Օգտուելով Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին թրքական խուճապէն՝ «Տը Կեփըրտ կրուփ կաւըրմընթ էֆերզ» ընկերութիւնը տարուան սկզբին ընդլայնեց իր վաղեմի լոպիական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ:
1.4 միլիոն տոլար արժողութեամբ նոր պայմանագիրը կը ներառէ ենթակապալառուներ Տիքսթէյն Շափիրոն (տարեկան 531 հազար տոլար), Կրինպըրկ Թրորիկը (տարեկան 314 հազար տոլար), Լիտիա Պորլենտը (տարեկան 180 հազար տոլար) եւ Պրայըն Ֆոռնին (տարեկան 78 հազար տոլար):
«Կեփըրտ կրուփ»ը եւ անոր գործընկերները համաձայնած են Թուրքիոյ տրամադրել հետեւեալ ծառայութիւնները.
ա) Առաջարկել եւ հետապնդել, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ընդունումը օրէնքներու եւ այլ որոշումներու, որոնք կը նպաստեն Թուրքիոյ շահերուն եւ կ’ապահովեն բարձր վարկանիշ՝ թուրքերուն, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն համար։
բ) Պահպանել եւ ընդլայնել Թուրքիոյ եւ թուրք ամերիկացիներու հարցերով քոնկրեսական խմբաւորումը։
գ) Իրազեկել Քոնկրեսի անդամները եւ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Թուրքիոյ համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերու մասին։
դ) Անյապաղ տեղեկացնել Թուրքիոյ՝ անոր համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերու վերաբերեալ Քոնկրեսի կամ գործադիր իշխանութեան որեւէ որոշման մասին,։
է) Հակիրճ վերլուծութիւն պատրաստել Քոնկրեսի եւ գործադիր իշխանութեան մէջ Թուրքիան յուզող հարցերու զարգացումներու մասին։
զ) Մատնանշել այն պաշտօնական հաւաքոյթները եւ հանրային ձեռնարկները, որոնց, «Կեփըրտ կրուփ»-ի կարծիքով, պէտք է մասնակցի [Թուրքիոյ] դեսպանատան անձնակազմը, կարելիութեան պարագային՝ դասաւորել անհրաժեշտ հրաւէրներ։
է) Մատնանշել եւ կազմակերպել տեղական եւ ամբողջ երկրի մակարդակով ելոյթներ՝ [Թուրքիոյ] դեսպանատան աշխատակիցներու կամ անոնց նշանակած կամ առաջարկած անձերուն համար՝ համաժողովներու մէջ Թուրքիոյ վարկը բարձրացնելու եւ Քոնկրեսին մէջ անոր շահերը յառաջ մղելու համար: Թուրքիոյ ցուցումներուն համաձայն, ասիկա պէտք է համակարգուի Թուրքիոյ հանրային կապերու ծառայութիւններու մատակարար(ներ)ին հետ։
ը) Պահպանել ու ստեղծել զինակցութիւններ այլ շահագրգիռ խումբերու հետ, որոնց նպատակները նման են կամ ընդունելի են Թուրքիոյ կողմէ»:
Յատկանշական է, որ գործընկեր Կրինպըրկ Թրորիկի պարտականութիւններուն մէջ ներառուած են «կապերու մշակումը եւ օգտագործումը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին մէջ՝ անոնց փոխանցելու համար ցեղասպանութեան հարցին ծանրա-կշռութիւնը եւ հնարաւոր սպառնալիքը Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն»:
