Հայաստանի Մատենադարանը, որ 1962-էն ի վեր ծանօթ է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատեանդարան անունով, Հայաստանի ամէնէն շատ այցելուած կեդրոններէն մէկն է։ Ամէն տարի հայ թէ օտար հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կþայցելեն մատենադարանը եւ կը ծանօթանան հայ ժողովուրդի հոգեւոր մշակոյթի եզակի նմոյշներուն։
Մեսրոպ Մաշտոցի մատենադարանը ունի հին եւ միջնադարեան մատենագրութեան, մանրանկարչութեան, բնագիտական յուշարձաններու եւ ձեռագիրներու պահպանութեան, նաեւ արխիւային ձեռագիրներուն վերականգնումի եւ պատճենահանումի բաժիններ, հայագիտական գրադարան, եւայլն։
Մատենադարանին շէնքը կառուցուած է 1945-1957¬ին։ Շէնքին ճարտարապետն է Մ. Գրիգորեան։ Մատենադարանը ունի քաղաքաշինական կարեւոր դիրք. տեղադրուած է Երեւանի կեդրոնին հիւսիսը բարձրացող սարահարթի լանջին։ Կառուցուած է պազալթ քարէ, իսկ ներսը՝ օգտագործուած են տարբեր մարմարներ։
Մեսրոպ Մաշտոցի մատենադարանը օժտուած է անհրաժեշտ սարքաւորումներով՝ գրապահոցներ, աշխատասենեակներ, սրահներ եւայլն։
Մատենադարանին իւրայատկութիւնը պայմանաւորուած է նաեւ շէնքին ճարտարապետութիւնը։ Շէնքը արտաքնապէս ներկայացուած է հայ ճարտարապետութեան բնորոշ ձեւերու մշակումով, իսկ ներքին տարածութիւններուն մէջ մեծ չափով կիրարկուած են հայ միջնադարեան ճարտարապետական ձեւերն  ու լուծումները։
Մատենադարանին գլխաւոր ճակատի խորշերու միջնապատերուն առջեւ կանգնած են արձանները հայ միջնադարեան գրականութեան, արուեստի, գիտութեան մեծ գործիչներուն՝ Մ. Խորենացիի (քանդակագործ՝ Ե. Վարդանեան, 1965), Թորոս Ռոսլինի (քանդակագործ՝ Ա. Շահինեան, 1967), Գրիգոր Տաթեւացի (քանդակագործ՝ Ա. Գրիգորեան, 1967), Անանիա Շիրակացիի (քանդակագործ՝ Գ. Պատալեան 1963), Մխիթար Գոշի (քանդակագործ՝ Ղ. Չուբարեան, 1967), եւ Ֆրիկի (քանդակագործ՝ Ս. Նազարեան, 1967)։
Այս արձաններէն քիչ մը ցած, փոքրիկ հրապարակին վրայ կը գտնուի Մեսրոպ Մաշտոցի արձաններու խումբը (քանդակագործ՝ Ղ. Չուփարեան)։
Բակին աջ եւ ձախ կողմերու կամարակապ սրահներուն մէջ ցուցադրուած են յուշարձաններու մանրամասներ եւ խաչքարեր։
Մատենադարանի շէնքին նախասրահին մէջ կը գտնուի «Աւարայրի ճակատամարտը» խճանկարը (1956-1960), իսկ գլխաւոր աստիճանատան պատերուն՝ «Հայոց Պատմութիւն» որմանկարը (1956-1959), երկուքն ալ գործ՝ Յ. Խաչատրեանի։
Մատենադարանը 1978¬ին ընդարձակուած է։ Հիւսիսային թեւին մէջ կառուցուած են գրապահոցներ, որոնք փապուղիով կը միանան հիմանական շէնքին։
Մատենադարանին մէջ կը պահուի աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած աւելի քան 25 հազար հայերէն ձեռագիրներուն մօտ կէսը։ Ասոնք Ե. ¬ԺԸ. դարերու հայ պատմիչներու, փիլիսոփաներու, աստուածաբաններու, բանաստեղծներու, մաթեմաթիկոսներու եւ բժիշկներու երկերն են, ինչպէս նաեւ հին աշխարհի եւ միջնադարու յոյն, ասորի եւ օտար հեղինակներու կարգ մը ստեղծագործութիւններու թարգմանութիւնները, որոնց հայերէն բնագիրը միայն այսօր գոյութիւն ունին աշխարհի մէջ։
Մատենադարանի ձեռագիրներուն ընդհանուր թիւը շուրջ 17 հազար է, որուն 13.650ը հայերէն, իսկ մնացեալը՝ օտար լեզուներով։
Մատենադարանին հեղինակութեան զօրացումը մեծապէս կը նպաստէ նաեւ ձեռագիրները հաւաքելու աշխատանքին։ Աշխարհի չորս կողմը ապրող հայեր կը նուիրեն իրենց մօտ գտնուող հայ ձեռագրական մշակոյթի մասունքները, իսկ երբեմն նաեւ՝ օտար լեզուով գրչագրեր։
Այսպէս, Նիւ Եորքէն Յ. Հազարեան նուիրած է 397, Դամասկոսէն՝ Վ. Սալաթեան 150, իսկ Փարիզէն՝ Ռ. մարկոսեան 37 ձեռագիր։ Իսկ մէկ կամ երկու ձեռագիր նուիրողներուն թիւը կը հասնի հարիւրներու։

