1939-ին, Բ. Աշխարհամարտին, երբ Յունաստան նացի գերմաններու տիրապետութեան տակ գտնուեցաւ գրաւման շրջանի 4-5 տարիներուն, հակառակ ապրելակերպի դժնդակ պայմաններուն, յոյներու ազատագրական շարժումներուն հակադրուելու համար, գերմանները, իրենց զինակից յոյն ցոլիաներու¬ազգայնական պահակագունդ¬ աջակցութեամբ, թաղամասերու վրայ անակնկալ շրջափակումներ ¥պլոքօ¤ կատարելով ահ ու սարսափի մէջ կը ձգէին ժողովուրդը, ձերբակալութիւններ եւ գնադակահարութիւններ կատարելով։
Ողբալի այս եղելութեանց 60-րդ տարելիցին առթիւ, ամփոփ տողերով անդրադառնանք այս օրերու անցուդարձերուն, յենուելով ապրողի մը պահած յուշերուն վրայ։

Չորեքշաբթի 1944 Օգոստոս 9-ի առաւօտուն կանուխ, գերմանացի զինուորներ եւ ցոլիաներ, հայաբնակ Տուրղութիի¬Ֆիքս¬թաղամասը եւ շրջակայ մասերը շրջափակելէ ետք, ահազանգով 15-էն 75 տարեկան բոլոր այր մարդիկը, սարսափազդու մթնոլորտի մը մէջ, այդ օրերուն Սինկրու պողոտայի կողքին գտնուող հրապարակը համախմբեցին, եւ մատնիչներու օգնութեամբ, -որոնք որու որ ցոյց կուտային, նոյն տեղը գտնուող  լաստիկի կօշիկի «Էթէլ» գործատան բակէն ներս կÿառնուէին ու կը գնդակահարէին ¥որոնց կարգին 10 անմեղ հայորդիներ¤։
Անկարներն ու տարեցները մէկդի դնելով, մնացեալները իբրեւ մեղապարտներ, գերման զինուորներու եւ հրասայլերու հսկողութեամբ, հետիոտն կը տարուէին Խայտարիի կեդրոնացման վայրը։ Ցոլիաները առիթէն օգտուելով, գերմաններու հասութեամբ կը կողոպտէին հայոց խանութները եւ թաղամասը ամբողջ կրակի կուտային։
Խայտարի, ընդարձակ տարածութեան մը վրայ, բարձր պատերով շրջափակուած, ներքնամասը իրարմէ անջատ բնակեցման բաժիններով յունական զօրանոց մըն էր, որ գերմանացիք կեդրոնացման վայրի վերածած էին։
Տուրղութիի շրջափակումէն շաբաթ մը առաջ, անոնք Վիրոնայի թաղամասն ալ շըրջափակելով, մեզ նման այր մարդիկը տարած էին Խայտարի։ Մեզ ալ անոնց նման հրմշտկեցին յարկաբաժնի մը մէջ, ուր 14 օրեր մեր կօշիկ- ները բարձերու վերածելով պարկեցանք գետինը, կեդրոնացման վայրէն ներս, ¬ կը նշէ յուշագրողը¬։
Մեր երկրորդ օրը, մեզի տուին ճաշ ստանալու թիթեղեայ տուփեր եւ ամէն երեք հոգիի մէկ դգալ։ Կէսօրները՝ ժամէ մը աւելի կարգ սպասելով, մեզի տրուածը պատառ մը չոր սեւ հաց եւ որդոտած փակլայի կամ լուբիայի պաղ ապուռ։
Տասներորդ օրը, առաւօտուն կանուխ, բոլորս դուրս բերելով, մէկ կարգի վրայ տողանցեցինք, գլուխը պարկով մը ծածկուած մատնիչի մը առջեւէն. ան իր հագած պարկի ծակէն դիտելով, իր մատի շարժումով, որուն որ ցոյց կուտար, կը տարուէր այն յարկաբաժնի մուտքի շեմին ուր մեռելակառք մը կը սպասէր զինք։
Կեդրոնացման վայրէն ներս, 14 օրեր անողորմ ու մանաւանդ անորոշ կեանք մը ապրելէ ետք, բոլորս ենթարկուեցանք քննութեան եւ առողջ դուրս եկողներս, իբրեւ աշխատաւորներ պատանդ տարուեցանք Գերմանիա, իսկ անկարները ազատ ձգուեցան։
Տուրղութիի հայագաղութի հրկիզումէն կարճ ժամանակ ետք, շինարար հայը, առանց օգնութեան եւ իր ջանքերով միայն, վերակառուցեց իր տունն ու խանութը, իսկ Գերմանիոյ պարտութեամբ, պատանդ տարուած հայերը մեծ մասամբ վերադարձան իրենց հարազատներուն մօտ։
Յուշագրողի նմուշներէ քաղելով, ջանացինք, Բ. Աշխարհամարտի ժամանակներուն, գերմաններուն Յունաստանի վրայ տիրապետութեան օրերուն՝ Տուրղութիի թաղամասի յոյներու կարգին՝ նա՛եւ հայերու ապրած անցուդարձերուն անդրադառնալ հակիրճ կերպով։

Կ. Գ.