Հակակառակ անոր որ Ուաշինկթընի մէջ կան բազմաթիւ լկտի լոպիիստներ, սակայն ոչ ոք կրնայ մրցիլ Ռիչըրտ Կեփըրտի վրդովեցուցիչ կերպարանափոխութեան հետ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագովէն վերածուելով Ցեղասպանութիւնը ժխտողի … Այս խիստ կարեւոր բարոյական հարցին վերաբերեալ Կեփըրտի ամօթալի կտրուկ շրջադարձը առաջին անգամ բացայայտած էր «Տը Նիւ Ռիփապլիք»ը, 23 Յուլիս 2007ին հրապարակած՝ «Քէյ սթրիթը (լոպիական ընկերութիւններու փողոց) դրամ կը շահի 1915ի Հայոց ցեղասպանութենէն» խորագիրով յօդուածով: Քոնկրեսի մէջ 26 տարիներու ծառայութեան ընթացքին Կեփըրտ համահեղինակած է քանի մը բանաձեւեր Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ եւ բազմիցս խօսած՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութեան մասին: 2000 թուականին Կեփըրտ եւ Ներկայացուցիչներու տան այլ երկու դեմոկրատ քոնկրեսականներ միացեալ նամակ ստորագրած էին՝ ուղղուած այն ժամանակուան խօսնակ Տենիս Հասթըրթին՝ յորդորելով անոր դասաւորել Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւին անյապաղ քուէարկութիւնը:
2005ի Յունուարին, Ներկայացուցիչներու տան իր աթոռը լքելէ ընդամէնը քանի մը օր ետք Կեփըրտ Ուաշինկթընի մէջ բացաւ իր խորհրդատուական եւ լոպիական ընկերութիւնը: 2005-2009 թուականնե- րուն ան դարձաւ կառավարութեան հետ կապերու հաստատման գծով ռազմավարական խորհրդատու DLA Piper միջազգային իրաւաբանական ընկերութեան համար, որ ամսական 100 հազար տոլար ստացած է Թուրքիոյ շահերը պաշտպանելու համար, ինչպէս՝ լոպիինկ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման դէմ Ներկայացուցիչներու տան մէջ… «Տը Նիւ Ռիփապլիք»ը հաղորդած էր, որ Կեփըրտ հանդիպումներ կազմակերպած է Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամներու եւ Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ ղեկավարներու միջեւ, օգնած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանին հանդիպում ունենալու «թերահաւատ» Նենսի Փելոսիի հետ եւ շրջանառութեան մէջ դրած Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող՝ «Կոչ իմաստութեան» վերնագիրով գրքոյկը:
Ամերիկահայերը եւ բարի կամքի տէր բոլոր մարդիկ պէտք չէ լուռ մնան, երբ Կեփըրտ կը հարստանայ թրքական արիւնոտ դրամներով… Անոնք պէտք է զգուշացնեն անոր լոպիական ընկերութեան յաճախորդները՝ «Անհեսըր պասչ», «Պոյինկ», «Չեւրոն», «Ինթըրփրայս ռենթ է քար», «Ճեներըլ էլեքթրիք», «Կոլտմըն սաչըզ», «Կուկըլ», Լոս Անճելըսի օդակայան, Ֆութպոլի ազգային լիկա, Օքլընտի նաւահանգիստ եւ «Եունայթըտ էրլայնզ», որ պոյքոթի պիտի ենթարկեն անոնց արտադրանքն ու ծառայութիւնները, եթէ այս ընկերութիւնները չեղեալ չհամարեն իրենց պայմանագիրները «Կեփըրտ կրուփ»-ին հետ: Նաեւ բողոքի նամակներ պէտք է յղել «Ֆորտ» ընկերութեան եւ «Սքրիփզ » հետազօտական հաստատութեան՝ ի- րենց տնօրէններու խորհուրդի մէջ Կեփըրտին տեղ յատկացնելնուն համար:
Ի վերջոյ, ընթերցողները պէտք է ուղղակի նամակներ յղեն Կեփըրտին (Gephardt Government Affairs, 1101 K Street, N.W., Suite 310, Washington, D.C. 20005) կամ This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it. հաս- ցէով ելեկտրոնային նամակներ ուղարկեն՝ յանդիմանելով զայն իր խիստ անբարոյական վարքագիծին համար…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր է
www.TheCaliforniaCourier.com
Թարգմանեց‘
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց‘
«Եռագոյն» կայքը