 

 

Հանրապետութեան հրապարակ

 

Տակաւին մօտիկ անցեալին այս հրապարակը ծանօթ էր Լենինի հրապարակ անունով։ Ձուաձեւ հրապարակին հարաւը կանգնած էր Լենինի հսկայ արձանը, գործ՝ Սերգէյ Մերքուրովի։
Հանրապետութեան հրապարակի շինութեան աշխատանքները սկսան 1926-ին հայ անուանի ճարտարապետ Ա. Թամանեանի գլխաւորութեամբ։ Առաջին հերթին քանդուեցան հրապարակին վրայ գտնուող միայարկ բնակարանները, խանութները, ճաշարաններն ու բաղնիքները, ապա անոնք կամաց¬կամաց փոխարինուեցան նոր շէնքերով։ 14 հազար քառակուսի մեթր հրապարակին տարածքը կþընդգրկէ վարչական շէնքեր՝ կառավարական տունը (ճարտարապետ՝ Ա. Թամանեան), կառավարական 2-րդ տունը (ճարտարապետ Ս. Սաֆարեան, Վ. Արեւշատեան, Ռ. Իսրայէլեան), արհեստակցական միութիւններու եւ կապի նախարարութեան միացեալ շէնքը, «Արմենիա» պանդոկը եւ թանգարաններու շէնքը (երեքն ալ ճարտարապետ՝ Մ. Գրիգորեանի եւ Է. Սարապեանի նախագիծերով)։
Հրապարակին գեղագիտական արտայայտչականութիւնը կը լրացնէ խոշոր ջրաւազանը ( «նուագող» եւ գոյնզգոյն շատրուաններով օժտուած), գործ՝ ճարտարապետ եւ գիտական Ապրամ Ապրամեանի։ Երաժշտութեան, ջուրի եւ գոյներու խաչաւորումն ու ներդաշնակութիւնը անբացատրելի հմայք մը կուտան հրապարակին։
Հրապարակին վրայ գտնուող շէնքերուն ճակատները երեսապատուած են սպիտակ եւ վարդագոյն երանգներու տուֆով։ Կառավարական տունը, որ հրապարակի առաջին կառոյցնէ է իր սիւնափունջերով եւ կամարներով, չափերու եւ ձեւերու այլազանութեամբ հայկական ճարտարապետական գոհար մըն է։
Կառավարական երկրորդ տունը, ինչպէս նաեւ հրապարակին հարաւ¬արեւմտեան շէնքերը, ճարտարապետական ձեւերու բնոյթով, ընդհանուր բարձրութեամբ, ուրուագիծով եւ ոճով կը ներդաշանակուին կառավարական տան հետ։
Այս առիթով նշենք, որ կառավարական տան ճարտարապետութեան համար Ա. Թամանեան 1942-ին, յետ¬մահու արժանացած է պետական մրցանակի։
Այսօր Հանրապետութեան հրապարակը Երեւանի սիրտն է, փոխադրութեան կարեւոր հանգոյց, տօնա- կատարութիւններու եւ ժողովրդական մեծ հաւաքոյթներու վայր։

Կ. Գ.