Այս սիւնակի մօտ անցեալի յօդուածներէն մէկը կը կրէր «Կազան Հայկական Խնդիր Է Նաեւ» խորագիրը: Այդտեղ նշուած էր, թէ հայ ժողովուրդը չի կրնար անտարբեր մնալ ոեւէ ժողովուրդի ենթարկուած դաժանութիւններուն հանդէպ:

Այժմ նոյնը կարելի է ըսել Իրաքի եզիտի ժողովուրդի համար, որ դարձեալ ենթարկուած է անխնայ ցեղասպանութեան: Այդ երկրէն ներս մահ ու սարսափ պատճառելով համբաւ ստացած «Իսլամ պետութիւն» կոչեալ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, ամենավայրագ միջոցներով արիւն կը հեղէ բոլոր ոչ իսլամ ու ոչ սիւննի ժողովուրդներու մէջ:

Այս վայրագութեան վերջին թիրախը կը հանդիսանան Շենկալ լերան շուրջ բնակող եզիտիները: Առհասարակ անզէն ժողովուրդը չունի ինքնապաշտպանման միջոցներ: Այդ իսկ պատճառաւ, անոնք կը հարկադրուին դէպի լերան անհասանելի կողմերը փախչելու: Ահաբեկիչները իրենց հասած տղամարդիկը կը գլխատեն, իսկ կանայք՝ կ՛առեւանգեն, կը բռնաբարեն ու ապա իբրեւ գերի կը վաճառեն շուկաներուն մէջ: Ահա այս պայմաններուն տակ դէպի լեռ փախչողները այս անգամ ալ կը պայքարին սովի ու ծարաւի հետ: Անհաւատալի են տարածաշրջանի Քոչօ գիւղին մէջ պատահածները.
«Գիւղի բոլոր տղամարդիկ դուրս հանուեցան եւ երկու քմ. հեռաւորութեան վրայ սպաննուեցան օթոմաթ հրացաններու կրակոցով: Մենք երեքս դիակներու տակ մնալով ու մեռած ձեւացնելով՝ կրցանք ապրիլ: Երբ ոճրագործները դիակները թաղելու փոս մը պատրաստելու համար գիւղ գացին՝ հողափոր մեքենայ բերելու, մենք ալ խոյս տուինք դէպի մօտակայ պարտէզը»: Այս վկայութիւնները փոխանցողը կ՛ըսէ, թէ հոն սպաննուածներուն թիւը կը հասնէր 600ի: Պատմուածը կարծէս թէ հայոց Մեծ Եղեռնէն կամ 1938ի Տերսիմի կոտորածներէն դրուագ մը ըլլար: Ի՛նչ զարմանալի է, որ քաղաքակիրթ աշխարհը ամբողջովին անտարբեր է կատարուածներուն նկատմամբ: Սակայն յանուն մարդկութեան՝ խիստ անհրաժեշտութիւն մըն է օգնութեան փութալ եղեռնազոհ եզիտի ժողովուրդին:
Օգնութեան ակնկալութիւն ունինք Հայաստանի Հանրապետութենէն: Նկատի ունենալով, որ այս երկրին մէջ բաւական թիւով եզիտիներ կ՛ապրին իրենց հարազատ պայմաններուն մէջ, չենք կասկածիր, որ անոնք արդէն տրամադիր ըլլան իրենց ժողովուրդին հետ հանապազօրեայ հացը կիսելու: Ուրեմն, Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ միջազգային Կարմիր Խաչի օգնութեամբ որոշ թիւով եզիտիներ Հայաստան փոխադրելը, գոնէ այդ փոխադրուածներուն համար փրկութիւն մը պիտի ըլլայ:
Այստեղ, մի գուցէ կարելի է վերապահութիւն ունենալ ժողովուրդի մը, յանուն կեանքի փրկութեան իր բնօրրանէն արմատախիլ ըլլալուն դէմ: Սակայն ափսոս, որ եզիտի ժողովուրդին վերջին դարու ճակատագիրը այսպէս ձեւաւորուած է:
Անոնք իրենց բնակած Շենկալի լեռներուն ալ եկուորներն են: 1915ին, անոնք ալ հայոց եւ ասորիներու նման աքսորուեցան իրենց բնօրրաններէն: Ուրեմն, կեանքի ապահովութիւն խոստացող նման ներգաղթի ծրագիր մը իսկապէս փրկութիւն պիտի ըլլայ մահուան ճիրաններուն ինկած այս դժբախտ ժողովուրդին համար:
Իսկ ամէն առթիւ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ, մէկ եկեղեցի» յանկերգը կրկնող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական միտքը որքանո՞վ պիտի կրնայ յօժարիլ ո՛չ հայ այդ գաղթականներուն ապաստան տալու: Քեսապի անկման օրերուն «SaveKesab» վերտառութեամբ աշխարհը ոտքի հանող հայ Սփիւռքը ինչպէ՞ս պիտի դիտէ նման քայլ մը: Բայց յստակ է, որ համաշխարհային հոգերը անտեսող քաղաքականութիւնը ո՛չ մարդկային է եւ ոչ ալ հայկական: Այս մէկը կը վայելէ միայն սիոնական ռազմավարութեան, որուն համար ըսենք՝ «մեզմէ հեռու ըլլայ», որպէսզի արդարանանք մեր Ցեղասպանութեան զոհ նախնեաց յիշատակին առջեւ:

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