Կազայի դէմ շղթայազերծուած իսրայէլեան յարձակումը 28-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ: Իսրայէլեան հրետանին հարուածեց Կազայի Մաղազի շրջանին մէջ գտնուող ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի պատկանող աղջկանց դպրոցը՝ պատճառելով վիրաւորներ, իսկ առաւօտեան իսրայէլեան օդուժը հարուածեց Օմար Պին Խաթթապ մզկիթին շրջապատը, ուր կը գտնուէր ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի գաղթականներ պատսպարող մէկ այլ դպրոցը:
Արձանագրուեցան զոհ մը եւ 16 վիրաւորներ: Այդպիսով իսրայէլեան յարձակումի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 1367-ի, որոնցմէ 315-ը երեխաներ են:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը պահեստի 16 հազար զինուորներ զօրակոչի ենթարկեց: Այդպիսով, զօրակոչի ենթարկուած պահեստի զինուորներուն թիւը բարձրացաւ 86 հազարի: Պաղեստինեան դիմադրութեան յանձնախումբերու բանբեր Ապու Մուժահետ յայտնեց, որ Կազայի մէջ գործողութիւնը շարունակելու համար հազարաւոր զինուորներ զօրակոչի ենթարկելու մասին իսրայէլեան բանակի յայտարարութիւնը անարժէք է՝ վստահեցնելով. «Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ իսրայէլեան քաղաքներն ու բնակեցման վայրերը հարուածել»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին արտօնած են ամերիկեան զէնքերու պահեստանոցէն զինամթերք ստանալ, որպէսզի իսրայէլեան բանակը վերամատակարարուի հրասանդի եւ այլ հրթիռներով: