եթէ փորձէ ստուգել այս պարբերաթերթին հրատարակութեան թուականները…
«Փթիթ»-ը պիտի կարենա՞յ ծաղկիլ մեր նորահաս երեխաներուն ափերուն մէջ, թէ՞ ան ալ պիտի խամ րի մեր ծնողներուն ու երեխայի տէր հազարաւոր ընտանիքներուն անհասկնալի անտարբերութեան պատճառով…


Հալէպ


ԲԺԻՇԿԻՆ ԽՕՍՔԸ - Բ.
(Հեղինակ՝ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան)

Հակառակ բոլոր այն քարոզներուն եւ արդիական «ըմբռնումներուն», թէ գիրք ըսուածը այլեւս պէտք է հնադարեան-ժամանակավրէպ բան նկատել, որեւէ նոր գիրքի լոյս ընծայումը, մանաւանդ նոր լոյս տեսած գիրք մը ստանալը մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ ինծի: Գիրք մը ձեռքիս ունենալը հաճոյալի բան է, իսկ եթէ գիրքին հեղինակին անձամբ ծանօթ եմ, ուրախութիւնս քիչ մըն ալ կþաւելնայ, որովհետեւ այդ գիրքին ճամբով, հոգեկան շօշափելի հաղորդակցութիւն կը ստեղծուի բարեկամի մը հետ:
Հոգեկան նման հաճոյքի պահ մը ապրեցայ վերջերս, երբ ստացայ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի նորագոյն հատորը՝ «Բժիշկին Բ. Խօսքը» հատորին օրինակը, զոր հեղինակը յղած էր Քանատայէն: Հատորը լոյս տեսած է 2011ին, Անթիլիաս, Կաթողիկոսութեան տպարանէն:
Վէպ կամ գրականութիւն չէ, սակայն կ'ընթերցուի նոյնպիսի հաճոյքով, եւ ընթերցողը առաջին իսկ ակնարկով կ'անդրադառնայ, թէ ինչպիսի օգտակար հատոր մը ունի իր տրամադրութեան տակ:
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան ծանօթ անուն է հայ մամուլի ընթերցողին, որ տասնամեակներ շարունակ վարժուած է անոր ստորագրութիւնը փնտռելու բժշկագիտական յօդուածներու տակ, գրութիւններ՝ որոնք հակիրճ տեղեկութիւններ կու տան ընթացիկ կամ հազուադէպ հիւանդութիւններու մասին, կը թելադրեն  կանխարգելիչ ու դարմանումի միջոցներ: Իսկ Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ իր կերտած բազմամեայ վաստակով, ծանօթ է նաեւ իբրեւ ազգային գործիչ, ծառայասէր հայորդի: Այս գիրքին բովանդակութիւնը մասամբ կրնայ ծանօթ ըլլալ ընթերցողին, որովհետեւ լոյս տեսած է մամուլի էջերուն, սակայն ինչպէս ոեւէ հրապարակագիրի կամ յօդուածագիրի մամլոյ արտայայտութիւններու մէկտեղումը գիրքի մը մէջ, նոյնպէս ալ այս հատորը, կը վերածեն տան մը գրադարանին, այս պարագային նաեւ՝ սեղանի վրայ մշտական ներկայութեան, եւ ոչ թէ թերթին հետ մէկդի ձգուող էջի:
Աղուոր հայերէնով մը, հմուտ բժիշկը զանազան հիւանդութիւններու մասին լուսաբանութիւններ ու դարմանումի միջոցներ արձանագրած է. ահա այս պատճառով ալ, զայն սեղանի վրայ ունենալը մեծապէս կրնայ օգտակար ըլլալ ընտանիքի անդամին: Այս մասին, յաւելեալ լուսաբանութիւններ անհրաժեշտ չեն, այլ կը մնայ, որ հայ ընթերցողը անձամբ զայն ունենայ իր սեղանին վրայ, անոր դիմէ՝ երբ կարիքը զգայ (վստահաբար հեղինակն ալ պիտի ցանկար, որ մարդիկ չհիւանդանային, սակայն երբ հիւանդութիւնները կեանքի անբաժանելի մասնիկներն են...):
Կարեւոր կէտ մը. հիւանդութիւնները հասարակաց են բոլոր ժողովուրդներուն, սակայն երբ դարմանումի միջոցներն ու բացատրութիւնները հայերէնով մատչելի կը դառնան, արդէն հատորին իւրայատկութիւնը կը շեշտուի: Հայ ընթերցողը կը տեսնէ ու կը յիշէ, թէ ախտերը ունին նաեւ հայերէն անուններ, մարդկային մարմինի գործարաններն ու մասնիկները նմանապէս կրնան հայ ըլլալ, իսկ դեղերուն բաղկացուցիչ տարրերն ալ ունին իրենց հայերէն անունները. բժշկական իր դերին կողքին, այս հատորը նաեւ ունի լուռ թելադրանք մը, թէ՝ այս բառերը պէտք չէ բանտարկուած պահել բառարաններու կամ նմանօրինակ հատորներու էջերուն, այլ զանոնք որդեգրել-վերականգնել մեր առօրեայ հայերէնին մէջ:
Հատորին յառաջաբանը գրած է նոյնքան վաստակաշատ բժիշկ մը՝ Վազգէն Տէր Գալուստեան, որ սեղմ տողերով վեր կþառնէ նման հրատարակութեան մը արժէքը: Ի դէպ, խորագիրին մէջ Բ. տառը կը բացատրէ, որ հեղինակը նմանօրինակ գրութիւններու առաջին հատոր մըն ալ լոյս ընծայած է նախապէս:
Եթէ ուզենք մասնաւորել բաժին մը՝ այդ ալ հատորը բացող գրութիւնն է, որ կը տարածուի մօտաւորապէս 15 էջերու վրայ եւ կը կատարէ հակիրճ պատմականը հայ բժշկագիտութեան ու բժշկութեան, սկսելով հին դարերէն, հասնելով մինչեւ 19րդ դար: Այս բաժինը կարելի է նկատել լայնատարած ուսումնասիրութեան մը նախագիծը. այսինքն, եթէ հայ ուսանողը ուզէ հայ բժշկութեան պատմութեան մասին մանրամասն ուսումնասիրութիւն մը պատրաստել, այս յօդուածը պիտի ծառայէ իբրեւ ուղեցոյց: Ուսումնասիրական բնոյթով յօդուածը կարելի է ընկալել իբրեւ սեղմ համայնագիտարան մը՝ արծարծուած նիւթին մասին. հայ ընթերցողը հպարտութեամբ, ազգայի՛ն հպարտութեամբ կը ծանօթանայ, թէ դարերու ընթացքին, ինչպիսի հայ բժիշկներ, բժշկագիտութեան մարզի հետեւորդներ իրենց անունը թողած են պատմութեան մէջ, կատարած են մեծարժէք թարգմանութիւններ, ներդրում ունեցած են բժշկութեան զարգացման մէջ, եղած են բժիշկ-բժշկապետ, ծառայած են ոչ միայն մեր ժողովուրդին, այլ տարբեր իշխանաւորներու, համայն մարդկութեան: Ընթերցողը կ'անդրադառնայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ այն, որ հայը ունի դարերու փայլուն անցեալ, իր ներդրումը ունեցած է եւ ունի քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ, նոր սերունդներուն կը մնայ ծանօթանալ ազգի այս ու բոլո՛ր արժէքներուն, շարունակել նոյն երթը, չտարուիլ այն մտածումով, որ միայն այլ ժողովուրդներ ունեցած են կամ ունին մեծեր: