Իւրաքանչիւր 5 տարեկան երեխայ Կազայի մէջ արդէն հասած է երեք պատերազմներ ապրելու...: Ցնցիչ հաստատում մը...

Մեծ բացայայտում մը ըրած չենք ըլլար, եթէ հաստատենք թէ Մերձաւոր Արեւելքը տագնապեցնող մոլեռանդ ու արիւնոտ հակամարտութիւններու զոհերու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը՝ երեխաներն են:

Սուրիոյ պատերազմի, Կազայի մէջ պատերազմի, Լիպիոյ մէջ բախումներու զոհերու առաջին կարգը գրաւած են անչափահաս երեխաները:
Մռայլ գոյներով միայն կարելի է նկարագրել պատերազմի այս տարիները ապրող ամբողջ սերունդի մը ապագան, որոնք ականատեսները կը դառնան մարդկային վայրագութեան եւ միջազգային հանրութեան կեղծիքին ու անկարողութեան:
Քաղաքներու մէջ մղուած այս պատերազմները տարբեր յատկանիշ մը ունին, այլ ժամանակներու պատերազմներէն, ուր որեւէ կերպով կարելի չէ փախուստի ելք գտնել, երբ ռումբեր եւ հրթիռներ կը տեղան:
Պատանիներու հոգեբանութիւնը պարզ է. խաղ եւ ընկերներ: Երբ փոքրերը նուազագոյն առիթը կը գտնեն, անոնք խաղալու մասին կը խորհին, իրենց ընկերներուն հետ: Եւ այդ պահուն է որ ռումբը կը պայթի՝ անմեղօրէն խաղացող փոքրիկի մը կողքին:
Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն արդէն յայտնի դարձաւ, թէ նորօրեայ պատերազմներուն մէջ ոեւէ մէկը կը խղճայ երեխաներու կորսուած կեանքերու մասին: Սուրիոյ պատերազմին ժամանակ համաշխարհային կոչեր հնչեցին երեխաներու պաշտպանութեան համար, ծանր մեղադրանքներ հնչեցնելով: Ապա հիմա, Կազայի մէջ իրադարձութիւնները երեւի թէ նոյնիսկ ափսոսանք պատճառելու ուժը կորսնցուցած են, քանի որ նուազագոյն ձայնն իսկ չի հնչեր, ի պաշտպանութիւն լման սերունդի մը կորուստին: Կեանքի կորուստ, բայց նաեւ լման սերունդի մը ճնշուած հոգեվիճակի առկայութիւն, որ տարիներով իր տխուր երեսները ցոյց պիտի տայ՝ վրէժխնդրութեան, հոգեճնշուածութեան, ընկճուածութեան, ստորակայութեան բարդոյթներու, անբաւարար ուսումի ու կրթութեան կնճռոտ հարցերով:
Կազայի մէջ ապրող պատանիները, շատ լաւ գիտեն թէ ինչ կը նշանակէ դիպուկահարի մը զէնքէն արձակուած փամփուշտի սուլոցը, գիտեն զանազանել ռումբերու եւ հրթիռներու ձայնը, բայց հիմնականին մէջ գիտեն թէ ինչ կը նշանակէ սով եւ ծարաւ: Միջազգային ընկերութիւնը կը բողոքէ, կը ցաւի, կը դատապարտէ... բայց նոյն պահուն սպառազինումները կը շարունակէ:
Ճարահատին ճար ըլլալու համար՝ ճշմարիտ զգայնութիւն եւ արդարութեան զգացում կը պահանջուի...


Հ.