Աստուածածնայ տօնը հայոց առաքելական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մին է ու, նաեւ, Աստուածածնայ նուիրուած ամենահանդիսաւոր եւ հնագոյն տօներէն է։
Հայաստանեայց եկեղեցին Ս. Մարիամ կոյսը ընտրած է իբրեւ աստուածամայր եւ յատուկ սէր ու յարգանք կը տածէ անոր հանդէպ։
Աստուածածնայ վերափոխման տօնին, հայոց եկեղեցիներէն ներս, աւանդաբար կը կատարուի խաղողօրհնէք, իսկ պտուղներուն մէջ նախապատուութիւն կը տրուի խաղողին, որովհետեւ անով կը պատրաստուի գինին՝ իբրեւ Սուրբ պատարագի բաղադրիչ մաս։
Նոյն օրը կը կատարուի նաեւ աւանդական մատաղօրհնէք ու տեղի կþունենայ հաւատացեալներուն խաղողի բաշխումը։
Դարերէ ի վեր, հայ ընտանիքներուն մէջ, Մարիամի նկատմամբ պատկառանքի ու սիրոյ զգացումները ձեւաւորուած ու դրսեւորուած են համանման անուանումներով։ Այդ մեկնակէտով՝ ժողովրդային գետնի վրայ, Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով ընտանիքներու մէջ տօնախմբելի են՝ Մարիամ, Մարի, Մարիցա, Մարինէ, Մարօ, Մայրանուշ, անուններու կարգին, Թագուհի, Սրբուհի, Երանուհի եւ Տիրուհի անունները։
Քաղելով անցեալի թերթերէն՝ տեսնենք, թէ անցեալին, թուրքերու լուծին տակ, Աթենացիք ինչպէ՞ս կը տօնէին Աստուածածնայ տօնը։
Անոնք Աստուածածնայ վերափոխման տօնի 1-15ի մեծ պահքի օրերուն, միայն մէկ անգամ կը ճաշէին, այն ալ քացախի ու աղի թաթխուած չոր բակլայ եւ գարիէ պատրաստուած կտոր մը հաց։ Ջուր իսկ խմելու կը խուսափէին։ Մէկ օր միայն, եկեղեցւոյ կողմէ անոնց կը թոյլատրուէր ձուկ ուտելը։
Զարմանալին սակայն այն էր, որ թուրքերն ալ, որ 1780ին Աքրոփոլի բարձունքին մզկիթ մը կը պահէին, Աստուածածնայ տօնի օրերուն որոշ հասկացողութեամբ թոյլ կուտային յոյներուն, որ ազատօրէն իրենց քրիստոնէական տօնը կատարեն։ Ոչ այն պատճառով, որ կþուզէին յարգել յոյներու կրօնական տօնը, այլ անոր համար, որ կը վախնային հին առածէ մը, որ կþըսէ, թէ Թիսթոնի մէջ մարմարեայ տախտակի մը վրայ փորագրուած էր, որ օր մը, քրիստոնեաներու մեծ մարգարէի մը մայրը յայտնուելով Աթէնք, պիտի պատժէ Քրիստոսի անհաւատները։
Կþըսուէր, նաեւ, որ առածը գրուած է կոյրնալու աստիճան աչքացաւէ տառապող՝ Մոհամէտի հաւատարիմ Եասուպ անունով համբաւաւոր թուրքի մը կողմէ։
Եասուպ օր մը, ծառի մը շուքին քնացած պահուն, կþերազէ որ Մարիամ Աստուածածին, գուրգուրոտ ժպիտով մը մօտենալով իրեն, կը շոյէ աչքերը ու կþանհետանայ։ Եասուպ երբ կþարթննայ, աչքերը բուժուած զգալով կþերթայ Կեսարիոյ վանքը, խնդրելով որ զինք քրիստոնեայ մկրտեն։ Այսպէսով՝ Մոհամէտի հաւատարիմ Եասուպ ոչ միայն քրիստոնեայ կը դառնայ, այլեւ Եուսաֆ անունով վանական օծուելով՝ կը մահանայ 120 տարեկանին։ Այս առածէն սարսափած, թուրքերը կը թոյլատրէին յոյներուն ազատօրէն նշել Աստուածածնայ տօնը եւ, այդպիսով, իրենց պարտականութիւնը կատարած կը զգային։ Նոյն օրերուն, Աթէնքի մէջ յոյներու հետ ապրող տարեց թուրքերը, Աստուածածնայ տօնին օրը, հաւաքուելով մատուռներու բոլորտիքը, իրենք ալ մասնակից կը դառնային յոյներու քրիոստոնէական տօնին, այն տարբերութեամբ՝ որ յոյները մատուռներու շրջակայքէն ներս, իսկ թուրքերը դուրս կը մնային։
Մթնշաղին բոլորն ալ իրենց քրիստոնէական պարտականութիւնը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ կը վերադառնային իրենց տուները։
Յաջորդ օր, յոյները՝ համախմբուելով Աթէնքի շուկան¬աղորան, իրենց միջեւ շօշափելի գումար մը հանգանակելով՝ արժէքաւոր նուէր մը կը ղրկէին թուրք պէյին։
Քրիստոնէական ամէն տօնէ ետք, թուրքերուն հաճելի թուելու նպատակով, յոյները թուրք պետերուն իրենց տուրքի մատուցումը պարտադրաբար կը կատարէին։
Կ. Գ.